Անսահման Օրհնութիւն
Մաղաքեայ 3:8-10
Ո՞վ չ’ուզէր վերականգնիլ:
Բոլորս ալ կ’ուզենք վերականգնիլ. առողջութեամբ, տնտեսապէս, յարաբերութիւններով եւ հոգեւորապէս, նաեւ կ’ուզենք մեր հայրենիքն ու սփիւռքի գաղթօճախները տեսնել վերականգնուած:
Մաղաքեայ կը խօսի Իսրայէլի վերականգնման մասին, ուր օրինապաշտութեան հոգին կ’աճէր, անաստուածութիւնն ու բարոյական ապականութիւնը ամէն կողմ կը տիրէր, ճերմակ եւ սեւ մեղքեր տարածուած էին:
Առողջութեան վերկականգման համար սնունդին, մարզանքին եւ քունին ուշադրութիւն կ’ընենք: Նիւթականին համար երկար ժամեր կ’աշխատինք, գործ կը փոխենք, եւ կամ աւելի ժամեր յատկացնելով երկու գործ կ’աշխատինք: Յարաբերութիւններու համար կը զիջինք, կը ներենք ու կը մոռնանք:
Արդեօք հոգեւոր վերականգնումի համար ի՞նչ կ’ընենք:
Մաղաքեայ երկու հզօր յոյսեր կը տեսնէ իր ազգին ու ժողովուրդին վերականգնման համար.- Յիսուս Քրիստոսի առաջին ու երկրորդ գալուստը (3:1,17:
Պատգամը ուղղուած է անձնասէր ու աշխարհասէր եկեղեցիին: Ե՞րբ է որ եկեղեցին անձնասէր եւ ու աշխարհասէր կ’ըլլայ…երբ առաջին տեղը Աստուծոյ չի տար:
Ուրեմն մարգարէին կոչը Աստուծոյ յանձնուիլն է: Այն հոգիով կամ չափով որ կը յանձնուինք, Աստուած կը խոստանայ նոյն հոգիով վերադարձնել:
Ա- Ամբողջութեամբ յանձնուիլ.- Աստուած կ’ըսէ, «Ինծի դարձէք», ինչո՞վ դառնանք – կողոպտելէն:Իրողութեան մէջ բաժին մը տալը հին օրերու կերպը չէր: Առաջին պտուղը տալով անոնք կ’ընդունէին որ ամբողջը Աստուծոյ կը պատկանի:
Բան մը ունենալու երկու կերպեր կան, կամ բացարձակ սեփականութիւն կ’ունենաս եւ կամ վերակացու եւ տնտես կ’ըլլաս:
Սաղմոսներուն մէջ Աստուած կ’ըսէ, «անտառի բոլոր գազանները եւ բլուրներու արջառները իմս են», իսկ Սաղմոս 24-ը «Տէրոջն է երկիր ու անոր լիութիւնը…»:
Յոբի մէջ երկինքի տակ ինչ որ կայ: Եզեկիէլի մէջ, գետը իմս է ես շինեցի , իսկ Անգեայի մէջ արծաթն ու ոսկին: Ուրեմն երբ գիտակից ենք այս ճշմարտութեան, կողոպտելը մեղք է ու այդ մեղքէն պէտք է հրաժարինք:
Ինչպէս Աբրահամ Իսահակը մատուցանեց Աստուծոյ, նոյն ձեւով ալ մենք պէտք է ընենք, միշտ յիշելով թէ Աստուած լերան վրայ իսկ վերադարցուց: Տասանորդը նշան մըն է, անով ցոյց կու տանք թէ ինչ ու ունինք Աստուծոյ կը պատկանի:
Բ- Աստուծոյ խոստումը-օրհնութիւն.- «Երկինքի պատուհանները բանալ, թափել, այնպէս որ բաւական տեղ չ’ըլլայ»: Երբ յանձնուած կեանք մը կ’ապրիս, ներդրում կը կատարես, արդիւնքը՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը կ’ունենաս: Երկինքը պիտի բացուի, արգելքները պիտի վերցուին եւ Իր լեցունութիւնը մեզի պիտի ըլլայ, ահա այս է խոստումը:
Անգամներ երկինքը բացուեցաւ, որպէզի ընդունի Եղիան եւ Ստեփանոսը, երկինքը բացուեցաւ ու Հոգին աղաւնիի կերպարանքով Յիսուսի վրայ իջաւ: Սակայն այս պարագային երկինքը կը բացուի որ առատօրէն տայ, այնքան օրհնէ, ըսենք, ալ կը բաւէ, տեղ չի մնաց:
Մենք Աստուած մը կը պաշտենք, որ ոչ մէկ բան Իրեն կը պահէ, այլ կու տայ…:
Օր մը Յովաս թագաւոր վախի ու դողի մէջ էր, եկաւ Եղիսէի: Մարգարէն պատուիրեց աղեղ ու նետեր առնել. իր ձեռքերը Յովասի ձեռքերուն վրայ դրաւ ու ըսաւ, «նետէ…փրկութեան նետ ըլլայ», նաեւ ըսաւ «նետերը առ ու գետինը զարկ»: Թագաւորը երեք անգամ զարկաւ: Մարգարէն բարկացաւ, թագաւորին քով անհաւատութիւն կար, եթէ հինգ կամ վեց անգամներ զարնէր՝ Աստուած թշնամիները (Ասորիները) պիտի հատցնէր:
Աբրահամի աղօթքը Սոդոմի համար պատասխանուեցաւ, մինչ աղօթքը կը շարունակուէր: Որբեայրիին իւղը չպակսեցաւ, մինչ կը հոսէր, կը գործածուէր ու կը բաժնէր: Աբրահամ կեցաւ, որբեայրին կեցաւ, թագաւորը կեցաւ, բայց ոչ Աստուած:
Ոչ մէկ ուրիշ տեղ եւ ոչ ուրիշ բանի համար Աստուած այսքան զօրաւոր խոստում չէ կատարած:
Ինչ որ կը բերես քուկդ չէ, ինչ որ կը պահես քուկդ չէ, հապա ամէն բան Աստուծոյ կը պատկանի:
Գ- «Զիս Փորձեցէք».- Ահաւասիկ հրաւէրը տրուած Աստուծոյ կողմէ Իր ժողովուրդին:
Դուն փորձէ կատարելով: Արդեօք Աստուծոյ ժողովուրդը, հաւատացեալը պիտի ընդու՞նի հրաւէրը, պիտի կատարէ՞ ճշմարտութիւնը, եւ հրաժարի՞ այս համայնատարած մեղքէն:
Ոմանք փշրանք կու տան, ոմանք մասնակի, ոմանք հիւանդ «ոչխարը», կաղն ու տկարը. բայց Աստուած ամբողջ հոտը կ’ուզէ:
Աստուած կ’արտօնէ որ դժուարութիւններ գան, ոչ թէ յուսահատելու այլ հրաւիրելու որպէսզի բարձր ու զօրաւոր հաւատք ունենանք:
Եթէ վստահինք Աստուծոյ ու շարժինք յառաջ երթալու, «կարմիր ծովեր» կը բացուին ու ամէն մէկ լեռ աստիճան կ’ըլլայ բարձրանալու: Փոթորիկները առջեւ երթալու պատճառ կ’ըլլան, իսկ կրակները կը զտեն ու շղթաներէդ կ’ազատագրեն:
Կ’ուզե՞ս Աստուած լաւագոյնը, եթէ այո, տուր քու լաւագոյնդ հաւատարմաբար, ու պիտի օրհնուիս:
© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25, Թիւ 224