Tag Archive for: Spiritual Temple

Ժամանակ Ունի՞ս Մտածելու

«Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ, ձեր ճամբաներուն վրայով մտածեցէք» Անգեայ 1:5

 

Որքա՞ն ժամանակ կը յատկացնենք մտածելու, խորհելու եւ խոկալու մեր անհատական ընտանեկան եւ ազգային վիճակներուն, գործերուն եւ պէտքերուն մասին: Յաճախ լման կեանքեր փուճ տեղը կը հալին, կը մարին ու կը կորսուին անձին անմիջական՝ մարմնաւոր եւ նիւթական պէտքերուն համար արժեւորելով ժամանակաւորը եւ անտեսելով հոգեւորը, մնայունը: Դժբախտաբար հաւատացեալներ հեռու չեն մնար այս տխուր վիճակէն ու այս վնասակար կեցուածքէն:

Ահաւասիկ Աստուած կոչ մը կը կատարէ Մարգարէին միջոցով Իր ժողովուրդին, որուն կեանքը կը յատկանշուի անհոգութեամբ, անտարբերութեամբ, համրութեամբ եւ ծուլութեամբ:

Արդեօք այսօր ալ չկա՞ն մեր մէջ թոյլ եւ անփոյթ կերպերով Տէրոջը գործին հարցերը դիմակալողներ, գաղջ ու անտարբեր եւ մոլար վիճակներով հաւատացեալներ:

Ի՞նչ ըրին անոնք, եւ ի՞նչ կ’ընենք մենք:

Ա. Աստուծոյ Գործը

Ժողովուրդը ըսաւ, «Ժամանակը չէ»: Տէրոջ տունը շինելու ժամանակը չէ հասած: Ամէն հաւատացեալ կատարելիք բաժին մը ունի: Որքան յաճախ պատրաստ ենք յետաձգելու մեր բաժինը Աստուծոյ գործին մէջ, նոյնիսկ ուրիշի մը վերագրելով եւ անկէ ակնկալելով որ բան մը ընէ:

Գիտակից ըլլալով որ մեր անձերը պէտք է Աստուծոյ նուիրենք, որոշապէս բաժին մը ունենանք պատկանած եկեղեցիին ծրագիրներուն մէջ. սակայն «հիմա ժամանակը չէ», «ես պէտքեր ունիմ» ըսելով, կ’անտեսենք:

Աստուծոյ գործին աջակցելու առիթը հիմա է: Եթէ այսօր ձեռքէդ բան մը ընել կու գայ լաւագոյնդ կատարէ:

Հաւատացեալներ ապրեցան ձեղունազարդ տուներու մէջ, բայց Տէրոջ տունը աւերակ էր:

Այսօր եկեղեցին պէտքեր ունի, ո՞վ պիտի լեցնէ այդ պէտքերը: Անշուշտ ես եւ դուն պիտի լեցնենք, եւ այս Աստուծոյ պատուէրն է, Աստուծոյ փառք կը բերէ:

Շատ հաւատացեալներ կան, որոնք «գինովցած» են նիւթական ճոխութիւններով, մինչ Աստուծոյ գործը կը կաղայ հաւատքի տկարութեան եւ անձնական ջանքերու պակասին պատճառով:

Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»:

Բ. Աշխատանքին Արդիւնքը

«Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք», առողջ արդիւնքը շատ բերելն է: Նաեւ «կերաք բայց չկշտացաք»: Քրիստոնեաներու ջախջախիչ մեծամասնութեան հոգեւոր վիճակը այս է, ախորժակ ունին այս աշխարհի վայելքներուն, հարստութիւն, դիրք եւ պատիւ: Այսպիսիներ շարունակ «կ’ուտեն», բայց գոհ չեն, չեն կշտանար:

Անօթի հոգիներ են, բայց ոչ Կենաց Հացին հանդէպ:

Աշխատանքի արդիւնքը, բերք ունենալ է, կշտանալ ու տաքնալ է: Մարդեր, հաւատացեալներ ինքնարդարացումի շողշողուն հագուստներով կը ծածկուին, բայց չեն տաքնար:

Այս աշխարհի մէջ Աստուծոյ արդարութիւնը փոխարինող ոչ մէկ բան կայ: Անոր արդարութիւնը անոնց վրայ է, որոնք կը հաւատան, այդպիսով սիրտը տաքուկ կը պահուի «ցուրտ» եղանակներուն եւ հակասական պարագաներու մէջ:

«Յիսուս Քրիստոս ձեր վրայ առէք», Անոր արդարութեան ծածկոցը եւ ներկայութեան փայլքը կը ջերմացնէ մեր կեանքը:

Վերջապէս աշխատանքի արդիւնք եղող վարձքը «կը դնէք ծակ պարկի մէջ»: Այն վարձքը որ կը շահինք մեր հպարտութեան եւ անձնակեդրոն ջանքերուն միջոցով, մեր հոգիներուն համար գործնական արժէք չի ներկայացնէր: Աստուածաշունչը կ’ըսէ, «Մեղքին վարձքը մահ է»: Մահը տոպրակ մըն է շատ ծակերով, ամէն բան որ Աստուածահաճոյ չէ, այդ ծակերէն պիտի իյնայ:

Գ. Ի՞նչ Պիտի Ընենք

Ի՞նչ է այն գործն ու աշխատանքը որ պէտք է կատարուի, «Տուն շինեցէք ու Անոր պիտի հաճիմ ու պիտի փառաւորուիմ»: Տէրոջը տունը Երուսաղէմի տաճարն էր, որ կը կենար պաշտամունքի եւ վկայութեան համար: Աստուծոյ եկեղեցին , որ Քրիստոսի մարմինն է, նոյնպէս կը կենայ պաշտամունքի եւ վկայութեան համար: Հոգեւոր տաճար մըն է ան, շինուած հոգեւոր կենդանի քարերով: Այս տաճարը շարունակաբար կը շինուի, եւ Տէրը մեզի հրաւիրած է, որպէսզի Իր գործակիցները ըլլանք: Ուստի մեր գործն է այս սուրբ տաճարը  շինել, եւ մեր շինելովը Ան կը հաճի ու կը փառաւորուի: Եթէ անտարբեր ենք, անհոգ ու ձգձգող, յստակ է թէ «մեր ճամբաներուն վրայով կը մտածենք»:

Ի՞նչ պիտի ընենք, պիտի շինենք, բայց ի՞նչով:

«Լեռը ելէք, փայտ բերէք»:

Երուսաղէմի տաճարը չէր կրնար ազնուական գաղափարներով եւ սին, անարդիւնք խօսակցութիւններով շինուիլ, փայտ պէտք էր:

Հոգեւոր տաճարը, որուն հիմը Քրիստոս է, սովորական աղօթքներով, անկենդան պատգամներով, ընկերային պահերով ու մարդկային հաշիւներով չի շինուիր: Հոգեւոր շէնքը պէտք ունի հոգեւոր քարերու, որոնք կենդանի են, որոնք Սուրբ Հոգիով արթուն են եւ կ’աճին սուրբ տաճար մը ըլլալու:

Ուրկէ՞ պիտի գան այս կենդանի քարերը, լեռնէն: Այդ օրերուն Աստուծոյ ժողովուրդը Լիբանանի լեռները կ’երթար փայտ բերելու: Մենք, այս օրերուն Գողգոթա լեռը պէտք է երթանք, որովհետեւ այդտեղ կը ծնին ու կը շինուին հոգիները: Նաեւ հոգիներ շահելու համար անձնական մաքրութեան եւ սրբութեան կը կարօտինք:

Քու ճամբաներուդ վրայով մտածելու ժամանակ, կանգ առ ու մտածէ նաեւ Աստուծոյ ճամբաներուն վրայով, ու Հոգին պիտի առաջնորդէ քեզի ընելու լաւագոյնդ Տէրոջը փառքին եւ Թագաւորութեան համար:

 

© 2020 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 28,  Թիւ 237

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).