Tag Archive for: Hope

Փառապանծ Յոյսեր

Երկու տարիներ, 2020–նն ու 2021-ը ետեւ մնացած են:

Արդեօք կ’ուզե՞նք վերատեսութեան ենթարկել այդ տարիները: Տարիներ լեցուն պրկումներով, քստմնումով, վախերով, ցնցումներով եւ անորոշութիւններով—ժահր, գողութիւն, մարդասպանութիւն, Արցախեան պատերազմ, մահեր, կասեցուած տնտեսութիւն, արգելափակուած վիճակ, ցոյցեր, ու քաղաքական պայքար, պարզապէս կը թուենք քանի մը հատը:

Կարծես թէ այդ երկու տարիները ի յայտ բերին մարդոց լաւագոյնն ու յոռեգոյնը: Լաւագոյն ժամանակներ էին աղօթքի, յարաբերութեան, վկայութեան եւ բարի գործերու. Միեւնոյն ատեն՝ յորեգոյն ժամանակներ էին տունը բանտարկուելու, սահմանափակ երուզերի, հեռաւորութիւն պահելու եւ դիմակով պտտելու, ստիպողաբար ունենալով տարօրինակ ապրելակերպ մը:

Հակառակ քաոսային վիճակներուն ու բացասական երեւոյթերուն, Նոր Տարուան, 2022-ի համար յոյս ունիմ:

Նախ կ’ուզեմ յստակացնել թէ յոյս ուր չեմ դներ: Ոչ քաղաքական լուծումներու, ոչ տնտեսական դրական տեղաշարժերու, ոչ մարմնական առողջութիւններու եւ ոչ ալ ազգային կամ եկեղեցական տպաւորիչ լուրերու վրայ: Անշուշտ քաղաքականութիւնը իր տեղն ու ընթացքը եւ որոշ ազդեցութիւնը ունի մեր կեանքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական, մարմնաւոր, ազգային ու եկեղեցական բարի տեղեկութիւնները: Սակայն ճշմարիտ յոյսը պարագաներէն եւ մարդկային զգացումներէ վեր է, կու գայ վերէն, Աստուծմէ:

Թերեւս վախի մէջ կը գտնուինք, Նոր Տարին բացայայտ բան մը չունի, ամէն բան գոց է ու տարտամ: Եսայ. մարգարէն 41:10-ով կ’ըսէ, «Մի’ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ, մի’ զարհուրիր, վասնզի ես քու Աստուածդ եմ, քեզ պիտի զօրացնեմ եւ քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ»:

Կ’ըսեն թէ «մի վախնար»ը Աստուածաշունչին մէջ յիշուած է 365 անգամներ, այսինքն տարուան ամէն մէկ օրուան համար, ի բացառեալ նահանչ տարիէն: Բայց այս խոստումները «կիֆդ քարթի» (gift card) նման են, թերեւս տօնական օրերու եւ այլ առիթներով ստացար: Շատեր մոռնալով զանոնք չեն գործածեր: Տեղեկութիւններու համաձայն անցեալ տարուան ընթացքին երեք պիլիոն արժող քարթեր չեն գործածուած:

Նման կիֆդ քարթերու, Աստուծոյ խոստումները ազդեցութիւն չեն ունենար մեր կեանքերուն վրայ, եթէ զանոնք չգործածենք: Եւ Աստուծոյ խոստումներէն «գործածելու» կերպը, պարզապէս վստահութիւն ունենալ է, թէ Ան Իր խոստումը պիտի պահէ ու կատարէ:

Վստահ եմ որ դուն Աստուածաշունչէն խոստումներ ունիս, որոնց կը կառչիս, որոնք առօրեայ հացի նման եւ գուցէ աւելի կեդրոնական տեղ ունին քու կեանքիդ մէջ: Իմ նախասիրածներէս մէկը կը գտնուի Երեմ. 29:11-ի մէջ, «Քանզի ես ձեր վրայով խորհած խորհուրդներս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, անոնք ձեր յուսացած վախճանը ձեզի տալու համար խաղաղութեան խորհուրդներ են եւ ոչ թէ չարիքի»:

Չափազանց կը սիրեմ երբ Աստուած զարմանալի կերպով կ’ըսէ, «խորհած խորհուրդներս գիտեմ»:

Իրողութեան մէջ ամենակարող Աստուծոյ նոյնիսկ սլացող խորհուրդ ունենալը իմ մասիս պապանձեցնող է: Աստուած չըսէր «Ներկայիս խորհուրդ մը գիտեմ քու մասիդ», հապա կ’ըսէ «գիտեմ խորհուրդներ, որոնք կը խորհիմ քու վրայովդ»:

Արդեօք քանի՞ խորհուրդներ են: Աստուածաշունչի համաձայն, աւելի են քան ծովեզերքի աւազի հատիկները, «Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են» Սաղմ. 139:18:

Սակայն կը հարցնեմ, Աստուած ինչպի՞սի խորհուրդներ կը խորհի իմ մասիս: Ան կը վստահեցնէ ինծի թէ այդ «խորհուրդները խաղաղութեան խորհուրդներ են եւ ոչ չարիքի», խորհուրդներ տալու ապագայ եւ յոյս:

Տարիներ առաջ առաջին զաւակս փոքր էր եւ միասին խաղալիքներու խանութ մը այցելեցինք, աջ ու ձախ նայելէ ետք ըսաւ, հայրիկ, ինչու իմ փոխարէն դուն չես որոշեր: Իր խօսքը սիրտս ջերմացուց, եւ ինծի համար մեծ հաճոյք էր զաւկիս տալու լաւագոյնը: Խորհեցայ որ իմ տուածս իր ընտրածէն աւելի լաւ պիտի ըլլար:

Երբեմն վախով ու կասկածով լեցուած կ’ըլլանք նմանօրինակ բան մը Աստուծոյ ըսելու: Որովհետեւ կը խորհինք թէ Աստուած կծծի է ու կոշտ, եւ կ’ուզէ մեր կեանքերը քանդել, մինչ հակառակը շատ աւելի ուղիղ է:

Աստուած մեր վրայ չէ բարկացած, Ան մեզի կը սիրէ եւ Իր ծրագիրը մեզի համար աւելի գերազանց է քան մեր ծրագիրը:

Հաւանաբար Աստուծոյ փափաքը տարին սկսելու, մեզի համար ըսենք, «Ով հայր, դուն ընտրէ ինծի համար»:

Չեմ գիտեր այս Նոր Տարին ինչեր ունի իր մէջ, մէկ բան յստակ է ու բացորոշ, իմ երկնաւոր Հայրս գիտէ:

Եկէք չվախնանք, անորոշ օրերը վստահինք Աստուծոյ:

Կարդացած եմ Աստուածաշունչի վերջին էջը: Վերջաւորութեան ամէն բան լաւ է, որովհետեւ Աստուած ապագայ մը եւ յոյս մը ունի մեզի համար:

Վստահօրէն կ’ըսեմ, ես յոյս ունիմ այս տարուան համար, ունիմ փառապանծ յոյսեր, միշտ ապաւինելով մեր հզօր Աստուծոյն:

 

© 2022 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 30,  Թիւ 243

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).