Լոս Անճելըսի «Շողակաթ» Շաբաթօրեայ Նոր Վարժարանի Բացումը
Դպրոցական վերամուտի նախօրէին կրթա-մշակութային կեանքն սկսաւ վերաշխուժանալ Կլենտէյլի հայահոծ գաղութէն ներս: Արդարեւ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնն օժտուեցաւ շաբաթօրեայ նոր վարժարանով մը: Այս կապակցութեամբ յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Աւետարանական Եղբայրներու Եկեղեցիին մէջ Օգոստոսի 24ին, 2019:
Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Տիգրան Շանլեան իր բացման խօսքին մէջ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ թէ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնը Հայ Աւետարանական Եղբայրներու եկեղեցիին հովանաւորութեան ներքեւ, հոգեւոր սնունդին հետ զուգահեռ, կ’ուզէ ամբողջացնել իր առաքելութիւնը, կերտելու տիպար հայորդիներ, ծաղկեցնելու հայու ինքնութիւնը մատղաշ սերունդին մօտ:
ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի Հայ Աւետարանական հանայնքի նախկին հովուապետ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան իր Օրհնութեան աղօթքով եւ նորաբաց կառոյցի կարեւորութիւնը նշելով, յաջողութեան եւ բարի երթի մաղթանքներ փոխանցեց հիմնարկի վարիչներուն:
Անգլերէն լեզուով ելոյթ ունեցաւ Ռոպին Էլմասեան եւ իր բարեմաղթութիւնները ըրաւ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնին:
«Մասիս» շաբաթաթերթի անունով ելոյթ ունեցաւ Գաբրիէլ Մոլոյեան: Ան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես սփիւռքի պայմաններուն մէջ, հայ լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան գծով կատարուած նման նախաձեռնութիւններուն, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան օտար ափերուն հասակ առնող նոր սերունդին վրայ:
Իր հերթին Վեր. Միքայէլ Եուսուֆեան բարձր գնահատեց «Շողակաթ»ի նախաձեռնութիւնն ու հայ լեզուի պահպանման համար կրթօճախներու վերապահուած ազգօգուտ առաքելութիւնը: Ան իր ելոյթն աւարտեց ըսելով «Ոգեւորենք նոր սերունդը հայ ըլլալու հպարտութեամբ: Սիրենք հայ լեզուն, խօսինք հայերէն եւ պահպանենք մեր ինքնութիւնը»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ «Շողակաթ» մանկա-պատանեկան մշակութային կեդրոնի եւ շաբաթօրեայ վարժարանի վարիչ տնօրէնուհի Մարալ Թարխանեան-Օղիկեան: Իր ելոյթէն յայտնի եղաւ որ շաբաթօրեայ վարժարանի գործունէութիւնը պիտի ընդգրկէ հայերէն լեզուի ուսուցում՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն բաժիններով: Ուսման ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ յատուկ դասապահեր սերմանելու հայ մշակոյթի աւանդները պատանիներու հոգիներէն ներս, երգի, երաժշտութեան, պարի եւ ասմունքի միջոցով, որոնք հայկական բարքերու եւ սովորութիւններու ծանօթացման հետ, մատղաշ նորահաս սերունդին մօտ պիտի ծաղկեցնեն հայու ինքնութիւնը:
Գոործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասանակցութեամբ Ա. Պուլպուլեանի (նուագ) եւ Աննա Սթեֆանիտի (մեներգ):
Սոյն կրթամշակութային միջոցառումն աւարտեցաւ Վեր. Յովհաննէս Մելգոնեանի ոգեւորիչ ելոյթով ու աղօթքով:
Գնահատելի միջոցառում մը արդարեւ: Բարի երթ եւ արգասաբեր ճանակարհ նուիրեալ նախաձեռնողներուն:
Գ. Մոլոյեան
This article was originally published in Massis Weekly Vol 39 Issue 32