Entries by Dikran Shanlian

Վերջին Պատասխանին Նախադրող Հակազդեցութիւնները

Երբ ինքնաշարժովդ դէպի արեւելք կամ հիւսիս կը ճամբորդես, ճամբուն վրայ կը հանդիպիս գրութիւններու, ուր Աստուածաշունչէն համարներ արձանագրուած են, կամ հոգեւոր գրութիւններ, ինչպէս «Տասնաբանեան», «Յիսուս Շուտով Կու Գայ», «Պատրաստուէ Աստուածդ Դիմաւորելու» եւայլն։ Ասոնք Աստուծոյ յատկացուած «ծանուցումներ» են։ Ժայռի մը վրայ մէկը գրած է «Յիսուս է պատասխանը», ուրիշ մը աւելցուցած է «Ի՞նչ է հարցումը։» Նմանատիպ խօսքեր արձանագրուած […]

Քրիստոսի Մարմնաւորուիլը

Գաղատացիս 4:1-7 Երբ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան մասին կը խորհինք, անոր պատմական տեղեկութիւնները երեք աւետարաններուն (Մատթէոս, Ղուկաս եւ Յովհաննու) –ի մէջ ունինք: Այս տրուած ծանօթութիւնները ոչ մէկ ձեւով հակասական են, հապա իրար ամբողջացնող են եւ պէտք է միասին առնել, որպէսզի մեր Փրկչին ծնունդին ամբողջական պատկերը ունենանք: Մինչ Աւետարանիչները Աւետարաններով մեզի կը ներկայացնեն մարդեղութեան պատմական տեղեկութիւնները, Պօղոս […]

Անսահման Կարելիութիւններ

«Ինծի կանչէ ու քեզի պատասխանեմ, եւ քեզի մեծ ու խորին բաներ պատմեմ, զորոնք դուն չես գիտեր» Երեմեայ 33:3   Աստուծոյ կոչն ու հրաւէրն է, որպէսզի փրկուածներ աղօթեն, եւ մեղաւորներ աղօթեն փրկութեան համար: Նոյնիսկ Աստուածաշունչի պարզ ընթերցող մը կը յայտնաբերէ անոր էջերուն վրայ, որ այրեր եւ կիներ որոնք աղօթեցին, իրենց աղօթքներուն պատասխանը ստացան: Որպէսզի հիմնաւորենք այս […]

Աստուած Հաւատարիմ Է

Ողբ Երեմ. 3:22-23 Կրնանք Աստուածոյ ապաւինիլ: Աստուածաշունչը հաւատքի պատմութիւն է, նաեւ Աստուածոյ ժողովուրդին պատմութիւնն է: Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը կապէ հին եւ նոր կտակարանները: Իր ողորմութիւնն ու համբերութիւնը կը վկայեն Իր հաւատարմութեան մասին: Անցեալ տարին պարարտ էր անորոշութիւններով, անորոշ ժամանակներ եւ անստոյգ վիճակներ եւ տարտամ արդիւնքներ: Թէեւ ներկայիս նոր տարուան մի քանի ամիսները ապրեցանք, սակայն ապագան […]

Նոր Սկիզբ Մը

«Եւ Տէրը ըսաւ Աբրամի, քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա այն երկիրը զոր ես քեզի պիտի ցուցնեմ»: Ծննդ. 12:1   Աշխարհ թնճկոտ վիճակ մը կը բոլորէ, ամէն կողմ անորոշութիւն, ամէն կողմ խառնակ վիճակներ, եւ յստակ չէ թէ օրէ օր կրնայ լաւանալ կամ ոչ: Յատկապէս Ամերիկան, Արաբական աշխարհը, Ռուսաստանն ու Հայաստանը անորոշութիւններու […]

Լաւագոյնին Պատրաստուիլ

Ա. Պետ. 3:8-17   Արդեօ՞ք կարելի է լաւագոյնին պատրաստուիլ, լաւագոյն հալածանքին ու նեղութեան: Պետրոս գրեց այս նամակը, որպէսզի պատրաստէ հաւատացեալները հալածանքի մեծ փորձութեան, իր մօտեցումը լաւատեսութիւն էր ու դրական, իր պատգամն էր «լաւագոյնին պատրաստուիլ»ը: Այս բաժինին մէջ երեք թելադրութիւններ կու տայ հետեւելու, եթէ կ’ուզեն լաւագոյն օրհնութիւններու փռրձառութիւնը ունենալ ամենէն ծանր ժամանակներուն մէջ: Անոնցմէ առաջինին վրայ […]

Ժամանակ Ունի՞ս Մտածելու

«Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ, ձեր ճամբաներուն վրայով մտածեցէք» Անգեայ 1:5   Որքա՞ն ժամանակ կը յատկացնենք մտածելու, խորհելու եւ խոկալու մեր անհատական ընտանեկան եւ ազգային վիճակներուն, գործերուն եւ պէտքերուն մասին: Յաճախ լման կեանքեր փուճ տեղը կը հալին, կը մարին ու կը կորսուին անձին անմիջական՝ մարմնաւոր եւ նիւթական պէտքերուն համար արժեւորելով ժամանակաւորը եւ անտեսելով հոգեւորը, մնայունը: Դժբախտաբար […]

Յիսուսի Մօտեցումը

Յովհ. 2:15, Յովհ. 3:17 Ի՞նչ է հոգեւոր հասունութիւնը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը: Աշխարհի վրայ, շատ մը եկեղեցիներէ ներս եւ դուրս բազմաթիւ հաւատացեալներ կան, որոնց մեծամասնութեան մէջ հոգեւոր հասունութիւն չ’երեւիր: Իր օրերուն Տէր Յիսուս պէտք ունէր եւ այսօր ալ պէտք ունի հասուն աշակերտներու: Հրեայ րապպիներ, ուսուցիչներ իրենց կրօնական գիրքերով գիտութիւն ջամբելէ աւելի, կը փափաքէին իրենցմէ […]

Ապրիլ Անոր Սիրով

«Ուրեմն Ո՞վ Պիտի Զատէ Մեզ Քրիստոսի Սէրէն…» – Հռովմ. 8:35   Ահաւասիկ ճակատագրական հարցում մը, որուն ամէն մարդ պատասխանելու է, նամանաւանդ ամէն Հայ: Ապրիլ ամիսը մեզի կ’առաջնորդէ երկու ճամբորդութիւններու, մէկը դէպի Գողգոթա եւ թափուր գերեզման, որուն փոքրաթիւ հայորդիներ կարեւորութիւն կ’ընծայեն, իսկ երկրորդը աւելի մասսայական ազդեցութիւն ունի եւ մեզի կը տանի Պոլիս, Տէր Զօր, Ատանա եւ […]

Նոր Ճամբայ Մը

«Եւ ըսին Մովսէսի, Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր, ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ որ մեզ Եգիպտոսէ հանեցիր»: Ելից 14:11 Աստուծոյ ժողովուրդը Եգիպտոսէ ելած Մովսէսի առաջնորդութեամբ սկսած է անապատային ճամբորդութեան դէպի Քանան ու կը հասնին Կարմիր Ծովուն եզերքը, եւ ահա Փարաւոնի բանակները իրենց ետեւէն կը հասնին: Որոշապէս պիտի կործանին եթէ աստուածային […]