Tag Archive for: Answered Prayer

Անսահման Կարելիութիւններ

«Ինծի կանչէ ու քեզի պատասխանեմ, եւ քեզի մեծ ու խորին բաներ պատմեմ, զորոնք դուն չես գիտեր» Երեմեայ 33:3

 

Աստուծոյ կոչն ու հրաւէրն է, որպէսզի փրկուածներ աղօթեն, եւ մեղաւորներ աղօթեն փրկութեան համար:

Նոյնիսկ Աստուածաշունչի պարզ ընթերցող մը կը յայտնաբերէ անոր էջերուն վրայ, որ այրեր եւ կիներ որոնք աղօթեցին, իրենց աղօթքներուն պատասխանը ստացան: Որպէսզի հիմնաւորենք այս միտքը պէտք է մտաբերենք ու խորհինք որոշ անուններու մասին, Աբրահամ, Մովսէս, Աննա, Սամուէլ, Դաւիթ, Դանիէլ եւ ուրիշներ Հին Կտակարանէն, Պետրոս, Պօղոս եւ Յովհաննէս Նոր Կտակարանէն:

Այս բոլոր օրինակներէն աւելի երբ կը կարդանք Աստուածաշունչը կը գտնենք աղօթելու քաջալերութիւն եւ նոյնիսկ պատուէր:

Պահ մը մտածենք մեր Տէրոջ չորս Աւետարաններուն մէջ աղօթքի մասին ըսածներուն եւ առաքեալներուն կողմէ նամակներուն մէջ տրուած աղօթքի առանձնաշնորհին եւ պատասխանատուութեան մասին:

Ճշմարիտ ու ճշգրիտ արտայայտութիւն է ըսել թէ Աստուածաշունչը աղօթքի դասագիրք մըն է, ցոյց կու տայ ո՞վ կրնայ աղօթել, ինչո՞ւ պէտք ունի աղօթելու, ե՞րբ պէտք է աղօթէ եւ ի՞նչ կը պատահի երբ աղօթէ: Այս բոլորէն ետք հրաւէր կու տայ մեզի եւ կը քաջալերէ աւելի աղօթելու համար:

Երեմեայի վերոյիշեալ համարը կը յուշէ եւ կը հռչակէ աղօթքի անսահման կարելիութիւնները: Երբ կը խորհինք այս մասին թող Աստուած ոչ միայն աղօթքի հաւատալու ծարաւը դնէ մեր մէջ, այլ նաեւ իսկապէս մեզի աղօթողներ ընէ, որովհետեւ մենք երկնաւոր Հայր մը ունինք, Ան կը սիրէ լսել ու պատասխանել մեր աղօթքներուն:

Նախ պէտք է նկատի առնենք թէ ամէն աղօթք երկու կողմ ունի, մարդկային եւ աստուածային. տարբեր խօսքով՝ խնդրող կողմ եւ պատասխանող կողմ: Եթէ աղօթքը երկու կողմ ունի, ուրեմն ցոյց կու տայ թէ աղօթքը միշտ ալ պայմանաւոր է, որպէսզի Աստուած ընէ Իր բաժինը, մարդը, ես եւ դուն, պէտք է ընենք մեր բաժինը, Յակոբոս կ’ըսէ «չունիք, որովհետեւ չէք խնդրեր»:

Ա. Մեր Բաժինը – Կանչել

Ի՞նչ է մեր բաժինը, արդեօք կ’ընդգրկէ ձե՞ւ մը, կամ միայն Քրիստոնեայ եղողներ կրնա՞ն աղօթել, եւ կամ երկար ժամանակ աղօթքի դպրոցի մէջ ըլլա՞լու ենք, նախ քան ընդունելի կերպով մօտենալը Աստուծոյ: Մարդուն բաժինը ամփոփուած է երկու բառերով «Ինծի կանչէ», պարզօրէն մեր բաժինն է Աստուծոյ կանչել: Ստեղծուածը Ստեղծիչին կը կանչէ, զաւակը հօրը քով կու գայ ու կը յայտնէ իր պէտքերը:

Ո՞ւր կը սկսի աղօթքը: Եթէ ծնրադրեմ մեծ ծանրաբեռնաւորուածութեամբ եւ աղօթեմ Աստուծոյ, բան մը որ ես կ’որոշեմ ընել ու կ’ընեմ: Ա՞յդ է աղօթքը: Երբ կ’աղօթենք միշտ ալ Աստուած առաջին քայլը կ’առնէ, Հռովմ. 8:26 «Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն, որովհետեւ ինչ բանի համար աղօթելու ենք ըստ արժանւոյն չենք գիտեր…»: Մենք չենք գիտեր, Սուրբ Հոգին կու գայ ու կը սորվեցնէ: Միշտ յիշելու ենք, ճշմարիտ աղօթքի աղբիւրը Աստուած Ինքն է:

Աղօթքին Պարզութիւնը – Աստուած կ’ըսէ «Ինծի կանչէ» : Արդեօք կրնա՞ս «կանչէ» էն աւելի պարզ բան մը գտնել: Մեզի կը յիշեցնէ վախցող մանուկը որ իր մայրը կ’ուզէ, ի՞նչ կ’ընէ, կը կանչէ: Աղօթքը հոգիին փափաքն է: Կանչելը երբեմն ձայնաւոր է եւ շատ յաճախ ալ անձայն:  Կարճ նախադասութիւն մը, Պետրոս աղաղակեց «Տէր ազատէ զիս»:

Բ. Աստուծոյ Բաժինը – Պատասխանել

Ի՞նչ կը պատահի երբ մարդը կը կանչէ: Ահաւասիկ Աստուծոյ խոստումը՝ «պիտի պատասխանեմ»: Այսինքն երբ կը պատասխանենք Աստուծոյ հրաւէրին, Իր կողմէ պատասխան կայ: Գրեթէ անկարելի է աղօթել եւ պատասխան չունենալ:

Ան կը խոստանայ որոշ պատասխան– ուշադրութիւն ըրէ «պիտի պատասխանեմ»ին:

Երկրաւոր կեանքի ընթացքին շատ բաներու կը հաւատանք, ու հիմա ժամանակն է որ աւելի Աստուծոյ Խօսքին հաւատանք: Եթէ ինծի ըսես բարի նպատակի մը համար նուիրատուութիւն կ’ընե՞ս, հաւանաբար ըսեմ, այո, ինչու չէ հիմա իսկ չէք մը կը գրեմ: Ուստի չէք մը կը հանեմ, կը լեցնեմ, որու եւ որքան եւ ստորագրելով վարի անկիւնը քեզի կը յանձնեմ: Դուն նուիրատուութիւնը ստանալուդ վստահութիւն ունիս:

Այո, մարդուն խօսքին կը հաւատանք: Ի՜նչ սքանչելի պիտի ըլլայ եթէ Աստուծոյ ըսածին ալ հաւատանք: Ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ պատճառ մը չկայ որ Աստուած Իր խոստումէն հրաժարի:

Չորս բառեր կան կապուած Աստուծոյ պատասխանին—Կրնանք ուղղակի պատասխան ստանալ, կրնանք տարբեր պատասխան ստանալ (մեր ակնկալածէն), յետաձգուած պատասխան եւ մերժողական, Աստուած կ’ըսէ ոչ:

Ան կը խոստանայ անձնական պատասխան – «Ինծի» եւ «քեզի»

Մեծագոյն աղօթքի պատասխանը նիւթական օգուտներ ունենալ չէ, նոյնիսկ ոչ հոգեւոր օրհնութիւն: Եթէ իսկապէս նոր ինքնաշարժի պէտք ունիս, լաւ է աղօթել եւ հիանալի է երբ պատասխան կ’ունենաս: Սակայն մեծագոյն աղօթքի պատասխանը Տէրոջը յայտնութիւնն է, ներքին վստահութիւն կու տայ երբ Աստուած ինքզինք կը յայտնէ: Յիսուս կ’ըսէ, «Կ’ըսեմ ձեզի, խնդրեցէք ու պիտի տրուի»:

Ան կը խոստանայ տեսանելի պատասխան – «պիտի ցուցնեմ»

Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Մտթ. 6:6 «…քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ» Մինչեւ հիմա ամէն բան անձնական էր ու գաղտնի, ուրիշ ոչ մէկը գիտէ, «քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ յայտնապէս քեզի հատուցում պիտի ընէ»: Աղօթքը գաղտնի բան մըն է, բայց երբ գաղնապէս կ’աղօթես, Տէրոջը կողմէ հրապարակաւ  աղօթքի պատասխանը պիտի լսես: Ուրեմն Տէրը կը պատասխանէ մեր աղօթքերուն տալով որոշ, անձնական ու տեսանելի պատասխան: Եւ ուշադրութիւն ընենք, Ան կը խոստանայ «մեծ ու խորին» բաներ, «մեծ» կը նշանակէ անհասկնալի, այսինքն երբ կ’աղօթենք Աստուած բաներ կ’ընէ, որոնք ուրիշ ոչ մէկը կրնայ ընել: Ծննդ. 18:14-ով հարցումը կ’ըսէ «Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք, «խորին», անբացատրելի: Օրինակի համար Դանիէլ կրցաւ գաղտնիքներ յայտնել, Եղիա կրցաւ անձրեւը կեցնել, Եղիսէ զօրութիւն ստացաւ եւ հիւանդը կենդանացուց, Պետրոս բանտէն դուրս քալեց ի պատասխան եկեղեցւոյ աղօթքին:

Աստուած կը խոստանայ «մեծ ու խորին» պատասխան մեր աղօթքներուն:

Ի՜նչ գեղեցիկ հրաւէր է երբ կ’ըսէ-ինծի բեր ամենէն դժուար պարագան, մեծագոյն հարցերդ, դժուարին բան չկայ ինծի:

Կարեւոր բան մը եւս, ոչ միայն կը խոստանայ որոշ, անձնական, տեսանելի եւ մեծ պատասխան, նաեւ ջախջախիչ պատասխան, «զոր դուն չես գիտեր»: Երբ Աստուած կ’ըսէ «դուն չես գիտեր» ըսել կ’ուզէ ամէն պատասխան նախկինէն աւելի մեծ պիտի ըլլայ: Եկուր Ինծի ու փաստէ, «բերանդ լայն բաց եւ ես պիտի լեցնեմ» (Սաղմ. 81:10)

Աստուած հոյակապ, տուող, նուիրող եւ պատասխանող Աստուած է, դո՛ւն աղօթէ:

 

© 2021 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 29,  Թիւ 241

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).