Աստուած Մեզի Հետ
Մատթ. 1:21-23
Մարդը միշտ ալ օգնութեան պէտք ունի: Օգնութեան պէտք ունինք, գնումներու, փոխադրութեան, գործի, դասի, ուղղութեան եւ որոշումներու մէջ: Ծնողը զաւկին, զաւակը ծնողին, հարեւաններ, ընկերներ եւ բարեկամներ, բոլորս ալ ձեւով մը օգնութեան պէտք ունինք:
Մեր նախկին տան փողոցին վրայ, ճիշդ մեր տան դիմաց Ամերիկացի հանգստեան կոչուած հրշէջ մը կ’ապրէր: Օր մը դուրսը հով ու փոթորիկ էր, պատուհանէն դուրս կը դիտէինք, յանկարծ նկատեցինք այդ յաղթանդամ մարդը գետին ինկած է, շարժելու անկարող եւ օգնութիւն կ’աղերսէ:
Նաեւ տեղեակ եմ մեր երիտասարդուհիներէն ոմանք իրենցմէ փոքրերուն կ’օգնեն, դաս կը սորվեցնեն: Հրէական կրօնական դրութիւնը որոշ տեսակէտներ ունէր Աստուծոյ օգնութեան վերաբերեալ – թէ Աստուած կրնայ Հռովմիական լուծէն զիրենք ազատել եւ իրենց հարազատ թագաւորական իշխանութիւն մը հաստատել: Մեսիան կը կործանէ աշխարհը, կ’առաջնորդէ Հրեաներու զօրութեան զինուորական կամ տնտեսական ճամբով:
Դուն ինչպէ՞ս կ’ուզես որ Աստուած օգնէ քեզի: Մատթէոս աւետարանիչ կը յայտարարէ Աստուծոյ առաքելութեան նպատակը, ցոյց տալով թէ «Յիսուս» անունը կը նշանակէ «Փրկիչ»: Ուրեմն Յիսուսի ծնունդի նպատակը փրկել է, բայց ինչպէ՞ս պիտի պատահի. ինչպէ՞ս կ’ակնկալես որ Աստուած օգնէ քեզի: Աստուածաշնչական համարները այս բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ այլ տեղեր ցոյց կու տան փրկութեան կերպը Իր «ներկայութեամբ» է: Յիսուսի ծնունդը Աստուծոյ ներկայութիւնը մեզի մօտ կը բերէ: Ահաւասիկ միակ խոստումը որ Աստուած կ’ընէ իրեն հաւատացողներուն: Աստուած Իր ներկայութեամբ երեք կերպերով կ’օգնէ մեզի.-
Ա- Հաղորդակցութիւն ստեղծելով.-
Աստուած փափաքեցաւ մարդկութիւնը փրկել, որպէսզի հաղորդակցութիւնը զոր խզուած էր մեղքի պատճառով, վերահաստատէ: Այս հաղորդակցութեամբ Աստուած ցոյց կու տայ Իր սէրը մեզի հանդէպ, թէ մեզի համար լաւագոյնը ծրագրած է. Ան կրնայ մեր վախերն, ցաւերն ու կասկածները լուծել, դարմանել: Շատեր կը զգան թէ անկարողութիւն ունին հաղորդակցելու Աստուծոյ հետ, որ հեռու, անտեսանելի եւ սուրբ է: Սակայն որոշապէս կրնանք հաղորդակցիլ, կրնանք բաժնեկցիլ ու պատմել Իրեն մեր ցաւերը, պայքարները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները: Մենք կրնանք Աստուծոյ հետ խօսիլ, Անիկա մեզի մօտ է:
Բ- Նշանակութիւն տալով.-
Իր ներկայութիւնը մեր գոյութեան նշանակութիւն կու տայ: Յաճախ կեանքը կը թուի ըլլալ ոչ արդար եւ ոչ շիտակ, անմեղներ կը տառապին, մարդիկ իրարու կը սպաննեն, գինով մը շատերու մահուան պատճառ կ’ըլլայ, մեղքը ամէն կերպով արդարացուած է ու ամէն տեղ մուտք կը գործէ: Եկեղեցական խումբ մը երիտասարդներ համագումարէն կը վերադառնան եւ արկածի հանդիպելով վեց երիտասարդներ կը մահանան: Տարուան ամենէն ուրախ ժամանակաշրջանին մէջ ենք, ինչո՞ւ այսպէս տխուր լուրեր եւ դէպքեր: Ասոնք Քրիստոսի աշխարհ գալուն պատճառներն են: Իր գալուստը նշանակութիւն եւ նպատակ կու տայ այս բոլորին: Ան ստացաւ սատանային ամենէն զօրաւոր հարուածը եւ եկաւ յայտարարելու թէ կ’արժէ կեանքը ապրիլ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Ան եկաւ անձնապէս ապրեցաւ այս կեանքին մէջ: Երկրին ուղղութիւնը կը փոխուի, մարդը իր գոյապատճառը կորսնցուց: Ան եկաւ ապացուցանելու որ կ’արժէ կեանքը ապրիլ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Ի՜նչ ի՜նչ նպատակներով Աստուած ընտրեց ընելու մարդը ինչպէս որ է, սահմանափակ, տառապող եւ ենթակայ ցաւերու եւ մահուան:
Գ- Փրկութիւն հայթայթելով.-
Աւետարանիչը գրեց թէ Յիսուսի ծնունդը փրկութիւն պիտի բերէ: Իր ներկայութիւնը կ’ըլլայ քարտէսը գտնելու իրականութիւնը: Իր ներկայութեամբ Ան կ’ըլլայ օրինակը ցոյց տալու թէ ինչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ եւ թէ ինչ կը նշանակէ Աստուած ըլլալ: Բարի լուրը ոչ միայն պէտք է հռչակուի այլ նաեւ ապրուի: Յիսուս հռչակեց ու ապրեցաւ, որովհետեւ Ինքն է բարի լուրը: Ինչպէ՞ս կ’ուզես որ Աստուած օգնէ քեզի: Ան Իր ներկայութեամբ ձեռքէդ կը բռնէ, ծանրութիւններդ կը կրէ, երբեմն ալ գիրկը կ’առնէ, միշտ ցոյց տալով Իր անփոխարինելի ներկայութիւնը:
© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25, Թիւ 225