Tag Archive for: Armenian Church Glendale
Ապրիլ Անոր Սիրով
/in News«Ուրեմն Ո՞վ Պիտի Զատէ Մեզ Քրիստոսի Սէրէն…» – Հռովմ. 8:35
Ահաւասիկ ճակատագրական հարցում մը, որուն ամէն մարդ պատասխանելու է, նամանաւանդ ամէն Հայ:
Ապրիլ ամիսը մեզի կ’առաջնորդէ երկու ճամբորդութիւններու, մէկը դէպի Գողգոթա եւ թափուր գերեզման, որուն փոքրաթիւ հայորդիներ կարեւորութիւն կ’ընծայեն, իսկ երկրորդը աւելի մասսայական ազդեցութիւն ունի եւ մեզի կը տանի Պոլիս, Տէր Զօր, Ատանա եւ այլ Կիլիկիոյ եւ պատմական Հայաստանի տարբեր գաւառները: Ազգովին կը յիշենք, կը հաղորդուինք, կ’որոշենք եւ կը վճռենք թէ պիտի ապրինք: Թուրքը ծրագրեց բնաջնջել մեզ. այսօր կ’ուզենք ապրիլ. բայց ինչպէ՞ս … ապրինք Քրիստոսի սիրով:
Առաքեալներէն սկսեալ սուրբերու մեծաթիւ բանակը ասպարէզ կարդացած է զինք Քրիստոսի սէրէն բաժնելու ձգտող վիճակներուն: Առաքեալը կարելիութիւններ կը յիշէ, որոնք հարցականով ներկայացուած կու տան բացասական մտքեր ու անկարելիութիւններ:
Ո՞վ կրնայ զատել…Տառապանքը, ո՛չ, բայց վայելքը, այ՛ո: Նեղութիւնը, ո՛չ, բայց հանգիստը, այ՛ո: Մերկութիւ՞նը, ո՛չ, պերճանքը, այ՛ո: Վտա՞նգը, ո՛չ, բայց ապահովութիւնը, այ՛ո:
Արդեօք ի՞նչ բանը կը զատէ քեզ Քրիստոսի սէրէն. կ’արժէ խոկալ, բազկերակը քննել, ամբողջական անձնաքննութիւն մը կատարել ու տալ ճշգրիտ եւ արդար պատասխան:
Փոքր չէ թիւը անոնց, որոնք կ’աղաղակեն երէկի իրենց սէրն ու նուիրումը կորսնցուցած ըլլալու խղճահարութեամբ:
Երէկ աղօթքի մրմունչներ քուլայ-քուլայ կը բարձրանային վեր, դէպի երկինք, մինչ այսօր աշխարհիկ, թրքաոճ «նորոյթ» երաժշտութիւնը գրաւելով Հայ տուներու բոլոր բաժինները նաեւ կ’անձրեւէ փողոց տուներէն եւ ինքնաշարժներէն:
Երէկ պաղատագին կ’աղօթէինք, «Տէր մեր ամէն օրուան հացը մեզի տուր», կ’ապրէինք Աստուծոյ եւ երկինքի շատ մօտ: Այսօր, ճոխ ու փարթամ սեղաններու առջեւ արդէն գիտենք թէ փոքր եւ խոշոր մարգէթները կենսատու աղբիւրներն են մեր բարիքներուն. այդ իսկ պատճառով մեր մտածումներն ու խօսակցութիւնները կը դառնան շուկաներու եւ գիներու շուրջ, իսկ մեր անօթի հոգիները կը տառապին ճոխ սեղաններու ետին:
Երէկ Թուրքին եաթաղանին առջեւ Յիսուսի համար նահատակուելու պատրաստակամ հաւատացեալներ՝ այսօր աշխարհսիրութեամբ գինովցած պաշտամունք կը մատուցենք նիւթական երեւոյթներու:
Ի՜նչ հսկայ տարբերութիւն…երէկ եւ այսօր, Քրիստոսի սիրով ու Քրիստոսէ հեռու: Մռնչող առիւծի նման յարձակող կատաղի սատանան, այսօր կ’ընտրէ խաղաղ թափանցումի ճամբան, խորամանկ քաղաքականութեան իր հին մեթոտին:
Այսօր բազմաթիւ վիճակներ կը զատեն մեզ Քրիստոսի սէրէն ու Քրիստոսի սէրը ճաշակողներէն: Մեր հայրերն ու մայրերը ամէն բան աղտեղութիւն սեպեցին, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց Քրիստոսին, իրենց Սիրոյն:
Սատանան կը ջանայ ու յաճախ կը յաջողի սուրբերու զգայարանքներէն ընդդիմութիւնը տկարացնել ներարկելով աշխարհսիրութեան շիճուկը ու մտքին հրամցնելով նոր, կործանարար ըմբռնումներ եւ տեսութիւններ, որոնք ճակատագրական աղէտաբեր դեր կը կատարեն անհատական եւ հաւաքական կեանքերէն ներս:
Աստուծոյ առջեւ ինքնաքննութեամբ պիտի տեսնենք թէ շատ մը ճակատներու վրայ պարտութիւն կրած ենք: Աստուածպաշտութեան մեր բարձունքը լքուած է, սրբութեան պատնէշները քանդուած են, հաւատքի ամրոցները կործանած են ու աւերի մատնուած է մեր սիրոյ եւ նուիրումի դրօշակը: Այսօր չարը անտարբերութեան մատնած է մեզ, եւ խաղաղ թափանցումով յաջողած է ինչ որ ձախողած էր պայքարով իրականացնել:
Ուրեմն զգոյշ, կեանքի խաղաղ պայմանները թմրութեան թող չառաջնորդեն մեզ ու հեռացնեն Քրիստոսի սէրէն:
Թող այսօր ամէն բան ծառայէ աւելի սիրելու Քրիստոսին, նուիրուելու եւ ծառայելու Իրեն:
Քեզ սիրող ու քեզի համար խաչափայտին վրայ Իր արիւնը թափող Տէրը ոեւէ անձէ ու որեւէ բանէ աւելի արժանի է քու անսակարկ սիրոյդ եւ նուիրումիդ:
© 2020 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 28, Թիւ 235
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).
Շողակաթ Մշակութային Կեդրոն
/in Articles, News, ShoghagatԲոլորս նոր դպրոցական տարեշրջան մը կը սկսինք, ուր նոր յոյսով, նոր երազներով եւ նոր տեսլականով մը կը դիմաւորենք մեր զաւակներու կրթական բնագաւաւներէն ներս մեր կեանքի բարելաւման գործըթացքը:
Ամբողջացնելու համար դպրոցական համակարգին բացթողումները / օտար վարժարան, ոչ հայեցի կրթութիւն / Հայ Աւետարանական Եղբայրներու Եկեղեցին ի մտի ունի նոր դաստիարակչական ծրագրով մը հանդէս գալ, ներմուծելու համար մեր մատղաշ սերունդի հոգիներէն ներս Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի սէրը:
Դժուար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակի մէջ կ’ապրինք բոլորս, ժխտական երեւոյթները ամէնուրէք են, անոնք ամէն վայրկեան կրնան սպառնալ մեր անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին, ու կը խաթարեն եւ կը ջլատեն անոնց բարոյական եւ հոգեւոր ոյժը: Այս բոլորին դիմաց պէտք է ըլլալ աջալուրջ եւ արթուն:
Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ սիրոյ, խաղաղութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան սերմեր ցանենք եւ աճեցնենք նախ մեր սրտերուն մէջ, ապա մեր զաւակները կոփենք, հոգեւոր եւ Հայեցի դաստիարակութեամբ:
Այս պէտք է ըլլայ մեր առաքելութիւնը: Ահա այս ատեն կրնանք ըսել որ լոյսն ու լաւը ընտրած ենք:
Սիրելինե՛ր, եկէք ուրեմն զարկ տանք Շողակաթ Մշակութային Կեդրոնի Շաբաթօրեայ դասընթացքներուն, եւ թող որ Ս. Հոգիին շողը սփռուի ամէնուրէք ու հոգեպարար կաթիլ մը ծորի եւ ներթափանցէ մեր զաւակներու հոգիներէն ներս:
Թող մեր զաւակները զինուին Աստուածային զօրութեամբ եւ ջատագով հանդիսանան ճշմարտութեան եւ արդարութեան եւ իրենց նպաստը բերեն Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:
Նշան Օղիկեան
Ծանօթ: Նուիրման հանդիսութիւն – Շաբաթ Օգոստոս 24, 2019 երեկոյեան 7-ին:
Եկեղեցւոյ ընկերային սրահ, 1800 Lake St. Glendale, CA 91201
Դասընթացքներու սկիզբ – Սեպտ. 7, առաւօտուն 10-ին
(818) 254-8806
###
Affiliated Ministries
Armenian Evangelical Union of North America
Armenian Missionary Association of America
Latest News
- Խօսքի ԶօրութիւնըNovember 11, 2024 - 9:06 am
- «Ի՞նչ Ընեմ Յիսուսը»July 3, 2024 - 8:41 am
- AEBC Invites Children to Scuba VBSApril 28, 2024 - 9:12 pm
- Նուիրելու ՇնորհքըMarch 4, 2024 - 9:34 am
- Վերջին Պատասխանին Նախադրող ՀակազդեցութիւններըDecember 5, 2023 - 5:29 pm
To Know Jesus Christ and Make Him Known.
Armenian Evangelical Brethren Church is a registered
501(c)(3) non-profit organization.