Նոր Սկիզբ Մը
«Եւ Տէրը ըսաւ Աբրամի, քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ
տունէն գնա այն երկիրը զոր ես քեզի պիտի ցուցնեմ»: Ծննդ. 12:1
Աշխարհ թնճկոտ վիճակ մը կը բոլորէ, ամէն կողմ անորոշութիւն, ամէն կողմ խառնակ վիճակներ, եւ յստակ չէ թէ օրէ օր կրնայ լաւանալ կամ ոչ:
Յատկապէս Ամերիկան, Արաբական աշխարհը, Ռուսաստանն ու Հայաստանը անորոշութիւններու մէջ են եւ ընդհանրապէս բոլոր աշխարհի ազգերն ու պետութիւնները նոյն վիճակները կը բոլորեն:
Եւ կը հարցնենք, ի՞նչ է սխալը, ո՞ւր կը կայանայ թերութիւնը:
Պէտք է ետ երթալ մինչեւ Ծննդոց Գիրքի դէպքերու արձանագրութեան: Ի բացառեալ առաջին երկու գլուխներէն, առաջին տասնըմէկ գլուխները կը յուշեն մարդուն ունեցած իրարայաջորդ ձախողութիւնները: Զարմանալիօրէն նոյն ձախողութիւնները այսօր ալ կը կրկնուին:
Առաջին զոյգը Աստուծոյ անհնազանդ եղաւ եւ Աստուած պարտէզէն վտարեց զիրենք: Ապա Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը ու դէպքին մասին ստեց: Մարդկութիւնը այնքան ապականեցաւ, որ Աստուած ջրհեղեղով երկիրը մաքրեց: Ետքը Նոյ գինովնալով իր մերկութեան ականատես ըրաւ իր որդին, Քամը: Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով մարդիկ Սենաար երկրին մէջ քաղաք մը եւ աշտարակ մը սկսան շինել, եւ Աստուած այդ ըմբոստութիւնը կասեցուց անոնց լեզուները խառնակելով:
Անհնազանդութիւն, մարդասպանութիւն, խաբէութիւն, գինովութիւն, մերկութիւն եւ ըմբոստութիւն, ահաւասիկ բառեր, որոնք ներկան ցոյց կու տան, ներկայի ձախաւեր վիճակները կը բացայայտեն: Արդեօք մեր օրերու պատկերները չե՞ն:
Եթէ դուն Աստուած ըլլայիր այս մեղաւորներուն ի՞նչ կ’ընէիր, որոնց դուն քու պատկերովդ ստեղծած էիր: Հաւանաբար պատասխանդ ըլլայ «ամէնքը կը ջնջէի, կը վերացնէի եւ հիմնայատակ կը չէզոքացնէի»:
Սակայն Աստուած այդպէս չըրաւ, փոխարէն Ան կանչեց մարդ մը եւ իր կինը, որպէսզի իրենց տունէն ելլեն ու նոր երկիր մը երթան, որպէսզի Աստուած մարդկութեան նոր սկիզբ մը շնորհէ: Մեր Աստուածը նոր սկիզբներու Աստուածն է:
Շնորհիւ Աստուծոյ կոչին եւ իրենց հաւատքի հնազանդութեան Աբրահամն ու Սարան աշխարհի տուին Հրեայ ազգը, Աստուածաշունչը եւ աշխարհի Փրկիչը:
Ի՞նչ կ’ըլլար մեր վիճակը, եւ ո՞ւր կ’ըլլայինք մենք եթէ անոնք Աստուծոյ չվստահէին:
Եկէք նկատի առնենք կարգ մը սկզբունքներ, որոնք անոնց փորձառութեան մաս կազմեցին:
Ա. Կոչը – Երբ Աստուած Կանչեց:
Փրկութիւնը կ’իրականանայ, որովհետեւ Աստուած Իր շնորհքովը մեղաւորներ կը կանչէ, ու անոնք հաւատքով կ’անսան կոչին: Աստուած Աբրահամի կռապաշտութենէ դուրս կանչեց, երբ ան տակաւին Ուր քաղաքը կը բնակէր, որ լուսին աստուծոյ նուիրուած էր: Աբրահամ ճշմարիտ Աստուածը չէր ճանչնար եւ դրական բան մը չէր կատարած, որպէսզի արժանի ըլլար Աստուծոյ ճանչնալու: Սակայն Աստուած Իր շնորհքով կանչեց իրեն, «Ոչ թէ դուք զիս ընտրեցիք, հապա ես ձեզ ընտրեցի» Յովհ. 15:16:
Աբրահամ եօթանասունհինգ տարեկան էր երբ Աստուած կանչեց իրեն: Ուրեմն կրնանք ըսել թէ հաւատքի համար տարիքը արգելք չէ: Ան հարիւր տարիներ Աստուծոյ վստահեցաւ, ու այսօր իր փորձառութիւններէն կրնանք սորվիլ, թէ ինչպէս հաւատքով պիտի քալենք եւ Աստուծոյ հաճեցնող կեանք մը պիտի ապրինք:
Աստուած կանչեց Աբրահամին, երբ հեթանոսները ձախողեցան ու Աստուծմէ հեռացան: Այդ փոփոխութիւնը կը նկարագրուի Հռովմ. 1:18-32 համարներուն մէջ: Մարդը ծագումով ճանչցած է Աստուծոյ, բայց չէ փառաւորած Իրեն եւ կամ շնորհակալութիւն յայտնած Իր շնորհալի գործերուն համար: Մարդը Աստուծոյ փոխարինեց կուռքերով: Կռապաշտութիւնը առաջնորդեց ամբարոյականութեան, եւ շատ չանցած հեթանոս աշխարհը սոսկալի ապականութեան մէջ էր, եւ Աստուած ձեռք քաշեց անկէ:
Ետքը կանչեց Աբրահամը, առաջին Հրեան եւ նոր սկիզբ մը տուաւ անոր:
Բ. Ի՞նչպէս Եղաւ Կոչը – «Փառաց Աստուածը մեր հօրը Աբրահամի երեւցաւ» Գործք. 7:2:
Աստուծոյ ինչպէս երեւնալը չէ ըսուած, սակայն եօթը հաղորդակցութիւններէն առաջինն էր արձանագրուած Ծննդոցի մէջ: Աստուծոյ փառքին յայտնութիւնը ցոյց տուաւ Աբրահամի Ուր-ի մէջ կռապաշտութեան փուճ ու սին ըլլալուն:
Ո՞վ կ’ուզէ մեռած կուռք մը պաշտել երբ հանդիպած է կենդանի Աստուծոյ:
Բայց Աստուած նաեւ խօսեցաւ Աբրահամի հետ (Ծննդոց 12:1-3) եւ Խօսքը հաւատքի հրաշքը բերաւ:
Կոչ մըն էր զատուելու ապականած շրջանակէն, եւ Աբրահամ հաւատքով հնազանդեցաւ: Ճշմարիտ հաւատքը կը հիմնուի Աստուծոյ Խօսքին վրայ որ հնազանդութեան կ’առաջնորդէ: Աստուած չի կրնար օրհնել եւ գործածել Աբրահամին ու Սարային եթէ անոնք «ժամադրութեան վայրը» չեն:
Կորսուած մեղաւորներ հաւանաբար չեն կրնար ընդունիլ Աստուծոյ փառքին յստակ յայտնութիւնը, ինչպէս Աբրահամ եւ Սարա ունեցան, սակայն անոնք կրնան տեսնել Իր փառքը Իր ժողովուրդին կեանքին մէջ, եւ լսել Իր հաւատքի Խօսքը երբ անոնք կը վկայեն:
Աստուած ուղղակի Աբրահամի խօսեցաւ, բայց այսօր փրկութեան ճշմարտութիւնը կը լսենք Իր ժողովուրդին վկայութեամբ:
Գ. Ինչո՞ւ Կանչեց- Նուազագոյն երեք պատճառներով Աստուած զիրենք կանչեց: Իր սիրովը կանչեց:
Աստուած հետաքրքրուած էր անոնց փրկութեամբ, ուստի յայտնեց Իր փառքը եւ բաժնեկցեցաւ Իր փառաւոր խոստումները: Նոյնիսկ անոնց անձնական փրկութենէն անդին Աստուծոյ նպատակն էր օրհնել ամբողջ աշխարհը: Ասիկա իրականացաւ երբ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց: Երրորդ պատճառ մըն ալ կայ: Աբրահամի կեանքը բոլոր հաւատացեալներուն օրինակ է, եթէ կ’ուզեն հաւատքով քալել:
Աբրահամ հաւատքով փրկուեցաւ եւ հաւատքով ապրեցաւ եւ իր հնազանդութիւնը իր հաւատքին ապացոյցն էր: Աբրահամ հնազանդեցաւ երբ չէր գիտեր ուր, ինչպէս, երբ եւ ինչու: Մենք ալ այսպէս ընելու ենք:
Աբրահամ եւ Սարա կատարեալ չէին, սակայն իրենց քալուածքը ընդհանրապէս կը բնորոշուի հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ: Երբ անոնք մեղանչեցին, տառապեցան եւ Տէրը միշտ ալ պատրաստ էր իրենց ներելու:
Քրիստոնէական յաղթական կեանքը նոր սկիզբներու շարան մըն է:
Երբ Աբրահամի ու Սարայի կեանքը կը սերտենք, անպայման կը սորվինք թէ ինչ է հաւատքը եւ ինչպէս կրնանք հաւատքով քալել: Որոշապէս կը յայտնաբերենք որ երբ Տէրոջը կը վստահինք, ոչ մէկ փորձ անկարելի է եւ ոչ մէկ ձախողութիւն մնայուն է:
Մեր Տէր Աստուածը նոր սկիզբներու Աստուածն է, եւ մեզի համար ալ միշտ յոյս կայ:
© 2021 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 29, Թիւ 239
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).