Աստուած Ո՞ւր Է

Տարեվերջին ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ վերատեսութեան ենթարկելով անցնող տարուան ամիսները կը ծրագրեն նոր ծրագիրներով եւ նոր կերպերով սկսիլ Նոր Տարին ի մտի ունենալով յաջողակ տարի մը թեւակոխել եւ յառաջխաղացք արձանագրել:

Մեզի, հաւատացեալներուս համար ալ լաւագոյն ժամանակն է քննութիւն մը կատարելու, տեսնելու մեր նախասիրութիւնները:

Արդեօք մեր ժամանակը ինչպէ՞ս կ’անցնենք, եւ կարեւորագոյնը, մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Աւելի մօտեցա՞ծ ենք ու մեր յարաբերութիւնը ջերմացա՞ծ է անցնող ամիսներուն, եթէ ոչ հեռացած ենք եւ օտարացած:

Ահաւասիկ 2018-ը տարին մայրամուտի մէջ է. ժամանակ յատկացնենք լուրջ անձնաքննութիւն մը կատարելով հարցնենք – Աստուած առաջնակարգ տեղը ո՞ւնի իմ կեանքիս մէջ:

Ընդունելով մեր ներկայ վիճակը, սրբագրուելով նոր ուղղութիւն ունենալը կը դնէ մեզ շիտակ հունի մէջ:

Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ: Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը: Մատթէոս 22:37-38

Տիգրան Շանլեան

«Քաջալերուած եմ»: Praise for Pastor Shanlian’s Book from AMAA Executive Director/CEO

Սիրելի Տիգրան,

 

Մօտ տասը ամիս է որ «քաջալերանք»դ գրասեղանիս վրայ տեղ գրաւած է եւ կ’սպասէ որ արձագանգեմ:

Խորագիրը արդէն Քրիստոնէական կեանքի հարազատ դրսեւորումներէն մէկն է, վեր բարձրացնելով ընկճեալն ու յուսահատը, տկարն ու պարտեալը:

Արարումդ՝ գրասեղանիս հարդակի վրայ իր հանգիստին մէջ իսկ արդէն տասը ամիս է որ կը պատգամէ ինծի, շատ հաճախ իր տասը գիրերով, զիս վեր առնելով բնական ճնշումներու ծանրութենէն եւ կամ մտքի բեռնաւորութիւնէ:

Քրիստոնէական կեանքի գործնական կիրարկման յատկանիշներէն մէկն է քաջալերանքը, զոր կը փխի անանձնական սերէ մը, մեր փրկչին ապրած կեանքի կենդանի օրինակով:

Աստուածաշունջը եւս գրքիդ կողքի ճակատին կը ժպտայ կարծես, թարգմանը հանդիսանալով Անոր շունջէն փխած ամէն մէկ գրքին: «66 Ինքնատիպ Գրութիւններ», որոնք արտաշնջումն են Աստուծոյ Խօսքին արտայայտութիւնը եղող 66 կտակուած գիրքերուն:

Մեծապէս կը գնահատեմ 66 խորագիրներու տրամադրած մտածումի եւ խոկումի պահերդ եւ անոնցմէ փխած սրտափուխ յոյս ներշնջող արտայայտութիւններդ:

Կը գնահատեմ նաեւ «Աւետարանչական»ով ընկալուած ըլլալու խորդհուրդդ, ուր քաջալերանքով զինուած եւ զայն սերմանած «Աւետարանչական»ի հարիւրամեակը կը ներբողէս:

Շնորհակալ եմ մակագրուած օրինակին համար եւ կը հաւաստիացնեմ թէ ստեղծագործութիւնդ իր նպատակին հասած է ինծի համար:

Դուն ալ արժանի ես քաջալերանքի, որուն Աստուածային աղբիւրէն փխած առատ օրհնութիւնը թող այս տօնական օրերուն թափի վրադ:

Կը խնդրեմ արտատպելու իրաւունքը, որու հետ նաեւ ընկերակցող թուային օրինակ մը 29որդ գրութենէդ 59որդ էջին վրայ:

Բարի Մաղթանքներով՝

 

Զաւէն

 

 

Zaven Khanjian

Executive Director / CEO

Armenian Missionary Association of America, Inc.

31 West Century Road

Paramus, NJ 07652
Telephone:  201.265.2607

Ծնունդի Տօնակատարութիւնը

Ղուկաս 2:17-20

Տօնական օրերը չեկած ամէն կողմ եղած զարդարանքները, լոյսերն ու ծառերը կը յուշեն թէ Ծնունդը մօտ է: Ազատուղիներն ու ճամբաները խճողուած եւ ուսանողներ արձակուրդի կը պատրաստուին: Շատերու համար Ծնունդը պատեհ առիթ է ճամբորդութիւն կատարելու եւ աւելի բարեխառն կլիմայ ունեցող վայրեր երթալու եւ կամ հակառակը: Ուրիշներու համար Ծնունդը հաւաքոյթներ կազմակերպելու կերուխումի հրաւէրներ կատարելու առիթ է, իսկ ոմանց ալ փափաքը աջին ու ձախին նուէրներ առնել է: Դժբախտաբար վերոյիշեալները մարդոց մեծամասնութեան համար կեդրոնական տեղ կը գրաւեն, բայց ասիկա սովորական արձակուրդ մը չէ, իրողութեան մէջ հիասքանչ դէպք մըն է:

Դուն ինչպէ՞ս կը ծրագրես տօնել Ծնունդը: Եկէք միասնաբար յիշենք թէ ինչո՞ւ Ծնունդը կը տօնախմբուի: Որպէս Հայեր այս երկրին մէջ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով երկու անգամ կը յիշենք Ծնունդը: Գիտէ՞ք, կրկնակի տօնախմբութիւնը մեզ կը դնէ կրկնակի պատասխանատուութեան առջեւ: Աստուած Իր Որդին ղրկեց որ մսուրին մէջ ծնի եւ ըլլայ մարդոց Փրկիչը, մեր բաժինը ըլլալու է յիշատակել ու տօնախմբել մասնայատուկ կերպով, Աւետարանի լոյսով առաջնորդուած: Աստուածաշունչը Ծնունդի պատմութեան հովիւներով մեզի, բոլորիս կ’ահազանգէ թէ խրախճանքներու, հաւաքոյթներու, արձակուրդներու, լոյսերու եւ գնումներու մէջ, որոնք ինքնին սխալ արարքներ չեն, անդրադառնանք ու կատարենք նաեւ հոգեւոր առողջ արարքներ:

Չորս գործողութիւններու պէտք ունինք.-

• Իմացնել.- Առաջին յայտարարութիւնը, բարի լուրը անշուք ու ընկերութեան մէջ անտեսուած հովիւներուն տրուեցաւ: Թերեւս կը հարցնես ինչո՞ւ հովիւներուն եւ ոչ քահանաներուն կամ դպիրներուն: Հովիւներուն այցելելով ու տալով աւետիսը հրեշտակը յայտնեց Աստուծոյ շնորհքը մարդկութեան հանդէպ: Հովիւները Իսրայէլի ամենէն յետիններն էին: Անոնց գործն ու աշխատանքը ծիսականօրէն անմաքուր ըրած էր զիրենք եւ հետեւաբար տաճարէն հեռու պէտք էր մնային: Վերոյիշեալ Աստուածաշնչական համարներուն սկիզբը կ’ըսէ «երբ տեսան իմացուցին»: Դուն ուրիշներու կ’իմացնե՞ս, կը տեղեկացնե՞ս եւ կը վկայե՞ս ինչ որ իմացա՞ծ ես: Մտայղացումը ունեցիր քաջօրէն ուրիշներու տեղեկացնելու թէ աշխարհի Փրկիչը ծնած է եւ Ան քու Փրկիչդ է:

• Զարմանալ.- Հովիւները արտօնութիւն չունէին դատարանի մէջ վկայ ըլլալու, սակայն Աստուած գործածեց խոնարհ հովիւները ըլլալու ականատեսները մարգարէութեան կատարման (Մեսիայի ծնունդին): Հրեշտակները փորձառութիւնը չունեցան ճաշակելու Աստուծոյ շնորհքը, ուստի չեն կրնար վկաներ ըլլալ ինչպէս մենք կրնանք: Հովիւները գեղեցիկ, ընդօրինակելի օրինակներ են բոլորիս համար, անոնք պատգամը հաւատքով ընդունեցին եւ անմիջապէս հնազանդեցան: Զուարճալի բաները մեզ հեռու կը պահեն  լրջօրէն խոկալէ եւ բանի մը մասին մտածելէ: Ծնունդը սքանչելի ժամանակ է զուարճանալու, բայց հատուածին մէջ կ’ըսէ, «կը զարմանային»: Եկէք խորհինք պահ մը, ահա մաքրութիւնն ու սրբութիւնը փաթթուած փոքրիկի մը ծնունդով, ահա ուրախութիւնը ողբերգութեան մէջ եւ ահա մեծ զուարթ յայտարարութիւն մը հովիւներուն: Ահաւասիկ փոքրիկը ծնած է մեռնելու համար եւ թագաւոր մը ծնած է աղքատիկ ախոռին մէջ: Դուն կրնա՞ս տրամաբանութեամբ եղածը պատկերացնել ու բացատրել: Միայն կը զարմանանք այս սքանչելիքին վրայ:

• Մտածել.- Մարիամ իր տան մէջ չէր, ան հրաշքով զաւակ մը ծնաւ, հրեշտակներ այցելեցին, հովիւներ եւ ժողովուրդ զարմանքի մէջ էին: Նորածինը Աստուծոյ խաղաղութիւնը եւ հաճութիւնը կը բերէր, ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ: Կրնանք դիւրութեամբ մոռնալ Ծնունդին կարեւորութիւնն ու իմաստը մինչ մխրճուած ենք եւ տարուած արտաքին տօնախմբութեամբ: Դուն ժամանակ ստեղծէ մտածելու եւ խոկալու: Մինչ հովիւներ եւ ուրիշներ լսելով Ծնունդի լուրը զարմացան ու հիացան, իսկ Մարիամ այս բաները սրտին մէջ պահելով կը մտածէր: Շատեր յաճախ որեւէ լուրի մը մեծ զգացումներով կը պատասխանեն, սակայն զգացումները կը շոգիանան ու պատգամին հետաքրքրութիւնն ու խոր իմաստը կ’անհետանայ: Մարիամ ընտրեց խորհիլ, մտածել եւ խոկալ:

• Փառաւորել .- Այս հովիւները հրեշտակներուն փոխարինեցին երբ փառաւորեցին Աստուծոյ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը իրականութիւն է: Յստակ է թէ մեր բոլոր ձախողութիւններով, յուսահատութիւններով, չար խորհուրդներով եւ սարսափելի մեղքերով, կրնանք Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալ ու ահա՛ Աստուծոյն փառաւորելու բացառիկ առիթ մը: Հրեշտակները կը փառաւորէին, հովիւները կը փառաւորէին, մենք ալ փառաւորելու ենք, որովհետեւ Յիսուսով հաշտութիւնը իրականացաւ: Երկրորդ համաշխարային պատերազմին ժեներալ Այզընհաուր Եւրոպա կը գտնուէր, հօրը մահուան լուրը ստացաւ, ի՞նչ պիտի ընէր, Ամերիկա վերադառնալը անկարելի էր: Գրասենեակին դուռը գոցելով իր զգացումները թուղթին յանձնեց եւ ապա գնաց իր պատասխանատուութեան: Եթէ Այզընհաուր Եւրոպայի մեծագոյն պատերազմի միջոցին ժամանակ կը գտնէ խորհելու իր երկրաւոր հօր մասին, իսկ մենք ժամանակ պէտք չէ գտնե՞նք դուռը գոցելու, Աստուածաշունչը բանալու եւ ապրելու Ծնունդի դէպքը:

Յիսուս Ինքն է մեր տօնախմբութիւնը եւ այս տարի արտաքին խրախճանքի, հաւաքոյթի, ճամբորդութիւններու եւ հրաւէրներու մէջ նաեւ իրականացնենք Աստուածշնչական տօնախմբութիւնը՝ իմանալով, զարմանալով, մտածելով եւ փառաւորելով: n

© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26,  Թիւ 230

«Անկողին, Սեղան, Աթոռ Եւ Աշտանակ»

4րդ Թագ. 4:8-10

Չորրորդ Թագաւորաց չորրորդ գլխուն մէջ կան տարբեր հրաշքներ կատարուած Աստուծոյ զօրութեամբ, Տէրոջը ծառային կողմէ, որոնցմէ առաջինը՝ որբեւայրի կնկան պատմութիւնն է, որ ամուսին չունէր բայց շատ պարտքեր ունէր: Տէրը այս որբեւայրիին իւղը շատցուց: Երկրորդ հրաշքը զաւակ չունեցող Սունամացի կինն էր, որուն մարգարէն ըսաւ,«գալ տարի նոյն այս ժամանակին զաւակ պիտի ունենաս»: Նման բաներ մարդկօրէն հասկնալի չեն, անլուծելի են, սակայն տակաւին կը հաւատանք եւ պիտի հաւատանք, որ Աստուծոյ քով ամէն բան կարելի է: Երրորդ հրաշքը, երբ այս մանչ զաւակը ծնաւ, մեծցաւ, գլխացաւ ունեցաւ եւ մօրը ծունկերուն վրայ մեռաւ: Մայրը կրկին դիմեց մարգարէին ու տղան վերակենդանացաւ: Չորրորդ հրաշքը՝ Գաղգաղայի մէջ հաւաքուած էին Տէրոջը մարգարէները, որոնցմէ մէկը դաշտին մէջէն խոտ հաւաքած ատեն չգիտնալով վայրի բոյս մը հաւաքեց ու մանրելով ապուրին մէջ դրաւ: Սկսան ուտել ու այդ կծու, լեղի համը առին, բացականչեցին, «մահ կայ այս ապուրին մէջ»: Մարգարէն քիչ մը ալիւր առաւ եւ խառնեց այդ ապուրին մէջ եւ բոլորն ալ կերան, թունաւորութիւնը անցած էր: եւ վերջինը ՝ քսան հացով հարիւր անձեր կերակրեց:

  Բայց վերոյիշեալ համարները ուրիշ բանի մը մասին կը խօսին: նիւթը կահաւորումն է:

  Ո՞վ չուզէր իր տունը, բնակարանը գեղեցկօրէն կահաւորել: Ինչո՞ւ չէ, այս Սունամացի երեւելի կինը կ’ըսէ, «Անկողին, սեղան, աթոռ ու աշտանակ դնենք»: Արդեօք մեր հոգեւոր կեանքերուն զարդարանքը ի՞նչպէս է: Այս յիշուած առարկաները հոգեւոր նշանակութիւն եւ իմաստ ունին եւ ամէն մէկուս կեանքի ընթացքը եւ վկայութիւնը հիմնուած է այս առարկաներուն վրայ: Եթէ հետեւինք, կը տեսնենք, որ այս կինը իր ամուսինին տպաւորիչ վկայութիւն մը տուաւ մարգարէին մասին: Կարեւոր է Տէրոջ մարգարէները, Տէրոջը Խօսքը մատակարարողները մաքուր, անբասիր վկայութիւն ունենան:

  • Առաջին առարկան անկողինն է. Ո՜վ պէտք չունի անկողինի:Ամբողջ օրուան, աշխատանքէն, վազվզուքէն եւ մտահոգութիւններէն ետք, կ’ըսենք «լաւ որ Աստուած գիշերը ստեղծեր է եւ տուած է այսպէս կամ այնպէս անկողին մը»: Անկողինը կը ներկայացնէ հանգստութիւն: Տէր Յիսուս ըսաւ, «Ինծի եկէք բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»: Առանց Յիսուսի որքան ալ կեանքի պայմանները գեղեցիկ եւ յաջող երեւին, հանգստութիւն չկայ, երբ տակաւին չես գտած Յիսուսի մէջ հանգստութիւն: Առաջին առիթով մեղքի ահռելի լուծէն հանգչելու պէտքը եւ կարօտութիւնը ունինք: Հանգստութեան պէտք ունինք երբ դատապարտող խղճմտանք կայ, երբ անարդարութիւն ըրած ենք: Գործք Առաքելոցի մէջ կը կարդանք, «Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ»:
  • Երկրորդ առարկան սեղանն է. – Սեղանը հաղորդակցութեան նշանն է: Հիւրասիրութիւնը հաղորդակցութեան կերպ մըն է: Լաւագոյն հիւրասիրութիւնը կը ներկայացուի երբ դուռդ զարնողին ժպիտով ներս կը հրաւիրես, երբ Յիսուսը կու տաս եւ յաւիտենական խօսքեր կը բաժնեկցիս:

Ծննդոցը կարդալով, առաջին գեղեցիկ պատկերը, կ’ունենանք հաղորդակցութիւն, որ սակայն մեղքի պատճառով խզուեցաւ: Հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ ծրագիրն է, բոլորիս համար: Շատեր երբ իրենց դէմքը խաչակնքելով կամ Տէրունական աղօթքը արտասանելով եւ կամ «Տէր Ողորմիա» ըսելով կը խորհին թէ Տէրոջը հետ կը հաղորդակցին, այդ բոլորը խաբուսիկ երեւոյթներ են, որոնց մէջ հոգի, շունչ եւ կեանք չկայ:

Մենք ունենալու ենք կահաւորուած կեանք մը ուր սեղանը անպակաս է: Յայտնութեան մէջ կը կարդանք, «Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ: Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ ու անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ»: Առաջին քայլը Տէրը առած է, իսկ երկրորդը՝ քեզի եւ ինծի կը մնայ:

  • Երրորդ առարկան աթոռն է.-Աթոռ կամ ամպիոն երբ կը գործածուի, ցոյց կու տայ յստակ ուսուցման ձեւ մը: Օրինակի համար, երբ կ’ըսենք այս կամ այն համալսարանը հայկական ամպիոն ունի, այդ կը նշանակէ, Հայերէն դասաւանդութիւններ կան այդ կաճառէն ներս: Աթոռը մեզի ցոյց կու տայ ուղղութիւն, ուսուցում եւ թելադրութիւն: Հոգեւոր կեանքը ապրելու կերպ մը կայ եւ ոչ կերպեր: Թէեւ տարբեր յարանուանութիւններ կերպեր կ’որդեգրեն, սակայն Աստուածաշունչը մէկ կերպ ցոյց կու տայ, Աստուծոյ Խօսքին համեմատ, առանց անձը գովելու, որովհետեւ ի՞նչ որ կ’ընենք, հիւրասիրութիւն, նուիրատւութիւն եւ ծառայութիւն, վայ եկեր է մեզի, եթէ մեր անձերը ցուցնելու համար ընենք:

Քու հաւատքիդ աթոռը ինչպէ՞ս է, ուղղութիւնը ինչպէ՞ս դրուած է : Հրաւիրուած ենք ճաշակելու Տէրոջը Խօսքը: Մարդու կարծիքը հոգեւոր կեանքի մէջ նշանակութիւն չունի:

  • Չորրորդ առարկան աշտանակն է.- Աշտանակը լոյսն է, եւ լոյսը վկայութիւնն է: Երբ Քրիստոսի մէջ հանգստութիւն գտած ենք, երբ ունինք առօրեայ հաղորդակցութիւն եւ մեր ուղղութիւնը յստակ է Տէրոջ Խօսքին համեմատ, այսպիսի կեանք մը անպայման կ’ունենայ լոյս, արձագանգ եւ վկայութիւն: Տէր Յիսուս երկու կարեւոր հաստատումներ կատարեց, «Ես եմ աշխարհի լոյսը» եւ ապա «Դուք էք աշխարհի լոյսը»: Վկայութիւնը շատախօսութիւն չէ այլ կեանք է – ինչպէս կ’ապրինք: Նեղութիւններ, դժուարութիւններ եւ յուսահատութիւններ ի՞նչպէս կը դիմագրաւենք, կը դիմենք մարդո՞ւն թէ Աստուծո՞յ, կ’ըսե՞նք «Քու կամքդ օրհնեալ ըլլայ»:

Տէրը կ’ուզէ փայլիլ մեր մէջ, Տէրը կ’ուզէ փայլիլ մեր միջոցաւ:

Տէրը օրհնէ մեզ եւ օգնէ, որպէսզի այս առարկաները ունենանք եւ գործածենք:

 

© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26,  Թիւ 229

Սուրբերը Իրենց Պաշտօններով

Ղեւտացւոց 22:1-16, Ա.Պետրոս 2:5

Շատ անգամ «սուրբ» բառը հասկնալու դժուարութիւն ունինք: Շատերու համար «սուրբ»երը անցեալին ապրած նուիրեալ եւ անձնուրաց կղերականները, եկեղեցականներն են, որոնց ապրած կեանքին համար, մահուընէ ետք կոչուած են «սուրբ»: Ըստ ուրիշ եկեղեցիի մը տուեալ անձը նուազագոյն հրաշք մը ըրած ըլլալու է, որպէսզի սրբութեան աստիճանի հասնի: Այս մօտեցումը Աստուածաշնչական չէ, ամէն մէկ անհատ որ ունի Յիսուս Քրիստոսը, հաւատացած է Անոր Գողգոթայի վրայ կատարած զոհին, անիկա սուրբ է: Սուրբերը Յիսուս Քրիստոսի արիւնով սրբուածներն են: Կեդրոնանալով Ղեւտացիներու գիրքին, յատկապէս վերոյիշեալ համարներուն վրայ մեզի կը ներկայացուի գեղեցիկ եւ յստակ պատկեր մը: Ահարոն Հին Կտակարանին մէջ Քրիստոսի կերպարն է եւ անոր որդիները, Աստուծմէ ծնածները կը ներկայացնեն: Բոլոր Աստուծոյ որդիները, հաւատացեալները քահանաներ են, թէեւ բոլորը իրենց շնորհուած քահանայական կեանքը չեն ապրիր ու պաշտօնը չեն կատարեր:

Դուն արդեօք պաշտօնդ կատարող հաւատացեա՞լ մըն ես: «Սուրբ բաները», որոնք կը յիշուին Ղեւտ. 22-ի մէջ, ճիշդ նման են «հոգեւոր բաներու», որոնք Աստուծոյ կողմէ ձրի տրուած են մեզի եւ անշուշտ այս «բաները» կարելի է աւելի լիարժէք ըմբոշխնել երբ կատարելապէս կը յանձնուինք Աստուծոյ: Նոր Կտակարանի եւ յատկապէս նամակներու հիմնական ճշմարտութիւններէն եւ սկզբունքներէն մէկը հաւատացեալին Տէրոջը պաշտօնեայ, քահանայ ըլլալն է ու քահանայական պաշտօնը կատարելը: Պատմութեան ընթացքին մարդը շատ ու շատ հարցեր ու դժուարութիւններ դիմագրաւած է, սակայն մեղքը անոր մեծագոյն աղէտը եղած է: Աստուածշունչը կը ներկայացնէ այս մեղքի հարցը լուծելու Աստուծոյ սքանչելի եւ յաւիտենական ծրագիրը:

Հաւատացեալին քահանայութիւնը Աւետարանական եկեղեցիին ըմբռնումով կապուած չէ ուսումի, կոչումի եւ ծառայութեան հետ, այլ հաստատուած է Զոհին քահանայութեան վրայ:

Որոշապէս խիստ կարեւոր քանի մը դասեր կան.-

  • Անմաքրութեամբ վարուիլը մահուան կ’առաջնորդէ.– (հմր.3) Անմաքուրը հոգեւոր ճամբայէն չի կրնար անցնիլ: Կորնթոսի եկեղեցիին, սուրբերուն ուղղուած նամակով Առաքեալը կ’ըսէ, «Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր»: Յստակօրէն երկրաւոր իմաստութենէ պահուած են այս «բաները»: Մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս Հօրը փառաւորեց այս բաներուն պահուած ըլլալուն համար: Սովորական մարդը չի կրնար գնահատել հրեշտակներու կերակուրը : Միշտ ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէս կը վարուինք հոգեւոր բաներու հետ, որպէսզի դատապարտութիւն չուտենք ու չխմենք:
  • Անմաքուրը սուրբ բաներու ախորժակ չունի-. (հմր.4) Զգուշացում կայ, պէտք է մաքրուիլ եւ ապա ճաշակել: Եթէ կ’ուզենք ախորժակ ունենալ եւ վայելել երկնաւոր, հոգեւոր բաները մաքրութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Տէրը Իր մարգարիտները խոզերուն առջեւ պիտի չնետէ: Սրբութիւն եւ անմաքրութիւն հակասական բաներ են, ան որ խաւարը կը սիրէ անպայման լոյսը պիտի ատէ:
  • Սուրբ բաները սուրբերուն համար են.– (հմր.7) Սուրբը աշխարհի հաճոյքներուն մէջ ոչ հաց կ’ունենայ եւ ոչ ալ կերակուր: Այն բոլոր բաները, որոնք կը գրաւեն կամ կ’ուրախացնեն անհատը, սուրբին քաշողականութիւն չեն ունենար, որոհետեւ անոր սիրտը երկնային բաներուն կապուած է: Այսպիսիներուն համար Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլը աւելի վայելք է քան առօրեայ կերակուրը եւ մեղաւորներու փրկութիւնը, արծաթէն ու ոսկիէն աւելի թանկագին է:
  • Օտարականը բաժին չունի.– (հմր. 10) Օտարականն ու վարձկանը այն անձերն են, որոնք Աստուծոյ չեն ճանչնար, որոնք չեն փրկուած ու չեն հաւատար Որդիին, Յիսուս Քրիստոսի: Հաւանաբար վարձկանի պարագան աւելի թեթեւ ըլլալ կը թուի, որովհետեւ ան ոչ թէ չի հաւատար այլ կ’ըսէ թէ ինք Քրիստոնեայ է: Վարձկանը Աստուծոյ կը ծառայէ անձնական շահի, փափաքի եւ նպատակի համար: Այդպէս եղողներ արդէն իրենց վարձքը ստացած կ’ըլլան ու չեն ճաշակեր «հոգեւոր բաները»:
  • Ծախու առնուածներ ու ծնածներ կան-. (հմր.11) Հետաքրքրականօրէն թէ գնուիլն ու ծնիլը հոգեւոր առանձաշնորհում կը պարգեւէ: Գնուած Քրիստոսի արիւնով եւ ծնած Աստուծմէ, պարագաներ են, որոնք կը միացնեն մեզի Աստուծոյ ընտանիքին: Այս հիմնական անփոխարինելի ճշմարտութիւններըմեզի իրաւունք կու տան Անոր սքանչելի ճոխութիւնները ճաշակելու: «Հոգեւոր բաներ» ձրիօրէն մեզի տրուած են Աստուծոյ կողմէ:
  • Անսուրբ յարաբերութիւններ անարժան կ’ընեն.– (հմր.12) Մարդկային կեանքի մէջ խառն լծակցութիւններ ախորժակ չեն ձգեր հոգեւոր բաներու: Քահանային աղջիկը ծնունդով իրաւունքներ ունի, սակայն երբ օտարի հետ կ’ամուսնանայ այդ իրաւունքներէն կը զրկուի (անարժան կ’ըլլայ): Մենք կրնանք Քրիստոնեաներ ըլլալ, վերստին ծնունդ ունենալ, բայց մեր մարմնաւոր ու մեղանչական յարաբերութիւններով անյարմար կ’ըլլանք վայելելու Աստուծոյ օրհնութիւնները:
  • Ուտել հոգեւոր բաներ առանց ծանօթ ըլլալու, օգուտ չունի.– (հմր.14) Անշուշտ կարելի է խօսիլ ու կարդալ «սուրբ բաներու» մասին ու տակաւին օտարական ըլլալ Անոր զօրութեան: Ճշմարտութիւնը սրտին վրայ է, կեանքի հետ չառնչուիր մինչեւ որ հաւատքին չխառնուի: Սրբութիւնը մարդկային կեանքը բարձրացած վիճակի մէջ չէ, այդ անկարելիութիւն է, այլ վար բերուած աստուածային կեանքն է: Մարդը անգիտութեամբ կը վարուի Քրիստոսի մեծ ու թանկագին խոստումներուն հետ, երբ անոնք տակաւին չեն ապացուցուած իր հոգիին մէջ:

Թող ամէն հաւատացեալ, սուրբ, ճանչնայ իր ինքնութիւնը, ըլլայ կոչումին գիտակից, սխալներէ հեռու մնայ եւ իր աստուածատուր պաշտօնը կատարէ:

© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26,  Թիւ 228

Գառնուկը Արժանի Է

 

Ծննդոց 22:7, Ելից 12:13, Յովհ. 1:29, Յայտ. 5:6

Պելճիքայի եկեղեցաշէնքերէն, տաճարներէն մէկուն մէջ կը տեսնես նկարչական աշխարհի հրաշքներէն մէկը, որ կը կոչուի «Սուրբ Գառնուկին Պաշտամունքը»: Այս նկարը ստեղծագործութիւնն է երկու եղբայրներու որ կը ներկայացնէԱստուածաշունչի բաժիններէն մէկը, Յայտնութեան 7րդ գլուխը ուր կը նկարագրուի փրկեալներու մեծ բազմութիւն մը երկինքի մէջ: Աստուածաշունչի տիրական նիւթերէն մէկն է Գառնուկը: Եկուր ինծի հետ եւ ցոյց տամ Գառնուկը, Ան պիտի խօսի մտքիդ, սրտիդ եւ մեղքերուդ: Սկսելու համար, սակայն պէտք է երկու ճշմարտութիւններ շեշտել.- Առաջին- Գառնուկը ուրիշ որեւէ կենդանիէ աւելի զոհի նշան է- ինչո՞ւ, թերեւս խոնարհութեան, մաքրութեան եւ անվնասութեան համար: Չենք կրնար գիտնալ թէ ինչո՞ւ Աստուած գառնուկը ընտրեց որպէս զոհի նշան. ինչ ալ ըլլայ իրողութիւն է, գառնուկը զոհն է: Երկրորդ- Աստուածաշունչի մէջ գառնուկը Տէր Յիսուսը կը ներկայացնէ: Շատ հազուագիւտ է տեսնել գառնուկը առանց անոր ետին, շուքին մէջ տեսնելու Յիսուսի կեանքն ու մահը:

Հիմա եկուր միասին չորս նկարներ դիտենք, որոնք բոլորն ալ, կամ դէպքեր են կը նային Յիսուսի եւ կամ դէպի յառաջ կը մատնանշեն Անոր: …Գառը Ո՞ւր է.- Գրեթէ գառին առաջին յիշատակութիւնն է Աստուածաշունչին մէջ: Այս հարցումին հետ առնչուող բաժինը Աստուածաշունչի զգայացունց պատկերներէն մէկն է: Աբրահամ գիտակից է որ Աստուած կանչած է զինք, ու գիտակից է նաեւ թէ իր որդին զոհելու է, որպէս հնազանդութեան եւ նուիրման նշան, ահաւասիկ սարսափելի փորձառութիւն մը եւ պայքար մը: Երկու կարելիութիւններ կային, եթէ չի հնազանդէր, ուխտի արմատները, Աստուծոյ վստահութեան եւ հնազանդութեան, պիտի քանդուէր, իսկ եթէ հնազանդէր այդ ուխտին պտուղը, սերունդը պիտի կորսուէր: Ամէն անգամ երբ Աբրահամ կացինը կը բարձրացնէր փայտ պատրաստելու, ամէն անգամ որ էշը կը զինչէր եւ ամէն անգամ առաւօտուն զով օդը կը փչէր, Աբրահամ շարունակ կը լսէր Աստուծոյ անսխալ կանչը,…առ քու որդիդ եւ ողջակէզ ըրէ…: Բայց բան մը սխալ է, նոյնիսկ Իսահակ կը զգայ եւ հարց կու տայ, «ահա կրակն ու փայտը, բայց ողջակէզ ըլլալու գառը ո՞ւր է»: Աբրահամ կ’ըսէ «պիտի պատրաստէ»: Ահա անբնական ուժեղ արտայայտութիւն մը «Աստուած պիտի պատրաստէ» ինչ որ է պէտքը եւ լաւագոյնը: Կարգ մը բաներ յստակ են, – Աստուած իրաւունք ունի պահանչելու եւ ակնկալելու, եթէ Աբրահամի նման ուխտի յարաբերութեան մէջ ենք, -Աստուած մեզի քանդելու պէտք չունի, որպէսզի օրհնէ (Իսահակ զոհ չեղաւ):

Երբ արիւնը տեսնեմ… Այս նկարին ետին կը տեսնենք յամար, տգէտ ու հպարտ Բարաւոնը եւ հարուածները կու գան Եգիպտոսի գլխուն: Աստուծոյ թելադրութիւնը իր ժողովուրդը ազատելու համար կ’ըլլայ գառնուկ մը առնել, արու, անարատ, մէկ տարեկան, 14րդ օրը մորթել ու արիւնը քսել դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ: Անոնք հնազանդեցան ու կէս գիշերին հրեշտակը անցաւ ու մահով զարկաւ: Անոնք գառնուկին արիւնով ազատեցան: Որքան ատեն որ տաճարը գոյութիւն ունէր թէ առաւօտուն եւ թէ իրիկունը գառնուկ մը կը մորթուէր որպէս զոհ: Իսկ մենք գառնուկի պէտք չունինք, որքան ալ անարատ ըլլայ կատարեալ չէ: Մենք կատարեալ գառնուկ չունինք Աստուծոյ տալու մեր մեղքերուն համար: Բարի լուրը այն է թէ Աստուծոյ տուած Գառնուկին քով բոլոր գառնուկները տկար կը մնան:

Ահա Աստուծոյ Գառը… Յովհաննու Աւետարանին առաջին գլխուն նախորդող համարներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչը կ’երեւի որ կը մատնանշէ Յիսուսի, իսկ Յիսուսը կ’երեւի որպէս մեղք կրող կամ վերցնող:Երբ Յիսուս Պիղատոսի առջեւ էր Հրեաները ներս չմտան, որպէսզի զատկի համար անմաքուր չ’ըլլան: Յոյժ կարեւոր է տեսնել զատկի զոհին ժամանակն էր Յիսուսի խաչելութիւնը: Կէսօրէն մինչեւ ժամը 3-ը ամէն ընտանիք գառնուկ մը կը բերէր տաճար, քահանան կը մորթէր ու արիւնը զոհի սեղանին վրայ կը հոսէր եւ գառնուկը որպէս զատկի ճաշ պատրաստութեան համար ընտանիքին կը տրուէր: Յովհաննէս կ’ըսէ թէ այդ օր ուրիշ բլուրի վրայ ուրիշ գառնուկ մը  մորթուած է, Աստուծոյ Գառնուկը որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ, որուն համար Եսայի մարգարէն ըսած է, «մորթուելու տարուող ոչխարի պէս»:

Դարերու հազարաւոր գառնուկները մարդկային մեղքը չեն վերցնէր, այլ միայն Աստուծոյ Գառը: Գառնուկը արժանի է զօրութեան… Յայտնութեան մէջ Յիսուսի քաղցր անունը Գառնուկ է: Այս անունը 29 անգամներ տրուած են մեր Տիրոջ եւ 4րդ-5րդ գլուխներուն մէջ երկինքի հիասքանչ տեսարան մը կայ, Աստուծոյ ներկայութիւնն ու փառքը լեցուցած են երկինքը ու կը տեսնենք Գառնուկը գահին քով կայնած:Ահա 7րդ գլխուն մէջ անիկա փրկող Գառնուկն է, միայն այս Գառնուկին արիւնով մարդուն փրկութիւն կայ: Մեր Տէրը յաղթական Գառնուկն է, որով ամէն լեզուէ, գոյնէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ փրկուածներ հաւաքած է ու կը հաւաքէ, որովհետեւ յաղթանակը շահած է: Գառնուկը Աստուծոյ հայթայթածն է Աբրահամի օրերուն եւ մեր օրերուն: Յայտնութեան 14րդ գլխուն մէջ փրկեալները նոր երգ մը կ’երգէին Գառնուկին, այդ երգը ամէն մահկանացու էակ, հոս երկրի վրայ սորվելու է, որպէզի կարենայ երկինքի մէջ երգել:

© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26,  Թիւ 227

Նորէն Սկսելու Երազը

Ելից 2:15

Նոր Տարուան ուխտերդ, խոստումներդ արդեօք գրա՞ծ ես:

Այն բոլոր տարեկան որոշումներդ, նիհարնալու, հաշտուելու, խնայելու, ծառայելու եւ յարաբերելու արձանագրա՞ծ ես:

Ամէն տարեմուտի բոլորս ալ այսպէս կամ այնպէս կը մղուինք որոշումներ առնելու: Անշուշտ կը սիրենք այն գաղափարը թէ հին տարին ետեւ կը թողունք իր բոլոր սխալներով, պրկումներով, մեղքերով ձախողութիւններով ու սայթագումներով եւ կ’որոշենք թարմ, նոր սկիզբ մը ունենալ:

  Մովսէս Նոր սկիզբ մը պէտք ունէր, մինչ նստած էր ջրհորին քով Մադիամու երկրին մէջ (Մադիամուն ներկայ Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմերն է):

Ինչպէ՞ս այդտեղ հասաւ: Եգիպտացին որ իր եղբայրներէն մէկուն կը ծեծէր սպաննեց, սակայն ամբողջ դժուարութիւնը Եգիպտացիները չէին: Երկու Եբրայեցիներ ալ կը կռուէն, Մովսէս ուզեց միջամտել, անոնցմէ մէկը ըսաւ, «Զիս ալ կ’ուզես մեռցնել ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»: Փառաւոն կ’ուզէր Մովսէսը մեռցնել ու ինք անոր երեսէն փախաւ:

Ա- Իր աքսորին պատճառը իր անփթութիւնն էր.- Մովսէս անզուսպ, վայրենի հակազդեցութիւն ունեցաւ:

Յաճախ անխոհեմ արտայայտութիւններով եւ որոշումներով մենք մեզ կը գտնենք հորերու քով, պատճա՞ռը մեր կատարած արարգներն են: Հաւանաբար մենք լաւագոյնին նպատակ ունէինք, բայց մեր գործերը եւ մեր շուրջը եղող պարագաները պատճառ եղան աղէտալի արդիւնքի:

Բ- Իր աքսորը նաեւ ուրիշներու պատճառով էր.- Մովսէս շուրջը նայեցաւ, տեսաւ թէ մէկը չկայ, ապա Եգիպտացին սպաննեց, ու դէպքին մասին լսուեցաւ: Ո՞վ կրնայ պատմել, Եբրայեցին որո՞ւ համար իր կեանքը վտանգեց: Երբեմն անձերու կ’օգնես, անոնք զբաղուած են ինքզինքնին ազատելով ու չեն մտածեր քու մասիդ:

Մովսէս անապատին մէջ բնակեցաւ, ամուսնացաւ եւ հովիւ եղաւ: Այդ օրերէն 40 տարիներ անցան եւ Մովսէսի պատմութիւնը կարեւոր ճշմարտութիւններու յայտնաբերման միջոց եղաւ, որոնք կրնան մեզի օգնել երբ կը փափաքինք նոր սկզբնաւորութիւն մը ունենալ:

1- Մովսէսի կոչը սկսաւ Աստուծոյ կոչով.- Մովսէս անապատի մէջ 40 տարիներու ընթացքին Աստուծոյ չփնտռեց: Աստուած Մովսէսի ետեւէն էր: Աստուած չէ հետաքրքրուած մեր կեանքի մնացեալ օրերը հորերու քով անցնելով: Արդեո՞ք քու կեանքիդ հեզասահութիւնը խանգարուեցաւ դէպքով մը կամ արկածով մը: Ընդհանրապէս այդպիսի օրերէն ետք է որ Աստուած մեզի աւելի կը գործածէ:

 2- Մովսէսի Նորը իրականացաւ իր պատասխանով.- Ի’նչ որ պիտի պատահէր կախեալ էր Մովսէսի կամեցողութենէն, Աստուծոյ կոչին անսալէն: Սկիզբը դժկամեցաւ, չուզեց: «Ես ո՞վ եմ», դուն այդպէս խորհա՞ծ ես: Ես արժէք մը չունիմ:

Աստուած պատասխանեց, հարց չէ թէ դուն ով ես, կարեւորը` «Ես ո՞վ եմ, կ’ըսէ Աստուած, Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»: Ես բաւական բան չեմ գիտեր, նոյնիսկ անունդ չեմ գիտեր, Տէրը կ’ըսէ, «Ինչ որ պէտք ունիս գիտնալու կ’ըսեմ»: Քրիստոսի հետեւողները, դուն եւ ես, ամէն բան չենք գիտեր, բայց տրուած տեղեկութիւններուն վրայ հաւատքով կը շարժինք ու կ’ապաւինինք Անոր որ պէտքին համաձայն գիտութիւն կու տայ:

«Ես ճարտարախօս չեմ», Ով Աստուած ես նոր սկիզբի մը պատրաստ չեմ, թերեւս բաներ կը պատահի եւ ես փորձառութիւն չունիմ: Աստուած կ’ըսէ, «Կ’օգնեմ խօսելու եւ…օգնական մըն ալ կու տամ քեզի»:

Իր կոչը կատարելու, իրականացնելու համար Աստուած պիտի հայթայթէ մեր պէտքերը:

3- Մովսէսի նոր սկիզբը արգելքներ ունի.- Աստուած կու տայ նոր սկիզբ, նոր օր, նոր շաբաթ, ամիս եւ տարի, սակայն արգելքներ կան, որոնք յաղթահարելու ենք, Աստուծոյ օգնութեամբ անպայման կրնանք:

– Տարիքը կը յաղթահարուի: Յաճախ կը խորհինք թէ ասկէ վերջը դժուար է փոխուիլ, ուշադի՛ր, Մովսէս 80 տարեկան էր երբ նոր սկսելու տեսիլքը ունեցաւ:

– Անորոշութիւնը կը յաղթահարուի: Մովսէսի տուած պատճառաբանութիւնները կը ցոլացնեն ապագայի անորոշութիւնները: Անորոշութեան առջեւ Աստուած կը վստահեցնէ թէ Ինք պիտի ընկերակցի մեզի եւ ոչ մէկ բան ընել պիտի տայ առանց միջոցը հայթայթելու:

4- Մովսէսի Նոր սկիզբը երկու բաներ կը պահանջէր.- Երկու պահանջքներ կան եթէ կ’ուզես իսկապէս Նոր սկիզբ մը ունենալ:

– Անցեալը պէտք է մոռնաս: Այն կապերը որոնք կան անցեալի հետ պէտք է արձակուին, որպէսզի յառաջանաս Աստուծոյ ապագայով: Ճաշակա՞ծ ես ջախջախուած երազներ, խզուած յարաբերութիւններ, դրժուած խոստումներ, որոնք քեզ Մադիամու երկրի հորին քով հասցուցած են: Մոռց’իր ու յառաջ գնա՛:

– Նոր սկիզբ մը ունենալու համար պէտք է սկսիս: Բոլոր բաներէն ետքը քայլ առնելու ես, շարունակէ գոյատեւել…:

– Միայն դուն եւ Աստուած գիտէք քու անցեալի ցաւդ: Ան գիտէ եւ պիտի օգնէ յաղթահարելու արգելքները, որոնք կը կաշկանդեն Նոր սկիզբ մը ունենալու: Նոր էջ մը թող ըլլայ կեանքիդ մէջ: Արտօնէ որ Աստուած արտադրէ Նոր սկիզբ մը Իր շնորհքին ու սիրոյն միջոցով:

© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25,  Թիւ 226

Աստուած Մեզի Հետ

Մատթ. 1:21-23

Մարդը միշտ ալ օգնութեան պէտք ունի: Օգնութեան պէտք ունինք, գնումներու, փոխադրութեան, գործի, դասի, ուղղութեան եւ որոշումներու մէջ: Ծնողը զաւկին, զաւակը ծնողին, հարեւաններ, ընկերներ եւ բարեկամներ, բոլորս ալ ձեւով մը օգնութեան պէտք ունինք:

Մեր նախկին տան փողոցին վրայ, ճիշդ մեր տան դիմաց Ամերիկացի հանգստեան կոչուած հրշէջ մը կ’ապրէր: Օր մը դուրսը հով ու փոթորիկ էր, պատուհանէն դուրս կը դիտէինք, յանկարծ նկատեցինք այդ յաղթանդամ մարդը գետին ինկած է, շարժելու անկարող եւ օգնութիւն կ’աղերսէ:

Նաեւ տեղեակ եմ մեր երիտասարդուհիներէն ոմանք իրենցմէ փոքրերուն կ’օգնեն, դաս կը սորվեցնեն: Հրէական կրօնական դրութիւնը որոշ տեսակէտներ ունէր Աստուծոյ օգնութեան վերաբերեալ – թէ Աստուած կրնայ Հռովմիական լուծէն զիրենք ազատել եւ իրենց հարազատ թագաւորական իշխանութիւն մը հաստատել: Մեսիան կը կործանէ աշխարհը, կ’առաջնորդէ Հրեաներու զօրութեան զինուորական կամ տնտեսական ճամբով:

Դուն ինչպէ՞ս կ’ուզես որ Աստուած օգնէ քեզի: Մատթէոս աւետարանիչ կը յայտարարէ Աստուծոյ առաքելութեան նպատակը, ցոյց տալով թէ «Յիսուս» անունը կը նշանակէ «Փրկիչ»: Ուրեմն Յիսուսի ծնունդի նպատակը փրկել է, բայց ինչպէ՞ս պիտի պատահի. ինչպէ՞ս կ’ակնկալես որ Աստուած օգնէ քեզի: Աստուածաշնչական համարները այս բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ այլ տեղեր ցոյց կու տան  փրկութեան կերպը Իր «ներկայութեամբ» է: Յիսուսի ծնունդը Աստուծոյ ներկայութիւնը մեզի մօտ կը բերէ: Ահաւասիկ միակ խոստումը որ Աստուած կ’ընէ իրեն հաւատացողներուն: Աստուած Իր ներկայութեամբ երեք կերպերով կ’օգնէ մեզի.-

Ա- Հաղորդակցութիւն ստեղծելով.-

Աստուած փափաքեցաւ մարդկութիւնը փրկել, որպէսզի հաղորդակցութիւնը զոր խզուած էր մեղքի պատճառով, վերահաստատէ: Այս հաղորդակցութեամբ Աստուած ցոյց կու տայ Իր սէրը մեզի հանդէպ, թէ մեզի համար լաւագոյնը ծրագրած է. Ան կրնայ մեր վախերն, ցաւերն ու կասկածները լուծել, դարմանել: Շատեր կը զգան թէ անկարողութիւն ունին հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ, որ հեռու, անտեսանելի եւ սուրբ է: Սակայն որոշապէս կրնանք հաղորդակցիլ, կրնանք բաժնեկցիլ ու պատմել Իրեն մեր ցաւերը, պայքարները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները: Մենք կրնանք Աստուծոյ հետ խօսիլ, Անիկա մեզի մօտ է:

Բ- Նշանակութիւն տալով.-

Իր ներկայութիւնը մեր գոյութեան նշանակութիւն կու տայ: Յաճախ կեանքը կը թուի ըլլալ ոչ արդար եւ ոչ շիտակ, անմեղներ կը տառապին, մարդիկ իրարու կը սպաննեն, գինով մը շատերու մահուան պատճառ կ’ըլլայ, մեղքը ամէն կերպով արդարացուած է ու ամէն տեղ մուտք կը գործէ: Եկեղեցական խումբ մը երիտասարդներ համագումարէն կը վերադառնան եւ արկածի հանդիպելով վեց երիտասարդներ կը մահանան: Տարուան ամենէն ուրախ ժամանակաշրջանին մէջ ենք, ինչո՞ւ այսպէս տխուր լուրեր եւ դէպքեր: Ասոնք Քրիստոսի աշխարհ գալուն պատճառներն են: Իր գալուստը նշանակութիւն եւ նպատակ կու տայ այս բոլորին: Ան ստացաւ սատանային ամենէն զօրաւոր հարուածը եւ եկաւ յայտարարելու թէ կ’արժէ կեանքը ապրիլ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Ան եկաւ անձնապէս ապրեցաւ այս կեանքին մէջ: Երկրին ուղղութիւնը կը փոխուի, մարդը իր գոյապատճառը կորսնցուց: Ան եկաւ ապացուցանելու որ կ’արժէ կեանքը ապրիլ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Ի՜նչ ի՜նչ նպատակներով Աստուած ընտրեց ընելու մարդը ինչպէս որ է, սահմանափակ, տառապող եւ ենթակայ ցաւերու եւ մահուան:

Գ- Փրկութիւն հայթայթելով.-

Աւետարանիչը գրեց թէ Յիսուսի ծնունդը փրկութիւն պիտի բերէ: Իր ներկայութիւնը կ’ըլլայ քարտէսը գտնելու իրականութիւնը: Իր ներկայութեամբ Ան կ’ըլլայ օրինակը ցոյց տալու թէ ինչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ եւ թէ ինչ կը նշանակէ Աստուած ըլլալ: Բարի լուրը ոչ միայն պէտք է հռչակուի այլ նաեւ ապրուի: Յիսուս հռչակեց ու ապրեցաւ, որովհետեւ Ինքն է բարի լուրը: Ինչպէ՞ս կ’ուզես որ Աստուած օգնէ քեզի: Ան Իր ներկայութեամբ ձեռքէդ կը բռնէ, ծանրութիւններդ կը կրէ, երբեմն ալ գիրկը կ’առնէ, միշտ ցոյց տալով Իր անփոխարինելի ներկայութիւնը:

© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25,  Թիւ 225

Անսահման Օրհնութիւն

Մաղաքեայ 3:8-10

Ո՞վ չ’ուզէր վերականգնիլ:

Բոլորս ալ կ’ուզենք վերականգնիլ. առողջութեամբ, տնտեսապէս, յարաբերութիւններով եւ հոգեւորապէս, նաեւ կ’ուզենք մեր հայրենիքն ու սփիւռքի գաղթօճախները տեսնել վերականգնուած:

Մաղաքեայ կը խօսի Իսրայէլի վերականգնման մասին, ուր օրինապաշտութեան հոգին կ’աճէր, անաստուածութիւնն ու բարոյական ապականութիւնը ամէն կողմ կը տիրէր,  ճերմակ եւ սեւ մեղքեր տարածուած էին:

Առողջութեան վերկականգման համար սնունդին, մարզանքին եւ քունին ուշադրութիւն կ’ընենք: Նիւթականին համար երկար ժամեր կ’աշխատինք, գործ կը փոխենք, եւ կամ աւելի ժամեր յատկացնելով երկու գործ կ’աշխատինք: Յարաբերութիւններու համար կը զիջինք, կը ներենք ու կը մոռնանք:

Արդեօք հոգեւոր վերականգնումի համար ի՞նչ կ’ընենք:

Մաղաքեայ երկու հզօր յոյսեր կը տեսնէ իր ազգին ու ժողովուրդին վերականգնման համար.- Յիսուս Քրիստոսի առաջին ու երկրորդ գալուստը (3:1,17:

Պատգամը ուղղուած է անձնասէր ու աշխարհասէր եկեղեցիին: Ե՞րբ է որ եկեղեցին անձնասէր եւ ու աշխարհասէր կ’ըլլայ…երբ առաջին տեղը Աստուծոյ չի տար:

Ուրեմն մարգարէին կոչը Աստուծոյ յանձնուիլն է: Այն հոգիով կամ չափով որ կը յանձնուինք, Աստուած կը խոստանայ նոյն հոգիով վերադարձնել:

Ա- Ամբողջութեամբ յանձնուիլ.- Աստուած կ’ըսէ, «Ինծի դարձէք», ինչո՞վ դառնանք – կողոպտելէն:Իրողութեան մէջ բաժին մը տալը հին օրերու կերպը չէր: Առաջին պտուղը տալով անոնք կ’ընդունէին որ ամբողջը Աստուծոյ կը պատկանի:

Բան մը ունենալու երկու կերպեր կան, կամ բացարձակ սեփականութիւն կ’ունենաս եւ կամ վերակացու եւ տնտես կ’ըլլաս:

Սաղմոսներուն մէջ Աստուած կ’ըսէ, «անտառի բոլոր գազանները եւ բլուրներու արջառները իմս են», իսկ Սաղմոս 24-ը «Տէրոջն է երկիր ու անոր լիութիւնը…»:

Յոբի մէջ երկինքի տակ ինչ որ կայ: Եզեկիէլի մէջ, գետը իմս է ես շինեցի , իսկ Անգեայի մէջ արծաթն ու ոսկին: Ուրեմն երբ գիտակից ենք այս ճշմարտութեան, կողոպտելը մեղք է ու այդ մեղքէն պէտք է հրաժարինք:

Ինչպէս Աբրահամ Իսահակը մատուցանեց Աստուծոյ, նոյն ձեւով ալ մենք պէտք է ընենք, միշտ յիշելով թէ Աստուած լերան վրայ իսկ վերադարցուց: Տասանորդը  նշան մըն է, անով ցոյց կու տանք թէ ինչ ու ունինք Աստուծոյ կը պատկանի:

Բ- Աստուծոյ խոստումը-օրհնութիւն.- «Երկինքի պատուհանները բանալ, թափել, այնպէս որ բաւական տեղ չ’ըլլայ»: Երբ յանձնուած կեանք մը կ’ապրիս, ներդրում կը կատարես, արդիւնքը՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը կ’ունենաս: Երկինքը պիտի բացուի, արգելքները պիտի վերցուին եւ Իր լեցունութիւնը մեզի պիտի ըլլայ, ահա այս է խոստումը:

Անգամներ երկինքը բացուեցաւ, որպէզի ընդունի Եղիան եւ Ստեփանոսը, երկինքը բացուեցաւ ու Հոգին աղաւնիի կերպարանքով Յիսուսի վրայ իջաւ: Սակայն այս պարագային երկինքը կը բացուի որ առատօրէն տայ, այնքան օրհնէ, ըսենք,  ալ կը բաւէ, տեղ չի մնաց:

Մենք Աստուած մը կը պաշտենք, որ ոչ մէկ բան Իրեն կը պահէ, այլ  կու տայ…:

Օր մը Յովաս թագաւոր վախի ու դողի մէջ էր, եկաւ Եղիսէի: Մարգարէն պատուիրեց աղեղ ու նետեր առնել. իր ձեռքերը Յովասի ձեռքերուն վրայ դրաւ ու ըսաւ, «նետէ…փրկութեան նետ ըլլայ», նաեւ ըսաւ «նետերը առ ու գետինը զարկ»: Թագաւորը երեք անգամ զարկաւ: Մարգարէն բարկացաւ, թագաւորին քով անհաւատութիւն կար, եթէ հինգ կամ վեց անգամներ զարնէր՝ Աստուած թշնամիները (Ասորիները) պիտի հատցնէր:

Աբրահամի աղօթքը Սոդոմի համար պատասխանուեցաւ, մինչ աղօթքը կը շարունակուէր: Որբեայրիին իւղը չպակսեցաւ, մինչ կը հոսէր, կը գործածուէր ու կը բաժնէր: Աբրահամ կեցաւ, որբեայրին կեցաւ, թագաւորը կեցաւ, բայց ոչ Աստուած:

Ոչ մէկ ուրիշ տեղ եւ ոչ ուրիշ բանի համար Աստուած այսքան զօրաւոր խոստում չէ կատարած:

Ինչ որ կը բերես քուկդ չէ, ինչ որ կը պահես քուկդ չէ, հապա ամէն բան Աստուծոյ կը պատկանի:

Գ- «Զիս Փորձեցէք».- Ահաւասիկ հրաւէրը տրուած Աստուծոյ կողմէ Իր ժողովուրդին:

Դուն փորձէ կատարելով: Արդեօք Աստուծոյ ժողովուրդը, հաւատացեալը պիտի ընդու՞նի հրաւէրը, պիտի կատարէ՞ ճշմարտութիւնը, եւ հրաժարի՞ այս համայնատարած մեղքէն:

Ոմանք փշրանք կու տան, ոմանք մասնակի, ոմանք հիւանդ «ոչխարը», կաղն ու տկարը. բայց Աստուած ամբողջ հոտը կ’ուզէ:

Աստուած կ’արտօնէ որ դժուարութիւններ գան, ոչ թէ յուսահատելու այլ հրաւիրելու որպէսզի բարձր ու զօրաւոր հաւատք ունենանք:

Եթէ վստահինք Աստուծոյ ու շարժինք յառաջ երթալու, «կարմիր ծովեր» կը բացուին ու ամէն մէկ լեռ աստիճան կ’ըլլայ բարձրանալու: Փոթորիկները առջեւ երթալու պատճառ կ’ըլլան, իսկ կրակները կը զտեն ու շղթաներէդ կ’ազատագրեն:

Կ’ուզե՞ս Աստուած լաւագոյնը, եթէ այո, տուր քու լաւագոյնդ հաւատարմաբար, ու պիտի օրհնուիս:

© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25,  Թիւ 224

Յարութեան Մասնայատկութիւնը

«Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է, ու  ձեր հաւատքն ալ պարապ է. բայց հիմա Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»: 

Ա. Կորնթ. 15: 14, 20

Երկար շարքերով այցելուներ աշխարհի ամէն կողմէ համբերութեամբ կը սպասեն տեսնելու

Լենինի գերեզմանը, դիտելու անոր զմռսուած մարմինը: Շարունակական աշխատանք կը

տարուի (մոմով եւ ներկով) պահելու այդ համայնավար առաջնորդին դիակը:

Շատեր կ’այցելեն Երուսաղէմ տեսնելու Տէր Յիսուսի թաղուած վայրը, թէեւ պեղումներու հետեւանքով Անոր «ոսկորները գտնուած են» կ’ըսեն, մի՛ հաւատաք, չկայ, բան մը չկայ ու պիտի չգտնուի: Խաչեալ Քրիստոսի մարմինը որեւէ տեղ չկայ: Անիկա Աստուծոյ զօրութեամբ յարութիւն առաւ եւ գերեզմանուած չմնաց:

Թերեւս թերահաւատութեամբ կը հարցնես. «մեռելներու յարութիւն կա՞յ»: Պօղոս Առաքեալ այս հարցումին կը մօտենայ երկու տարբեր տեսանկիւններէ.-  Բացասական- «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ», ի՞նչ կ’ըլլայ:   Դրական- «Բայց հիմա Քրիստոս յարութիւն առած է», ի՞նչ կ’ըլլայ: Եթէ արեւը չի ծագի ի՞նչ կը պատահի, բայց արեւը ծագած է, ահաւասիկ ապացոյցը բացայայտ է:

Ա. Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար.- հմր. 14

Ուրեմն Իր վկայութիւնը ճշմարիտ չէ: Յիսուս Ինք խոստացած էր.- «Քակեցէք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեմ» Յովհ. 2:19: Եթէ ձախողած է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Նաեւ ըսած էր, «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը» Յովհ. 11:25:

Աշակերտները խաբուած էին: Ասիկա իրենց ուրախ եւ դրական վկայութիւն էր, սորվեցուցին եւ քարոզեցին թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած է: Երբ իրենց Տէրը խաչուեցաւ, անոնք ամէն մարդոցմէ աւելի խղճալի վիճակ մը ունէին, ամօթով էին: Բայց յանկարծ խղճալիներ, երանելիներ եղան, վախկոտութիւնը համարձակութեամբ փոխարինուած էր, որովհետեւ տեսան Անոր գերեզմանէն ետք, տեսան Անոր յարուցեալ ներկայութիւնը:

Եկեղեցին կեղծաւորութիւն է, հոյակապ կազմակերպութիւն, իտէալ նպատակ, բայց առանց հիմքի: Եթէ երրորդ օրը Յովսէփ Արիմաթեացիի պարտէզին մէջ պարապ գերեզման մը չկար, այն ատեն երկրի վրայ ամենէն փուճ բանը Քրիստոնէութիւնն էր:

Մեր ներման վստահութիւնը, մեր ուրախութիւնը, մեր մտքի ու սրտի խաղաղութիւնը, մեր պատասխանուած աղօթքները, մեր հաղորդութիւնն ու «երջանիկ յոյսը», բոլորն ալ երեւակայական բաներ են : Եթէ   Քրիստոս յարութիւն առած չէ,  մենք որ կը հաւատանք անմահութեան, կ’ապրինք յիմարներու դրախտին մէջ: Այս հաւատքին հետեւողներ խաբուած են: Փոխանակ մեկնելով այս աշխարհէն ըլլալու Քրիստոսի հետ, հաւատքով մեռնողները անասունի մը նման փճացած են, գոյութիւն չունին: Հետեւաբար բոլոր մարդոցմէ աւելի թշուառ ենք, քարոզութիւնը պարապ է, հաւատքը սին է, սուտ վկաներ ենք եւ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ մեռած ենք:

Բ. Բայց հիմա Քրիստոս յարութիւն առած է.- հմր. 20

Ահա յաղթութեան փողի ձայնը, ուրախութեան եւ ցնծութեան ձայնը: Աչքդ լոյս: Դժոխքի հիմերը կը շարժին, արեւը ծագած է ու իր զօրաւոր շողերով խաւարը փարատած: Բժշկութեան ճառագայթները առողջութիւն եւ գեղեցկութիւն կը բուրեն: Եթէ այդպէս է, մեր քարոզութիւնը պարապ չէ, մեր

առաքելութիւնը հաստատ կը մնայ, «Գացէք բոլոր աշխարհ, աշակերտեցէք ու մկրտեցէք, Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը»:

Մենք չենք ապաւինիր մեռած փրկիչի մը, այլ Անոր որ «Աստուծոյ զօրութիւնն է փրկութեան համար», Անոր որ «Յարութիւնն ու կեանքն է»:

Անիկա մեռաւ մեր մեղքերուն համար, բայց յարութիւն առաւ մեզի արդարացնելու: Իր մահը գինն էր որ վճառեց, իսկ յարութիւնը ապացոյցն է, որ փրկագինը ընդունուած է: Պարապ չէ ապաւինիլ ու վստահիլ կենդանի Փրկչին:

Ուրեմն Քրիստոսով մեռածները կորսուած չեն, անոնք իրենց Տիրոջ քով են: Հետեւաբար ամէն մարդոցմէ աւելի խղճալի չենք: Քրիստոնեաներ երկրի վրայ ամենէն ուրախ ժողովուրդը պէտք է ըլլանք, որովհետեւ ունինք լաւագոյն խոստումները, լաւագոյն յարաբերութիւնը, մեծագոյն հարստութիւնը, բարձրագոյն դիրքը եւ հզօրագոյն իշխանութիւնը:

Մենք կը պաշտենք թագաւորներուն Թագաւորը: Այս բոլորը, որովհետեւ մեր Փրկիչը գերեզմանէն յարութիւն առած է:

Անիկա կ’ապրի, ես ալ պիտի ապրիմ, քանզի Անոր յարութիւնը յաւիտենական յոյս կը ներշնչէ:

© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25,  Թիւ 223