Գառնուկը Արժանի Է
Ծննդոց 22:7, Ելից 12:13, Յովհ. 1:29, Յայտ. 5:6
Պելճիքայի եկեղեցաշէնքերէն, տաճարներէն մէկուն մէջ կը տեսնես նկարչական աշխարհի հրաշքներէն մէկը, որ կը կոչուի «Սուրբ Գառնուկին Պաշտամունքը»: Այս նկարը ստեղծագործութիւնն է երկու եղբայրներու որ կը ներկայացնէԱստուածաշունչի բաժիններէն մէկը, Յայտնութեան 7րդ գլուխը ուր կը նկարագրուի փրկեալներու մեծ բազմութիւն մը երկինքի մէջ: Աստուածաշունչի տիրական նիւթերէն մէկն է Գառնուկը: Եկուր ինծի հետ եւ ցոյց տամ Գառնուկը, Ան պիտի խօսի մտքիդ, սրտիդ եւ մեղքերուդ: Սկսելու համար, սակայն պէտք է երկու ճշմարտութիւններ շեշտել.- Առաջին- Գառնուկը ուրիշ որեւէ կենդանիէ աւելի զոհի նշան է- ինչո՞ւ, թերեւս խոնարհութեան, մաքրութեան եւ անվնասութեան համար: Չենք կրնար գիտնալ թէ ինչո՞ւ Աստուած գառնուկը ընտրեց որպէս զոհի նշան. ինչ ալ ըլլայ իրողութիւն է, գառնուկը զոհն է: Երկրորդ- Աստուածաշունչի մէջ գառնուկը Տէր Յիսուսը կը ներկայացնէ: Շատ հազուագիւտ է տեսնել գառնուկը առանց անոր ետին, շուքին մէջ տեսնելու Յիսուսի կեանքն ու մահը:
Հիմա եկուր միասին չորս նկարներ դիտենք, որոնք բոլորն ալ, կամ դէպքեր են կը նային Յիսուսի եւ կամ դէպի յառաջ կը մատնանշեն Անոր: …Գառը Ո՞ւր է.- Գրեթէ գառին առաջին յիշատակութիւնն է Աստուածաշունչին մէջ: Այս հարցումին հետ առնչուող բաժինը Աստուածաշունչի զգայացունց պատկերներէն մէկն է: Աբրահամ գիտակից է որ Աստուած կանչած է զինք, ու գիտակից է նաեւ թէ իր որդին զոհելու է, որպէս հնազանդութեան եւ նուիրման նշան, ահաւասիկ սարսափելի փորձառութիւն մը եւ պայքար մը: Երկու կարելիութիւններ կային, եթէ չի հնազանդէր, ուխտի արմատները, Աստուծոյ վստահութեան եւ հնազանդութեան, պիտի քանդուէր, իսկ եթէ հնազանդէր այդ ուխտին պտուղը, սերունդը պիտի կորսուէր: Ամէն անգամ երբ Աբրահամ կացինը կը բարձրացնէր փայտ պատրաստելու, ամէն անգամ որ էշը կը զինչէր եւ ամէն անգամ առաւօտուն զով օդը կը փչէր, Աբրահամ շարունակ կը լսէր Աստուծոյ անսխալ կանչը,…առ քու որդիդ եւ ողջակէզ ըրէ…: Բայց բան մը սխալ է, նոյնիսկ Իսահակ կը զգայ եւ հարց կու տայ, «ահա կրակն ու փայտը, բայց ողջակէզ ըլլալու գառը ո՞ւր է»: Աբրահամ կ’ըսէ «պիտի պատրաստէ»: Ահա անբնական ուժեղ արտայայտութիւն մը «Աստուած պիտի պատրաստէ» ինչ որ է պէտքը եւ լաւագոյնը: Կարգ մը բաներ յստակ են, – Աստուած իրաւունք ունի պահանչելու եւ ակնկալելու, եթէ Աբրահամի նման ուխտի յարաբերութեան մէջ ենք, -Աստուած մեզի քանդելու պէտք չունի, որպէսզի օրհնէ (Իսահակ զոհ չեղաւ):
Երբ արիւնը տեսնեմ… Այս նկարին ետին կը տեսնենք յամար, տգէտ ու հպարտ Բարաւոնը եւ հարուածները կու գան Եգիպտոսի գլխուն: Աստուծոյ թելադրութիւնը իր ժողովուրդը ազատելու համար կ’ըլլայ գառնուկ մը առնել, արու, անարատ, մէկ տարեկան, 14րդ օրը մորթել ու արիւնը քսել դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ: Անոնք հնազանդեցան ու կէս գիշերին հրեշտակը անցաւ ու մահով զարկաւ: Անոնք գառնուկին արիւնով ազատեցան: Որքան ատեն որ տաճարը գոյութիւն ունէր թէ առաւօտուն եւ թէ իրիկունը գառնուկ մը կը մորթուէր որպէս զոհ: Իսկ մենք գառնուկի պէտք չունինք, որքան ալ անարատ ըլլայ կատարեալ չէ: Մենք կատարեալ գառնուկ չունինք Աստուծոյ տալու մեր մեղքերուն համար: Բարի լուրը այն է թէ Աստուծոյ տուած Գառնուկին քով բոլոր գառնուկները տկար կը մնան:
Ահա Աստուծոյ Գառը… Յովհաննու Աւետարանին առաջին գլխուն նախորդող համարներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչը կ’երեւի որ կը մատնանշէ Յիսուսի, իսկ Յիսուսը կ’երեւի որպէս մեղք կրող կամ վերցնող:Երբ Յիսուս Պիղատոսի առջեւ էր Հրեաները ներս չմտան, որպէսզի զատկի համար անմաքուր չ’ըլլան: Յոյժ կարեւոր է տեսնել զատկի զոհին ժամանակն էր Յիսուսի խաչելութիւնը: Կէսօրէն մինչեւ ժամը 3-ը ամէն ընտանիք գառնուկ մը կը բերէր տաճար, քահանան կը մորթէր ու արիւնը զոհի սեղանին վրայ կը հոսէր եւ գառնուկը որպէս զատկի ճաշ պատրաստութեան համար ընտանիքին կը տրուէր: Յովհաննէս կ’ըսէ թէ այդ օր ուրիշ բլուրի վրայ ուրիշ գառնուկ մը մորթուած է, Աստուծոյ Գառնուկը որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ, որուն համար Եսայի մարգարէն ըսած է, «մորթուելու տարուող ոչխարի պէս»:
Դարերու հազարաւոր գառնուկները մարդկային մեղքը չեն վերցնէր, այլ միայն Աստուծոյ Գառը: Գառնուկը արժանի է զօրութեան… Յայտնութեան մէջ Յիսուսի քաղցր անունը Գառնուկ է: Այս անունը 29 անգամներ տրուած են մեր Տիրոջ եւ 4րդ-5րդ գլուխներուն մէջ երկինքի հիասքանչ տեսարան մը կայ, Աստուծոյ ներկայութիւնն ու փառքը լեցուցած են երկինքը ու կը տեսնենք Գառնուկը գահին քով կայնած:Ահա 7րդ գլխուն մէջ անիկա փրկող Գառնուկն է, միայն այս Գառնուկին արիւնով մարդուն փրկութիւն կայ: Մեր Տէրը յաղթական Գառնուկն է, որով ամէն լեզուէ, գոյնէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ փրկուածներ հաւաքած է ու կը հաւաքէ, որովհետեւ յաղթանակը շահած է: Գառնուկը Աստուծոյ հայթայթածն է Աբրահամի օրերուն եւ մեր օրերուն: Յայտնութեան 14րդ գլխուն մէջ փրկեալները նոր երգ մը կ’երգէին Գառնուկին, այդ երգը ամէն մահկանացու էակ, հոս երկրի վրայ սորվելու է, որպէզի կարենայ երկինքի մէջ երգել:
© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26, Թիւ 227