Ժամանակն Է
3 Թագ. 22:7-8,13-14
Ժամանակը հասած է որ մեր մրափէն արթննանք: Ժամանակն է որ մեր նինջէն միապաղաղ եւ միօրինակ «Սթաթըս քո» վիճակէն դուրս գանք:
Իրար հաճոյ ըլլալու, իրար շոյելու այս երկար ձախաւեր վիճակէն դուրս գալու ենք որպէս Աւետարանականներ:
Ժամանակն է որ Աւետարանը, փրկութեան բարի լուրը քարոզենք, մեղքը յանդիմանենք ու Աստուծոյ հաճեցնելու եւ Իր կամքը կատարելու ետեւէն ըլլանք, ջանք ընենք:
Ներկայիս ժամանակն է որ Աւետարանական եկեղեցին արթննայ, եթէ ոչ կորսնցուցած կ’ըլլանք մեր գոյութեան պատճառը:
Մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին լսած ենք տարբեր լոզունքներ, որոնք տարածուած ու կրկնուած են ժամանակներու ընթացքին: Յաճախակի լոզունք եղած է, թէ՝ միութիւնը զօրութիւն է:
Սակայն, միութիւնը միշտ ալ զօրութիւն չէ:
Զօրութիւն չէ՝ երբ խառն լծակցութիւններ կան, ընտանիքը կը քայքայուի, ընկերութիւնը կը քանդուի: Զօրութիւն չէ՝ երբ անձը կը պաշտուի ու մարդահաճոյութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, վկայ աղանդներն ու մոլոր վարդապետութիւնները: Զօրութիւն չէ՝ երբ այդ միութիւնը մարդկօրէն կը կառավարուի, արուեստական է, անձնասիրական շահեր ու նպատակներ կը հետապնդէ, վկայ անցեալի Սովետական Միութիւնը եւ շատ մը երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու վիճակը:
Մարդը գոհացնելէ ու մարդուն հաճեցնելէ, այդ տխրահռչակ վիճակէն դուրս գալու նպատակով Աւետարանական առաջին հերոսները՝ մեր նախահայրերը, որոշեցին հետեւիլ Աստուածաշունչին՝ եւ ոչ թէ մարդուն, ճշմարտութեան՝ եւ ոչ թէ կեղծիքին ու մեղքին: Ճշմարտութեամբ ապրելու եւ գործելու համար, ժամանակն է որ Աստուածաշմչական առողջ ապրելակերպը իրականացուի ամէն հայու եւ մասնաւարաբար ամէն Աւետարանականի կեանքին մէջ:
Միապաղաղ ու գաղջ, մարդկային ու անպտուղ կեանքէն, խառն լծակցութենէն ազատելով, ապաւինիլ Անոր որ սկսած է մեր մէջ շնորհքի փառաւոր գործը: Երրորդ Թագ. Գիրքին մէջ կը նկարագրուի անհաւատներու հետ միութեան մը, լծակցութեան դէպքը, որ տկարութեան առաջնորդեց եւ ողբերգական վիճակներ ստեղծեց:
Զգոյշ…Աստուած միշտ ալ պատրաստ է տկարները գործածելու, բայց ոչ անմաքուրները:
Միութիւնը առանց ճշմարտութեան վտանգաւոր է, եւ սարսափելի հետեւանքներ կ’ունենայ:
Եկեղեցին սէր ու սրբութիւն թող շեփորէ, մինչ սէրը կը գրաւէ ու կը հրապուրէ, սակայն արթնութիւնը մեղսալից կեանքէն կը հեռացնէ միշտ դատապարտելով մեղքը ու բացայայտելով մեզի շնորհուած վերին կոչումը:
Աղջնակ մը աղօթեց, «Տէր, օգնէ ինծի որ կատարեմ ինչ որ կ’ուզես, եւ ինչ որ ուրիշներ կ’ուզեն որ կատարեմ»: Ահաւասիկ անկարելի աղօթք մը, Աստուած այս աղօթքին պատասխան չունի:
Անշուշտ դէպքերը ծանօթ են. հեթանոս Աքաաբ ունեցած էր Յովսափատ աստուածավախ թագաւորին օգնութիւնը: Միշտ ալ նման դաշնակցութիւններ կը վերջանան ամօթով ու պարտութեամբ: Ի՞նչ գործ ունի լոյսը խաւարին հետ:
Յովսափատ կ’ուզէր Տէրոջը մարգարէին հարցնել: Գիտակից ըլլանք որ կան մարգարէներ եւ կայ Տէրոջը մարգարէն: Աքաաբ ցոյց տուաւ Միքիան ու յայտնեց իր ատելութիւնը այդ Տէրոջ ծառային: Երբ ճշմարտութիւնը խօսիս աշխարհէն պիտի ատուիս ու գործակիցներդ վանողական դիրքաւորում պիտի ունենան քեզի հանդէպ: Read more