Նոր Ճամբայ Մը
«Եւ ըսին Մովսէսի, Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր, ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ որ մեզ Եգիպտոսէ հանեցիր»: Ելից 14:11
Աստուծոյ ժողովուրդը Եգիպտոսէ ելած Մովսէսի առաջնորդութեամբ սկսած է անապատային ճամբորդութեան դէպի Քանան ու կը հասնին Կարմիր Ծովուն եզերքը, եւ ահա Փարաւոնի բանակները իրենց ետեւէն կը հասնին: Որոշապէս պիտի կործանին եթէ աստուածային միջամտութիւն մը չըլլայ:
Որքան յաճախ նոյնանման անել վիճակներու մէջ գտնուելով կը մոռնանք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը, կ’անտեսենք Անոր խոստումները եւ արգելքները անլուծելի եւ անյաղթահարելի կը թուին, ու կը մատնեն մեզ շփոթութեան եւ անորոշութեան:
Այս անապատային թափառական վիճակը Աստուծոյ ծրագիրն էր, որպէսզի Ան Իր ժողովուրդը մաքրէ, զտէ ու պատրաստէ խոստացեալ երկիրը ժառանգելու: Անոնք Եգիպտոսէ ելած էին, սակայն Եգիպտոսը տակաւին իրենց մէջն էր: Սուրբ Հոգիին առաջին ջանքերէն մէկն է անձը առաջնորդել չորութեան եւ պարապութեան: Ինչպէս մէկը անապատին մէջ կը կառչի կանաչութեան եւ ջուրին, այդպէս ալ հաւատացեալը կը փարի Աստուծոյ, վայելելով Անոր շնորհքին հարստութիւնները: Իրապաշտ մօտեցում մը կ’առաջնորդէ տեսնալու մեր իսկ պատկերը:
Եկէք քալենք Իսրայէլացիներուն հետ եւ սորվինք խիստ կարեւոր, ճոխ ու հարուստ դասեր:
Ա. Անօգնական վիճակ մը .– «…երկրին մէջ շփոթուած են, անապատը անոնց բոլորտիքը պատեց» 14:3
Իսրայէլացիներ դատապարտուած մեղաւորներու նման անօգնական վիճակ մը ունէին: Իրենց բացակայութեամբ Եգիպտոսի տնտեսութիւնը հսկայական անկում պիտի կրէր: Անոնց անել վիճակը քաջալերեց Եգիպտացիները երթալու անոնց ետեւէն: Արդեօք Աստուած սխալած էր զիրենք այսպիսի «ծուղակ» մը առաջնորդելով: Այս կացութիւնը տեսնելով զարմանալի չէ որ թշնամին կ’ըսէ, «Աստուած թողուց զանոնք, հալածեցէք ու բռնեցէք, ազատող մը պիտի չըլլայ» (Սաղմ. 71:11):
Բ. Յուսահատ աղաղակ մը.– «…Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին տեսան ու խիստ վախցան» 14:10
Իսրայէլի որդիները վախի մէջ են, իրենց հայրը Յակոբ ալ տարիներ առաջ նոյնօրինակ վիճակի մը մէջ էր: Ի՞նչ էր այս վախին ազդեցութիւնը: Ոմանք իրենց ձայները Աստուծոյ բարձրացուցին եւ աղօթեցին, ահաւասիկ դրական արդիւնք մը, իսկ ուրիշներ սկսան Մովսէսի դէմ տրտնչալ, այս պարագային վախը գանգատի առաջնորդեց: Կարծես թէ յանկարծ Աստուծոյ բազուկը կարճցած էր եւ այլեւս հրաշքներ կատարելու անկարող էր ու ելք մը չունէին, միայն մահն էր որ իրենց կը սպասէր անապատին մէջ:
Ո՜վ Աստուած, զօրութիւն չունինք, դէմ դնելու կարողութիւն չունինք, դատաստան չե՞ս ըներ: Բոլոր երկրաւոր օգնութիւն եւ յոյս պէտք է վերջ գտնէ, որպէսզի Աստուած գործէ: Երբ աշակերտները փոթորիկի մէջ անյոյս էին, Տէրը փոթորիկը սաստեց եւ ծովը հանդարտեցուց:
Գ. Թանկագին շնորհք մը.– «Մի վախնաք, հանդարտ կեցէք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը» 14:13 Աստուած նեղութիւններու մէջ խիստ օգնական կը գտնուի, Ան գիտէ իրենինները նեղութենէ ազատել: Փրկութիւնը գործերէն չէ, այլ լոկ շնորհք, «Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի»: Այս փրկութիւնը խօսքով ալ չէ «դուք լուռ կեցէք»:
Տէր Յիսուս բոլորը կատարած է եւ մեր զօրութիւնը հանդարտ ըլլալ է:
Հիանալի շնորհք ինչ քաղցր ես դուն…:
Դ.Սքանչելի ազատութիւն մը – «Տէրը ծովը ցամաք ըրաւ» 14:21
Այս օրհնեալ փրկութեան նոր ճամբան ամբողջութեամբ Աստուծոյ գործն էր: Յոգնած մարդոց ոտքերուն համար, որոշապէս գերբնական զօրութիւն մը կը պահանչէ, որպէսզի դժուարութիւններն ու արգելքները վերանան եւ ազատութեան ձրի եւ բաց ճամբայ մը ըլլայ:
Տէր Յիսուս Իր մարմինի վարագոյրով սրբագործեց նոր եւ կենաց ճամբայ մը մեզի համար (Եբր. 10:20): Այս ճամբան ոչ միայն Տէրը պատրաստեց, նաեւ պահեց որպէսզի երբ պարտքը վճառուած է անհատը փրկուի:
Ահա Աստուծոյ ժողովուրդին արգելքը վերցուած էր եւ անոնք ցամաքով անցան: Մեր Տէրը ոչ միայն ճամբան պատրաստողն է ու բացողը, նաեւ Ինքն է ճամբան (Յովհ.14:6):
Ե. Փրկարար հաւատք մը – «…ըսէ Իսրայէլի որդիներուն որ չուեն, երթան» 14:15
Բաւական չէ գիտնալ թէ ճամբայ մը կայ եւ կամ ճամբան տեսնելը ու հիացումով գովաբանել այդ ճամբան Շինողին իմաստութիւնն ու զօրութիւնը: Պէտք է մտնել այդ Ճամբուն մէջ եթէ ոչ հոգիներու թշնամին կը կլանէ, կը գրաւէ ու կը քանդէ մեզ: Յառաջ գնա, դատաստանի ջուրի պատերը չեն կրնար ողողել քեզ: «Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Յիսուս Քրիստոսով եղողներուն» (Հռովմ. 8:1): Շատեր անհաւատութեան պատճառով չեն մտներ: Դուն յառաջ գնա:
Զ. Գերհզօր պաշտպանութիւն մը– «Աստուծոյ հրեշտակը…ամպի սիւնը անոնց եւ Եգիպտացիներուն մէջտեղ եկաւ» 14:19-20
Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալողներ պիտի պաշտպանուին ու պահուին Աստուծոյ զօրութեամբ: «Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, վասնզի Տէրը անոր ձեռքը կը բռնէ» (Սաղմ 37:24): Ապահովութեան երաշխիքը Իր ներկայութեան սիւնն է մեր եւ թշնամիներուն միջեւ: Ամպի սիւնը կը լուսաւորէր Իսրայէլացիներուն գիշերը իսկ Եգիպտացիներուն, խաւար էր: Այս սիւնին լոյսն ու հովանին ծածկուած էր Եգիպտացիներէն:
Է. Յաղթական Երգ մը – «պիտի երգեմ Տէրոջը» 15:1
Այս երգը աստուածպաշտութեամբ լեցուն է եւ Անոր փառքին համար է: Շեշտն ու կեդրոնացումը Աստուծոյ վրայ է, «ոչ թէ մեզի, ով Տէր, ոչ թէ մեզի, հապա քու անուանդ փառք տուր…» (Սաղմ. 115:1): Կեանքի ճամբան ճեղքուած, բաժնուած ջուրով է, մեր Փրկչին չարչարանքներով: Քու կեանքդ երգո՞վ լեցուն է, փառաբանութիւն ունի՞ս:
Տէրոջը ճամբուն մէջ յաղթական քալուածք մը ունեցիր: «Մեծ ձայն մը լսեցի, Ալէլուիա, փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն»: (Յայտ. 19:1):
© 2019 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 27, Թիւ 234