Tag Archive for: God Is Faithful

Աստուած Հաւատարիմ Է

Ողբ Երեմ. 3:22-23

Կրնանք Աստուածոյ ապաւինիլ: Աստուածաշունչը հաւատքի պատմութիւն է, նաեւ Աստուածոյ ժողովուրդին պատմութիւնն է:

Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը կապէ հին եւ նոր կտակարանները: Իր ողորմութիւնն ու համբերութիւնը կը վկայեն Իր հաւատարմութեան մասին:

Անցեալ տարին պարարտ էր անորոշութիւններով, անորոշ ժամանակներ եւ անստոյգ վիճակներ եւ տարտամ արդիւնքներ: Թէեւ ներկայիս նոր տարուան մի քանի ամիսները ապրեցանք, սակայն ապագան մշուշապատ կ’երեւի, արդեօք մեր մտահոգութիւնները պիտի կասեցուի՞ն, թէ պիտի շարունակուի՞ն:

Որպէս հաւատացեալներ մեզի համար դժուար է, որովհետեւ երբ կասկածի զգացումներ կ’ունենանք յանցաւոր կը զգանք: Մինչ ինքզինքիս կը հարցնեմ, ի՞նչ պէտք է ընենք երբ նոյնիսկ ամենապարզ հաւատքի քայլը դժուարակրելի կը թուի:

Աստուած, Հաւատարիմը, կը յիշեցնէ մեզի Աբրահամի կեանքէն հետաքրքրական ու հոյակապ դէպք մը: Աբրահամ նահապետը կը ճանչցուի իր հաւատքով:

Մեզմէ շատեր կը յիշեն Աբրահամը, որուն Աստուած ընտրեց ըլլալու նոր ազգի մը հայրը շնորհիւ իր հաւատքին, սակայն պատմութենէն բաժին մը կայ որ շատ չենք գիտեր, ցոյց կու տայ Աստուծոյ սքանչելի գործերը անոնց որոնք Իրեն կը սիրեն:

Ծննդոց 15րդ գլուխով Աստուած, հարիւր տարեկան, անժառանգ Աբրահամի ըսաւ թէ իր սերունդները երկինքի աստղերուն չափ պիտի ըլլան, հակառակ որ ան ամուսնացած էր իննսուն տարեկան ամուլ կնկայ մը, բայց ան հաւատաց Աստուծոյ:

Ապա Աստուած Աբրահամին ըսաւ, երկիր մը պիտի տայ որ ինք բնաւ չէ գտնուած, այդ երկիրը իր սերունդներուն յաւիտեան բնակելու վայր մը պիտի ըլլայ: Սակայն յաջորդ դէպքը, Աբրահամին պատասխանը կը ցնցէ բոլորս – ի՞նչպէս գիտնամ որ պիտի ունենամ:

Ուշադիր, նկատի առնենք հետեւեալը, Աբրահամ զաւակ ունենալու Աստուծոյ խոստումին հաւատաց, բայց հարցականի տակ դրաւ խոստացեալ երկիրը ժառանգելը: Ոեւէ մէկը կրնայ կարդալ Աբրահամի հարցումը եւ առաջին նայուածքով կրնայ ենթադրել որ Աստուած պիտի զայրանայ իր վրայ, իսկ Աստուծոյ պատասխանը զարմանք կը բերէ: Ան կը թելադրէ Աբրահամին որպէսզի արարողութիւն մը պատրաստէ, օրինաւոր համաձայնութեան մը համար որ այդ օրերուն ընդհանրացած էր: Տարբեր անասուններու մարմինները կիսել եւ ամէն մէկ կէսը միւսին հակառակ ուղղութեամբ դնել, որպէս թէ անցք մը կ’ըլլայ: Ասոր նպատակն էր, ուխտը կատարողը քալէ այդ անցքէն, ու եթէ խոստումը չկատարէ, ինք պիտի ըլլայ կտրուած այդ անասուններու կտորներուն նման:

Երբ առաջին անգամ կարդացի այս բացատրութիւնը, ենթադրեցի որ Աստուած այս տեսարանը կը պատրաստէ Աբրահամին համար, որպէսզի ան քալէ անասուններու կտորներուն մէջէն ցոյց տալով իր ամբողջական, կոյր հաւատքը Աստուծոյ վրայ, սակայն իմ զարմանքիս, հակառակը ճիշդ էր:

Ծննդոց 15-ը կը նկարագրէ մխած հնոց մը ու վառած ջահ մը այդ կտորներուն մէջէն կ’անցնի: Աստուած համաձայնութիւն մը, ուխտ մը կը կատարէր Աբրահամի հետ: Աստուած խոստումը կը կատարէր, մինչ Աբրահամ կը քնանար, ցոյց տալով ամէն ծանրութիւնն ու պատասխանատւութիւնը Իր ուսերուն վրայ էր, եւ ոչ Աբրահամի ջանքերուն, գործերուն վրայ:

Պահ մը կ’արժէ խորհիլ այս մասին, ոչ միայն Աստուած գործածեց այս համաձայնութեան կերպը խօսելու Աբրահամի կասկածներուն եւ մտահոգութեան, այլ Ինքզինք այդ «խաղին» մէջ դրաւ: Կարծես թէ Աստուած կ’ըսէր, եթէ չկատարեմ Աբրահամի կատարած խոստումս, ես պիտի դադրիմ գոյութիւն ունենալէ, Աստուած ըլլալէ:

Թէեւ Աստուծոյ խոստումը անհաւատալիօրէն բուռն էր, մենք դժուարութիւն կ’ունենանք հաւատալու: Այսուհանդերձ զարմանալիօրէն, այս է մեր Աստուծոյն բնութիւնը:

Ուրեմն հակառակ անորոշութեան, երբ մեր հաւատքը կ’ըսկսի նուաղիլ, յիշելու ենք թէ հաւատքը մեր ով ըլլալը չէ, հապա Աստուծոյ ով ըլլալն է: Նման Աբրահամի երբ ան ճանչցաւ Աստուծոյ հաւատարիմ բնութիւնը եւ ստացաւ Աստուծոյ ուխտն ու առաջնորդութիւնը դէպի խոստացեալ երկիրը: Մենք ալ ունինք առիթը մեր հաւատքը հաստատելու Տէր Յիսուսի վրայ, Ան մեռաւ մեզի մեղքէն փրկելու եւ անոր հետեւանքը եղող կորուստէն, Ան կ’առաջնորդէ մեզի, երթալու մեր յաւիտենական տունը:

Այս էր ու է Աստուծոյ վերջնական ծրագիրը մարդկութեան համար, բոլորիս համար:

Գաղատացիներու ուղղուած նամակով Առաքեալը կ’ըսէ, «Եթէ դուք Քրիստոսին էք, ուրեմն Աբրահամի սերունդն էք, ու խոստմունքին նայելով ժառանգներ», ուստի գիտենք, մենք ալ ժառանգորդ ենք Աստուծոյ անփոփոխ խոստումներուն, եւ այդ խոստումներէն մէկը Բ. Օրինացի մէջ կը գտնուի «Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքն Տէրն է, մի’ վախնար ու մի’ զարհուրիր»:

Ամէն բանի մէջ եւ ամէն ժամանակ Աստուած Իր ժողովուրդին առջեւէն կ’երթայ ու ճամբան կը պատրաստէ, ինչպէս որ հազարաւոր տարիներ առաջ կատարեց Աբրահամի համար:

Թող այս պատմութիւնը յիշեցնէ մեզի թէ, Աստուծոյ շնորհքը կ’երկարի այնքան որ մեզի առիթ կու տայ հարցնելու թէ ինչպէս Իր խոստումները պիտի կատարէ մեր անձնական կեանքերուն մէջ: Հաւանաբար Աբրահամի նման միշտ պատասխան կրնանք չունենալ, բայց կրնանք վստահ ըլլալ Աստուծոյ խոստումներուն, որոնք կը հասնին Իրեն ճանչցողներուն եւ Իր Որդին, Յիսուսը սիրողներուն:

Անայլայլ եւ անվարան կ’արժէ Աստուծոյ հաւատարմութեան ապաւինիլ, հոգ չէ թէ ինչ են պարագաները, որովհետեւ Իր խոստումները այո են եւ ամէն:

 

 

© 2021 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 29,  Թիւ 240

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).