Տիեզերական Տագնապ

Սաղմոս Բ.

 

Ստեղծագործութեան առաջին պահերէն սկսած են տարբեր տեսակի եւ տարբեր տարողութեամբ տագնապներ, ըլլայ այդ անձնական կամ հաւաքական կեանքի մէջ:

Քննական ակնարկ մը պտտցնելով երկրորդ սաղմոսին վրայ, հետաքրքականօրէն մեր առջեւ կը բացուին ուշագրաւ ճշմարտութիւններ:

Առաջին սաղմոսը կը շեշտէ Աստուծոյ օրէնքը, իսկ երկրորդը կը կեդրոնանայ մարգարէութեան վրայ: Առաջին սաղմոսով ժողովուրդը Աստուծոյ օրէնքին կը հաճի, իսկ երկրորդ սաղմոսի ժողովուրդը կ’ըմբոստանայ: Առաջին կը’սկսի երանի-ով, իսկ երկրորը կը վերջանայ երանի-ով:

Առաջին սաղմոսը նոր կտակարանին մէջ չէ մէջբերուած, մինչ երկրորդը նուազագոյն 17 անգամներ, ոեւէ սաղմոսէ աւելի մէջբերուած է եւ կամ ակնարկութիւններ եղած անոր (Մատթ. 3:17, Մարկ. 1:11):

Ասիկա Մեսիական սաղմոս է, այսինքն կ’ակնարկէ Յիսուսին: Միեւնոյն ժամանակ թագաւորական սաղմոս մըն է, կ’ակնարկէ հրեայ թագաւորի թագադրումին եւ կարգ մը ազգերու ըմբոստութեան, յուսալով որ ազատութեան պիտի տիրանան:

Իսրայէլ Աստուծոյ կողմէ կառավարուած էր մարգարէններով եւ դատաւորներով, մինչեւ այն ատեն երբ թագաւոր ուզեցին: Երբ շատ պնդեցին Աստուած կարգադրութիւններ ըրաւ:Սաւուղ չէր նշանակուած որպէսզի գահատոհմ հաստատէ, որովհետեւ թագաւորը գալու էր Յուդայէ (Ծննդ. 49:10), իսկ Սաւուղ Բենիամինի ցեղէն էր: Աստուծոյ ընտրածը Դաւիթն էր, որմէ ալ Մեսիան աշխարհ պիտի գար: Սակայն այս սաղմոսը Դաւիթէն ու անոր յաջորդներէն աւելի անդին կ’երթայ եւ կը խօսի տիեզերական թագաւորութեան մը մասին, որ յաւիտենական է, եւ այս կրնայ իրականանալ միայն Դաւիթի որդիով, Յիսուս Քիրստոսով:

Կարգ մը սաղմոսներ կը տեսնես (114), ոմանք կը զգաս (22) իսկ այս սաղմոսը կը լսես: Չորս ձայներու արձանագրութիւնը կայ այստեղ:

Ա. Դաւադրութիւն – ազգերու ձայնը (1-3)

Դաւիթ երբ հարցումը հարցուց, «ինչո՞ւ», ան չակնկալեց պատասխան, որովհետեւ պատասխան չկայ: Զարմանքի արտայայտութիւն է: Երբ նկատի կ’առնես Աստուծոյ կատարածները ազգերուն, անոնք ինչպէս կրնան ըմբոստանալ ու դաւադրել իրեն: Աստուած հայթայթած է անոնց կենսական պէտքերը, առաջնորդած է տարբեր կերպերով, կենդանի պահած է, փրկիչ մը ղրկած է ներումի եւ յաւիտենական կեանքի համար:

Հակառակ այս բոլորին, Բաբելոնի աշտարակէն սկսեալ (Ծննդ. 11) մինչեւ խաչելութիւն եւ Արմակեդոնի պատերազմը, Աստուածաշունչը կ’արձանագրէ մարդուն յիմար ընբոստութիւնը Ստեղծիչին կամքին դէմ: Թագաւորներ եւ իշխաններ դաւադրութիւններ կ’ընեն, կ’ուզեն կտրել այն կապերը, որոնք Աստուած հաստատած է իրենց լաւութեան, բարիքին համար:

Պատկերը յամառ, գազանացած անասունն է, որ կը փորձէ կապերը կտրել: Բայց փորձերը ի զուր են, որովհետեւ միակ, իրական ազատութիւնը կու գայ ենթարկուելով Աստուծոյ: Ազատութիւն առանց իշխանութեան (մեր օրերու վիճակները) տակնուվրայութիւն է, եւ տակնուվրայութիւնը կը քանդէ:

Ամէն մէկ անձի առաջին պարտականութիւնն է, ոչ թէ գտնել իր ազատութիւնը, այլ գտնել եւ ունենալ իր Տէրը:

Այս ընբոստութիւնն ու դաւադրութիւնը ձեւական եւ երեւակայական բան մը չէ, հապա հակառակիլ է ու դիմադրել Մեսիային, Յիսուս Քրիստոսին: Այս ազգերը մէկ բանի շուրջ կը համաձայնին, «Չենք ուզեր որ անիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ» (Ղուկ. 19:14):

Յիսուս ըսաւ թէ աշխարհ Իրեն կ’ատէ եւ հետեւողներուն ալ պիտի ատէ:

Սխալ իշխանութիւնը ոյժով է, իսկ ճշմարիտը արդարութիւնով: Սխալը ապականութիւն, ողբերգութիւն կը ժահէ, իսկ ճշմարիտը, բարի, օրհնեալ արդիւնքներով յղի է: Սխալը անպայման, ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է կործանելու, իսկ ճշմարիտը յաղթանակի եւ պատիւի կ’առաջնորդէ:

Բ. Ծաղրանք – Հօր Աստուծոյ ձայնը (4:6)

Երկինքի խաղաղ մթնոլորտը ամբողջութեամբ կը հակասէ երկրի աղմկոտ տեսարանին, որովհետեւ Աստուած ոչ մտահոգուած է եւ ոչ ալ վախցած, մինչ յունաւոր մարդը անխոհեմ գործեր կը կատարէ: Աստուած միայն կը ծիծաղի: Վերջ ի վերջոյ երկրի ամենէն հզօր անձերը խոտի պէս են, որոնք պիտի կտրուին:

Ներկայիս Աստուած Իր շնորհքով կը խօսի ազգերուն հրաւիրելով որպէսզի Իր Որդիին, Յիսուսի վստահին, բայց օրը պիտի գայ, երբ Աստուած բարկութիւնով ու սարսափելի դատաստաններով պիտի խօսի:

Աստուած էր որ Դաւիթի տուաւ գահը Սիօնի մէջ, եւ Աստուած էր յաղթանակներով առաջնորդողը, որպէսզի ան կարենայ Իսրայէլի թշնամիները պարտութեան մատնել: Ասիկա փոքր պատկեր մըն է աւելի մեծ թագադրումի մը:

Աստուած կը յայտարարէ թէ միայն մէկ օրինաւոր թագաւոր կայ եւ այդ Իր Որդին է, որ հիմա փառքի մէջ է: Յիսուս Քրիստոս թէ թագաւոր է եւ թէ քահանայ Մելքիսեթեկի կարգին պէս:

Այսօր Իսրայէլ թագաւոր չունի, բայց երկնային Սիօնի մէջ թագաւորը թագադրուած է: Եթէ կը ձախողինք Յիսուս Քրիստոսը տեսնել այս սաղմոսին մէջ, պատգամը ամբողջութեամբ կը կորսնցնենք: Իր մահը (1-3), յարութիւնը (7), համբարձումը ու փառաւորուիլը (6), Իր վերադարձն ու արդար իշխանութիւնը (8-9):

  Գ. Յաղթութիւն – Որդիին Ձայնը (7-9)

Գահակալ Թագաւորը հիմա կը խօսի, կը յայտարարէ ինչ որ Հայրը ըսած է Իրեն «Հրամանը պիտի պատմեմ»: Աստուած կ’իշխէ ստեղծագործութեան վրայ: Ան ոչ կարծիք եւ ոչ ալ քուէ կը փնտռէ: Աստուծոյ հրամանագիրը անսխալական է ու արդար: Հայրը խոստացաւ Որդիին ամբողջական յաղթանակը ազգերուն վրայ:

Հին օրերուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, թագաւորները աստուածներու որդիներ կը նկատուէին, բայց Յիսուս Քրիստոս իսկապէս Աստուծոյ Որդի է: Օր մը սատանան առաջարկեց այս պատիւին փոխարէն երկրպագուիլ, բայց Յիսուս մերժեց: Յիսուսի իշխանութիւնը պիտի ըլլայ արդար ու հաստատ, եթէ դիմադրեն ու հակառակին բրուտէ ամանի նման պիտի փշրէ զանոնք:

Յիսուս Աստուած է, Յիսուս թագաւոր է եւ Յիսուս միշտ յաղթական է:

Դ. Առիթը – Սուրբ Հոգիին Ձայնը (10-12)

Աստուծոյ հրամանագիրը, խոստացեալ դատաստանի եւ Որդիին յաղթական թագադրումին լոյսին տակ, մարդոց իմաստուն քայլը կ’ըլլայ, յանձուիլ եւ վստահիլ Քրիստոսին: Ներկայիս Աստուծոյ հոգին կը խօսի մարդկութեան եւ կ’աղաջէ ապաշխարելու եւ Փրկչին դառնալու:

Ուշադիր, Հոգին նախ թագաւորներուն եւ առաջնորդներուն կը խօսի, ապա 12րդ համարով բոլորին: Նախ մեծերուն, որովհետեւ անոնք իրենց կառավարման կերպին համար հաշուետու են Աստուծոյ: Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ է, որովհետեւ առաջնորդները դէմ են:

Ճշմարիտ հաւատացեալներ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ ունենալ վախ եւ ուրախութիւն իրենց սրտերուն մէջ: Տիրոջը սէրը մեղանչական վախը կը հեռացնէ եւ աստուածային վախը կը կատարելագործէ: Նաեւ կը դիմէ սրտին, որպէսզի ենթարկուող սէր եւ նուիրում ունենայ:

Հին օրերուն թագաւորին հաւատարմութիւն ցոյց կու տային համբուրելով անոր ձեռքը կամ երեսը: Պէտք է ուշադիր ըլլալ, այս սիրող Թագաւորը առանց ազդարարութեան, կրնայ բարկանալ ու յայտնել իր սուրբ բարկութիւնը:

Առաջին սաղմոսը կը սկսի երանի-ով եւ երկրորդը կ’եզրակացնէ խոստացեալ երանի-ով, օրհնութիւնով բոլոր անոնց որոնք Որդիին կը վստահին: Այդ խոստումը այսօր ալ տակաւին ի զօրու է:

 

© 2023 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 31,  Թիւ 247

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).