Ի՞նչ Պատգամ Կը Փոխանձես

Բ. Կորնթ. 5:14-21

 

  Ինչպէս կը տեսնենք մեր անձերը, այդ կ’որողէ մեր ապրելլակերպը եւ ինչ յարաբերութիւն կ’ունենանք ուրիշներու հետ նաեւ ինչպէս կը կատարենք մեր պատասխանատուութիւնները:

Կորնթոսի եկեղեցիին ուղղուած վերոյիշեալ բաժինը, կը նկարագրէ Աստուծոյ, մեզի տուած պարտականութիւնը, թերեւս շատ քիչեր տեղեակ են ասոր:

Անգամ մը որ գիտակցինք, այդ պիտի ազդէ մեր խորհածին, զգացածին ու ժամանակին, նաեւ թէ ինչպիսի կապ ու առնչութիւն կ’ունենանք ուրիշներու հետ եւ ինչ յարաբերութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ հետ:

Եթէ հարցնեմ քեզի, «Ո՞վ ես դուն», գուցէ առանց վարանումի ըսես, «Ես հայ քրիստոնեայ եմ, Աստուծոյ զաւակ եմ, ես սուրբ եմ», կամ ասոր նման բան մը:

Արդեօք, տեղեա՞կ ես, Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Աստուած նշանակած է քեզ ու տուած է, դեսպան ըլլալու պատասխանտուութիւնը: Երբ Պօղոս Առաքեալ, կը խօսի այս նիւթով, ան, ոչ միայն կ’ակնարկէ իր եւ գործակիցներուն, նաեւ մեզի:

Դեսպանը, կ’ապրի օտար երկրի մը մէջ, եւ կանչուած է խօսելու Իր երկրին անունով: Ան ունի ապրելակերպ մը որ կը տարբերի ուրիշներէն, եւ յաճախ, իր երկրի պատիւը իր ուսերուն դրուած է:

Հիմա, լաւ կ’ըլլայ որ այս դիրքը բաղդատես, որպէս Քրիստոնեայ, քու դիրքիդ հետ:

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ մենք, այս աշխարհի մէջ օտարներ ու պանդուխտներ ենք, որովհետեւ մեր քաղաքացիութիւնը երկինքն է: Մեր խօսակցութիւնն ու ապրելակերպը պէտք չէ նմանի, մեր շուրջը եղողներուն: Մենք, Աստուծոյ թագաւորութեան խօսնակներն ենք, որովհետեւ Յիսուս մեզ փրկած է Իր արիւնով:

Պահ մը խորհինք, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր դիրքը, եթէ նախագահը, հեռաձայնելով խնդրէր, որ այսօր իսկ մայրաքաղաք երթանք, պարտականութիւն մը ունի մեզի համար: Ի՞նչ կ’ըլլայ մեր պատասխանը, «Նախագահը հրաւիրեց, բայց մենք խանդավառ չենք»:

Անշուշտ ո՛չ, ահա կը ղրկուինք այս երկիրը ներկայացնելու Իրեն եւ իշխանութեամբ խօսելու:

Այն օրը, երբ ընդունեցինք Տէր Յիսուսը, որպէս մեր փրկիչն ու տէրը, ունեցանք պատասխանատուութիւնը, ըլլալու Իր դեսպանը, այն շրջանակին մէջ, ուր կը բնակինք, ուստի կ’ակնկալուի մեզմէ, տարբեր խօսիլ եւ տարբեր գործել: Գիտակցելով, որ երկիրը մեր վերջնական նպատակակէտը չէ, հապա մերը՝ երկինքն է:

Մենք, նշանակուած դեսպաններ ենք ու կը ներկայացնենք թագաւորներու Թագաւորին՝ Տէր Յիսուսին, եւ ասիկա բնաւ ուզելու կամ չուզելու խնդիր չէ:

Հիմա կ’ուզեմ բաժնեկցիլ  երկու իրողութիւններ, որոնք կապուած են այս պարտականութեան հետ:

Ա. Աստուածոյ մեզի յանձնած պատգամը, հաշտութեան պատգամ է.—

Օրինակի համար, զոյց մը կայ, որ ամուսնալուծուած է, հաշտութիւն, կը նշանակէ, անձի մը օգնութեամբ, այս զոյգը իրենց մտքերն ու դիրքաւորումները կը փոխեն, եւ անգամ մը եւս կը սկսին ապրիլ, մտերմիկ, ջերմ ու սիրալիր յարբերութեամբ մը:

Այս հաշտութեան պատգամը, Պօղոս առաքեալի կողմէ նկարագրուած է Բ. Կորնթ. 5:17-ի մէջ, «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր ստեղծուած մըն է, հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ»:

Հաշտութեան պատգամը, նոր սկիզբ մը ունենալու, յոյսի պատգամն է: Հոգ չէ թէ, ով ես եւ ինչ վիճակի մէջ կը գիտնուիս, պատգամը, որ Աստուած տուած է ամէն մարդու, հաշտութեան պատգամն է:

Այս յոյսի եւ հաշտութեան պատգամը ուրիշներու հասցնելու պարտականութիւնը Աստուած մեզի, հաւատացեալներուս յանձնած է:

Բ. Այս պատգամը նոր յարաբերութիւններու պատգամ է.—

Աստուած, առաջին քայլը առած է, որովհետեւ մարդը չէ որ ինքզինք կը հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ: Աստուած Իր Որդիին անձովը աշխարհ եկաւ, ապրեցաւ մեր մէջ, խաչին գնաց, կրելով մեր մեղքերը: Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ հաշտութեան կերպն է:

Աստուած կը հասնի մարդոց, որոնք կոտրուած ու յուսահատ կեանքեր ունին, եւ անոնց կը բերէ ուղիղ յարաբերութեան մէջ, Իր հետ եւ ուրիշներու հետ: Ան անցեալը կը հեռացնէ, ու Հօր Աստուծոյ հետ, կը բերէ գեղեցիկ եւ մտերմիկ յարաբերութիւն մը:

Այս պատգամը, մեզի յանձնած է, հետեւաբար մենք՝ դեսպաններ ենք:

Պահ մը խորիր, արդեօ՞ք աշխարհի մէջ կայ պատգամ մը, որ կը փոխէ մարդուն, անշուշտ ոչ, սակայն որպէս հաւատացեալ, քու տուած պատգամդ՝ կը փոխէ: Առաքեալը, որպէս յանձնարարութիւն, այս պատգամը Աստուածոյ կողմէ ունէր: Ի՞նչ ըրաւ: Ան աղաջեց մարդոց, որ Աստուծոյ հետ հաշտուին: Իսկ մենք ի՞նչ կ’ընենք:

Այսօր սերունդներ կը մեծնան առանց Յիսուսի, առանց Աստուծոյ ճանչնալու, հեթանոս սերունդ մը կը մեծցնենք ու եթէ այսպէս շարունակուի կ’ունենանք հեթանոս երկիր ու հեթանոս ազգ, որովհետեւ լուռ կեցանք եւ մեր պաշտօնը չկատարացինք: Ոչ միայն հաշտութեան պատգամ ունինք, այլ նաեւ հաշտութեան ծառայութիւն մը:

Ծառայութիւնը ծառայի հետ կապուած է: Ի՞նչ կ’ընէ ծառան, կը ծառայէ: Հաւատացեալներ, տարբեր դերեր ունին, բայց մէկ բան հասարակաց է, բոլորս ալ ծառաներ ենք:

Ամենէն ուրախ անձերը, որոնց ճանչցած եմ, Աստուծոյ ծառայողներն են:

Աստուած, այս դժուարին գործը կատարելու համար, Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կո տայ: Ուրեմն պատգամը, զօրութիւնը եւ ծառայութիւնը ունինք: Ի՞նչ է քու մղիչ ոյժդ, այս հաշտութեան ծառայութեան մէջ:

Հիմա, հաճիս կարդայ վերոյիշեալ ութը համարները (Բ. Կորնթ. 5:14-21) եւ նուիրուէ կատարելու, Աստուծոյ քեզի տուած պարտականութիւնը, որպէս հաւատացեալ, որպէս դեսպան, եւ կատարէ զայն Հոգիին զօրութեամբ:

 

© 2022 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 30,  Թիւ 245

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).