Սուրբերը Իրենց Պաշտօններով
Ղեւտացւոց 22:1-16, Ա.Պետրոս 2:5
Շատ անգամ «սուրբ» բառը հասկնալու դժուարութիւն ունինք: Շատերու համար «սուրբ»երը անցեալին ապրած նուիրեալ եւ անձնուրաց կղերականները, եկեղեցականներն են, որոնց ապրած կեանքին համար, մահուընէ ետք կոչուած են «սուրբ»: Ըստ ուրիշ եկեղեցիի մը տուեալ անձը նուազագոյն հրաշք մը ըրած ըլլալու է, որպէսզի սրբութեան աստիճանի հասնի: Այս մօտեցումը Աստուածաշնչական չէ, ամէն մէկ անհատ որ ունի Յիսուս Քրիստոսը, հաւատացած է Անոր Գողգոթայի վրայ կատարած զոհին, անիկա սուրբ է: Սուրբերը Յիսուս Քրիստոսի արիւնով սրբուածներն են: Կեդրոնանալով Ղեւտացիներու գիրքին, յատկապէս վերոյիշեալ համարներուն վրայ մեզի կը ներկայացուի գեղեցիկ եւ յստակ պատկեր մը: Ահարոն Հին Կտակարանին մէջ Քրիստոսի կերպարն է եւ անոր որդիները, Աստուծմէ ծնածները կը ներկայացնեն: Բոլոր Աստուծոյ որդիները, հաւատացեալները քահանաներ են, թէեւ բոլորը իրենց շնորհուած քահանայական կեանքը չեն ապրիր ու պաշտօնը չեն կատարեր:
Դուն արդեօք պաշտօնդ կատարող հաւատացեա՞լ մըն ես: «Սուրբ բաները», որոնք կը յիշուին Ղեւտ. 22-ի մէջ, ճիշդ նման են «հոգեւոր բաներու», որոնք Աստուծոյ կողմէ ձրի տրուած են մեզի եւ անշուշտ այս «բաները» կարելի է աւելի լիարժէք ըմբոշխնել երբ կատարելապէս կը յանձնուինք Աստուծոյ: Նոր Կտակարանի եւ յատկապէս նամակներու հիմնական ճշմարտութիւններէն եւ սկզբունքներէն մէկը հաւատացեալին Տէրոջը պաշտօնեայ, քահանայ ըլլալն է ու քահանայական պաշտօնը կատարելը: Պատմութեան ընթացքին մարդը շատ ու շատ հարցեր ու դժուարութիւններ դիմագրաւած է, սակայն մեղքը անոր մեծագոյն աղէտը եղած է: Աստուածշունչը կը ներկայացնէ այս մեղքի հարցը լուծելու Աստուծոյ սքանչելի եւ յաւիտենական ծրագիրը:
Հաւատացեալին քահանայութիւնը Աւետարանական եկեղեցիին ըմբռնումով կապուած չէ ուսումի, կոչումի եւ ծառայութեան հետ, այլ հաստատուած է Զոհին քահանայութեան վրայ:
Որոշապէս խիստ կարեւոր քանի մը դասեր կան.-
- Անմաքրութեամբ վարուիլը մահուան կ’առաջնորդէ.– (հմր.3) Անմաքուրը հոգեւոր ճամբայէն չի կրնար անցնիլ: Կորնթոսի եկեղեցիին, սուրբերուն ուղղուած նամակով Առաքեալը կ’ըսէ, «Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր»: Յստակօրէն երկրաւոր իմաստութենէ պահուած են այս «բաները»: Մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս Հօրը փառաւորեց այս բաներուն պահուած ըլլալուն համար: Սովորական մարդը չի կրնար գնահատել հրեշտակներու կերակուրը : Միշտ ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէս կը վարուինք հոգեւոր բաներու հետ, որպէսզի դատապարտութիւն չուտենք ու չխմենք:
- Անմաքուրը սուրբ բաներու ախորժակ չունի-. (հմր.4) Զգուշացում կայ, պէտք է մաքրուիլ եւ ապա ճաշակել: Եթէ կ’ուզենք ախորժակ ունենալ եւ վայելել երկնաւոր, հոգեւոր բաները մաքրութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Տէրը Իր մարգարիտները խոզերուն առջեւ պիտի չնետէ: Սրբութիւն եւ անմաքրութիւն հակասական բաներ են, ան որ խաւարը կը սիրէ անպայման լոյսը պիտի ատէ:
- Սուրբ բաները սուրբերուն համար են.– (հմր.7) Սուրբը աշխարհի հաճոյքներուն մէջ ոչ հաց կ’ունենայ եւ ոչ ալ կերակուր: Այն բոլոր բաները, որոնք կը գրաւեն կամ կ’ուրախացնեն անհատը, սուրբին քաշողականութիւն չեն ունենար, որոհետեւ անոր սիրտը երկնային բաներուն կապուած է: Այսպիսիներուն համար Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլը աւելի վայելք է քան առօրեայ կերակուրը եւ մեղաւորներու փրկութիւնը, արծաթէն ու ոսկիէն աւելի թանկագին է:
- Օտարականը բաժին չունի.– (հմր. 10) Օտարականն ու վարձկանը այն անձերն են, որոնք Աստուծոյ չեն ճանչնար, որոնք չեն փրկուած ու չեն հաւատար Որդիին, Յիսուս Քրիստոսի: Հաւանաբար վարձկանի պարագան աւելի թեթեւ ըլլալ կը թուի, որովհետեւ ան ոչ թէ չի հաւատար այլ կ’ըսէ թէ ինք Քրիստոնեայ է: Վարձկանը Աստուծոյ կը ծառայէ անձնական շահի, փափաքի եւ նպատակի համար: Այդպէս եղողներ արդէն իրենց վարձքը ստացած կ’ըլլան ու չեն ճաշակեր «հոգեւոր բաները»:
- Ծախու առնուածներ ու ծնածներ կան-. (հմր.11) Հետաքրքրականօրէն թէ գնուիլն ու ծնիլը հոգեւոր առանձաշնորհում կը պարգեւէ: Գնուած Քրիստոսի արիւնով եւ ծնած Աստուծմէ, պարագաներ են, որոնք կը միացնեն մեզի Աստուծոյ ընտանիքին: Այս հիմնական անփոխարինելի ճշմարտութիւններըմեզի իրաւունք կու տան Անոր սքանչելի ճոխութիւնները ճաշակելու: «Հոգեւոր բաներ» ձրիօրէն մեզի տրուած են Աստուծոյ կողմէ:
- Անսուրբ յարաբերութիւններ անարժան կ’ընեն.– (հմր.12) Մարդկային կեանքի մէջ խառն լծակցութիւններ ախորժակ չեն ձգեր հոգեւոր բաներու: Քահանային աղջիկը ծնունդով իրաւունքներ ունի, սակայն երբ օտարի հետ կ’ամուսնանայ այդ իրաւունքներէն կը զրկուի (անարժան կ’ըլլայ): Մենք կրնանք Քրիստոնեաներ ըլլալ, վերստին ծնունդ ունենալ, բայց մեր մարմնաւոր ու մեղանչական յարաբերութիւններով անյարմար կ’ըլլանք վայելելու Աստուծոյ օրհնութիւնները:
- Ուտել հոգեւոր բաներ առանց ծանօթ ըլլալու, օգուտ չունի.– (հմր.14) Անշուշտ կարելի է խօսիլ ու կարդալ «սուրբ բաներու» մասին ու տակաւին օտարական ըլլալ Անոր զօրութեան: Ճշմարտութիւնը սրտին վրայ է, կեանքի հետ չառնչուիր մինչեւ որ հաւատքին չխառնուի: Սրբութիւնը մարդկային կեանքը բարձրացած վիճակի մէջ չէ, այդ անկարելիութիւն է, այլ վար բերուած աստուածային կեանքն է: Մարդը անգիտութեամբ կը վարուի Քրիստոսի մեծ ու թանկագին խոստումներուն հետ, երբ անոնք տակաւին չեն ապացուցուած իր հոգիին մէջ:
Թող ամէն հաւատացեալ, սուրբ, ճանչնայ իր ինքնութիւնը, ըլլայ կոչումին գիտակից, սխալներէ հեռու մնայ եւ իր աստուածատուր պաշտօնը կատարէ:
© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26, Թիւ 228