Tag Archive for: Incarnation

Քրիստոսի Մարմնաւորուիլը

Գաղատացիս 4:1-7

Երբ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան մասին կը խորհինք, անոր պատմական տեղեկութիւնները երեք աւետարաններուն (Մատթէոս, Ղուկաս եւ Յովհաննու) –ի մէջ ունինք: Այս տրուած ծանօթութիւնները ոչ մէկ ձեւով հակասական են, հապա իրար ամբողջացնող են եւ պէտք է միասին առնել, որպէսզի մեր Փրկչին ծնունդին ամբողջական պատկերը ունենանք:

Մինչ Աւետարանիչները Աւետարաններով մեզի կը ներկայացնեն մարդեղութեան պատմական տեղեկութիւնները, Պօղոս առաքեալ Գաղատացիներու 4-րդ գլուխով կու տայ դէպքին վարդապետական բացատրութիւնը: Ուշադրութեամբ հետեւելով պիտի կռահենք երեք հիմնական ճշմարտութիւններու շեշտադրումը:

Ա. Մարդեղութեան ժամանակը, Աստուած ե՞րբ Իր Որդին ղրկեց.-

Ե՞րբ տեղի ունեցաւ այս դէպքը: Մատթէոս աւետարանիչը կ’ըսէ թէ տեղի ունեցաւ «Հերովդէս Թագաւորի օրերուն»: Մենք մեր օրացոյցներէն գիտենք որ մօտաւորապէս երկու հազար եւ աւելի տարիներ առաջ էր, երբ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց. սակայն Գաղատացիս 4:4-ի մէջ կը տեղեկանանք «ժամանակի լեցուելուն» էր:

Աստուած ստեղծագործութեան մէջ ժամանակացոյցով գործեց եւ Ծննդոցի առաջին երկու գլուխները կ’ապացուցեն այդ: Ստեղծագործութեան աշխատանքին մէջ ծրագիր մը կար, կարգ կանոն եւ կերպ, նոյնը ճիշդ է փրկագործութեան պարագային, որ կ’ընդգրկէր Իր Որդին ղրկել նմանութեամբ մեղանչական մարմինի:

Աստուած նշանակեց փրկագործութեան ժամանակը ամէն մանրամասնութիւններով եւ այս ժամանակը նշանակուած էր անցեալ յաւիտենականութեան: Ճշգրիտ ժամանակն ալ նախապէս ըսուած էր, Յիսուսի ծնունդէն չորս հազար տարիներ առաջ (Ծննդոց 3:15):

Աստուածային տեսանկիւնէն դիտելով Յիսուս եկաւ ճիշդ ժամանակին, երբ աշխարհ պատրաստ չէր բարոյապէս, հոգեւորապէս, քաղաքականապէս, կրօնապէս եւ ազգայնապէս, սակայն պէտք ունէր: Ներկայիս լաւ է յիշել որ Աստուած տակաւին ժամանակացոյցով կը գործէ:

Բ. Մարդեղութեան Բնոյթը – Աստուած Ի՞նչպէս Իր Որդին ղրկեց.-

Ասիկա յայտնուած է երեք արտայայտութիւններով, Գաղատացիս 4:4-ի մէջ:

Առաջին, «Աստուած ղրկեց Իր Որդին», գլխաւոր գործողը Աստուած Ինքն է, երբ կը հետեւինք Յովհաննու 3:16-ի այդ աւելի կը յստականայ, եւ նայելով Սաղմոս 40:7-ին կը նկատենք որ կ’ակնարկէ Յիսուս Քրիստոսի նախագոյութեան:

Երկրորդ, «Կնոջմէ եղաւ (ծնաւ)», Տէր Յիսուս «կնկայ սերունդէն» էր: Երբ երկիր եկաւ Իր աստուածութիւնը մարդկութիւն հագած էր, որովհետեւ Ան Աստուած- մարդ էր եւ ոչ թէ մարդը որ Աստուած եղաւ: Կնոջմէ եղաւ եթէ ոչ ուրիշ ի՞նչ ձեւով ոեւէ մէկը կրնայ այս աշխարհը գալ ի բացառեալ «ըլլալով» կամ կնոջմէ ծնելով: Այս արտայայտութեամբ կը հռչակուի որ Տէր Յիսուս յատուկ էր անձով եւ Իր ծննդեան կերպով:

Երրորդ- «Օրէնքին տակ մտաւ»

Իր մարմինի օրերուն, մեր Տէրը ենթակայ էր .-

ա. Ծիսական օրէնքին, որովհետեւ Ան թլփատուեցաւ եւ տաճար բերուեցաւ, Ան տաճարին մէջ պաշտեց եւ տաճարին տօնակատարութիւններուն  մասնակցեցաւ, «երբ ութը օրերը լման եղան մանուկը թլփատուեցաւ…» (Ղուկ. 2:21):

բ. Ընկերային օրէնքին, Ան ենթակայ էր Իր ծնողքին «եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ, եւ անոնց հնազանդ էր…» (Ղուկ. 2:51):

գ. Բարոյական օրէնքին, Ան ամէն քայլափոխի օրէնքը պահեց: Ինք յայտարարեց որ չէ եկած «օրէնքը քանդելու այլ կատարելու»:

Պահ մը խորհինք Իր իսկ սահմանափակումը, փառաւոր Աստուածը օրէնքին ենթակայ կ’ըլլայ:

Գ. Մարդեղութեան Նպատակը – Աստուած ինչո՞ւ Իր Որդին ղրկեց.-

Տէր Յիսուս ինչո՞ւ պէտք ունէր երկինքէն երկիր գալու եւ ծնելու Բեթլէհէմի մսուրին մէջ: Գլխաւոր երեք նպատակներ կան, որոնք յիշուած են Գաղատացիս 4:5, 6 եւ 7-ի մէջ:

ա. Ան եկաւ որպէսզի փրկուինք (5րդ համար): Այս պարագային փրկել կը նշանակէ օրէնքին գերութենէն եւ անէծքէն ազատել: Օրէնքին անէծքը պատիժն է որ կու գայ, որովհետեւ մենք օրէնքը կոտրած ենք եւ հետեւաբար անէծքի տակ ենք ու պատիժի վտանգին առջեւ: Բայց Յիսուս Քրիստոս եկաւ մեզի օրէնքին անէծքէն փրկելու, ու այս գործը Իր կեանքը տալով եւ Գողգոթայի վրայ Իր արիւնը թափելով: Փառք Աստուծոյ այս սքանչելի, սիրայօժար, անզուգական գործին համար:

բ. Ան եկաւ որպէսզի որդեգրութիւնը ընդունինք (5րդ համար): Աստուծոյ նպատակը մարդեղութեան մէջ, մեզի Աստուծոյ որդիներ ընելն էր եւ այս որդիութիւնը հիմնուած է փրկագործութեան վրայ, «փրկէ, որպէսզի ընդունինք կամ ստանանք…»: Աստուածոյ Որդին եղաւ մարդու որդի, որպէսզի մարդոց որդիները կրնան Աստուծոյ որդիներ ըլլալ: Ուրեմն որո՞նք են Աստուծոյ որդիները: Անոնք են որոնք որդեգրութեան Հոգին ունին իրենց սրտերուն մէջ «Աստուած Իր Որդւոյն Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց (6րդ համար):

գ. Ան եկաւ որպէսզի Յիսուս Քրիստոսով Աստուծոյ ժառանգորդներ ըլլանք (7րդ համար):

Երբ Հռովմայեցիս 8-ին կը նայինք, ուր մենք Յիսուս Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ ենք, որովհետեւ Ան բաժնեկցեցաւ մեր մարդկութիւնը բոլոր յետագայ տառապանքներով, որոնք Իր բաժինը եղան, որպէսզի մենք Իր շնորհքով եւ Իր վրայ եղած հաւատքով բաժնեկցինք Իր փառքը: Ղուկաս 15-ի առակով հայրը իր մեծ որդիին ըսաւ, «Դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ինչ որ ունիմ քուկդ է»: Ահա այս է որ մեր Հայրը կ’ըսէ Իր որդիներէն ամէն մէկուն, քեզի եւ ինծի, եւ կու տայ փրկութիւն, որդեգրութիւն եւ ժառանգակցութիւն, ասոնք մեծագոյն նուէրներն են որոնք կրնանք ունենեալ, ուստի ցնծանք եւ խայտանք:

 

© 2021 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 29,  Թիւ 242

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).