Չաղօթելու Մեղքը

«Բայց ես քաւլիցի որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով…»  – Ա. Թագ. 12:23

 

  Ի՞նչ է այն մեղքը որ մեր կեանքերուն մէջ հասարակաց է։

Վստահ եմ թէ հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը կ՚ընդունի թէ իրենց աղօթքի կեանքն է իրենց ձախողած կողմը։

Աստուած մեզի պարգեւած է աղօթելու կերպեր եւ քաջալերութիւն, խոստումներ եւ օրինակներ, նաեւ աղօթելու պատուէր։ Այսուհանդերձ խոստովանելու ենք, մենք շատ քիչ կ՚աղօթենք։ Մերթ ընդ մերթ կ՚ընդունինք մեր աղօթքի կեանքին տկարութիւնն ու անազդու վիճակը։ Արդեօք երբեւիցի խորհա՞ծ ենք թէ չաղօթելը մեղք է։

Մեր բնաբան համարը կը յստակացնէ թէ աղօթքի անտեսումը, անհոգութիւնը կամ մեր կեանքերուն մէջ նախապատիւ չընելը, Տէրոջը առջեւ մեզ յանցաւոր կ՚ընէ։

Թերեւս կ՚օգնէ այս պահուն հարցնել։ Ի՞նչ է այն մեղքը որ հաւատացեալներուս մէջ հասարակաց է։ Ուշադի՛ր, հպարտութիւնը կամ ստախօսութիւնը չէ, ոչ ալ չարութիւնն ու ատելութիւնը, կամ Խօսքը չկարդալը, հաղորդակցութեան պակասը, նոյնիսկ չծառայելն ու չաճիլը, հապա չաղօթելը, աղօթքի զանցառութիւնը եւ սակաւ աղօթելը։

Եկեղեցական համագումար մը կար, որու ընթացքին հարցուեցաւ, «Կէս ժամ աղօթողներ ձեռքերնին բարձրացնեն», մէկ ձեռք բարձրացաւ, «Որո՞նք 15 վայրկեան կ՚աղօթեն», քանի մը ձեռքեր բարձրացան։ Ետքը յստակացաւ որ մեծամասնութիւնը մօտաւորապէս 5 վայրկեան կ՚աղօթէ, եւ ոմանք ալ…չեն աղօթեր։

Նկատի առնենք Սամուէլի շինիչ արտայայտութիւնը որ կատարեց Աստուծոյ ժողովուրդին բազմութեան առջեւ, եւ ծանրանանք երկու հարցումներու վրայ.—Ինչո՞ւ չաղօթելը մեղք է, եւ չաղօթելով որո՞ւ դէմ կը մեղանչենք։

 Ա. Ինչո՞ւ չաղօթելը մեղք է.—

Աստուածաշունչը մեղք կը կոչէ զայն։ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ ստախօսութիւնը, դառնութիւնը, նախանձը, ագահութիւնն ու անհաւատութիւնը մեղքեր են։ Նոյն Գիրքը կը հռչակէ թէ հաւատացեալը չաղօթելով Աստուծոյ դէմ մեղք կը գործէ։ Այս իրողութիւնը մեզ անձնաքննութեան առաջնորդելու է։ Արդեօք չաղօթելով որքա՞ն մեղանչած ենք։

Անշուշտ շիտակը աղօթելն է։ Առիթով մը Յիսուս առակ մը խօսեցաւ, « … Պէտք է ամէն ատեն աղօթել եւ չձանձրանալ», եւ Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ Թեսաղոնիկէի եկեղեց ին ըսելով, «Անդադար աղօթք ըրէք» (Ա. Թես. 5:17)։ Այս եւ տարբեր համարներէ կը սորվինք թէ շիտակը, աղօթելն է։ Յակոբոս առաքեալ տարբեր, ընդհանրական մօտեցում մը ունի որ կ՚ըսէ, «Ան որ գիտէ բարի բան մը ընել եւ չընէր մեղք կը գործէ» (Յակ. 4:17)։

Հռովմայեցիս 14:23-ը կ՚ըսէ, «Ինչ բան որ հաւատքով չէ, մեղք է»։ Այս կը նշանակէ թէ չաղօթելը անհաւատութեան նշան է։ Եւ Եբրայեցիս 11:6-ը կ՚աւելցնէ, «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։

Ինչ սարսափելի յանդիմանութիւն էր երբ անառակ որդին հեռու երկիր գացած էր ու իր հօրը հետ հաղորդակցութիւնը կտրած։ Ժամանակ մը վերջ զինք ճանչցողները, չէին ճանչնար որպէս իր հօրը զաւակը, որովհետեւ ան կեանք մը կ՚ապրէր, որուն մէջ հայրը գոյութիւն չունէր։

Չաղօթելու պատճառներէն մէկը աղօթքի զօրութեան անհաւատութիւնն է եւ երկրորդը, կասկածը, Աստուած աղօթքի կը պատասխանէ՞։

Աղօթքը հսկայական փոփոխութիւններ կը բերէ մեր կեանքերուն մէջ: Եթէ կ՚ուզէք թերթատեցէք Աստուածաշունչը եւ արձանագրուած աղօթքներուն եւ պատասխաններուն ցանկը պատրաստեցէք։ Որոշապէս պիտի նկատէք թէ աղօթքը ինչեր ըրած է եւ ինչեր ալ կրնայ ընել։

Ընդունելու ենք որ չաղօթելով, աշխարհը, եկեղեցին եւ մենք մեզ կը զրկենք Աստուծոյ ամենակարող օրհնութիւններէն։

Աբրահամ բարեխօսեց չար Սոդոմի համար եւ Աստուած լսեց ու պատասխանեց։ Ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ Աբրահամ չաղօթէր։ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ազատութեան համար աղօթեց եւ Աստուած նոյնպէս լսեց ու պատասխանեց։ Ինչ կ՚ըլլար եթէ Տէրոջը ծառաները՝ Յեսու, Սամուէլ, Դաւիթ, Եղիա, Եսայի եւ Դանիէլ չաղօթէին։

Աղօթքը կ՚ապահովէ սիրելիներու փրկութիւնը, կը լուծէ բարդ հարցեր, կառավարութիւններ կը փոխէ, հիւանդութիւններ կը բժշկէ, արթնութիւն կը բերէ եւ աւետարանի տարածման կը սատարէ։

Բ. Որո՞ւ դէմ կը մեղանչենք.—

Երեք յստակ պատասխաններ կան, ուշադրութեամբ նկատի առնենք։

  1. Աստուծոյ դէմ.—Սամուէլ կ՚ըսէ, «Քաւլիցի որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ»։ Անշուշտ ամէն մեղք Տէրոջը դէմ է։ Սաղմոսերգուն 51րդ սաղմոսով կ՚ըսէ, «Քեզի, միայն քեզի դէմ մեղանչեցի», իրողութեան մէջ Դաւիթ մեղանչեց կնկան դէմ, անոր ամուսինին, զինուորներուն եւ ամբողջ ազգին դէմ, սակայն նախ մեղքը Աստուծոյ դէմ էր։ Նոյն ճշմարտութիւնը կը նկատենք Ղուկ. 15-ի մէջ, երբ անառակը տուն եկաւ ու ըսաւ «Մեղք գործեցի երկինքի դէմ եւ քու առջեւդ»։ Ան մեղանչած էր կիներու դէմ, երբ վատնած էր հօրը դրամը, այսպէս կոչուած ընկերներու դէմ, յոռի օրինակ եղած էր։ Բայց նախ մեղանչած էր հօրը դէմ։

Անաղօթք կեանքը կ՚անդամալուծէ Աստուծոյ բազուկը, իսկ աղօթքով լեցուն կեանքը ճանապարհներ կը բանայ։

  1. Ուրիշներու դէմ.—Սամուէլ կ՚ըսէ, «Քաւլիցի…ձեզի համար չաղօթելով»։

Այսօր, դուն եւ ես կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր հոգեւոր ու բարոյական անկման վիճակներ կան։ Արդեօք բան մը կա՞յ որ կրնանք ընել օգնելու մեր շուրջիններուն։ Այո՛, կրնանք, կրնանք աղօթել։ Եւ մինչ կ՚աղօթենք կ՚ապահովենք  մեծ Բժիշկին բժշկարար հպումը։ Չաղօթել ուրիշներու համար զրկել է զիրենք Աստուծոյ օգնութենէն, զօրութենէն, շնորհքէն եւ օրհնութիւններէն։ Չաղօթելով սիրելիներուդ, գործակիցներուդ եւ ազգակիցներուդ համար, անոնց դէմ կը մեղանչես։

  1. Մեզի դէմ.—Յաճախ կ՚ըսենք «Աղօթքը վիճակներ կը փոխէ» եւ շիտակ է, բայց պէտք է ըսենք, Աղօթքը աղօթողը կը փոխէ։ Առաջին արդիւնքը, Աստուծոյ հետ աւելի խորունկ յարաբերութեան ցոլացումն է։

Պտղաբեր, յաղթական, ուրախ եւ սուրբ Աստուծոյ զաւակ մը ըլլալու համար, պէտք է լաւագոյնս օգտագործենք շնորհքի Գահը, այն ատեն բոլորս ալ զօրութիւնով եւ Հոգիով լեցուած կեանքեր կ՚ունենանք։

Երկու քայլեր առնելու ենք.—Անկեղծ խոստովանութիւն եւ անձնական որոշում: Որոշապէս Սամուէլի օրինակին հետեւելու ենք, «Չեմ գիտեր ուրիշներ ինչ կ՚ընեն, ես գիտեմ ինչ պիտի ընեմ…»։

Ծրագրէ օրական առանձին աղօթքի ժամանակ ունենալ, սկսիր Աստուածաշունչէն կարդալով, նիւթեր ներկայացուր, պարզութեամբ մօտեցիր ( ինչպէս զաւակը հօրը կը մօտենայ), խօսիր Իր հետ ամէն բանի մասին։

Աղօթելը արդիւնարար է, իսկ չաղօթելը կործանարար։

Դուն աղօթող հայորդի մը եղիր։

 

© 2023 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 31,  Թիւ 248

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).