Անսպասելիին Աստուածը

Ղուկաս 2:15-20

by Rev. Dikran Shanlian

Ո՞ւր կ’ուզես Աստուծոյդ երկրպագել: Ամենակարող ու հզօր Աստուծոյդ պաշտելու ո՞ւր յարմար կը տեսնես: Ոմանք կ’ուզեն երկրպագել փառաւոր տաճարներու մէջ, Նոթըրտամի, Վատիկանի կամ Էջմիածինի, իսկ ուրիշներ կը գոհանան մատուռներով եւ աղօթատուներով: Արդեօք առաջնակարգ նախընտրութիւնդ պիտի ըլլա՞ր պաշտել Զայն ախոռի մը մէջ, մսուրին առջեւ: Մսուրը սրբութեանց սրբոց էր, որովհետեւ Յիսուս հոն էր: Հրեշտակներու միջոցով աննշան հովիւներուն տրուած էր պատգամը, ինչու ո՛չ քահանաներուն, դպիրներուն կամ տաճարի իշխաններուն: Երկնային զօրքերը հովիւներուն այցելելով բացայայտեցին Աստուծոյ գերազանց շնորհքը մարդկութեան հանդէպ: Հովիւները Իսրայէլի նախատուածներն էին, ընկերութեան ամենէն յետին դասակարգը: Անոնց աշխատանքը ծիսականօրէն զիրենք անմաքուր ըրած էր, եւ որպէս անմաքուրներ տաճարէն հեռու պէտք էր մնային: Մեսիան եկաւ ըլլալու թէ Բարի Հովիւը եւ թէ Աստուծոյ Գառը զոհուելու աշխարհի մեղքին համար: Շատ հաւանաբար այս հովիւները կը հսկէին այն հօտերուն, որոնցմէ տաճարին ծառայութեան համար զոհեր կը հայթայթուէին: Այս հովիւներուն առաջին անդրադարձը եղաւ պաշտել: Անոնք ոչ միայն Աւետիսը առաջին լսողներն էին, նաեւ Ծնունդի առաջին պատգամը տուողները եղան: Անոնց սրտերը հիացումով պոռթկաց:

Այս է ճշմարիտ երկրպագութիւնը – նախ Քրիստոսի առջեւ ծնրադրել, որպէսզի ետքը, ուրիշներու առջեւ կենալով հռչակել փառաւոր փրկութիւնը: Հովիւները դիւրութեամբ չէին խաբուեր, անոնք աշխարհի գործնական մարդերն էին. քիչ գործ ունէին, ձեւակերպութեան, պաշտօնականութեան եւ կեղծիքի հետ: Եթէ իրենք ըսին, հրեշտակներ տեսան, գացին ու գտան Ծնունդին վայրը, պէտք է հաւատաս: Նախ մէկ հրեշտակ երեւցաւ, թերեւս Գաբրիէ՞լը, տուաւ բարի լուրը, եւ ապա իրեն հրեշտակներու երգչախումբը միացաւ ու փառաբանութիւն երգեցին: Առաջին անգամ ըլլալով, դարեր ետք, Աստուծոյ փառքը երկիր վերադարձաւ: Եթէ իրենք ըսին, հրեշտակներ տեսան, գացին ու գտան Ծնունդին վայրը, պէտք է հաւատաս: Նախ մէկ հրեշտակ երեւցաւ, թերեւս Գաբրիէ՞լը, տուաւ բարի լուրը, եւ ապա իրեն հրեշտակներու երգչախումբը միացաւ ու փառաբանութիւն երգեցին: Առաջին անգամ ըլլալով, դարեր ետք, Աստուծոյ փառքը երկիր վերադարձաւ: Եթէ քաջ ու խիզախ հովիւները վախցան իրենց լսածով ու տեսածով, վստահ եղիր որ իրականութիւն է: Մի՛ վախնաք-ը կարեւոր չէ, կարեւորը, մեծ ուրախութեան Աւետիսն է տրուած բոլորին, ոչ միայն Հրեային: Աստուծոյ աշխարհ գալը քաշեց, հրապուրեց, գրաւեց ու մաքնիսացուց հովիւներուն… ու ճամբորդեցին հեռաւորութեան մէջ տեղ մը, անոնք յօժարեցան ճամբորդել:

Առաջին ծնունդը հովիւներուն վազքն էր, որոշապէս այս օրերու մեր վազքերը տարբեր են: Երկու հազար տարիներ առաջ այս երկնարագ պատգամը տրուեցաւ, այսօր ալ կը տրուի… Ոմանք կ’ուզեն ներշնչուիլ մթնոլորտէն, իսկ ուրիշներ մթնոլորտը կը ներշնչեն: Այսօր ծնրադրողներ չեն կայնիր ու պատմէր, ուր մնաց չծնրադրողները: Հովիւները բարի օրինակ են մեզի, անոնք հաւատքով պատգամը ընդունեցին եւ արտորնօք հնազանդեցան: Անոնք գտնելէ եւ ունենալէ ետք, ուրիշներու փոխանցեցին… ու փոխարինեցին հրեշտակներուն հաղորդելով պատգամը ուրիշներուն ու իրենց կեանքը զԱստուած փառաւորող եւ օրհնեալ կեանք մը եղաւ:

© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24,  Թիւ 222