Ժամանակն Է
3 Թագ. 22:7-8,13-14
Ժամանակը հասած է որ մեր մրափէն արթննանք: Ժամանակն է որ մեր նինջէն միապաղաղ եւ միօրինակ «Սթաթըս քո» վիճակէն դուրս գանք:
Իրար հաճոյ ըլլալու, իրար շոյելու այս երկար ձախաւեր վիճակէն դուրս գալու ենք որպէս Աւետարանականներ:
Ժամանակն է որ Աւետարանը, փրկութեան բարի լուրը քարոզենք, մեղքը յանդիմանենք ու Աստուծոյ հաճեցնելու եւ Իր կամքը կատարելու ետեւէն ըլլանք, ջանք ընենք:
Ներկայիս ժամանակն է որ Աւետարանական եկեղեցին արթննայ, եթէ ոչ կորսնցուցած կ’ըլլանք մեր գոյութեան պատճառը:
Մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին լսած ենք տարբեր լոզունքներ, որոնք տարածուած ու կրկնուած են ժամանակներու ընթացքին: Յաճախակի լոզունք եղած է, թէ՝ միութիւնը զօրութիւն է:
Սակայն, միութիւնը միշտ ալ զօրութիւն չէ:
Զօրութիւն չէ՝ երբ խառն լծակցութիւններ կան, ընտանիքը կը քայքայուի, ընկերութիւնը կը քանդուի: Զօրութիւն չէ՝ երբ անձը կը պաշտուի ու մարդահաճոյութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, վկայ աղանդներն ու մոլոր վարդապետութիւնները: Զօրութիւն չէ՝ երբ այդ միութիւնը մարդկօրէն կը կառավարուի, արուեստական է, անձնասիրական շահեր ու նպատակներ կը հետապնդէ, վկայ անցեալի Սովետական Միութիւնը եւ շատ մը երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու վիճակը:
Մարդը գոհացնելէ ու մարդուն հաճեցնելէ, այդ տխրահռչակ վիճակէն դուրս գալու նպատակով Աւետարանական առաջին հերոսները՝ մեր նախահայրերը, որոշեցին հետեւիլ Աստուածաշունչին՝ եւ ոչ թէ մարդուն, ճշմարտութեան՝ եւ ոչ թէ կեղծիքին ու մեղքին: Ճշմարտութեամբ ապրելու եւ գործելու համար, ժամանակն է որ Աստուածաշմչական առողջ ապրելակերպը իրականացուի ամէն հայու եւ մասնաւարաբար ամէն Աւետարանականի կեանքին մէջ:
Միապաղաղ ու գաղջ, մարդկային ու անպտուղ կեանքէն, խառն լծակցութենէն ազատելով, ապաւինիլ Անոր որ սկսած է մեր մէջ շնորհքի փառաւոր գործը: Երրորդ Թագ. Գիրքին մէջ կը նկարագրուի անհաւատներու հետ միութեան մը, լծակցութեան դէպքը, որ տկարութեան առաջնորդեց եւ ողբերգական վիճակներ ստեղծեց:
Զգոյշ…Աստուած միշտ ալ պատրաստ է տկարները գործածելու, բայց ոչ անմաքուրները:
Միութիւնը առանց ճշմարտութեան վտանգաւոր է, եւ սարսափելի հետեւանքներ կ’ունենայ:
Եկեղեցին սէր ու սրբութիւն թող շեփորէ, մինչ սէրը կը գրաւէ ու կը հրապուրէ, սակայն արթնութիւնը մեղսալից կեանքէն կը հեռացնէ միշտ դատապարտելով մեղքը ու բացայայտելով մեզի շնորհուած վերին կոչումը:
Աղջնակ մը աղօթեց, «Տէր, օգնէ ինծի որ կատարեմ ինչ որ կ’ուզես, եւ ինչ որ ուրիշներ կ’ուզեն որ կատարեմ»: Ահաւասիկ անկարելի աղօթք մը, Աստուած այս աղօթքին պատասխան չունի:
Անշուշտ դէպքերը ծանօթ են. հեթանոս Աքաաբ ունեցած էր Յովսափատ աստուածավախ թագաւորին օգնութիւնը: Միշտ ալ նման դաշնակցութիւններ կը վերջանան ամօթով ու պարտութեամբ: Ի՞նչ գործ ունի լոյսը խաւարին հետ:
Յովսափատ կ’ուզէր Տէրոջը մարգարէին հարցնել: Գիտակից ըլլանք որ կան մարգարէներ եւ կայ Տէրոջը մարգարէն: Աքաաբ ցոյց տուաւ Միքիան ու յայտնեց իր ատելութիւնը այդ Տէրոջ ծառային: Երբ ճշմարտութիւնը խօսիս աշխարհէն պիտի ատուիս ու գործակիցներդ վանողական դիրքաւորում պիտի ունենան քեզի հանդէպ:
Ա. Ո՞վ էր Միքիա–
Անիկա սուրբ մարդ մըն էր, գիտէր Աստուծոյ կամքը: Միքիա Աստուծոյ բերանն էր ու ներկայացուցիչը, փայլող լոյս մը խաւար վայրի մը մէջ: Միթէ այ՞դ չէ մեր կոչումը, խաւարի մէջ լոյս ըլլալ ու փայլիլ:
Ներկայիս, երբ մեղքը իր գրաւիչ երեւոյթներով հրապարակներ կը գրաւէ, Աստուծոյ նկարագիրով թրծուած ու կոբուած Աւետարականներու պէտքը կայ, որպէսզի Աքաաբներ յանդիմանուին եւ Տէրոջ գործերը երեւնան: Ժամանակն է որ Աւետարանականը Աւետարանին կառչի: Բոլորս կանչուած ենք պատեհապաշտութենէ ազատուիլու ու Միքիայի նման կեանքեր ու գործեր ունենալու:
Միքիան փորձուեցաւ: Այն մարդը որ ղրկուած էր թագաւորին կողմէ Միքիան կանչելու, փորձեց համոզել զինք, որպէսզի 400 մարգարէներու խօսքերուն պէս խօսի: Մեծ փորձութիւն է, որու՞ հաճելի պիտի ըլլանք, Աստուծո՞յ թէ մարդու՞ն: Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ, «եթէ մարդոց հաճեցնեմ Քրիստոսի ծառան չեմ կրնար ըլլալ»: Միքիա հաւատարիմ էր, ըսաւ, «Տէրը ինչ որ ինծի ըսէ, զայն պիտի խօսիմ»:
Երբ Լուտէրի տեղեկացուցին որ եկեղեցին ու ամբողջ աշխարհ դէմ է ու հակառակ իրեն, ըսաւ, «հիմա ես բոլոր աշխարհի դէմ եմ»:
Հաւատարիմ ծառան կը համարձակի հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ:
Բ. Ինչպէ՞ս վարուեցան Միքիայի հետ–
Անիկա ատուած էր: Աշխարհ հաւատացեալին կ’ատէ: Ինչու՞ թագաւորը կ’ատէր Միքիային, որովհետեւ ան հաւատարիմ էր Աստուծոյ:
Ան որ չար բաներ կ’ընէ, լոյսը ատող է ու ճշմարտութենէն հեռացած է: Ի՜նչ գիտեն սուտ մարգարէները կամ մարդահաճոյ եղողները Տէրոջը Հոգիին մասին: Տէրոջը Հոգին տեղ չունի իրենց ծառայութեան մէջ: Խօսողին զարնելով ճշմարտութեան ակռան չի կտրուիր…: Ետքը Միքիա բանտարկուեցաւ:Դիւրին է Աստուծոյ ծառան բանտարկել, սակայն Աստուծոյ Խօսքը չի կապուիր, չի բանտարկուիր:
Գ. Ի՞նչ պատահեցաւ–
Թէեւ ոմանք չհաւատացին, բայց մարգարէութիւնը կատարուեցաւ: Թագաւորը հրամայեց մինչեւ խաղաղութեամբ պատերազմէն վերադառնայ Միքիան բանտարկուած պահեն: Ինչպիսի՞ խաղաղութեան մէջ էր թագաւորը, մեռած մարմինը բերին:
Եթէ մարդեր չեն հաւատար, չի նշանակեր որ Աստուծոյ Խօսքը ազդեցութիւն չունի:
Մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, թէեւ Աքաաբ ազատելու նպատակով ծպտուեցաւ: Տակաւին չէ գտնուած մէկը որ Աստուծմէ ծպտուած ու ծածկուած մնայ:
Մարդ մը առանց գիտնալու աղեղը քաշեց: Աստուծոյ աղեղները անպայման նշանակակէտին կը հասնին: Աստուծոյ դատաստանէն փախչելու նպատակով, շատեր իրենց անձերը մարդահաճոյ դիմակներով կը ծպտեն:
Մեր մեղքերը անպայման մեզ կը գտնեն: Ժամանակն է որ թօթափենք մարդահաճոյ մեղսալից կեանքերը: Ժամանակն է վերստին ծնունդով եւ սրբութեան կեանքով Աւետարանականներ, մեղքը յանդիմանենք, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բարձր պահենք:
Մարդահաճոյ կեանքէն զզուելով միայն Զինք հաճեցնենք, ու Ինք թող փառաւորուի մեր խօսքերուն ու գործերուն մէջ:
This sermon was delivered by Rev. Shanlian at the joint service of the 19th Biennial Convention of the AEUNA, June 29, 2008. It was later printed in the FORUM Quarterly Journal and has been updated for this issue of Pari Lour.
© 2019 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 27, Թիւ 232