Tag Archive for: Pastor Dikran Shanlian

Յիսուսի Մօտեցումը

Յովհ. 2:15, Յովհ. 3:17

Ի՞նչ է հոգեւոր հասունութիւնը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը:

Աշխարհի վրայ, շատ մը եկեղեցիներէ ներս եւ դուրս բազմաթիւ հաւատացեալներ կան, որոնց մեծամասնութեան մէջ հոգեւոր հասունութիւն չ’երեւիր:

Իր օրերուն Տէր Յիսուս պէտք ունէր եւ այսօր ալ պէտք ունի հասուն աշակերտներու:

Հրեայ րապպիներ, ուսուցիչներ իրենց կրօնական գիրքերով գիտութիւն ջամբելէ աւելի, կը փափաքէին իրենցմէ բաժին մը դրօշմել իրենց աշակերտներուն վրայ:

Տէր Յիսուս ալ նոյնանման տեսիլք մը ունէր Իր աշակերտներուն համար (Ղուկ. 6:40): Թէեւ Ան չէր պատկաներ մտքի աւանդական դպրոցին, սակայն հետեւեցաւ րապպայական օրինակին փափաքելով որ Իր հետեւորդները ոչ միայն ունենան Իր գիտութիւնը, հապա նաեւ Իր կեանքն ու սիրտը:

Սակայն կը հարցնենք, ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուս Քրիստոսի նմանիլ: Որո՞նք են այն մօտեցումները, որոնք կը հաստատեն թէ մենք Իր ժողովուրդն ենք:

Եկէք փորձ մը կատարենք, որպէսզի բացայայտուի մեր հասկացողութիւնն ու մօտեցումը, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «կերպարանակից ըլլալ» (Հռովմ. 8:29):

Ճիշդ է թէ սխալ – Մէկը որ Յիսուս Քրիստոսի նման է .—

Անչափելի համբերութիւն կ’ունենայ, բարկութիւն չունենար, կը մերժէ բացասական ըլլալ, բոլորին կը ներէ, բոլոր ճշմարտութիւնը միշտ կ’ըսէ, միշտ ժպտուն կ’ըլլայ, բոլորին մասին դրական կը խօսի, փախումներէ կը խուսաբի, բոլորին հետ խաղաղութեան մէջ կ’ըլլայ: Արդեօ՞ք յիշեալները մեզի Քրիստոսի նման կ’ընե՞ն:

Իմ համեստ մօտեցումովս բոլորն ալ սխալ են: Սակայն անհրաժեշտ է այս բոլորը չանտեսել: Եթէ զգոյշ եւ ուշադիր չըլլանք, կրնանք սխալ խորհուրդներ ունենալ մեր Տէրոջ հանդէպ, որպէս թէ պարտէզի մը մէջ դրուած «Բարի Հովիւին» արձանին կը նայինք:

Յիսուսի շատ մը մօտեցումները .—

Աւետարանի արձանագրութիւնները կը յստակացնեն որ մեր Տէրը համբերութեան մէջ անսահման չէր: Երկու տարբեր առիթներով կը տեսնենք այդ (Յովհ 2:15, Մտթ. 21:12): Իրեն համար ընկերակիցներէն շատեր եսակեդրոն մօտեցումներ ունէին (Մտթ. 20:20-28), եւ կրօնական առաջնորդներու մարդոց չարաշահումը դիմագրաւեց (Մտթ. 23:1-39):

Թէեւ Յիսուս բնաւ չի ստեց, բայց ամբողջ ճշմարտութիւնը չըսաւ անոնց, որոնք պատրաստ չէին լսելու (Յովհ. 2:24, Մտթ. 13:10-15): Ան միշտ ալ ուրախ չէր (Եսայ. 53:1-4), երբեմն լացաւ (Ղուկ. 19:41): Յիսուս խնամք եւ հոգատարութիւն ցոյց տուաւ նոյնիսկ Իր թշնամինրուն, սակայն միշտ ալ յատուկ գութ ունէր անկարողին, տառապողին, նեղութեան մէջ եղողին հանդէպ, որոնք Զինք կը սիրէին (Ղուկ. 6:27-36, Յովհ. 14:21-23):

Որոշապէս ոչ մէկը կրնար սխալով մեղադրել Անոր, բայց ինք մեղաւորներու հետ ժամանակ անցուց (Ղուկ. 7:34-39): Մերժեց անբարոյ մարդոց դատապարտել, եւ Իր ամենազօրաւոր քննադատութիւնը կրօնական առաջնորդներուն էր, որոնք կանոնաւորաբար ուրիշները կը դատապարտէին (Յովհ. 3:17):

Իր հետեւորդները օրինակելի դասեցին Անոր մտային առողջութիւնը, բայց Իր թշնամիները մեղադրեցին թէ դեւ կայ Անոր մէջ, եւ Իր ընտանիքն ու ընկերները խորհեցան որ խենթացեր է (Յովհ. 10:20, Մրկ. 3:21):

Մէկ նախադասութիւն կը բացատրէ Իր մօտեցումը.—

Յիսուսի աշակերտներէն մէկը, քանի մը բառերով ամփոփեց իր Ուսուցիչին կեանքը: Յովհաննէսի մօտեցումով վարդապետը, որ փոխած էր իր կեանքը «շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն էր» (Յովհ. 1:14):

Մեր Տէրոջ ամէն մէկ մօտեցումը կապուած էր ուրիշներու հանդէպ ունեցած մտահոգութեամբ, բժշկեց, լացաւ, սորվեցուց, հանգստացուց, աղօթեց, լումայափոխներուն սեղանները քանդեց, կրօնական առաջնորդներուն դէմ կեցաւ, որովհետեւ հասկցաւ ուրիշներու պէտքերը եւ արտորաց հոգալու: Ան միշտ ալ ճշմարտութիւնը սիրոյ սրտով մը խօսեցաւ:

Իրմէ սորվելու կերպը.—

Յիսուս Քրիստոսի սեղանակիցները, խօսակիցներն ու Ձիթենեաց պարտէզ ընկերակիցները Աստուածաշունչի ուսուցումէն ու վարդապետութենէն աւելի բան մը ստացան: Անոնք Իր հետ ժամանակ անցնելով սորվեցան օրէնքին սիրտն ու հոգին: Ականատես եղան սքանչելի հրաշքներուն, կարճ պատմութիւններուն եւ բարի գործերուն, որոնք ծրագրուած էին ձեւաւորելու ոչ միայն իրենց մտքերը այլ նաեւ սրտերը: Փոքր դողդոջուն, տատանող քայլերով սորվեցան մարդոց սիրել դրամէն, դիրքէն ու զօրութենէն աւելի: Տաճարի աստիճաններուն, փոշոտ ճամբաներուն եւ փոթորկոտ նաւուն վրայ եղողներ տեսան եզակի մօտեցումներ, որոնք կը կամրջէին երկինքն ու երկիրը: Անոնք Իր աչքերուն մէջ տեսան ոչ միայն Իր Հօրը պատկերին ցոլացումը, նաեւ Իր սիրած մարդոց պատկերը:

Ներկայիս տակաւին կը սորվինք Իր մօտեցումներուն մասին, ինչպէս որ Իր աշակերտները սորվեցան: Աւետարաններու պատուհաններով կը դիտենք ուսուցիչներու Ուսուցիչին, Ան հաւաքելով Իր աշակերտները կ’ըսէ, «Երանի անոնց, որոնք կը տեսնեն իրենց հոգեւոր պէտքը, կը սգան իրենց եսակեդրոնութիւնը, որոնք իրենց սրտերը Աստուծոյ կը յանձնեն…» (Մտթ. 5:1-10):

Պօղոս առաքեալ ալ նոյն մօտեցումը տարբեր բառերով ներկայացուց երբ գրեց «բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք: Միայն անձերնուդ շահը մի նայիք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ: Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր (Փիլ. 2:3-5):

Հոգեւոր հասունութիւնը շիտակ բաները ընել սորվելէ աւելի է: Աւելի տարբեր է հարցնելէն, «եթէ Յիսուս ըլլար ի՞նչ պիտի ընէր»: Քրիստոսանման մօտեցումներ ունենալը կը պահանջէ հարցնել, «Որո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար պիտի հոգամ»:

Հին, հին խօսք մը կայ որ կրկնուելու արժանի է .—Ուրիշներու հոգը չէ որքան գիտենք, մինչեւ ցոյց տանք մեր հոգատարութեան չափը:

 

© 2020 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 28,  Թիւ 236

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA). 

 

 

Ապրիլ Անոր Սիրով

«Ուրեմն Ո՞վ Պիտի Զատէ Մեզ Քրիստոսի Սէրէն…» – Հռովմ. 8:35

 

Ահաւասիկ ճակատագրական հարցում մը, որուն ամէն մարդ պատասխանելու է, նամանաւանդ ամէն Հայ:

Ապրիլ ամիսը մեզի կ’առաջնորդէ երկու ճամբորդութիւններու, մէկը դէպի Գողգոթա եւ թափուր գերեզման, որուն փոքրաթիւ հայորդիներ կարեւորութիւն կ’ընծայեն, իսկ երկրորդը աւելի մասսայական ազդեցութիւն ունի եւ մեզի կը տանի Պոլիս, Տէր Զօր, Ատանա եւ այլ Կիլիկիոյ եւ պատմական Հայաստանի տարբեր գաւառները: Ազգովին կը յիշենք, կը հաղորդուինք, կ’որոշենք եւ կը վճռենք թէ պիտի ապրինք: Թուրքը ծրագրեց բնաջնջել մեզ. այսօր կ’ուզենք ապրիլ. բայց ինչպէ՞ս … ապրինք Քրիստոսի սիրով:

Առաքեալներէն սկսեալ սուրբերու մեծաթիւ բանակը ասպարէզ կարդացած է զինք Քրիստոսի սէրէն բաժնելու ձգտող վիճակներուն: Առաքեալը կարելիութիւններ կը յիշէ, որոնք հարցականով ներկայացուած կու տան բացասական մտքեր ու անկարելիութիւններ:

Ո՞վ կրնայ զատել…Տառապանքը, ո՛չ, բայց վայելքը, այ՛ո: Նեղութիւնը, ո՛չ, բայց հանգիստը, այ՛ո: Մերկութիւ՞նը, ո՛չ, պերճանքը, այ՛ո: Վտա՞նգը, ո՛չ, բայց ապահովութիւնը, այ՛ո:

Արդեօք ի՞նչ բանը կը զատէ քեզ Քրիստոսի սէրէն. կ’արժէ խոկալ, բազկերակը քննել, ամբողջական անձնաքննութիւն մը կատարել ու տալ ճշգրիտ եւ արդար պատասխան:

Փոքր չէ թիւը անոնց, որոնք կ’աղաղակեն երէկի իրենց սէրն ու նուիրումը կորսնցուցած ըլլալու խղճահարութեամբ:

Երէկ աղօթքի մրմունչներ քուլայ-քուլայ կը բարձրանային վեր, դէպի երկինք, մինչ այսօր աշխարհիկ, թրքաոճ «նորոյթ» երաժշտութիւնը գրաւելով Հայ տուներու բոլոր բաժինները նաեւ կ’անձրեւէ փողոց տուներէն եւ ինքնաշարժներէն:

Երէկ պաղատագին կ’աղօթէինք, «Տէր մեր ամէն օրուան հացը մեզի տուր», կ’ապրէինք Աստուծոյ եւ երկինքի շատ մօտ: Այսօր, ճոխ  ու փարթամ սեղաններու առջեւ արդէն գիտենք թէ փոքր եւ խոշոր մարգէթները կենսատու աղբիւրներն են մեր բարիքներուն. այդ իսկ պատճառով մեր մտածումներն ու խօսակցութիւնները կը դառնան շուկաներու եւ գիներու շուրջ, իսկ մեր անօթի հոգիները կը տառապին ճոխ սեղաններու ետին:

Երէկ Թուրքին եաթաղանին առջեւ Յիսուսի համար նահատակուելու պատրաստակամ հաւատացեալներ՝ այսօր աշխարհսիրութեամբ գինովցած պաշտամունք կը մատուցենք նիւթական երեւոյթներու:

Ի՜նչ հսկայ տարբերութիւն…երէկ եւ այսօր, Քրիստոսի սիրով ու Քրիստոսէ հեռու:  Մռնչող առիւծի նման յարձակող կատաղի սատանան, այսօր կ’ընտրէ խաղաղ թափանցումի ճամբան, խորամանկ քաղաքականութեան իր հին մեթոտին:

Այսօր բազմաթիւ վիճակներ կը զատեն մեզ Քրիստոսի սէրէն ու Քրիստոսի սէրը ճաշակողներէն: Մեր հայրերն ու մայրերը ամէն բան աղտեղութիւն սեպեցին, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց Քրիստոսին, իրենց Սիրոյն:

Սատանան կը ջանայ ու յաճախ կը յաջողի սուրբերու զգայարանքներէն ընդդիմութիւնը տկարացնել ներարկելով աշխարհսիրութեան շիճուկը ու մտքին հրամցնելով նոր, կործանարար ըմբռնումներ եւ տեսութիւններ, որոնք ճակատագրական  աղէտաբեր դեր կը կատարեն անհատական եւ հաւաքական կեանքերէն ներս:

Աստուծոյ առջեւ ինքնաքննութեամբ պիտի տեսնենք թէ շատ մը ճակատներու վրայ պարտութիւն կրած ենք: Աստուածպաշտութեան մեր բարձունքը լքուած է, սրբութեան պատնէշները քանդուած են, հաւատքի ամրոցները կործանած են ու աւերի մատնուած է մեր սիրոյ եւ նուիրումի դրօշակը: Այսօր չարը անտարբերութեան մատնած է մեզ, եւ խաղաղ թափանցումով յաջողած է ինչ որ ձախողած էր պայքարով իրականացնել:

Ուրեմն զգոյշ, կեանքի խաղաղ պայմանները թմրութեան թող չառաջնորդեն մեզ ու հեռացնեն Քրիստոսի սէրէն:

Թող այսօր ամէն բան ծառայէ աւելի սիրելու Քրիստոսին, նուիրուելու եւ ծառայելու Իրեն:

Քեզ սիրող ու քեզի համար խաչափայտին վրայ Իր արիւնը թափող Տէրը ոեւէ անձէ ու որեւէ բանէ աւելի արժանի է քու անսակարկ սիրոյդ եւ նուիրումիդ:

 

© 2020 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 28,  Թիւ 235

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).