Tag Archive for: Pari Lour

Նուիրելու Շնորհքը

Մարկ. 12:41-44

Ուշագրաւ դէպք մը կը պատահի տաճարին մէջ, խիստ կարեւոր եղելութիւն մըն է, դաստիարակչական բնոյթ մը կրէ։ Այդտեղ յիշատակելի երկու անձեր կան, Յիսուս եւ անանուն կին մը։ Յիսուս ինչ որ ըսաւ կնկան մասին, գնահատանքի ամենաշնորհեալ խօսքն է, այս գրութեան բանալին է, որոշապէս կապ ունի ունեցածէն տալու, նուիրելու հետ։

Կանուխ ժամանակներէն, Աստուծոյ ժողովուրդին նուիրումն ու սովորութիւնը եղած է իրեն ունեցածէն Աստուծոյ նուիրել, աջակցելու երկրի վրայ Իր գործին։ Հին Կտակարանի ժամանակներուն այդ պարտադրութիւն եւ պարտականութիւն էր։ Հրեաները Աստուծոյ կը բերէին իրենց «Տասանորդներն ու Նուէրները»։

Սակայն, Նոր Կտակարանի շրջանին, տալու գործողութիւնը չէ ներկայացուած որպէս պարտականութիւն, այլ առանձնաշնորհ եւ վայելք։ Ըստ Բ. Կորնթ. 9:7-ի մենք կը քաջալերուինք տալու յօժարութեամբ եւ ուրախութեամբ, «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի, թող այնպէս տայ, ոչ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ, վասնզի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։

Աստուածաշունչը շատ բան ունի ըսելիք նիւթականը տնտեսելու մասին, մեր առջեւ դրուած այս դէպքը կը պարունակէ խիստ արժէքաւոր հինգ դասեր։

 

Ա. Յիսուս որոշապէս կը տեսնէ թէ ինչ կու տանք ու ինչ կը պահենք.—

Մարկոս 12:41-ը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս ինչ կ՚ընէ։ Ան կը նստի «Գանձանակին դիմացը» եւ նկատի կ՚առնէ «Ինչպէս ժողովուրդը կու տայ» սովորութեամբ թէ ուշադրութեամբ, չկամենալով թէ ուրախութեամբ, նուազագոյն թէ առաւելագոյն չափով։ Ան կը նկատէ, արդեօ՞ք տուրքը տալու պէս, դժկամութեամբ կու տան, եթէ ոչ տրուածը շնորհակալական, երախտագիտական նուէր մըն է։ Մեր տալը ըլլալու է սիրոյ եւ շնորհակալական արտայայտութիւն, որովհետեւ Աստուած շատ ու շատ բաներ շնորհած է մեզի ու կը շարունակէ պարգեւել։ Քրիստոնեան, հաւատացեալը ինչպէս որ կու տայ Աստուծոյ, այդ իրական ու ճշմարիտ չափանիշն է իր սրտին ու նկարագրին։ Անշուշտ մեծ տարբերութիւն պիտի ընէ, երբ տալէ առաջ գիտակցինք որ մենք  «Գանձանակին դիմացը» նստողին սիրալիր նայուածիքին տակն ենք, Անոր աչքերը «Կրակի բոցի պէս» են (Յայտ. 1:14)։

 

Բ. Յիսուս կը տեսնէ ու կ՚արժեւորէ հարուստներու մեծ նուէրները.—

41-րդ համարը կ՚ըսէ, «Շատ հարուստներ շատ բաներ ձգեցին», եւ 44-րդ համարը «Ամէնը իրենց աւելցածէն ձգեցին»։

Աստուածաշունչի ժամանակ հաւատացեալներ առջեւ գալով, հրապարակաւ իրենց նուէրները գանձանակին մէջ կը դնէին, յաճախ կ՚ընէին ցոյց տալով իրենց տուածը։ Մեծ գնահատանք կար երբ նուէրը մեծ էր, եւ անշուշտ նուազ գնահատանք, երբ նուէրը փոքր էր։ Հոս ըսուած է «Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին»։ Ի՜նչ շքեղութիւն է մեծ գումարներ տալու կարողութիւնը ունենալ, եւ ոչ միայն կարողութինը ունենալ, նաեւ գործնականսպէս կատարելը։

Ի՜նչ օրհնութիւն է, երբ Աստուած ոմանց վստահած է հարստութիւն եւ անոնք լաւ տնտեսներ, վերակացուներ են։ Քրիստոնէական ծառայութիւնը տարիներու ընթացքին աճած է, շնորհիւ հարուստ հաւատացեալներու ազատօրէն եւ առատօրէն տալուն։ Եթէ հաւատացեալներ սորվին եւ ըլլան նուիրուած ու հնազանդ տնտեսներ, անշուշտ առատ նիւթական պիտի ըլլայ թէ տեղական եւ թէ միսիոնարական դաշտին համար։

 

Գ. Յիսուս կը տեսնէ ու կը հաշուէ թանկագին, փոքր նուէրները.—

42-րդ համարով «Աղքատ որբեւայրի մըն ալ եկաւ, ու երկու լումա ձգեց»։ Անոր նուէրին նիւթական արժէքը շատ ջնջին էր, հաւանաբար բազմութիւնը նոյնիսկ տրուածը նկատի չառաւ։ Այսուհանդերձ, ան Յիսուսի շրթունքներէն ստացաւ մեծ գնահատանք։ Որքա՞ն շնորհալի էին գնահատանքի Իր խօսքերը։ Շատեր խորհեցան թէ անոր նուէրը հաշուելու շատ փոքր է, բայց Յիսուս տեսաւ, որպէս այդ օրուան մեծագոյն նուէրը։

Որբեւայրիին նուէրը մեզի կը սորվեցնէ թէ չտալու պատճառ չկայ։ Թերեւս կ՚ըսենք, իմ եկամուտս շատ փոքր է, կամ եկեղեցին իմ դրամիս պէտք չունի։ Բայց ի՜նչ օրհնութիւն կու գայ Աստուծոյ գործին ամէնուրէք, եթէ մենք նախ մէկ կողմ դնենք ինչ որ Իրեն կը պատկանի, «Եւ ոչ թէ որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ Տէրոջը եւ ետքը մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը» (Բ. Կորնթ. 8:5)։

 

Դ. Տէրը կը չափէ մեր նուէրը, ոչ տրուածով այլ պահուածով.—

Որքա՜ն տարբեր է երկինքի թուաբանութիւնը, երկրի վրայ մեր գիտցածէն (43,44 համարներ)։ Յիսուսի համար տալուն որակը աւելի է քան տրուածին քանակը, եւ օրինակը որ Յիսուս գործածեց առատաձեռնութիւն սորվեցնելու համար, այն անձը չէր որ հարուստ էր եւ շատ ունէր, հապա կին մը, որբեւայրի էր ու աղքատ։ Յիսուս գնահատեց իրեն, իր տրուածին որակին համար եւ ըսաւ թէ ան այդ օրը աւելի տուաւ Աստուծոյ քան ոեւէ անձ։ Մարդ մը կրնայ հազար տոլար տալ Աստուծոյ գործին, բայց եթէ ան դրամատան մէջ կամ տունը պահած հարիւր հազար ունի, տակաւին իրեն կը մնայ իննսունինը հազար։ Իսկ կինը եթէ շաբաթը տասը տոլար ստացաւ ու տուաւ իր տասանորդը, արդեօ՞ք որ գումարը աւելի մեծ է։ Յստակօրէն որբեւայրիին տուածը աւելի մեծ է քան հարուստինը։ Մէկը մէկ հարիւրերորդը կու տայ, իսկ միւսը տասանորդը։ Աստուած հաւատարիմ է ու կը խոստանայ աւելին տալ, «Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ Իր ճոխութեանը չափովը փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսի ձեռքով» (Փիլ. 4:19)։

 

Ե. Նուիրուած տալուն գաղտնիքը գիտակցութիւնն է, թէ ինչ որ ունինք Աստուծոյ կը պատկանի.—

Այս անանուն որբեւայրին իր բոլոր ունեցածը տուաւ։ Յիսուս 44-րդ համարով կ՚ըսէ, «Բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց, իր բոլոր ապրուստը»։

Որպէս Քրիստոնեայ ես պէտք ունիմ ճանչնալու եւ հասկնալու այդ, այսինքն կալուած եւ դրամ, ամէն բան Աստուծոյ կը պատկանի։ Իմ տունս, իմ զաւակներս, իմ ինքնաշարժս, իմ դրամս, ասոնք իմս չեն, ալյ Իրենը։ Ես պարզապէս տնտես մըն եմ։ Եթէ այս սկզբունքը կիրարկեմ, պիտի չըսեմ, «Որքա՞ն տամ Իրեն», հապա «Իր դրամէն Աստուած որքա՞նը կ՚ուզէ որ պէտքերուս համար պահեմ»։

Աղքատ որբեւայրին այնչափ սիրեց Աստուծոյ, որ տուաւ «Բոլոր ապրուստը»։ Այդ իրական առատաձեռնութիւն է, տալ զոհաբերութեամբ։ Կնկան ունեցածը իսկական հաւատք էր, որովհետեւ իսկական հաւատքն է որ բոլորը կու տայ, եւ ապա կը վստահի Աստուծոյ Իր պէտքերուն համար։ Որոշապէս այս բոլորին գաղտինքը կը կայանայ թէ ան Աստուծոյ կու տայ, եւ ոչ թէ տաճարին կամ եկեղեցիին։

Մինչ կը ձգէր իր ջնջին, բայց սքանչելի նուէրը գանձանակին մէջ, իր սիրտը կ՚ըսէր, «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ Անոր անպատում պարգեւին համար» (Բ. Կորնթ. 9:15)։

Արդեօք դուն ունեցածիդ ինչպէ՞ս կը մօտենաս։


© 2024 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 32,  Թիւ 251

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).

Վերջին Պատասխանին Նախադրող Հակազդեցութիւնները

Երբ ինքնաշարժովդ դէպի արեւելք կամ հիւսիս կը ճամբորդես, ճամբուն վրայ կը հանդիպիս գրութիւններու, ուր Աստուածաշունչէն համարներ արձանագրուած են, կամ հոգեւոր գրութիւններ, ինչպէս «Տասնաբանեան», «Յիսուս Շուտով Կու Գայ», «Պատրաստուէ Աստուածդ Դիմաւորելու» եւայլն։ Ասոնք Աստուծոյ յատկացուած «ծանուցումներ» են։ Ժայռի մը վրայ մէկը գրած է «Յիսուս է պատասխանը», ուրիշ մը աւելցուցած է «Ի՞նչ է հարցումը։»

Նմանատիպ խօսքեր արձանագրուած են նաեւ ինքնաշարժներու վրայ։

Ինչո՞ւ Յիսուսին հետեւիլ, երբ Ան միայն կարգ մը ներքին կարօտութիւններու կը պատասխանէ, որոնք ուրիշ ոչ մէկ կերպով գոհացնող կրնան ըլլալ։

Հետաքրկրականօրէն Հին Կտակարանն է ուր գլխաւորաբար հարցումներ կը ծագին եւ կերպով մըն ալ անոնց պատասխանները կը տրուին։ Այս գրութիւնով երեք հարցումներու վրայ կը կեդրոնանանք.—Ես կարեւորութիւն ունի՞մ, Աստուած իրապէս կը հոգա՞յ, Ինչո՞ւ Աստուած չի միջամտեր։

Ասոնք իմ հաւատքիս ազդող հարցումներ են։ Ինծի համար եթէ Յիսուս է պատասխանը, ուստի Ան կերպով մը պէտք է խօսի եւ պատասխանէ այս հարցումներուն։

Ա. Ես Կարեւորութիւն Ունի՞մ.—

Ահաւասիկ «Գինկ» (Super King) մարգէթը մտած եմ եւ շուրջս կը նայիմ, տարբեր մարդիկ, տարբեր շարքերու մէջ եւ տարբեր ապրանքներով հետաքրքրուած։ Մէկը կ՚առնէ լէպնի մը, ուրիշ մը տոպրակ մը գետնախնձոր։ Կորագամակ կին մը ձեռքը վարունգին ու լոլիկին երկնցուցած է։ Ու ես կեցած, ինքզինքիս կը հարցնեմ, Աստուած այս բոլորին անուններովը կը ճանչնա՞յ, իսկապէս ասոնք բոլորն ալ Աստուծոյ համար կարեւորութիւն ունի՞ն։

Երեկոյեան հեռատեսիլին առջեւ եմ, կը դիտեմ վիժումի դէմ պայքարող անձերը եւ անոնց դէմ կատարուած մեծ թիւով ցոյցերը։ Ըստ լուրերու, տարեկան վեց միլիոն չծնած մանուկներ կը սպաննուին, որոնցմէ ամէն մէկուն մէջ Աստուծոյ պատկերը կը հանգչի։ Աստուած ի՞նչ կը մտածէ, արդեօք Իրեն համար անոնք կարեւորութիւն ունի՞ն։

Բազմամիլիոն աստղերու եւ մոլորակներու քով, անձ մը, անձեր նշանակութիւն, կարեւորութիւն ունի՞ն։

Սաղմոսերգուն երբ աստղերը կը դիտէր ըսաւ, «Երբ տեսնեմ երկինքը…մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը յիշես»։ Հին Կտակարանի ամէն մէկ գիրքը այս հարցումին շուրջ կը դառնայ։ Հրեայ գերիներուն Եգիպտոսի մէջ ունեցած տառապանքը, դժուարութիւն կու տար անոնց հաւատալու Մովսէսի խօսքերուն, թէ իրապէս Աստուած  հետաքրքրուած է իրենցմով։ Յոբի ընկերներուն ծաղրանքը ուրիշ օրինակ մըն է, նաեւ Ժողովողի խօսքերը, «Արեւուն տակ բան մը կա՞յ, արդեօք ամբողջ կեանքը անիմա՞ստ է»։

Միւս կողմէ Եսայ. 49-էն համար մը կ՚ըսէ, «Իմ ափիս մէջ նկարած եմ քեզ»։ Այս համարը որպէս նիւթ տրուած էր, որպէսզի համագումարի մը համար պատրաստուիմ։ Չէի ուզեր, սակայն բացասական պատասխանելէ առաջ այդ մարգարէութիւնը բացի ու կարդացի, ծայրէ ծայր։ Յայտնաբերեցի որ Աստուած այս յայտարարութիւնը կատարեց տառապող մարդոց։ Երուսաղէմը տակն ու վրայ էր, Բաբելոնի զինուորները մտած էին տաճարը եւ այս անգամ Աստուած չազատեց իրենց։ Անոնք շղթայակապ Բաբելոն տարուեցան։

137րդ սաղմոսը կ՚արտայայտէ ժամանակակից Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեվիճակը, «Բաբելոնի գետերուն քով, հոն կը նստէինք, ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք…»։

Մենք Աստուծոյ համար կարեւորութիւն ունի՞նք։

Ինչպէս կ՚ըլլայ դարերու ընթացքին ժողովուրդներ կը տեղահանուին, կը ջարդուին, Սուտանցիներ, Հայեր, Հրեաներ, Ուքրանացիներ, Քրիսոտնեայ Պաղեստինցիներ եւ Արցախցիներ։ Արդեօք Եսայ. 49:14-ը իրականութի՞ւն է, «Բայց Սիօն ըսաւ Եհովա զիս թողուց, եւ Տէրը զիս մոռցաւ»։ Ահա Աստուած այս ժողովուրդներուն ուխտելով կ՚ըսէ, «Միթէ կինը իր կաթընկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ…թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ»։ Որովհետեւ, «Ահա ես քեզի իմ ձեռքիս մէջ նկարագրեցի…»

Եսայի մարգարէն աւելի յատուկ պատասխան մը կու տայ, ցոյց տալով թէ Աստուած երկիր չի գար փոթորիկով եւ ոչ ալ կրակով, հապա «Կոյսը պիտի յղանայ եւ Որդի մը պիտի ծնանի եւ պիտի կոչուի Էմմանուէլ, Աստուած մեզի հետ»։

Ներկայիս Մեսիան սիրոյ գաւազանով կը կառավարէ։ Ծնունդի յիշատակումը կը պատասխանէ, «Արդեօք մենք կարեւո՞ր ենք» հարցումին։ Անիկա հոս երկրի վրայ երեսուներեք տարիներ մեզի նման եղաւ ու պատասխանեց հարցումին Իր անզուգական պատմութիւններով ու գերբնական հպումներով։ Այո՛, Աստուած հետաքրքրուած է մեզմով։ Բացառիկ պարագայ մը կայ, երբ  վարագոյրը կը բացուի տեսանելի աշխարհին եւ անտեսանելիին միջեւ, Յիսուս կ՚ըսէ, Հրեշտակները կ՚ուրախանան երբ մեղաւոր մը դարձի կու գայ։

Բ. Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ .—

Իսկ Իր լռութիւ՞նը։ Անշուշտ կը հոգայ, յատուկ ու որոշ պատասխանը Յիսուս է։ Յիսուս ցաւին ու տառապանքին փիլիսոփայական պատասխան մը չէ տուած այլ տուած է արցունքով դէմք մը։ Հոգ չէ թէ կը կարդամ Աստուածաշունչը, կամ կը նայիմ Հին Կտակարանի եւ Նորի հսկայական տարբերութեան, կը հանդիպիմ կասկածի եւ յուսահատութեան խօսքերու։ Երեմեայ, Ամբակումայ եւ Յոբ նոյն ցաւի նիւթն է որ կը շօշափեն։ Նոյնպէս, սաղմոսներուն գրեթէ կէսը մութ պատկեր մը կը ներկայացնեն։ Այո Նոր Կտակարանով պատկերը այդքան ալ արմատական փոփոխութիւն չունենար, բայց Յիսուսի ներկայութիւնը կ՚ըլլայ Աստուծոյ դէմքը։ Եթէ մէկը կ՚ուզէ գիտնալ թէ Աստուած ինչպէ՞ս կը զգայ երբ երկիրը կը հառաչէ, պէտք է նայի Անոր դէմքին։

Յակոբոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս հետեւեցան Յիսուսի այնքան ժամանակ եւ Անոր դէմքին արտայայտութիւնները հիմնականօրէն գծուեցան իրենց մտքերուն վրայ։ Նայելով Յիսուսի պատասխաններուն, հարիւրապետին, կոյրին, հիւանդ կնկան եւ ուրիշներու, սորվեցան Աստուծոյ զգացումը երբ մարդիկ կը տառապին։ Ոչ, ոչ Յիսուս չլուծեց «ցաւի» հարցը, միայն քանի մը հոգի բժշկեց ու այդ ալ երկրագունդին մէկ անկիւնը, սակայն կտրականապէս հայթայթեց «Միթէ Աստուած կը հոգա՞յ» հարցումին պատասխանը։

Երեք անգամներ տառապանքն ու ցաւը Յիսուսի արցունքներուն պատճառ եղան։ Արդեօք շատ կ՚ըլլա՞յ երբ ըսենք «Աստուած մարդոց կը հոգայ»։

Թէեւ ցաւի հարցին պատասխան չենք ստանար, փոխարէն խորհրդաւոր հաստատումը կ՚ունենանք, Ան մեզի հետ կը տառապի։ Յիսուսի պատճառով կրնամ վստահիլ Աստուծոյ, Ան իմ վիճակս կը հասկնայ։ Վստահ եմ, ես կարեւոր եմ եւ արժէք ունիմ Իրեն համար։

Գ. Ինչո՞ւ Չի Միջամտեր.—

Հրեաներու պատմութեան մէջ, որոշ պահեր ծագած է հարցումը, «Ինչո՞ւ Աստուած չի միջամտեր»։

Պահ մը նկատի առնենք այն բազմութիւնը Սինա անապատին մէջ հրաշալիօրէն ունեցաւ սնունդ եւ ջուր, ու Աստուծոյ տեսանելի ներկայութիւնը իրենց վրայ կը սաւառնէր ամպի ու կրակի սիւնով։ Անոնք նման «ինչո՞ւ» չունէին։

Քիչ մը ետ երթալով, քանի մը տարիներ ամբողջ սերունդը կասկածողներ էր, ներառեալ Մովսէս։ Քանի քանի անգամներ հրեաներ աղաղակեցին,  «Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չ՚ընէր»։

Եղիա մարգարէն ալ նման կասկածողներու բազմութիւն մը ունեցաւ, սակայն Կարմեղոս Լերան վրայ լռեցուց անոնց։ Ետքը քարայրին մէջ նոյն հարցումը հարցուց, «Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չընէր Աքաաբին ու անոր սարսափելի կնկան»։

Մաղաքիա Հին Կտակարանի վերջին ձայնն է եւ այդ գիրքը պատշաճ նախաբանն է գալիք չորս հարիւր տարիներու, որոնց ընթացքին Աստուածաշունչը լուռ է։ Թերեւս այս նուազ ակնկալութիւններու շրջանն է։ Արդեօք Աստուած մոռցա՞ծ էր ողորմած ըլլալ։

Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չընէր, հայերու կողքին ուրիշ ժողովուրդներ ալ կը հարցնեն։

Հրեաներ ու Քրիստոնեաներ նոյն պատասխանը ունին, միայն մէկ տարբերութեամբ։ Հրեաներ կը հաւատան որ Աստուած, Մեսիան ղրկելով պիտի գործէ, իսկ Քրիստոնեաներ կը հաւատան ուր Աստուած Մեսիան ղրկելով գործած է, եւ անգամ մըն ալ պիտի գործէ կրկին ղրկելով, այս անգամ զօրութեամբ եւ փառքով։

Որոշապէս Աստուած կը գործէ, դուն եւ ես հաւատանք ու կառչինք Իրեն։


© 2023 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 31,  Թիւ 250

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).

Աստուած Հզօր Է

Եսայ. 40:1-31

 

Մարգարէն ըսաւ անոնց եւ այսօր կ՚ըսէ մեզի «Ձեր աչքերը ձեր անձերէն հեռացուցէք ու նայեցէք մեծ, հզօր Աստուծոյն»։

Նման հին օրերու Իսրայէլին, երբ կը դիմագրաւես դժուար պարագայ մը, անկարելի ապագայ մը, անլուծելի, թնճկոտ հարց մը, պէտք է ընես ինչ որ իրենք ըրին, եւ յիշեցուր անձիդ թէ հզօր Աստուած մը ունիս։ Արդեօք դուն ո՞ւր կը տեսնես Անոր վսեմութիւնը։

Պէտք է ըսել եւ ընդունիլ որ Աստուած մեր պարագաներէն շատ մեծ է։

 

  Ա. Պարագաներ մեր ետեւն են.—1:11

Երբ Բաբելոնի մնացորդը ետեւ նայեցաւ, անոնք տեսան ձախողութիւն, յուսահատութիւն եւ մեղք, պէտք ունէին քաջալերութեան։ Ահա այդ պահուն չորս ձայներ լսուեցան, անոնցմէ ամէն մէկը յատուկ պատգամով, որոնք ուղղուած էին այս կարօտեալ ժողովուրդին։

 

ա. Ներումի Ձայնը.— 1-2 «Մխիթարեցէք Իմ ժողովուրդիս»

Ժողովուրդը մեծապէս մեղանչած էր Տէրոջը դէմ իրենց կռապաշտութեամբ, անարդարութեամբ, անբարոյականութեամբ եւ Իր պատգամաբերներուն դէմ անտարբերութեամբ։ Սակայն անոնք տակաւին Իր ժողովուրդն էին եւ որոշապէս Ան կը սիրէր զիրենք։ Աստուած թէեւ կը խրատէր, բայց չէր լքեր։

Աստուած խրատեց զիրենք։ Մենք պէտք չէ մեղք գործենք, անշուշտ գիտակցելու ենք որ Աստուած միշտ պատրաստ է ներելու, «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու, եւ մեզ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու» (Ա. Յովհ. 1:9):

 

բ. Նախախնամութեան ձայնը.— 3-5 «Տէրոջը Ճամբան պատրաստեցէք»

Հրեաներ մինչ վերադարձան Երուսաղէմ, տաճարը վերաշինելու, իրենց առջեւ դժուար ճամբայ ունէին, սակայն Աստուած իրենցմէ առաջ կ՚երթար, որպէսզի ճամբան պատրաստէ։ Այստեղ նկարագրութիւնն ու պատկերը դեսպանի պատկերն է, գալիք թագաւորին ճամբան կը պատրաստէ ու արգելքները կը վերցնէ։ Եսայեայ մարգարէութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք «ճամբայ» պատկերին։ Պէտք է ըսել թէ վերջինը Յովհաննէս Մկրտիչի ծառայութիւնն էր, մինչ ան Յիսուսի ծառայութեան համար ճամբան պատրաստեց։

Հոգեւորապէս խօսելով, Իսրայէլ  անապատին մէջ էր երբ Յիսուս եկաւ, Անոր գալովը Աստուծոյ փառքը եկաւ։

Դէպի ետ ճամբան այդքան ալ դիւրին չէ, բայց երբ Աստուծոյ կ՚ապաւինինք, աւելի կը դիւրանայ։

Read more

Չաղօթելու Մեղքը

«Բայց ես քաւլիցի որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով…»  – Ա. Թագ. 12:23

 

  Ի՞նչ է այն մեղքը որ մեր կեանքերուն մէջ հասարակաց է։

Վստահ եմ թէ հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը կ՚ընդունի թէ իրենց աղօթքի կեանքն է իրենց ձախողած կողմը։

Աստուած մեզի պարգեւած է աղօթելու կերպեր եւ քաջալերութիւն, խոստումներ եւ օրինակներ, նաեւ աղօթելու պատուէր։ Այսուհանդերձ խոստովանելու ենք, մենք շատ քիչ կ՚աղօթենք։ Մերթ ընդ մերթ կ՚ընդունինք մեր աղօթքի կեանքին տկարութիւնն ու անազդու վիճակը։ Արդեօք երբեւիցի խորհա՞ծ ենք թէ չաղօթելը մեղք է։

Մեր բնաբան համարը կը յստակացնէ թէ աղօթքի անտեսումը, անհոգութիւնը կամ մեր կեանքերուն մէջ նախապատիւ չընելը, Տէրոջը առջեւ մեզ յանցաւոր կ՚ընէ։

Թերեւս կ՚օգնէ այս պահուն հարցնել։ Ի՞նչ է այն մեղքը որ հաւատացեալներուս մէջ հասարակաց է։ Ուշադի՛ր, հպարտութիւնը կամ ստախօսութիւնը չէ, ոչ ալ չարութիւնն ու ատելութիւնը, կամ Խօսքը չկարդալը, հաղորդակցութեան պակասը, նոյնիսկ չծառայելն ու չաճիլը, հապա չաղօթելը, աղօթքի զանցառութիւնը եւ սակաւ աղօթելը։

Եկեղեցական համագումար մը կար, որու ընթացքին հարցուեցաւ, «Կէս ժամ աղօթողներ ձեռքերնին բարձրացնեն», մէկ ձեռք բարձրացաւ, «Որո՞նք 15 վայրկեան կ՚աղօթեն», քանի մը ձեռքեր բարձրացան։ Ետքը յստակացաւ որ մեծամասնութիւնը մօտաւորապէս 5 վայրկեան կ՚աղօթէ, եւ ոմանք ալ…չեն աղօթեր։

Նկատի առնենք Սամուէլի շինիչ արտայայտութիւնը որ կատարեց Աստուծոյ ժողովուրդին բազմութեան առջեւ, եւ ծանրանանք երկու հարցումներու վրայ.—Ինչո՞ւ չաղօթելը մեղք է, եւ չաղօթելով որո՞ւ դէմ կը մեղանչենք։

 Ա. Ինչո՞ւ չաղօթելը մեղք է.—

Աստուածաշունչը մեղք կը կոչէ զայն։ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ ստախօսութիւնը, դառնութիւնը, նախանձը, ագահութիւնն ու անհաւատութիւնը մեղքեր են։ Նոյն Գիրքը կը հռչակէ թէ հաւատացեալը չաղօթելով Աստուծոյ դէմ մեղք կը գործէ։ Այս իրողութիւնը մեզ անձնաքննութեան առաջնորդելու է։ Արդեօք չաղօթելով որքա՞ն մեղանչած ենք։

Անշուշտ շիտակը աղօթելն է։ Առիթով մը Յիսուս առակ մը խօսեցաւ, « … Պէտք է ամէն ատեն աղօթել եւ չձանձրանալ», եւ Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ Թեսաղոնիկէի եկեղեց ին ըսելով, «Անդադար աղօթք ըրէք» (Ա. Թես. 5:17)։ Այս եւ տարբեր համարներէ կը սորվինք թէ շիտակը, աղօթելն է։ Յակոբոս առաքեալ տարբեր, ընդհանրական մօտեցում մը ունի որ կ՚ըսէ, «Ան որ գիտէ բարի բան մը ընել եւ չընէր մեղք կը գործէ» (Յակ. 4:17)։

Հռովմայեցիս 14:23-ը կ՚ըսէ, «Ինչ բան որ հաւատքով չէ, մեղք է»։ Այս կը նշանակէ թէ չաղօթելը անհաւատութեան նշան է։ Եւ Եբրայեցիս 11:6-ը կ՚աւելցնէ, «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։

Ինչ սարսափելի յանդիմանութիւն էր երբ անառակ որդին հեռու երկիր գացած էր ու իր հօրը հետ հաղորդակցութիւնը կտրած։ Ժամանակ մը վերջ զինք ճանչցողները, չէին ճանչնար որպէս իր հօրը զաւակը, որովհետեւ ան կեանք մը կ՚ապրէր, որուն մէջ հայրը գոյութիւն չունէր։

Չաղօթելու պատճառներէն մէկը աղօթքի զօրութեան անհաւատութիւնն է եւ երկրորդը, կասկածը, Աստուած աղօթքի կը պատասխանէ՞։

Աղօթքը հսկայական փոփոխութիւններ կը բերէ մեր կեանքերուն մէջ: Եթէ կ՚ուզէք թերթատեցէք Աստուածաշունչը եւ արձանագրուած աղօթքներուն եւ պատասխաններուն ցանկը պատրաստեցէք։ Որոշապէս պիտի նկատէք թէ աղօթքը ինչեր ըրած է եւ ինչեր ալ կրնայ ընել։

Ընդունելու ենք որ չաղօթելով, աշխարհը, եկեղեցին եւ մենք մեզ կը զրկենք Աստուծոյ ամենակարող օրհնութիւններէն։

Աբրահամ բարեխօսեց չար Սոդոմի համար եւ Աստուած լսեց ու պատասխանեց։ Ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ Աբրահամ չաղօթէր։ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ազատութեան համար աղօթեց եւ Աստուած նոյնպէս լսեց ու պատասխանեց։ Ինչ կ՚ըլլար եթէ Տէրոջը ծառաները՝ Յեսու, Սամուէլ, Դաւիթ, Եղիա, Եսայի եւ Դանիէլ չաղօթէին։

Աղօթքը կ՚ապահովէ սիրելիներու փրկութիւնը, կը լուծէ բարդ հարցեր, կառավարութիւններ կը փոխէ, հիւանդութիւններ կը բժշկէ, արթնութիւն կը բերէ եւ աւետարանի տարածման կը սատարէ։

Բ. Որո՞ւ դէմ կը մեղանչենք.—

Երեք յստակ պատասխաններ կան, ուշադրութեամբ նկատի առնենք։

  1. Աստուծոյ դէմ.—Սամուէլ կ՚ըսէ, «Քաւլիցի որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ»։ Անշուշտ ամէն մեղք Տէրոջը դէմ է։ Սաղմոսերգուն 51րդ սաղմոսով կ՚ըսէ, «Քեզի, միայն քեզի դէմ մեղանչեցի», իրողութեան մէջ Դաւիթ մեղանչեց կնկան դէմ, անոր ամուսինին, զինուորներուն եւ ամբողջ ազգին դէմ, սակայն նախ մեղքը Աստուծոյ դէմ էր։ Նոյն ճշմարտութիւնը կը նկատենք Ղուկ. 15-ի մէջ, երբ անառակը տուն եկաւ ու ըսաւ «Մեղք գործեցի երկինքի դէմ եւ քու առջեւդ»։ Ան մեղանչած էր կիներու դէմ, երբ վատնած էր հօրը դրամը, այսպէս կոչուած ընկերներու դէմ, յոռի օրինակ եղած էր։ Բայց նախ մեղանչած էր հօրը դէմ։

Անաղօթք կեանքը կ՚անդամալուծէ Աստուծոյ բազուկը, իսկ աղօթքով լեցուն կեանքը ճանապարհներ կը բանայ։

  1. Ուրիշներու դէմ.—Սամուէլ կ՚ըսէ, «Քաւլիցի…ձեզի համար չաղօթելով»։

Այսօր, դուն եւ ես կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր հոգեւոր ու բարոյական անկման վիճակներ կան։ Արդեօք բան մը կա՞յ որ կրնանք ընել օգնելու մեր շուրջիններուն։ Այո՛, կրնանք, կրնանք աղօթել։ Եւ մինչ կ՚աղօթենք կ՚ապահովենք  մեծ Բժիշկին բժշկարար հպումը։ Չաղօթել ուրիշներու համար զրկել է զիրենք Աստուծոյ օգնութենէն, զօրութենէն, շնորհքէն եւ օրհնութիւններէն։ Չաղօթելով սիրելիներուդ, գործակիցներուդ եւ ազգակիցներուդ համար, անոնց դէմ կը մեղանչես։

  1. Մեզի դէմ.—Յաճախ կ՚ըսենք «Աղօթքը վիճակներ կը փոխէ» եւ շիտակ է, բայց պէտք է ըսենք, Աղօթքը աղօթողը կը փոխէ։ Առաջին արդիւնքը, Աստուծոյ հետ աւելի խորունկ յարաբերութեան ցոլացումն է։

Պտղաբեր, յաղթական, ուրախ եւ սուրբ Աստուծոյ զաւակ մը ըլլալու համար, պէտք է լաւագոյնս օգտագործենք շնորհքի Գահը, այն ատեն բոլորս ալ զօրութիւնով եւ Հոգիով լեցուած կեանքեր կ՚ունենանք։

Երկու քայլեր առնելու ենք.—Անկեղծ խոստովանութիւն եւ անձնական որոշում: Որոշապէս Սամուէլի օրինակին հետեւելու ենք, «Չեմ գիտեր ուրիշներ ինչ կ՚ընեն, ես գիտեմ ինչ պիտի ընեմ…»։

Ծրագրէ օրական առանձին աղօթքի ժամանակ ունենալ, սկսիր Աստուածաշունչէն կարդալով, նիւթեր ներկայացուր, պարզութեամբ մօտեցիր ( ինչպէս զաւակը հօրը կը մօտենայ), խօսիր Իր հետ ամէն բանի մասին։

Աղօթելը արդիւնարար է, իսկ չաղօթելը կործանարար։

Դուն աղօթող հայորդի մը եղիր։

 

© 2023 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 31,  Թիւ 248

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).