Tag Archive for: Need of a Christian

Քրիստոնեային Մեծագոյն Պէտքը

«…Բայց Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ, եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ միտքերնիդ պիտի բերէ»: Յովհաննու 14:26

by Rev. Dikran Shanlian

Ամէն Քրիստոնեայի մեծագոյն պէտքն է հասնիլ զօրութեան գաղտնիքին: Ի՞նչ է այս գաղտնիքը: Տուեալ գաղտնիքը պարփակուած է Եփեսացիներու նամակին 5:18-ին մէջ, «Մի գինովնանք գինիով, որուն մէջ ապականութիւն կայ, հապա Հոգիով լեցուեցէք»: Երբ Քրիստոնեայ կ’ըլլանք, վերստին ծնունդով Սուրբ Հոգին կու գայ եւ մեր մէջ կը բնակի, «չէ՞ք գիտեր որ դուք Աստուծոյ տաճարն էք եւ Սուրբ Հոգին ձեր մէջ կը բնակը»: Այդ նոյն վերստին ծնունդի պահուն Քրիստոնեան Սուրբ Հոգիով մկրտուած ու կնքուած է: Սուրբ Հոգին ունենալով մեր պէտքն է շարունակաբար լեցուիլ անով: Ահաւասիկ հինգ ճշմարտութիւններ այս գաղտնիքը ապրելու մասին.-

Ա– Սուրբ Հոգիով լեցուիլ կը նշանակէ գրաւուիլ, կառավարուիլ եւ իշխուիլ.–

Շատերու համար անհասկնալի զարմանք է Առաքեալին տուած յորդորը, ինչպէ՞ս կրնայ ան հակասել գինովութիւնը Սուրբ Հոգիով լեցուելու հետ: Երկար տարիներ առաջ հեթանոսական հաւատամք էր թէ աստուած կ’ապրի խաղողի հիւթին, արիւնին մէջ, ու աւելի գինի խմելով, աւելի գինովնալով մարդուն մէջ աստուած ներկայութիւն կ’ունենար եւ անով կը կառավարուէր: Պողոս Առաքեալ Եփեսոսի հաւատացեալներուն կ’ըսէ, եթէ ժամանակին կը խորհէիք գինովնալով աստուծմով լեցուած կ’ըլլաք, հիմա պէտք է գինովնանք ճշմարիտ Աստուծմով գրաւուելով – Հոգիով լեցուելով: Ոչ թէ երկրաւոր գինիով, հապա երկնայինով: Ուրեմն Սուրբ Հոգիով լեցուիլը կը նշանակէ Իրեն տալ ղեկը ու յանձնուած կեանք մը ապրիլ: Մարդը կառավարուելու է երկնայինով, այսինքն մեր մարմինները Իրը ըլլալու են: Հռովմայեցիներու նամակին մէջ Առաքեալը կ’ըսէ, «ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք, որպէս մեռելներէ ողջնցած (6:13), նաեւ «ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր (Փիլ. 2:5), վերջապէս «ձեր բոլոր հոգին, շունչը ե մարմինը անարատ պահուի (Ա. Թես. 5:23):

Բ– Լեցուիլը Աստուծոյ ծրագիրն է.

Շատ նորադարձներ չեն նկատեր այս, չեն հասկնար եւ հետեւաբար չեն վայելեր Աստուծոյ պատրաստածը: Խորհէ պահ մը, Քրիստոնեան Քրիստոսի մարմնացումն է, Անոր յարուցեալ կեանքը ցոլացնողն է երկրի վրայ: Կարգ մը արեւելեան կրօններ կը պատգամեն թէ մեռնելէ ետք կրկին երկրի վրայ ներկայութիւն կ’ունենան անասունի կերպարանքով: Քրիստոնեան վերստին ծնունդի փորձառութեամբ Քրիստոսը կը մարմնացնէ, ձեւով մը Անոր վերարտադրութիւնն է: Եթէ կը հարցնենք, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այս, միայն Սուրբ Հոգիով: Աստուծոյ փափաքն է ոչ թէ պարզապէս կեանք պարգեւել, հապա աւելի կեանք, լեցուն կեանք: Եփեսացիներու 5:18-ի լոյսին տակ կը հասկնանք լեցուն, ճոխ կեանք մը Անոր ազդեցութիւնով պարուրուած: Ոմանք Սուրբ Հոգիով լեցուն կեանքին կը նային, որպէս անբնական կեանք մը ու կ’ըսեն թէ այս ըլլալու է շատ քիչերու բաժինը: Սակայն Աստուծոյ ծրագիրն է որ այս ըլլայ բնական կեանք մը բոլոր Իր զաւակներուն համար: Ասիկա ընտրութեան հարց չէ, հապա անհրաժեշտութիւն:

Գ– Ասիկա յաղթական եւ պտղաբեր կեանքին գաղտնիքն է.

Պահ մը կանգ առնելով անկեղծ քննութեան մը ենթարկէ անձդ: Արդեօ՞ք քեզի համար բացայայտ է բոլոր պատճառները տկարութեան, անպտղաբեր, անհաւատարիմ կեանքի ու ձախողութիւններու: Ինչո՞ւ մեր կեանքերը այն չեն ինչ որ պէտք է ըլլան: Ինչո՞ւ ծառայութիւնը ազդեցութիւն եւ արդիւնք չունի: Շատ պատճառներ կրնանք թուել, որոնք մակերեսային են, իսկականը,, միակն ու կեդրոնականը՝ Սուրբ Հոգիով չլեցուիլն է: Երբ գաղտնիքը բացայայտուած է ու գիտենք, մեզի կը մնայ պատուէրը կատարել:

Դ– Մէկ անգամուան փորձառութիւն չէ.

Կենսական է յստակացնել, որպէսզի յուսախաբութեան եւ պարտութեան չհանդիպինք: Վերստին ծնունդը մէկ անգամուայ փորձառութիւն մըն է, իսկ լեցուիլը շարունակական: Աշակերտներէն ոմանք երբ Գործք Առաքելոց 2:4-ի մէջ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան, 4:31-ի մէջ կրկին լեցուեցան: Այս գործողութիւնը, Հոգիով լեցուիլը, ներկայ շարունակական է: Հաւատացեալը կրնայ Սուրբ Հոգին տրտմեցնել ու կորսնցնել… ոչ թէ ներկայութիւնը, այլ լեցունութիւնը: Եփես. 4:30 «Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար»: Լուծումն ու դարմանը, նորէն լեցուիլ է:

Ե-Լեցուիլը ունի պայմաններ.

Անկեղծութիւն, փափաք եւ լրջութիւն, զղջում եւ խոստովանութիւն, վստահօրէն խնդրել ու հաւատալ աղօթքի պատասխանին: Ասոնք անհրաժեշտ պայմաններ են: Ի՜նչ երանավէտ վիճակ է երբ բոլոր Քրիստոնեանները մաքուր կեանքերով շարունակաբար կը լեցուին Սուրբ Հոգիով: Պէտքդ գիտցիր…ու հիմա… կատարէ զայն:

© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24,  Թիւ 220