Tag Archive for: Armenian School

Լոս Անճելըսի «Շողակաթ» Շաբաթօրեայ Նոր Վարժարանի Բացումը

Դպրոցական վերամուտի նախօրէին կրթա-մշակութային կեանքն սկսաւ վերաշխուժանալ Կլենտէյլի հայահոծ գաղութէն ներս: Արդարեւ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնն օժտուեցաւ շաբաթօրեայ նոր վարժարանով մը: Այս կապակցութեամբ յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Աւետարանական Եղբայրներու Եկեղեցիին մէջ Օգոստոսի 24ին, 2019:

Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Տիգրան Շանլեան իր բացման խօսքին մէջ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ թէ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնը Հայ Աւետարանական Եղբայրներու եկեղեցիին հովանաւորութեան ներքեւ, հոգեւոր սնունդին հետ զուգահեռ, կ’ուզէ ամբողջացնել իր առաքելութիւնը, կերտելու տիպար հայորդիներ, ծաղկեցնելու հայու ինքնութիւնը մատղաշ սերունդին մօտ:

ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի Հայ Աւետարանական հանայնքի նախկին հովուապետ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան իր Օրհնութեան աղօթքով եւ նորաբաց կառոյցի կարեւորութիւնը նշելով, յաջողութեան եւ բարի երթի մաղթանքներ փոխանցեց հիմնարկի վարիչներուն:

Անգլերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ Ռոպին Էլմասեան եւ իր բարեմաղթութիւնները ըրաւ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնին:

«Մասիս» շաբաթաթերթի անունով ելոյթ ունեցաւ Գաբրիէլ Մոլոյեան: Ան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես սփիւռքի պայմաններուն մէջ, հայ լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան գծով կատարուած նման նախաձեռնութիւններուն, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան օտար ափերուն հասակ առնող նոր սերունդին վրայ:

Իր հերթին Վեր. Միքայէլ Եուսուֆեան բարձր գնահատեց «Շողակաթ»ի նախաձեռնութիւնն ու հայ լեզուի պահպանման համար կրթօճախներու վերապահուած ազգօգուտ առաքելութիւնը: Ան իր ելոյթն աւարտեց ըսելով «Ոգեւորենք նոր սերունդը հայ ըլլալու հպարտութեամբ: Սիրենք հայ լեզուն, խօսինք հայերէն եւ պահպանենք մեր ինքնութիւնը»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնի եւ շաբաթօրեայ վարժարանի վարիչ տնօրէնուհի Մարալ Թարխանեան-Օղիկեան: Իր ելոյթէն յայտնի եղաւ որ շաբաթօրեայ վարժարանի գործունէութիւնը պիտի ընդգրկէ հայերէն լեզուի ուսուցում՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն բաժիններով: Ուսման ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ յատուկ դասապահեր սերմանելու հայ մշակոյթի աւանդները պատանիներու հոգիներէն ներս, երգի, երաժշտութեան, պարի եւ ասմունքի միջոցով, որոնք հայկական բարքերու եւ սովորութիւններու ծանօթացման հետ, մատղաշ նորահաս սերունդին մօտ պիտի ծաղկեցնեն հայու ինքնութիւնը:

Գոործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասանակցութեամբ Ա. Պուլպուլեանի (նուագ) եւ Աննա Սթեֆանիտի (մեներգ):

Սոյն կրթամշակութային միջոցառումն աւարտեցաւ Վեր. Յովհաննէս Մելգոնեանի ոգեւորիչ ելոյթով ու աղօթքով:

Գնահատելի միջոցառում մը արդարեւ: Բարի երթ եւ արգասաբեր ճանակարհ նուիրեալ նախաձեռնողներուն:

 

Գ. Մոլոյեան

 

This article was originally published in Massis Weekly Vol 39 Issue 32

Շողակաթ Մշակութային Կեդրոն

Բոլորս նոր դպրոցական տարեշրջան մը կը սկսինք, ուր նոր յոյսով, նոր երազներով եւ նոր տեսլականով մը կը դիմաւորենք մեր զաւակներու կրթական բնագաւաւներէն ներս մեր կեանքի բարելաւման գործըթացքը:

Ամբողջացնելու համար դպրոցական համակարգին բացթողումները / օտար վարժարան, ոչ հայեցի կրթութիւն / Հայ Աւետարանական Եղբայրներու Եկեղեցին ի մտի ունի նոր դաստիարակչական ծրագրով մը հանդէս գալ, ներմուծելու համար մեր մատղաշ սերունդի հոգիներէն ներս Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի սէրը:

Դժուար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակի մէջ կ’ապրինք բոլորս, ժխտական երեւոյթները ամէնուրէք են, անոնք ամէն վայրկեան կրնան սպառնալ մեր անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին, ու կը  խաթարեն եւ կը ջլատեն անոնց բարոյական եւ հոգեւոր ոյժը: Այս բոլորին դիմաց պէտք է ըլլալ աջալուրջ եւ արթուն:

Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ սիրոյ, խաղաղութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան սերմեր ցանենք եւ աճեցնենք նախ մեր սրտերուն մէջ, ապա մեր զաւակները կոփենք, հոգեւոր եւ Հայեցի դաստիարակութեամբ:

Այս պէտք է ըլլայ մեր առաքելութիւնը: Ահա այս ատեն կրնանք ըսել որ լոյսն ու լաւը ընտրած ենք:

Սիրելինե՛ր, եկէք ուրեմն զարկ տանք Շողակաթ Մշակութային Կեդրոնի Շաբաթօրեայ դասընթացքներուն, եւ թող որ Ս. Հոգիին շողը սփռուի ամէնուրէք ու հոգեպարար կաթիլ մը ծորի եւ ներթափանցէ մեր զաւակներու հոգիներէն ներս:

Թող մեր զաւակները զինուին Աստուածային զօրութեամբ եւ ջատագով հանդիսանան ճշմարտութեան եւ արդարութեան եւ իրենց նպաստը բերեն Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:

 

Նշան Օղիկեան

 

Ծանօթ: Նուիրման հանդիսութիւն – Շաբաթ Օգոստոս 24, 2019 երեկոյեան 7-ին:

Եկեղեցւոյ ընկերային սրահ, 1800 Lake St. Glendale, CA 91201

Դասընթացքներու սկիզբ – Սեպտ. 7, առաւօտուն 10-ին

(818) 254-8806

[email protected]

Shoghagat.org

###