«Անկողին, Սեղան, Աթոռ Եւ Աշտանակ»

4րդ Թագ. 4:8-10

Չորրորդ Թագաւորաց չորրորդ գլխուն մէջ կան տարբեր հրաշքներ կատարուած Աստուծոյ զօրութեամբ, Տէրոջը ծառային կողմէ, որոնցմէ առաջինը՝ որբեւայրի կնկան պատմութիւնն է, որ ամուսին չունէր բայց շատ պարտքեր ունէր: Տէրը այս որբեւայրիին իւղը շատցուց: Երկրորդ հրաշքը զաւակ չունեցող Սունամացի կինն էր, որուն մարգարէն ըսաւ,«գալ տարի նոյն այս ժամանակին զաւակ պիտի ունենաս»: Նման բաներ մարդկօրէն հասկնալի չեն, անլուծելի են, սակայն տակաւին կը հաւատանք եւ պիտի հաւատանք, որ Աստուծոյ քով ամէն բան կարելի է: Երրորդ հրաշքը, երբ այս մանչ զաւակը ծնաւ, մեծցաւ, գլխացաւ ունեցաւ եւ մօրը ծունկերուն վրայ մեռաւ: Մայրը կրկին դիմեց մարգարէին ու տղան վերակենդանացաւ: Չորրորդ հրաշքը՝ Գաղգաղայի մէջ հաւաքուած էին Տէրոջը մարգարէները, որոնցմէ մէկը դաշտին մէջէն խոտ հաւաքած ատեն չգիտնալով վայրի բոյս մը հաւաքեց ու մանրելով ապուրին մէջ դրաւ: Սկսան ուտել ու այդ կծու, լեղի համը առին, բացականչեցին, «մահ կայ այս ապուրին մէջ»: Մարգարէն քիչ մը ալիւր առաւ եւ խառնեց այդ ապուրին մէջ եւ բոլորն ալ կերան, թունաւորութիւնը անցած էր: եւ վերջինը ՝ քսան հացով հարիւր անձեր կերակրեց:

  Բայց վերոյիշեալ համարները ուրիշ բանի մը մասին կը խօսին: նիւթը կահաւորումն է:

  Ո՞վ չուզէր իր տունը, բնակարանը գեղեցկօրէն կահաւորել: Ինչո՞ւ չէ, այս Սունամացի երեւելի կինը կ’ըսէ, «Անկողին, սեղան, աթոռ ու աշտանակ դնենք»: Արդեօք մեր հոգեւոր կեանքերուն զարդարանքը ի՞նչպէս է: Այս յիշուած առարկաները հոգեւոր նշանակութիւն եւ իմաստ ունին եւ ամէն մէկուս կեանքի ընթացքը եւ վկայութիւնը հիմնուած է այս առարկաներուն վրայ: Եթէ հետեւինք, կը տեսնենք, որ այս կինը իր ամուսինին տպաւորիչ վկայութիւն մը տուաւ մարգարէին մասին: Կարեւոր է Տէրոջ մարգարէները, Տէրոջը Խօսքը մատակարարողները մաքուր, անբասիր վկայութիւն ունենան:

  • Առաջին առարկան անկողինն է. Ո՜վ պէտք չունի անկողինի:Ամբողջ օրուան, աշխատանքէն, վազվզուքէն եւ մտահոգութիւններէն ետք, կ’ըսենք «լաւ որ Աստուած գիշերը ստեղծեր է եւ տուած է այսպէս կամ այնպէս անկողին մը»: Անկողինը կը ներկայացնէ հանգստութիւն: Տէր Յիսուս ըսաւ, «Ինծի եկէք բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»: Առանց Յիսուսի որքան ալ կեանքի պայմանները գեղեցիկ եւ յաջող երեւին, հանգստութիւն չկայ, երբ տակաւին չես գտած Յիսուսի մէջ հանգստութիւն: Առաջին առիթով մեղքի ահռելի լուծէն հանգչելու պէտքը եւ կարօտութիւնը ունինք: Հանգստութեան պէտք ունինք երբ դատապարտող խղճմտանք կայ, երբ անարդարութիւն ըրած ենք: Գործք Առաքելոցի մէջ կը կարդանք, «Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ»:
  • Երկրորդ առարկան սեղանն է. – Սեղանը հաղորդակցութեան նշանն է: Հիւրասիրութիւնը հաղորդակցութեան կերպ մըն է: Լաւագոյն հիւրասիրութիւնը կը ներկայացուի երբ դուռդ զարնողին ժպիտով ներս կը հրաւիրես, երբ Յիսուսը կու տաս եւ յաւիտենական խօսքեր կը բաժնեկցիս:

Ծննդոցը կարդալով, առաջին գեղեցիկ պատկերը, կ’ունենանք հաղորդակցութիւն, որ սակայն մեղքի պատճառով խզուեցաւ: Հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ ծրագիրն է, բոլորիս համար: Շատեր երբ իրենց դէմքը խաչակնքելով կամ Տէրունական աղօթքը արտասանելով եւ կամ «Տէր Ողորմիա» ըսելով կը խորհին թէ Տէրոջը հետ կը հաղորդակցին, այդ բոլորը խաբուսիկ երեւոյթներ են, որոնց մէջ հոգի, շունչ եւ կեանք չկայ:

Մենք ունենալու ենք կահաւորուած կեանք մը ուր սեղանը անպակաս է: Յայտնութեան մէջ կը կարդանք, «Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ: Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ ու անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ»: Առաջին քայլը Տէրը առած է, իսկ երկրորդը՝ քեզի եւ ինծի կը մնայ:

  • Երրորդ առարկան աթոռն է.-Աթոռ կամ ամպիոն երբ կը գործածուի, ցոյց կու տայ յստակ ուսուցման ձեւ մը: Օրինակի համար, երբ կ’ըսենք այս կամ այն համալսարանը հայկական ամպիոն ունի, այդ կը նշանակէ, Հայերէն դասաւանդութիւններ կան այդ կաճառէն ներս: Աթոռը մեզի ցոյց կու տայ ուղղութիւն, ուսուցում եւ թելադրութիւն: Հոգեւոր կեանքը ապրելու կերպ մը կայ եւ ոչ կերպեր: Թէեւ տարբեր յարանուանութիւններ կերպեր կ’որդեգրեն, սակայն Աստուածաշունչը մէկ կերպ ցոյց կու տայ, Աստուծոյ Խօսքին համեմատ, առանց անձը գովելու, որովհետեւ ի՞նչ որ կ’ընենք, հիւրասիրութիւն, նուիրատւութիւն եւ ծառայութիւն, վայ եկեր է մեզի, եթէ մեր անձերը ցուցնելու համար ընենք:

Քու հաւատքիդ աթոռը ինչպէ՞ս է, ուղղութիւնը ինչպէ՞ս դրուած է : Հրաւիրուած ենք ճաշակելու Տէրոջը Խօսքը: Մարդու կարծիքը հոգեւոր կեանքի մէջ նշանակութիւն չունի:

  • Չորրորդ առարկան աշտանակն է.- Աշտանակը լոյսն է, եւ լոյսը վկայութիւնն է: Երբ Քրիստոսի մէջ հանգստութիւն գտած ենք, երբ ունինք առօրեայ հաղորդակցութիւն եւ մեր ուղղութիւնը յստակ է Տէրոջ Խօսքին համեմատ, այսպիսի կեանք մը անպայման կ’ունենայ լոյս, արձագանգ եւ վկայութիւն: Տէր Յիսուս երկու կարեւոր հաստատումներ կատարեց, «Ես եմ աշխարհի լոյսը» եւ ապա «Դուք էք աշխարհի լոյսը»: Վկայութիւնը շատախօսութիւն չէ այլ կեանք է – ինչպէս կ’ապրինք: Նեղութիւններ, դժուարութիւններ եւ յուսահատութիւններ ի՞նչպէս կը դիմագրաւենք, կը դիմենք մարդո՞ւն թէ Աստուծո՞յ, կ’ըսե՞նք «Քու կամքդ օրհնեալ ըլլայ»:

Տէրը կ’ուզէ փայլիլ մեր մէջ, Տէրը կ’ուզէ փայլիլ մեր միջոցաւ:

Տէրը օրհնէ մեզ եւ օգնէ, որպէսզի այս առարկաները ունենանք եւ գործածենք:

 

© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26,  Թիւ 229