Աստուած Հզօր Է

Եսայ. 40:1-31

 

Մարգարէն ըսաւ անոնց եւ այսօր կ՚ըսէ մեզի «Ձեր աչքերը ձեր անձերէն հեռացուցէք ու նայեցէք մեծ, հզօր Աստուծոյն»։

Նման հին օրերու Իսրայէլին, երբ կը դիմագրաւես դժուար պարագայ մը, անկարելի ապագայ մը, անլուծելի, թնճկոտ հարց մը, պէտք է ընես ինչ որ իրենք ըրին, եւ յիշեցուր անձիդ թէ հզօր Աստուած մը ունիս։ Արդեօք դուն ո՞ւր կը տեսնես Անոր վսեմութիւնը։

Պէտք է ըսել եւ ընդունիլ որ Աստուած մեր պարագաներէն շատ մեծ է։

 

  Ա. Պարագաներ մեր ետեւն են.—1:11

Երբ Բաբելոնի մնացորդը ետեւ նայեցաւ, անոնք տեսան ձախողութիւն, յուսահատութիւն եւ մեղք, պէտք ունէին քաջալերութեան։ Ահա այդ պահուն չորս ձայներ լսուեցան, անոնցմէ ամէն մէկը յատուկ պատգամով, որոնք ուղղուած էին այս կարօտեալ ժողովուրդին։

 

ա. Ներումի Ձայնը.— 1-2 «Մխիթարեցէք Իմ ժողովուրդիս»

Ժողովուրդը մեծապէս մեղանչած էր Տէրոջը դէմ իրենց կռապաշտութեամբ, անարդարութեամբ, անբարոյականութեամբ եւ Իր պատգամաբերներուն դէմ անտարբերութեամբ։ Սակայն անոնք տակաւին Իր ժողովուրդն էին եւ որոշապէս Ան կը սիրէր զիրենք։ Աստուած թէեւ կը խրատէր, բայց չէր լքեր։

Աստուած խրատեց զիրենք։ Մենք պէտք չէ մեղք գործենք, անշուշտ գիտակցելու ենք որ Աստուած միշտ պատրաստ է ներելու, «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու, եւ մեզ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու» (Ա. Յովհ. 1:9):

 

բ. Նախախնամութեան ձայնը.— 3-5 «Տէրոջը Ճամբան պատրաստեցէք»

Հրեաներ մինչ վերադարձան Երուսաղէմ, տաճարը վերաշինելու, իրենց առջեւ դժուար ճամբայ ունէին, սակայն Աստուած իրենցմէ առաջ կ՚երթար, որպէսզի ճամբան պատրաստէ։ Այստեղ նկարագրութիւնն ու պատկերը դեսպանի պատկերն է, գալիք թագաւորին ճամբան կը պատրաստէ ու արգելքները կը վերցնէ։ Եսայեայ մարգարէութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք «ճամբայ» պատկերին։ Պէտք է ըսել թէ վերջինը Յովհաննէս Մկրտիչի ծառայութիւնն էր, մինչ ան Յիսուսի ծառայութեան համար ճամբան պատրաստեց։

Հոգեւորապէս խօսելով, Իսրայէլ  անապատին մէջ էր երբ Յիսուս եկաւ, Անոր գալովը Աստուծոյ փառքը եկաւ։

Դէպի ետ ճամբան այդքան ալ դիւրին չէ, բայց երբ Աստուծոյ կ՚ապաւինինք, աւելի կը դիւրանայ։

Read more

Zechariah Bible Study Questions Week 2

Զաքարիայ Մարգարէութիւն

 

Սերտողութիւն Հոկտեմբեր 4, Երեքշաբթի կ. ե. 7-ին

2րդ եւ 3րդ Գլուխները

 

  1. Ինչպէ՞ս կարելի է կիրարկել 2:1-5-ը Իսրայէլի ներկայ դէպքերուն:
  2. Ի՞նչ կը սորվիս Զաքարիայի իրիկուան 3 տեսլիքներէն:
  3. Տեսած ես սատանային գործը քու կեանքիդ կամ անձի մը կեանքի մէջ, որ կը ճանչնաս:
  4. Փորձութիւններէ անցնելու օգուտը ի՞նչ է:
  5. Ի՞նչ է նշանակութիւնը (3:4-5) «Աղտոտ հանդերձները ատոր վրայէն հանեցէք», «պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»:
  6. Ե՞րբ է որ մէկ օրուան մէջ Իսրայէլի մեղքերը պիտի վերցուին (3:9):