Peace with God Խաղաղութիւն Աստուծոյ Հետ
How can you have this kind of peace? Read the 4 steps below.
Առաջին Քայլ: Աստուծոյ Նպատակը – Խաղաղութիւն եւ Կեանք
Աստուած կը սիրէ քեզ եւ կ’ուզէ ունենաս խաղաղութիւն եւ յաւիտենական կեանք:
Աստուածաշունչը կ’ըսէ:
«…Խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով»:
Հռովմ. 5:1
«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տըւաւ, որպէս զի ամէն ո’վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»:
Յովհ. 3:16
Ի՞նչ է արգելքը ունենալու այն կեանքը որ Աստուած ծրագրած է մեզի համար:
Երկրորդ Քայլ: Մեր դժուարութիւնը – Բաժանում Աստուծմէ
Աստուած Իր պատկերովը ստեղծեց մեզ: Տուաւ կամք եւ ազատութիւն ընտրելու: Մենք ընտրեցինք անհնազանդիլ ու մեր ճամբան երթալ: Ասիկա Աստուծմէ կը բաժնէ մեզ:
Աստուածաշունչը կ’ըսէ:
«Բոլորը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսած են»:
Հռովմ. 3:23
«Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով»:
Հռովմ. 6:23
Մարդեր փորձեցին իրենց եւ Աստուծոյ միջեւ եղած բացութիւնը կամրջել:
Աստուածաշունչը կ’ըսէ:
«Ճամբայ կայ որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վախճանը մահուան ճամբաներն են»:
Առակ. 14:12
«Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան: Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ»:
Եսայ. 59:2
Ոչ մէկ կամուրջ Աստուծոյ հասաւ…ի բացառեալ մէկէն:
Երրորդ Քայլ: Աստուծոյ Կամուրջը – Խաչը
Յիսուս Քրիստոս մեռաւ խաչին վրայ եւ գերեզմանէն յարեաւ: Ան վճառեց մեր մեղքերուն գինը եւ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ եղած բացութիւնը կամրջեց:
Աստուածաշունչը կ’ըսէ:
«Քանզի մէկ Աստուած կայ, ու մէկ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը»:
Ա. Տիմ. 2:5
«Վասնզի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն վրայ՛ որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ»:
Ա. Պետ. 3:18
Աստոաւծ հայթայթած է միակ կերպը իրեն վերադառնալու: Դուն ընտրութիւն մը կատարալու ես:
Չորրորդ Քայլ: Մեր Պատասխանը – Ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը
Պէտք է վստահինք եւ ընդունինք Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ:
Աստուածաշունչը կ’ըսէ:
«Անոնք որ Զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու»:
Յովհ. 1:12
«Վասնզի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս, եւ քու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուց, պիտի փրկուիս»:
Հռովմ. 10:9
Ո՞ր կողմն ես դուն: Քրիստոսո՞վ եղած կողմը թէ առանց Իրեն:
Ահաւասիկ Յիսուս Քրիստոսը քու կեանքէդ ներս ընդունելու կերպը.–
«Սիրելի Աստուած,
Գիտեմ թէ մեղաւոր եմ, եւ քու ներումդ կը խնդրեմ:
Կը հաւատամ որ Յիսուս Քրիստոս Քու Որդիդ է: Կը հաւատամ որ Ան
իմ մեղքիս համար մեռաւ եւ Դուն յարութիւն առնել տուիր Իրեն:
Կ’ուզեմ այս օրուընէ սկսեալ վստահիլ Իրեն որպէս Փրկիչ
եւ հետեւիլ Իրեն որպէս Տէր:
Առաջնորդէ իմ կեանքս եւ օգնէ ինծի, որպէսզի կամքդ կատարեմ:
Կ’աղօթեմ Յիսուսի անունով, Ամէն:»