Աղօթքները Կը Պատասխանուին

Մատթ. 7:7-8

Մեր բոլոր աղօթքները կը պատասխանուի՞ն:

Զաւակդ շատ հիւանդ էր, ջերմեռանդ աղօթեցիր որպէսզի Աստուած բժշկէ, բայց զաւակդ մեռաւ: Արդեօ՞ք աղօթքդ չպատասխանուեցաւ:

Ընկերութեան մէջ գործի կարելիութիւն կար, ճիշդ քու ուսումիդ եւ փորձառութեանդ յարմար էր: Աղօթեցիր որ Աստուած այդ գործը քեզի համար կարգադրէ, սակայն ուրիշ մը վարձեցին: Արդեօ՞ք աղօթքդ չպատասխանուեցաւ:

Ամուսնութեանդ առթիւ գեղեցիկ մատանի մը քեզի նուէր տրուեցաւ, վրան եղած քարը ադամանդ էր , ինկաւ ու կորսուեցաւ: Աղօթեցիր որ Աստուած օգնէ ու այդ թանկարժէք քարը գտնես, բայց ջանքերդ ի դերեւ ելան: Արդեօ՞ք աղօթքդ անպատասխան մնաց:

Հաւատացեալներու կեանքին մէջ չպատասխանուած աղօթքը ամենամեծ դժուարութիւնն է: Շատերս աղօթքի կը հաւատանք ու կ’աղօթենք, սակայն այնպէս կը թուի թէ մեր շատ մը աղօթքները չեն պատասխանուիր:

Ինչո՞ւ կարգ մը աղօթքներ չեն պատասխանուիր.-

Ա. Դժուարութիւնը.- Դժուարութիւնը կը կայանայ աղօթքի մը տեսակին մէջ: Երբ կ’ըսենք մեր աղօթքները չեն պատասխանուած, կը խորհինք մէկ տեսակ աղօթքի մասին, միջնորդական աղօթքը:

Միջնորդականը միայն աղօթքի մէկ տեսակն է: Մեր աղօթքները պարունակելու են պաշտամունք, փառաբանութիւն, խոստովանութիւն, նուիրում:

Յաճախ աղօթքէն սահմանափակ ակնկալութիւն ունինք:

Սկիզբէն կ’որոշենք որ Աստուած ինչպէ՞ս պէտք է պատասխանէ, եւ եթէ աղօթքը չէ պատասխանուած մեր մտածածին ու ակնկալածին պէս, դժգոհութիւնը մեր կեանքին մէջ է ու քանքատը մեր շրթներուն վրայ կը տարածուի:

Նման ակնկալութիւններով լեցուն կեանք մը կ’անտեսէ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը: Աստուած ստիպուած չէ մեր աղօթքներուն պատասխանել այն կերպով որ մենք արդէն որոշած ու ծրագրած ենք: Նկատի առնենք կարգ մը աղօթքներ Աստուածաշունչին մէջ, որոնք պատասխանուած չեն: Մովսէս աղօթեց եւ խնդրեց խոստացեալ երկիրը մտնելու արտօնութիւն, սակայն ան Նաբաւ լեռանը վրայ Փագայի գագաթը, Երիքովի դիմացը մեռաւ: Ամբակում մարգարէն աղաղակեց- «մինչեւ ե՞րբ ով Տէր աղաղակեմ ու չլսես եւ զրկանքի համար քեզի կանչեմ ու չազատես:» Պօղոս Առաքեալ երեք անգամ աղօթեց որ իր մարմինի խայթոցը հեռացնէ, արգելք էր իր ծառայութեան: Նաեւ Գեթսեման պարտէզին մէջ մեր Փրկիչը աղօթեց տառապանքի գաւաթին հեռացման համար…բայց խմեց: Ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք այս եւ նման պարագաները:

Միթէ Աստուած չէր լսեր: Ո՛չ, անշուշտ ոչ: Պէտք է քննենք մեր ենթադրութիւնը եւ ակնկալութիւնը, Աստուած ի՞նչ ընելու է:

Ընդհանրապէս Աստուած դրած ենք անկիւն մը եւ կ’ակնկալենք որ Ան մեր խնդրուածքներուն այո-ով պատասխանէ ու հաստատէ զանոնք: Պէտք ունինք տեսնելու թէ այո-ն եւ թէ ոչ-ը յստակ պատասխաններ են: Ուստի կը կարօտինք այն հաւատքին որ երկուքն ալ ուրախութեամբ կ’ընդունի:

Բ. Խոստումը.- Վստահութեամբ աղօթել: Վստահութեամբ եւ յարատեւութեամբ աղօթելը Յիսուս արտայայտեց երեք բառերով.-

  • Խնդրել – Տեսնելով մեր պէտքը կ’ուզենք Աստուծոյ հետ կապ պահել, գիտակցելով որ Աստուած մեր պէտքը կրնայ հոգալ
  • Փնտռել – Մեր կողմէ ջանք մը կայ – կ’աղօթենք հացի համար եւ կ’աշխատինք, կ’աղօթենք Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուստին մասին, կը վկայենք, կ’ապրինք ու կը քարոզենք:
  • Զարնել – Ասիկա ցոյց կու տայ շարունակականութիւն մը, լուրջ ենք եւ կարեւոր կը նկատենք:
    • Համբերութեամբ Աղօթել.- Աղօթքներ երեք կերպով կը պատասխանուին, այո, ոչ, եւ սպասէ: Պէտք ունինք սպասելու, որպէսզի Աստուծոյ ժամանակացոյցին յարմարի: Կարգ մը բաներու համարկ’արժէ սպասել:
    • Անձի մը աղօթել.- Մեր աղօթքները ուղղուած են մեր Երկնաւոր Հօր: Աստուած մեր Հայրն է եւ լաւագոյնը կ’ուզէ Իր զաւակներուն համար, որոնք Իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի արիւնով փրկուած են:

Իրապէս մեր աղօթքները պատասխանուա՞ծ են: Հաւատացեալ մը իր կեանքին վերջաւորութեան ըսած է թէ իր բոլոր աղօթքներն ալ պատասխանուած են: Ան աղօթած է Հնդկաստան երթալու, բայց ստիպուած է Պուրմա երթալ: Աղօթած է կնոջ առողջութեան համար եւ ան մեռած է: Աղօթած է որ բանտէն ազատ արձակուի, բայց ամիսներով շղթայակապ հոն մնացած է: Կ’աղօթէ հոգիներու փրկութեան համար եւ տարիներ կ’անցնին մինչեւ մէկ անձ մը փրկուի:

Իր բոլոր աղօթքներն ալ պատասխանուած են:

Եզրակացնելով պէտք է ըսել թէ չպատասխանուած աղօթքներ չկան, բոլոր աղօթքներն ալ պատասխանուած են ու կը պատասխանուին, սակայն մեր ակնկալածէն ու երեւակայածէն տարբեր կերպերով: Ուրեմն հաւատքով աղօթենք:

© 2019 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 27,  Թիւ 231