Աստուած Հզօր Է

Եսայ. 40:1-31

 

Մարգարէն ըսաւ անոնց եւ այսօր կ՚ըսէ մեզի «Ձեր աչքերը ձեր անձերէն հեռացուցէք ու նայեցէք մեծ, հզօր Աստուծոյն»։

Նման հին օրերու Իսրայէլին, երբ կը դիմագրաւես դժուար պարագայ մը, անկարելի ապագայ մը, անլուծելի, թնճկոտ հարց մը, պէտք է ընես ինչ որ իրենք ըրին, եւ յիշեցուր անձիդ թէ հզօր Աստուած մը ունիս։ Արդեօք դուն ո՞ւր կը տեսնես Անոր վսեմութիւնը։

Պէտք է ըսել եւ ընդունիլ որ Աստուած մեր պարագաներէն շատ մեծ է։

 

  Ա. Պարագաներ մեր ետեւն են.—1:11

Երբ Բաբելոնի մնացորդը ետեւ նայեցաւ, անոնք տեսան ձախողութիւն, յուսահատութիւն եւ մեղք, պէտք ունէին քաջալերութեան։ Ահա այդ պահուն չորս ձայներ լսուեցան, անոնցմէ ամէն մէկը յատուկ պատգամով, որոնք ուղղուած էին այս կարօտեալ ժողովուրդին։

 

ա. Ներումի Ձայնը.— 1-2 «Մխիթարեցէք Իմ ժողովուրդիս»

Ժողովուրդը մեծապէս մեղանչած էր Տէրոջը դէմ իրենց կռապաշտութեամբ, անարդարութեամբ, անբարոյականութեամբ եւ Իր պատգամաբերներուն դէմ անտարբերութեամբ։ Սակայն անոնք տակաւին Իր ժողովուրդն էին եւ որոշապէս Ան կը սիրէր զիրենք։ Աստուած թէեւ կը խրատէր, բայց չէր լքեր։

Աստուած խրատեց զիրենք։ Մենք պէտք չէ մեղք գործենք, անշուշտ գիտակցելու ենք որ Աստուած միշտ պատրաստ է ներելու, «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու, եւ մեզ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու» (Ա. Յովհ. 1:9):

 

բ. Նախախնամութեան ձայնը.— 3-5 «Տէրոջը Ճամբան պատրաստեցէք»

Հրեաներ մինչ վերադարձան Երուսաղէմ, տաճարը վերաշինելու, իրենց առջեւ դժուար ճամբայ ունէին, սակայն Աստուած իրենցմէ առաջ կ՚երթար, որպէսզի ճամբան պատրաստէ։ Այստեղ նկարագրութիւնն ու պատկերը դեսպանի պատկերն է, գալիք թագաւորին ճամբան կը պատրաստէ ու արգելքները կը վերցնէ։ Եսայեայ մարգարէութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք «ճամբայ» պատկերին։ Պէտք է ըսել թէ վերջինը Յովհաննէս Մկրտիչի ծառայութիւնն էր, մինչ ան Յիսուսի ծառայութեան համար ճամբան պատրաստեց։

Հոգեւորապէս խօսելով, Իսրայէլ  անապատին մէջ էր երբ Յիսուս եկաւ, Անոր գալովը Աստուծոյ փառքը եկաւ։

Դէպի ետ ճամբան այդքան ալ դիւրին չէ, բայց երբ Աստուծոյ կ՚ապաւինինք, աւելի կը դիւրանայ։

  գ. Խոստումի ձայնը. — 6-8 «Ամէն մարմին խոտ է»

Ինչպէս որ Ասորեստանը գնաց աշխարհի թատերաբէմէն, հիմա Բաբելոնը կ՚երթայ։ Խոտի նման ազգերն ու իրենց առաջնորդները իրենց բաժինը կատարելով, կը չորնան ու կը մեկնին, սակայն Աստուծոյ Խօսքը յաւիտեան կը մնայ, «Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր, վասնզի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին, ու կանաչ խոտի պէս պիտի չորնան» (Սաղմ. 32:1-2): Իսրայէլ երբ սկսաւ իր երկար ճամբորդութեան դէպի տուն, ան կրնար Աստուծոյ խոստումներուն ապաւինիլ։

 

 դ. Խաղաղութեան ձայնը. — 9-11 «Քու ձայնդ ոյժով բարձրացուր»

Հիմա երբ ազգը մագլցելով ձորէն դուրս կու գար եւ կը բարձրանար լեռան գագաթը յայտարարելու իր յաղթանակը թշնամիին վրայ։ Բարի լուր բերել, կը նշանակէ, բարի լուր քարոզել։ Այդ օրերուն բարի լուրը Բաբելոնի պարտութիւնն էր ու Հրեայ գերիներու ազատութիւնը։ Այսօր բարի լուրը մեղքն ու սատանան Յիսուս Քրիստոսով պարտութեան մատնելն է, եւ փրկութիւն Անոր վստահողներուն։ Աստուծոյ բազուկը պատերազմը շահելու համար զօրաւոր է, նաեւ նոյն բազուկը սիրոյ բազուկ է, կրելու Իր յոգնած գառնուկները։ Ահաւասիկ որոշ բարի լուր մը Յուդայի քանդուած քաղաքներուն։

 

 

Բ. Մեր առջեւ եղած պարագաները.—12-26 «ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին»

Հրեաները քիչ էին, միայն մնացորդ մը եւ իրենց դիմաց երկար ու դժուար ճամբորդութիւն մը կար։ Ասորեստանի, Բաբելոնի եւ Պարսկաստանի յաղթանակները այն տպաւորութիւնը թողուցած էին, որ թէեւ հեթանոսներու աստուածները կեղծ ու սուտ էին, սակայն անոնք Իսրայէլի Աստուծմէն աւելի զօրաւոր էին։ Եսայի անոնց կը յիշեցնէ Աստուծոյ հզօրութիւնը։ Երբ Աստուծոյ մեծութիւնը տեսնելով Անոր կը կառչիս, ապա կեանքի մէջ ամէն բան իր ուրոյն տեղը կը տեսնես։

 

  • Աստուած երկրի վրայ եղած բաներէն աւելի մեծ է (12-20) կամ որեւէ բանէ որ երկինքի մէջ է (21-26) Ինքն է երկրի շրջանին վրայ նստողը, ստեղծագործութիւնը ցոյց կու տայ Իր իմաստութիւնը ու զօրութիւնը։ Անիկա ազգերէն ու անոնց աստուածներէն աւելի մեծ է։ Երկիրը ստեղծեց ու երկինքի գահին վրայ կը նստի, ոչ մէկ բան հաւասար է մեր Աստուծոյն։

Յաջորդ անգամ երբ կը փորձուիս խորհելու որ աշխարհ Աստուծմէ աւելի մեծ է, յիշէ 15րդ համարը, «Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են, ու կշիռքի մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին»։

Աստուած անձնապէս քեզ կը հոգայ, Ան գիտէ բոլոր աստղերուն անունները, նաեւ քու անունդ։ Նոյն Աստուածը որ կը հաշուէ եւ կ՚անուանէ աստղերը, կրնայ բժշկել կոտրած սրտերը։

Երբ պարագաներուդ եւ վիճակներուդ մէջէն Աստուծոյ նայիս, Ան հեռու եւ փոքր պիտի թուի, բայց երբ հաւատքով պարագաներուդ նայիս Աստուածոյ մէջէն, Ան շատ մօտ պիտի գայ եւ Իր մեծութիւնը քեզի պիտի յայտնէ։

 

Գ. Մեր մէջ եղած պարագաները…27-31 «Իմ Ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ, Անոր իմաստութիւնը չքննուիր»

Ազգը փոխանակ Աստուծոյ փառաբանելու, կը գանգատէր, Անոր վարուելակերպը տգիտութեամբ լեցուն էր, թէ Ան իրենց պարագաները չի գիտէր եւ նաեւ հետաքրքրութիւն չունի իրենց խնդիրներով ու դժուարութիւններով։ Հրեաներ փոխանակ տեսնելու բաց դուռը, անոնք միայն տեսան երկար ճամբայ մը եւ գանգատեցան, ճամբորդութեան համար զօրութիւն չունին, սակայն Աստուած իրենցմէ կը խնդրէ անկարելին կատարել։

Աստուած գիտէ ինչպէ՞ս կ՚ըզգանք եւ ի՞նչ բաներէ կը վախնանք, ու Ան կարողութիւն ունի ամէն պէտքի հաղորդ ըլլալ։

Մենք, ես եւ դուն, մեր զօրութեամբ Աստուծոյ բնաւ պիտի չհնազանդինք, բայց կրնանք միշտ Իրեն ապաւինիլ որ հայթայթէ պէտք եղած զօրութիւնը, «Ամէն բանի կարող եմ Անով որ զիս զօրացուց» (Փիլ. 4:13)։ Երբ մեր անձին վստահինք, պիտի թուլնանք եւ իյնանք, սակայն եթէ հաւատքով Տէրոջը սպասենք, մեր ճամբորդութեան համար զօրութիւն պիտի ստանանք։ «Սպասէ» բառը չենթադրէր նստիլ ու բան մը չընել, այլ կը նշանակէ յուսալ, Անոր նայիլ մեր պէտքերուն համար (Եսայ. 26:3), այս կ՚ենթադրէ խոկալ ու կեդրոնանալ Իր նկարագրին ու Իր խոստումներուն վրայ, աղօթելով ու Իր փառքը փնտռելով։ Եւ «նորոգել» բառը կը նշանակէ «փոխել», նման հին հագուստը հանելուն ու նորը հագնելուն։ Մեր տկարութիւնը կը փոխենք Իր զօրութեան։

Հազար մղոն ճամբորդութիւնը կը սկսի մէկ քայլով։ Հաւատքի հերոսները միշտ ալ բարձր սաւառնողներ չէին, անոնք յաճախ համբերութեամբ սպասեցին։

Ես եւ դուն մինչ Աստուծոյ կը սպասենք, Ան կարողութիւն կ՚ընծայէ ոչ միայն բարձրերը թռչիլու եւ արագ վազելու, այլ նաեւ կարողութիւն կու տայ երկար քալելու։

Երանի քալողներուն, որոնք պիտի հասնին իրենց նպատակակէտին։

 

© 2023 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 31,  Թիւ 249

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).