Անցաւորն Ու Մնայունը

 

by Rev. Dikran Shanlian

Կեանքի յարափոփոխ վիճակներուն մէջ, յաճախ մենք ալ կը մղուինք  անորոշութեան ու մութին մէջ խարխաբելով բոլորելու մեր երկրաւոր կեանքի օրերը:  Հոգեւոր, նեղութիւններ, վիշտեր ու ցաւեր կու գան ու կ’երթան: Ժամանակի ընթացքին խորունկ ցաւեր կը մեղմանան եւ մոռացութեան  կը մատնուին: Վէրքեր անշուշտ կը սպիանան եւ անպայման աչքերէ հոսող արցունքները կը ցամքին: Ասուպի նման կը սահին եւ կը սուրան մեր տարիներուն օրերը՝ որոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է:

Այս բոլոր փոխուող եւ փոփոխական վիճակներուն մէջ կան ու կը մնան անտեսանելի եւ անշօշափելի ճշմարտութիւններ, որոնք աւելի իրական ու տեւական են:

Ա– Նազովրեցի Յիսուսը.– Աստուծոյ հաւասար եւ համազոր եղողը, յաւիտեան կը մնայ: Անոր հրաշափառ ծնունդը խոնարհ պայմաններու մէջ, յաճախ մարդոց կը շշմեցնէ, կարելի՞ է  թագաւորը ծնի մսուրի մը մէջ: Յիսուսի խօսքերն ու բժշկութիւնները, հրաշքներն ու կեանքը կը յուշեն մեզի գերբնական զօրութեան մը մասին: Ան սկիզբ ու վախճան չունի: Երկրաւոր իրողութիւններ կ’ապացուցեն թէ արեւը կը մարի, լուսինը եւ աստղերը կը խաւարին, սակայն Յիսուս Քրիստոս «Արդարութեան Արեգակը» միշտ կը մնայ, յաւիտեան կը փայլի: Երկինք ու երկիր տակն ու վրայ ըլլալով կ’անցնին, բայց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը, խորհուրդները, օրինակներն ու խոստումները յաւիտեան կը մնան: Մարդիկ, թագաւորներ ու իշխաններ շատ գործեր ըրին, գիւտեր հնարեցին, արշաւանքներ կատարեցին, սկզբունքներ որդեգրեցին, երկիրներ գրաւեցին, իշխանութիւններ հաստատեցին, սակայն անոնք մեռան: Կայսրեր ու թագաւորներ,նախագահներ ու իշխաններ, պաշտօնազուրկ ու գահընկեց եղան ու մեռան:

Իսկ Յիսուս ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանի մէջ գերապատիւ է:

Բ– Քրիստոսի  եկեղեցին.– Երկարակեաց դարերու ընթացքին մարդեր տաճարներ ու մեհեաններ կանգնած են, սակայն հակառակութիւնն ու թշնամութիւնը, բնութեան տարերն ու մարդկային կիրքերը զանոնք քարուքանդ ըրած են: Պատմական Հայաստանի տարածքին ամայացած խորաններն ու լռակեաց կիսափուլ գմբէթները կ’արձագանգեն այդ մասին: Իսկ Այսասի կատարած աւերումները վանքերու, եկեղեցիներու եւ սրբատեղերու աննախնթաց են: Պատմութեան ընթացքին տարբեր ոյժերու կողմէ անգամներ քանդուեցաւ Սողոմոնի տաճարը, իսկ մեր Անիի հազարումէկ եկեղեցի՞ները կը ճմլեն մեր սրտերը, կ’արթնցնեն մեր մէջ զգացումներ եւ պահանչատիրութիւն:

Եկեղեցին, ճշմարիտ անտեսանելի եկեղեցին ճշմարտութեան սիւնն է ու հաստատութիւնը: Եկեղեցին կառուցուած է անշարժ վէմին՝ Յիսուսի Քրիստոսի վրայ: Լէնկթիմուր բոլոր եկեղեցիներէն զանգակները հաւաքեց ու հալեցուց: Սակայն բոլոր եկեղեցիներուն անտեսանելի զանգակները տակաւին կը հնչեն, փրկութեան Աւետարանը կը լսուի, աղօթքներ կը մատուցուին: Մեր մարտիրոս ժողովուրդին բեկորները եկեղեցիներ կանգնեցին սփիւրքի օտար եւ անծանօթ հեռաւոր եւ մօտակայ գաղթօճախներուն մէջ: Դարերու ընթացքին անհաշիւ տաճարներ փլան, եկեղեցիներ կործանեցան, բայց Քրիստոսի եկեղեցին, որուն գլուխը Ինքն է, յաւիտեան կը մնայ:

Գ-Հաւատացեալը (Սիօնի քաղաքացին).-  Երուսաղէմ սուրբ քաղաքին մէջ Հրեաներու մեծաւորները մարգարէներ ծեծեցին ու ծաղրեցին, հեռացուցին ու սպաննեցին: Օր մըն ալ Փրկիչ Յիսուսը չարչարեցին ու խաչեցին: Պատմութեան ընթացքին օտար բանակներ Երուսաղէմը բազմաթիւ անգամներ գրաւեցին ու քանդեցին: Սակայն Սիօնը՝ Նոր Երուսաղէմը երկինքէն Աստուծմէ կ’իջնէ շնորհազարդ հարսի մը պէս: Ան ունի յասպիս քարէ շինուած մեծ ու բարձր պարիսպ մը, մարգարտափայլ տասնըերկու դռներ: Սիօնը գեղեցկութեան կատարելութիւնն է, բնաւ չսասանիր: Սիօնի յաւիտենական դռներէն ներս չեն կրնար մտնել խարդախներ եւ խաբեբաները, գողերն ու գինովները, նախանձոտներն ու ստախօսները: Հոն բնաւ անմաքրութիւն կամ պղծութիւն պիտի չմտնէ: Սիօնին քաղաքացիները հոն կ’անցին արցունքի հովիտներու մէջէն, Սիօնի քաղաքացիները հոն ոչ պիտի անօթենան, ոչ պիտի հիւանդանան եւ ոչ ալ պիտի մահանան:

Ահա անցաւոր եւ յաւիտենական բաներ, դուն ընտրէ յաւիտենականը, ապրիր ու ապրեցուր սիրելիներդ:♦

 

© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24,  Թիւ 218, Յունուար– Փետրուար