Commendation for ‘Boundless Blessing’ from Rev. Dr. Vahan Tootikian


Սիրելի Տիգրան եղբայր,

Սիրով եւ շնորհակալութեամբ ստացած ենք
Անսահման Օրհնութիւն վերտարութեամբ մակագրուած գիրքդ: Արդէն Ռօզէթն ու ես սկսած ենք փոխն ի փոխ կարդալ զայն:

Սոյն հատորը արտաքնապէս գեղեցիկ է եւ քաշողական: Իսկ ներքնապէս, իր բովանդակութեամբ ալ խորիմաստ եւ օգտաշատ գիրք մըն է: Թէեւ ամբողջ գիրքը կարդալու առիթը չունեցայ, բայց կարդացած յօդուածներս օգտակար եւ օրհնաբեր գտայ:
  Ռօզէթն ու ես մեծապէս կը գնահատենք տարած աշխատանքդ: Հովուական բազմազբաղ գործերուդ կողքին, գիրք գրել եւ հրատարակել թէ’Ատուածահաճոյ ու ազգաշէն ծառայութիւն մըն է: Վարձքդ կատար, գրիչդ դալար:


Տիրաւանդ սիրով եւ եղբայրաբար,
Վահան Յ. Թութիկեան

Rev. Dr. Vahan H. Tootikian is the Minister Emeritus of the Armenian Congregational Church of Greater Detroit and the Executive Director of the Armenian Evangelical World Council.