Քրիստոնէական Կեանքի Ուղեծիրը

«Քրիստոսի հետ խաչը ելայ, եւ ալ կենդանի եմ ոչ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս, բայց ես հիմա մարմինովս կ’ապրիմ, Աստուծոյ Որդւոյն հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու Իր անձը ինծի համար մատնեց»: -Գաղ. 2:20

 

Ի՜նչ գեղեցիկ, հոյակապ համար է այս եւ Աստուծոյ ժողովուրդին նախընտրելի համարն է: Ասիկա անձնական վկայութիւնն է, որ Պօղոս առաքեալ ղրկեց Գաղատիոյ եկեղեցիին: Սակայն կ’ուզեմ կարգ մը ճշմարտութիւններ ընդգծել, որոնք քաղուած են այս համարէն: Նոր Կտակարանի մէջ նշուած բազմաթիւ համարներէն, որոնք կը նկարագրեն Քրիստոնէական կեանքը, հաւանաբար այս ամենէն կատարեալն է:

Ահաւասիկ մարդու մը վկայութիւնը որ կ’ըսէ թէ խաչուած է ու մեռած, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ: Իսկ յաջորդ բառերով կ’ըսէ թէ կենդանի է: Հարցումը որ կը ծագի, ինչպէ՞ս մարդը մեռած ու կենդանի կ’ըլլայ միեւնոյն ժամանակ: Կարծես թէ այստեղ խորհրդաւոր բան մը կայ: Ինչ լաւ կ’ըլլար եթէ բոլոր Քրիստոնեաներն ալ մեռած ու կենդանի ըլլային միեւնոյն ատեն: Որպէսզի այս հիասքանչ համարին նշանակութիւնը հասկնանք, կ’ուզենք սկսիլ շեշտելով կարգ մը հիմնական ճշմարտութիւններ, որոնք առնչուած են Քրիստոնէական կեանքին հետ:

  Ա. Քրիստոնէական կեանքը ամբողջովին նոր կեանք է.— Իսկապէս կարեւոր է հասկնալ այս, որովհետեւ շատերու համար Քրիստոնէական կեանքը հին է, կարկտնուած, նորոգուած եւ բարեկարգուած: Քրիստոնէական կեանքը ամբողջութեամբ նոր է, մեզի տրուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, երբ մենք հաւատացինք Տէր Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութեան եւ վերստին ծնունդ ունեցանք: Յովհ. 3:3-ը կ’ըսէ, «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չկրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել»: Սուրբ Հոգւոյն գերբնական գործով մենք կ’ըլլանք իրական, ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, Աստուծոյ կեանքը մուտք կը գործէ մեր մէջ:
Մեր համարով Առաքեալը կը խօսի իր հին կեանքին մասին, եւ ապա կը տեղեկացնէ նոր կեանքի մը մասին որ ստացած է: Ան կ’ակնարկէ Սօղոսի հին կեանքին, երբ ինք առանց Քրիստոսի էր: Բ. Կորնթ. 5:17-ը կ’ըսէ, «Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է, հիները անցան եւ ամէն բան նոր եղաւ»:

  Բ. Քրիստոնէական կեանքը մարմինի մէջ ապրուած կեանքն է.—
Դուն եւ ես Քրիստոնէական կեանքը ո՞ւր պիտի ապրինք, եթէ ոչ Աստուծոյ տուած մեղանչական մարմինին մէջ: Ի՜նչ հիասքանչ բան է, երբ նոյն ծիրին մէջ Ադամ մեղանչեց եւ վերջին Ադամը, Տէր Յիսուս Քրիստոս կատարելապէս յաղթեց:
Մենք Քրիստոնէական կեանքը չենք ապրիր ամպերու վրայ, ոչ ալ երկինքի մէջ, ոչ ալ վանքի մը պատերէն ներս, հապա աշխարհի մէջ մեր երկրաւոր մարմիններուն մէջ:

  Գ. Քրիստոնէական կեանքը ներկայ յաղթանակի կեանքն է.—
Չենք կրնար Գաղատացիս 2:20-ը կարդալ առանց նկատելու յաղթանակի վիթխարի վստահութիւնը: Կարդալով կը նկատենք հակասութեան զօրութիւնը ամէն մէկ բառի մէջ, երբ Առաքեալը մեզի կը ներկայացնէ մէկ կողմէ հին մեղանչական, ձախող կեանքը եւ միւս կողմէ, նոր յաղթական կեանքը: Քրիստոնէական կեանքը ոչ միայն Աստուծոյ կողմէ տրուած նոր կեանք է մարմինի մէջ, այլ յաղթական, գոհացնող եւ զԱստուած փառաւորող կեանքն է:
Չեմ գիտեր թէ դուն այս յաղթական կեանքը կը վայելե՞ս, կամ տակաւին հաւատքով պէտք է մտնես ծիրէն ներս եւ վայելես ամբողջական Քրիստոնէական կեանքը:

  Դ. Քրիստոնէական կեանքը հաւատքի կեանք է.— Քրիստոնէական կեանքը ընելու կեանք չէ: Որոշապէս կը լսեմ մէկը որ կ’ըսէ, «Ճիշտ այդ է խնդիրը, այդ է իմ դժուարութիւնս, իմ դժուարութիւնս հաւատքն է»: Իրականութեան մէջ քու դժուարութիւնդ հաւատքը չէ այլ անհաւատութիւնն է: Մենք միշտ ձեւով մը հաւատքը կը գործածենք: Երբ ճամբորդութիւն մը կը ծրագրենք եւ օդանաւի տոմս մը կը գնենք, նախքան օդանաւ նստիլը կը հաւատանք որ օդանաւ մը պիտի ըլլայ եւ ապա մեզի տուն բերելու համար ուրիշ օդանաւ մը պիտի ըլլայ: Ժողովարան հաւատքով կ’երթանք, որոշ ժամանակ պաշտամունքը պիտի սկսի, նաեւ աթոռն ու նստարանը մեր ծանրութիւնը պիտի կրեն:

Այս բնաբան համարը մեզի կ’ըսէ թէ Քրիստոնէական կեանքը, հաւատքի կեանք է:

Ի՞նչ բանը կամ ո՞վ է մեր հաւատքին առարկան, անկասկած Աստուծոյ Որդին է: Հետեւաբար Քրիստոսնէական կեանքը հաւատքի կեանքն է հաստատուած Աստուծոյ Որդիին վրայ: Հիմա նկատենք այն երեք ճշմարտութիւնները, որոնք Աստուած կ’ըսէ: Ճշմարիտ Քրիստոնեան այս երեք հիմնական ճշմարտութիւններուն կը հաւատայ:

  1. Յիսուս Իր կեանքը ինծի համար տուաւ.- Ասիկա փառաւոր ճշմարտութիւն է: Գողգոթայի խաչին վրայ երբ մեռաւ, Իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէսզի մենք չմեռնինք:
  2. Յիսուս իմ կեանքս ինծմէ առաւ.- Աստուծոյ ծրագիրով երբ Որդին մեռաւ, ոչ միայն Իր անձը ինծի համար տուաւ, նաեւ իմ կեանքս ինձմէ առաւ, իմ հին անձնասէր, մեղանչական կեանքս:
  3. Յիսուս Իր կեանքը կ’ապրի իմ մէջս.- «Քրիստոս կ’ապրի իմ մէջս»: Պարզօրէն ո՞վ է Քրիստոնեան: Քրիստոնեան Քրիստոսի մէջ ըլլալն է: Ուրեմն ի՞նչ ընելու ենք, պէտք է հաւատալ Աստուծոյ ըսածին, թէեւ կրնանք ամբողջութեամբ չհասկնալ, բայց ո՞վ կրնայ հասկնալ:

Աստուած կ’ըսպասէ որպէսզի մենք ըսենք, «Ով Աստուած, ինչ որ կ’ըսես կը հաւատամ»:

Թող Ամենակարողը բոլորս վայրկեանէ վայրկեան եւ օրէ օր առաջնորդէ, որպէսզի փորձառաբար հասկնանք Քրիստոնէական կեանքի փառաւոր ուղեգիծը:

 

© 2022 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 30,  Թիւ 246

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).