Յիշողութիւնդ Ինչպէ՞ս Է

«Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, ու այն ամէնը որ իմ ներսիդիս է՝Անոր սուրբ անունը: Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, եւ Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար» Սաշմ. 103:1,2

 

by Rev. Dikran Shanlian

Այս Սաղմոսը ամբողջութեամբ փառաբանութիւն է, աղաջանք, խնդրանք ու պաշտամունք չկայ: Ո՞վ պիտի օրհնէ Տէրը, անշուշտ ես: Պատահա՞ծ է որ դուն քու անձիդ հետ խօսիս: Որքա՞ն յաճախ դուն քեզի հետ խօսած ես:

Ես իմ անձիս հետ խօսելու եմ, ինչպէս Դաւիթ խօսեցաւ: Յաճախ ես իմ անձիս հետ խօսելու եմ,  որպէսզի Աստուծոյ բարերարութիւնները չմոռնամ: Բոլորս ալ մոռնալու դէմ պայքարելու ենք:

Իմ անձս, օրհնէ Տէրը – ասիկա շրթունքի խօսք ըլլլալու չէ: Շրթունքի օրհնութիւն եւ փառաբանութիւն չէ այլ հոգիի: Ասիկա հոգիիս գործը ըլլալու է, որովհետեւ ո՛չ գեղեցիկ խօսքը եւ ո՛չ գեղեցիկ երաժշտութիւնը իմաստ եւ արժէք կ’ունենայ եթէ մէջը հոգի չկայ:

Այս Սաղմոսը կը շեշտէ Աստուծոյ յարաբերութիւնը մարդուն հետ: Աստուած հեռուն եղած զօրութիւն մը չէ, հապա անձ մըն է որ մարդկութեան կը յայտնուի Իր սիրով:

Դաւիթ՝ հովիւ պատանին, հիմա Իսրայէլի թագաւորն է: Ան չիխորհեցաւ ու չերազեց որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ գորգերու վրայ պիտի քալէ ու թագաւորական գահը պիտի նստի, փոխանակ դաշտերը ոչխար արածելու:

Հալէպի մէջ, համեստ պայմաններով ապրող, դասընկերներ ունեցած եմ, որոնք այսօր միլիոնաւոր տոլարներ եւ կալուածներ ունին հոս: Ազատ երկիրներու մէջ պատեհութիւնը կայ հասնելու բարձր պաշտօններու եւ դիրքերու:

Տակաւին աշխարհ չէ տեսած Աստուծոյ շնորհքին զօրութիւնը: Մեր երկնաւոր Հայրը կրնայ նորածին մը առնել Նեղոսի ջուրերէն ու ընել ժողովուրդի մը առաջնորդը: Ան կրնայ Գալիլիոյ լիճի կապոյտ ջուրերէն ձկնորս մը առնել եւ առանձնաշնորհը տալ անոր տեսնելու վարագոյրէն անդին ու տեսածը պատմէ բոլորիս: Ան կ’իջնէ մեղքի խորերը եւ մեղաւոր Մագդաղենացիին ձեռքէն կը բռնէ, կը գեղեցկացնէ անոր կեանքը եւ պատիւ կու տայ զինք տեսնելու Յարութեան առաւօտուն:

Դաւիթ այս սաղմոսով կ’երգէ իր անձնական ողորմութիւնները, որոնք ստացած է Աստուծմէ: Զարմանալի չէ որ Դաւիթ ցնծայ Տէրոջը կատարած գործերով:

  1. Ներում.- Եթէ մէկը կայ որ ապրած է Ադամէն մինչեւ հիմա եւ գիտէ ներել, իսկապէս ներել, անիկա Նազորվեցի Յիսուսն է: Պատմութիւնը շատ կը յիշէ նշանաւոր ազնուական անձնաւորութիւններ, բայց ոչ մէկը եղած է Անոր նման:

Մենք ներելու մէջ կը պայքարինք, իսկ Իրեն համար ներելը ինքնիստիկեան է: Յիշողութիւնը կը բերէ տխուր դէպքեր, մարդոց ըրած սխալները, սակայն Տէրոջ մտքին մէջ մէկ յիշողութիւն կայ, ներուած են մեր բոլոր անօրէնութիւնները:

  1. Բուժում.- Ուշագրաւ է որ Եբրայերէնի մէջ բժշկութիւն եւ ներում նոյն ներշնչուած բառերն են: Հաւանաբար մեր բոլոր հիւանդութիւններուն պատճառը մեր անհատական մեղքերը չեն, սակայն «անկումին» հետեւանքներէն մէկն է: Եթէ Ադամ եւ Եւա չմեղանչէին, հիւանդութիւնը մեր բաժինը պիտի չըլլար:

Բայց պահ մը խոկանք մեր սիրելի Յիսուսին վրայ, Ան միշտ ալ բժշկութիւնը գործածած է, որպէս միջոց, հասնելու հոգիին ու փրկելու զայն: Թող հիւանդութիւնը սրբագործէ մարդոց, այս է Յիսուսի մօտեցումը:

  1. Փրկութիւն.- Որքան յիմարական է, երբ մարդը ըսէ, թէ իր անձին ու ապագային տէրն է: Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի մարդու մը մասին, որուն արտերը շատ բերք տուին… Միշտ պէտք է խորհիլ կեանքի փոթորիկներուն ու փորձութիւններուն մասիին: Պարագաներու փոփոխութիւնը չարտօներ որ մարը իր կեանքը ապրի: Ան որ չէ ճաշակած Քրիստոսի ազատագրող զօրութիւնը, ան սատանայի իշխանութեան տակն է:Մեղքն ու անօրէնութիւնը մեզ կը բաժնեն Աստուծմէ: Քաղաքակրթութիւններ մշակոյթներ զարգացուցին եւ մենք ալ զանոնք հագուստի նման կը հագուինք, որուն ներքեւ կորսուած եւ մեղաւոր սիրտ մը կայ որ փրկութեան կարօտ է: Օր մը Աստուած Փրկիչը ղրկեց: Յիսուսով սատանայի զօրութիւնը քու կեանքիդ վրայ կտրուած է:

Դուն գնուեցար Անոր թանկագին արիւնով,դուն Իրն ես:

  1. Պսակադրութիւն.- Ան է որ Իր ողորմութեան պսակը կը դնէ մեր գլուխին վրայ: Արդարութեան պսակը, որեւէ ոսկեայ կամ ադամանդեայ պսակէ աւելի թանկագին:

Թագաւորներ ինքզինքնին չեն կրնար թագադրել, թէեւ պատմութիւնը կը յուշէ կարգ մը պարագաներ: Շատ Քրիստոնեաներ ալ չեն կրնար ունենալ պսակ հիմնուած իրենց սխրագործութիւններուն վրայ:

Որքան պարտական ենք Յիսուսին, Ան առաւ մեր մեղքը ու տուաւ սրբութիւն, առաւ մահը եւ տուաւ կեանք, առաւ մեղաւոր սիրտը եւ լեցուց Իր սիրով: Ան եղաւ մարդու որդի եւ զիս ըրաւ Աստուծոյ որդի:

Ու հիմա, սիրտս ու ձայնս կը բարձրանան պաշտելու Զինք, ու միանալով սաղմոսերգուին կ’ըսեմ,  ով իմ անձս օրհնէ Տէրը ու Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար:

© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24,  Թիւ 221