Ծնունդի Տօնակատարութիւնը

Ղուկաս 2:17-20

Տօնական օրերը չեկած ամէն կողմ եղած զարդարանքները, լոյսերն ու ծառերը կը յուշեն թէ Ծնունդը մօտ է: Ազատուղիներն ու ճամբաները խճողուած եւ ուսանողներ արձակուրդի կը պատրաստուին: Շատերու համար Ծնունդը պատեհ առիթ է ճամբորդութիւն կատարելու եւ աւելի բարեխառն կլիմայ ունեցող վայրեր երթալու եւ կամ հակառակը: Ուրիշներու համար Ծնունդը հաւաքոյթներ կազմակերպելու կերուխումի հրաւէրներ կատարելու առիթ է, իսկ ոմանց ալ փափաքը աջին ու ձախին նուէրներ առնել է: Դժբախտաբար վերոյիշեալները մարդոց մեծամասնութեան համար կեդրոնական տեղ կը գրաւեն, բայց ասիկա սովորական արձակուրդ մը չէ, իրողութեան մէջ հիասքանչ դէպք մըն է:

Դուն ինչպէ՞ս կը ծրագրես տօնել Ծնունդը: Եկէք միասնաբար յիշենք թէ ինչո՞ւ Ծնունդը կը տօնախմբուի: Որպէս Հայեր այս երկրին մէջ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով երկու անգամ կը յիշենք Ծնունդը: Գիտէ՞ք, կրկնակի տօնախմբութիւնը մեզ կը դնէ կրկնակի պատասխանատուութեան առջեւ: Աստուած Իր Որդին ղրկեց որ մսուրին մէջ ծնի եւ ըլլայ մարդոց Փրկիչը, մեր բաժինը ըլլալու է յիշատակել ու տօնախմբել մասնայատուկ կերպով, Աւետարանի լոյսով առաջնորդուած: Աստուածաշունչը Ծնունդի պատմութեան հովիւներով մեզի, բոլորիս կ’ահազանգէ թէ խրախճանքներու, հաւաքոյթներու, արձակուրդներու, լոյսերու եւ գնումներու մէջ, որոնք ինքնին սխալ արարքներ չեն, անդրադառնանք ու կատարենք նաեւ հոգեւոր առողջ արարքներ:

Չորս գործողութիւններու պէտք ունինք.-

• Իմացնել.- Առաջին յայտարարութիւնը, բարի լուրը անշուք ու ընկերութեան մէջ անտեսուած հովիւներուն տրուեցաւ: Թերեւս կը հարցնես ինչո՞ւ հովիւներուն եւ ոչ քահանաներուն կամ դպիրներուն: Հովիւներուն այցելելով ու տալով աւետիսը հրեշտակը յայտնեց Աստուծոյ շնորհքը մարդկութեան հանդէպ: Հովիւները Իսրայէլի ամենէն յետիններն էին: Անոնց գործն ու աշխատանքը ծիսականօրէն անմաքուր ըրած էր զիրենք եւ հետեւաբար տաճարէն հեռու պէտք էր մնային: Վերոյիշեալ Աստուածաշնչական համարներուն սկիզբը կ’ըսէ «երբ տեսան իմացուցին»: Դուն ուրիշներու կ’իմացնե՞ս, կը տեղեկացնե՞ս եւ կը վկայե՞ս ինչ որ իմացա՞ծ ես: Մտայղացումը ունեցիր քաջօրէն ուրիշներու տեղեկացնելու թէ աշխարհի Փրկիչը ծնած է եւ Ան քու Փրկիչդ է:

• Զարմանալ.- Հովիւները արտօնութիւն չունէին դատարանի մէջ վկայ ըլլալու, սակայն Աստուած գործածեց խոնարհ հովիւները ըլլալու ականատեսները մարգարէութեան կատարման (Մեսիայի ծնունդին): Հրեշտակները փորձառութիւնը չունեցան ճաշակելու Աստուծոյ շնորհքը, ուստի չեն կրնար վկաներ ըլլալ ինչպէս մենք կրնանք: Հովիւները գեղեցիկ, ընդօրինակելի օրինակներ են բոլորիս համար, անոնք պատգամը հաւատքով ընդունեցին եւ անմիջապէս հնազանդեցան: Զուարճալի բաները մեզ հեռու կը պահեն  լրջօրէն խոկալէ եւ բանի մը մասին մտածելէ: Ծնունդը սքանչելի ժամանակ է զուարճանալու, բայց հատուածին մէջ կ’ըսէ, «կը զարմանային»: Եկէք խորհինք պահ մը, ահա մաքրութիւնն ու սրբութիւնը փաթթուած փոքրիկի մը ծնունդով, ահա ուրախութիւնը ողբերգութեան մէջ եւ ահա մեծ զուարթ յայտարարութիւն մը հովիւներուն: Ահաւասիկ փոքրիկը ծնած է մեռնելու համար եւ թագաւոր մը ծնած է աղքատիկ ախոռին մէջ: Դուն կրնա՞ս տրամաբանութեամբ եղածը պատկերացնել ու բացատրել: Միայն կը զարմանանք այս սքանչելիքին վրայ:

• Մտածել.- Մարիամ իր տան մէջ չէր, ան հրաշքով զաւակ մը ծնաւ, հրեշտակներ այցելեցին, հովիւներ եւ ժողովուրդ զարմանքի մէջ էին: Նորածինը Աստուծոյ խաղաղութիւնը եւ հաճութիւնը կը բերէր, ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ: Կրնանք դիւրութեամբ մոռնալ Ծնունդին կարեւորութիւնն ու իմաստը մինչ մխրճուած ենք եւ տարուած արտաքին տօնախմբութեամբ: Դուն ժամանակ ստեղծէ մտածելու եւ խոկալու: Մինչ հովիւներ եւ ուրիշներ լսելով Ծնունդի լուրը զարմացան ու հիացան, իսկ Մարիամ այս բաները սրտին մէջ պահելով կը մտածէր: Շատեր յաճախ որեւէ լուրի մը մեծ զգացումներով կը պատասխանեն, սակայն զգացումները կը շոգիանան ու պատգամին հետաքրքրութիւնն ու խոր իմաստը կ’անհետանայ: Մարիամ ընտրեց խորհիլ, մտածել եւ խոկալ:

• Փառաւորել .- Այս հովիւները հրեշտակներուն փոխարինեցին երբ փառաւորեցին Աստուծոյ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը իրականութիւն է: Յստակ է թէ մեր բոլոր ձախողութիւններով, յուսահատութիւններով, չար խորհուրդներով եւ սարսափելի մեղքերով, կրնանք Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալ ու ահա՛ Աստուծոյն փառաւորելու բացառիկ առիթ մը: Հրեշտակները կը փառաւորէին, հովիւները կը փառաւորէին, մենք ալ փառաւորելու ենք, որովհետեւ Յիսուսով հաշտութիւնը իրականացաւ: Երկրորդ համաշխարային պատերազմին ժեներալ Այզընհաուր Եւրոպա կը գտնուէր, հօրը մահուան լուրը ստացաւ, ի՞նչ պիտի ընէր, Ամերիկա վերադառնալը անկարելի էր: Գրասենեակին դուռը գոցելով իր զգացումները թուղթին յանձնեց եւ ապա գնաց իր պատասխանատուութեան: Եթէ Այզընհաուր Եւրոպայի մեծագոյն պատերազմի միջոցին ժամանակ կը գտնէ խորհելու իր երկրաւոր հօր մասին, իսկ մենք ժամանակ պէտք չէ գտնե՞նք դուռը գոցելու, Աստուածաշունչը բանալու եւ ապրելու Ծնունդի դէպքը:

Յիսուս Ինքն է մեր տօնախմբութիւնը եւ այս տարի արտաքին խրախճանքի, հաւաքոյթի, ճամբորդութիւններու եւ հրաւէրներու մէջ նաեւ իրականացնենք Աստուածշնչական տօնախմբութիւնը՝ իմանալով, զարմանալով, մտածելով եւ փառաւորելով: n

© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26,  Թիւ 230