Կեանքի Փառքը
Տիեզերքը շարունակական փոփոխութիւններու շարք մը կը ներկայացնէ մեզի: Աշխարհի սկիզբէն ի վեր ամբողջ բնութիւնը անընդհատ զարգացումի մէջ է: Բուսական աշխարհը իր բիւր գեղով եւ պերճանքով շարունակ դէպի զարգացում կը դիմէ: Քաղցրալար մեղեդիներով դայլայլող թռչուններ, ահագին պորակներ,դղրդեցնող վայրի գազաններ, լայնատարած ծովերու եւ ընդարձակ ովկիանոսներու մէջ սրարշաւ ընթացող կենդանիները՝ ամենափոքրէն այնքան փոքր, որ յիսուն միլիոնը մէկ ցորեն չի կշռէր, մինչեւ այն ահագին կէտձուկը որ երբ ալիքներուն վրայ նիրհէ հեռուէն դիտողին կապոյտ ջուրերուն վրայ տարածուած կղզի մը կը թուի, կը ձգտին դէպի զարգացում: Բնութեան հարազատ զաւակը, Աստուծոյ ստեղծագործութեան գլուխ գործոց եղող մարդն ալ բնաւ զուրկ չէ մնացած այդ ազդեցութիւններէն եւ էական պայմաններէն. ան ալ տիւ եւ գիշեր կը ջանայ հասնիլ բարգաւաճումի վերջին սահմանին եւ այս դէպի զարգացում ձգտումին ամենէն հզօր ազդակներէն մէկը եղած է փառքի սէրը մարդուն մէջ: Ամէն մարդ փառասէր է քիչ կամ շատ, եւ թերեւս ամէն մարդու իրաւունքն ալ է այն: Սակայն շատեր կը փնտռեն կեանքի փառքը աշխարհին ու անոր վայելքներուն մէջ, որուն վախճանը դուրսի խաւարը եւ կորուստն է:
Ոմանք ամէն ջանք ու տագնապ յանձն կ’առնեն մեծ հարստութեան եւ համբաւի հասնելու համար, հազիւ կը տիրանան անոր եւ ահա «ունայնութիւն ունայնութեանց» գոռացող փողին ազդարար ձայնը կը լսեն ու յուսահատութեան անյատակ անդունդին մէջ կը խորասուզուին: Հազիւ կ’ըսեն «արդ ո՛վ իմ անձս կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղիր», եւ ահա նոյն գիշերը իրենց հոգին կը պահանջուի:
Խումբ մը երիտասարդ հրավառ կը փնտռեն զայն ֆիզիքական հանգիստի ու անդորրութեան մէջ. սակայն զուարճութիւններու, զազիր հաճոյքներու սէրը եւ շուտով հարստանալու բուռն տենջանքը թառամեցուցած է շատերու կեանքը: Եւ ոմանք թէպէտեւ բնաւ դիտաւորութիւն ունեցած չեն ինքզինքնին մամոնային նուիրելու, բայց ջանացած են ընել ինչ որ Քրիստոս Ինքը անկարելի հռչակած է. կը ջանան շարունակ ծառայել իրենց Արարիչին՝Աստուծոյ եւ մամոնային միանգամայն:
Այս կեանքը երիտասարդին համար գեղեցիկ ու ոլորապտոյտ ճամբու նման է ուր ամէն բան վարդագոյն կը տեսնէ, եւ որուն երկու կողմերը տարածուած քաղցրաբոյր ծաղիկներ կը հրապուրեն զինք: Այսպէս ան աշխարհը կը նկատէ լոկ իբրեւ զբօսավայր մը՝ ուր կը մտնէ ապագայ երջանկութեան ու հաճոյքներու համար մեծամեծ յոյսերով: Եւ քաղցրահամ պտուղներուն համը առնելով, աւելի խանդոտ կ’աճապարէ աւելի յառաջ երթալու եւ հասնելու հոն՝ ուր կ’երեւակայէ թէ ամէն բան աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլայ: Հետզհետէ յառաջ կ’երթայ եւ ահա սաղարթախիտ ծառերը կը սկսին տժգունիլ, անուշահոտ ծաղիկները կը սկսին թառամիլ, պտուղները կ’աներեւութանան, եւ մէյ մըն ալ կը տեսնէ որ հասած է անապատային ամայութեան մը մէջ: Մեծ բան մըն է երիտասարդ ըլլալ ունենալ ազնիւ սիրտ, սիրտ մը ճշմարտութեան ընդունակ. եւ ոչ թէ ունակութիւններէ կաշկանդուած, կանգնիլ կեանքի սեմին վրայ լի եռանդով եւ յոյսով: Քրիստոնէութեան զրահովը պաշտպանուած եւ վսեմ ու վեհանձն նպատակներով ներշնչուած գործել:
Դարձեալ հազարաւորներ բիւրաւոր բաներու մէջ կը փնտռեն իրենց կեանքի փառքը: Միքայէլ Անճելօ եւ Ռաֆայէլ կը զգային զայն գտած ըլլալ բնութեան գեղազուարճ տեսարանները նկարելուն մէջ: Ուրիշ մը իր մենարանին մէջ փակուած վեհ քերթուածներ շարադրելուն ու քաղցրալուր մեղեղեդիներ յօրինելուն մէջ: Կեսար եւ Նաբոլէոն կարծես կը տիրանային անոր քանդելուն, աւերելուն, իրենց դրացի ազգերը նուաճելուն ու աշխարհակալութեան մէջ:
Եւ սակայն Նազովրեցի Յիսուսին նայեցէք, այն երկնառաք երիտասարդին, ուր Իր փառքը կը փնտռէր մոլորեալ ոչխարը բարերար հովիւին խնամքներուն յանձնելուն եւ զանոնք առատ արօտավայրեր եւ յաւիտենական կեանքի շաւիղները առաջնորդելուն մէջ, եւ շարունակ «Սիրեցէք զիրար» քարոզելուն մէջ, եւ յիրաւի գտաւ ու կը վայելէ զայն: Երջանկութիւնը ու փառքին պսակը հոգիին ուրախութիւնն է, որ կը ծորի անձնուրաց սէրէն. սէր առ Աստուած, սէր առ մեր ընկերը: Մեր ընկերներուն հետ մեր առնչութիւններուն մէջ ալ մեր անձնուրաց սիրոյն խորութիւնովը, անկեղծութիւնովը ու տարածութիւնովը կը չափուի մեր երջանկութիւնը: Սիրով լեցուած հոգին կրնայ երջանիկ ըլլալ կեանքի ամենէն դժուարին եւ ամենէն դժնդակ պարագաներուն մէջ, նոյնիսկ երբ զուրկ է ամէն հաճոյքէ, այ՛ո նոյն իսկ երբ մարմինը ցաւերով կը կեղեքի: Մարդ կրնայ իր կեանքի փառքին հասնիլ երբոր հոգին կատարեալ համերաշխութեան մէջ կը գտնուի իր Աստուծոյն հետ: Եւ աւելի մասնաւորելով ան կապակցութիւն ունի հոգիի զարգացումներուն հետ: Ան ուրախութիւն մըն է կամ գոհացում մը, որ անբաժան կերպով միացած է սիրոյ հետ:
Ուստի ո՛վ մարդ, դուն որ այսչափ մտաւոր կարողութիւններով եւ բարոյական նկարագիրով օժտուած ես, գիտցիր թէ անասուն մը չես, որուն մտքին մէջ անասնական համակրութիւններ եւ կիրքեր կը տատանին: Քու կեանքիդ փառքը մի՛ դներ երբէք աշխարհային վաղանցուկ բաներու վրայ, որոնք փոքր նաւակի մը պէս լեռնահանգոյն, բարձրացող փրփրադէզ ալիքներուն խաղալիք կ’ըլլայ: Քեզի համար կեանք մը կայ անվախճան, կեանք մը Աստուծոյ եւ հրեշտակներուն ընկերակցութեան մէջ. փնտռէ քու Տէր Աստուծոյդ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ: Լայն բաց հոգիդ մաքուր եւ սուրբ զգացումներու առջեւ, փարէ Փրկչին, եւ Ան այս մահառիթ տատասկներէն պիտի ազատէ քեզ անվթար եւ ապահով. պիտի մօտեցնէ, պիտի տանի քեզ կեանքիդ իրական փառքին, յաւիտենականութեան, եւ Աստուծոյն:
Տիգրան Շանլեան
© 2019, Dikran Shanlian