«Քաջալերուած եմ»: Praise for Pastor Shanlian’s Book from AMAA Executive Director/CEO
Սիրելի Տիգրան,
Մօտ տասը ամիս է որ «քաջալերանք»դ գրասեղանիս վրայ տեղ գրաւած է եւ կ’սպասէ որ արձագանգեմ:
Խորագիրը արդէն Քրիստոնէական կեանքի հարազատ դրսեւորումներէն մէկն է, վեր բարձրացնելով ընկճեալն ու յուսահատը, տկարն ու պարտեալը:
Արարումդ՝ գրասեղանիս հարդակի վրայ իր հանգիստին մէջ իսկ արդէն տասը ամիս է որ կը պատգամէ ինծի, շատ հաճախ իր տասը գիրերով, զիս վեր առնելով բնական ճնշումներու ծանրութենէն եւ կամ մտքի բեռնաւորութիւնէ:
Քրիստոնէական կեանքի գործնական կիրարկման յատկանիշներէն մէկն է քաջալերանքը, զոր կը փխի անանձնական սերէ մը, մեր փրկչին ապրած կեանքի կենդանի օրինակով:
Աստուածաշունջը եւս գրքիդ կողքի ճակատին կը ժպտայ կարծես, թարգմանը հանդիսանալով Անոր շունջէն փխած ամէն մէկ գրքին: «66 Ինքնատիպ Գրութիւններ», որոնք արտաշնջումն են Աստուծոյ Խօսքին արտայայտութիւնը եղող 66 կտակուած գիրքերուն:
Մեծապէս կը գնահատեմ 66 խորագիրներու տրամադրած մտածումի եւ խոկումի պահերդ եւ անոնցմէ փխած սրտափուխ յոյս ներշնջող արտայայտութիւններդ:
Կը գնահատեմ նաեւ «Աւետարանչական»ով ընկալուած ըլլալու խորդհուրդդ, ուր քաջալերանքով զինուած եւ զայն սերմանած «Աւետարանչական»ի հարիւրամեակը կը ներբողէս:
Շնորհակալ եմ մակագրուած օրինակին համար եւ կը հաւաստիացնեմ թէ ստեղծագործութիւնդ իր նպատակին հասած է ինծի համար:
Դուն ալ արժանի ես քաջալերանքի, որուն Աստուածային աղբիւրէն փխած առատ օրհնութիւնը թող այս տօնական օրերուն թափի վրադ:
Կը խնդրեմ արտատպելու իրաւունքը, որու հետ նաեւ ընկերակցող թուային օրինակ մը 29որդ գրութենէդ 59որդ էջին վրայ:
Բարի Մաղթանքներով՝
Զաւէն
Zaven Khanjian
Executive Director / CEO
Armenian Missionary Association of America, Inc.
31 West Century Road
Paramus, NJ 07652
Telephone: 201.265.2607