«Ի՞նչ Ընեմ Յիսուսը»


Մատթ. 27:22

Պոնտացի Պիղատոս Հրէաստանի 6-րդ Հռովմայեցի կուսակալն էր եւ իր պաշտօնավարութեան սկսած էր 25-26 թուականներուն։

Օր մը յանկարծ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին Պիղատոսի առջեւ կը բերուի քահանայապետներուն եւ ժողովուրդին ծերերուն կողմէ – դատավարութեան համար։

Աստուծոյ Որդին, մատնուած Իր աշակերտներէն մէկուն կողմէ եւ ձերբակալուած դաւադիրներէն, զրպարտութիւններով եւ սուտ վկայութիւններով կը ներկայացուի իբրեւ ապստամբ ու ոճրագործ։ Անդին մարմարեայ աթոռին մէջ բազմած Պոնտացին կը սկսի Յիսուսին հարցաքննել, մինչ Հրէական խուժանը ատելութեամբ, վայրագօրէն կը նայի Անոր եւ անհամբեր կը սպասէ իրեն նպաստաւոր վճիռի մը։ Միւս կողմէ, Հռովմայեցի զինուորները Յիսուսին կը դիտեն, երբեմն անտարբերութեամբ եւ երբեմն ալ ծաղրանքով։

Քանի մը հարցաքննութիւններէ ետք, Պիղատոս գտնելով Յիսուսի անմեղութիւնը, կը ջանայ անպարտ արձակել։ Ժողովուրդը յամառօրէն կ՚ընդդիմանայ։ Պիղատոս ճնշուած  ու շուարած մէկ կողմէ իր հարցաքննութեան արդար արդիւնքէն եւ միւս կողմէ ամբոխին անարդար պահանջներէն, կը դիմէ ժողովուրդին ըսելով, «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը որ Քրիստոս կ՚ըսուի»։ Խուժանը միաձայն կը պատասխանէ, «Թող խաչուի»։

Պիղատոս պաշարուած սպառնացող զրպարտիչներէն, կը կորսնցնէ իր բարոյական քաջութիւնը եւ հռովմէական արժանապատուութիւնը, եւ ոտնակոխ ընելով իր խղճին արդար ձայնը, Անմեղը կը յանձնէ իր թշնամիներուն ձեռքը։

Պոնտացին միակ անձը չէ, որ ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ այս գործնական եւ անխուսափելի հարցումին։ Այդ օրերէն սկսեալ մինչեւ այսօր, բոլոր անոնք որ Յիսուսի անունը կամ Աւետարանը լսած են, յիշեալ խորաթափանց հարցումը գտած են իրենց առջեւ, որուն պարտաւորուած են կերպով մը պատասխանել։

Յիսուս եւ Իր Աւետարանը անխուսափելի են, եթէ մենք Իրեն չդիմագրաւենք, Ինք մեզի կը դիմագրաւէ։

Այսօր ալ խառնաշփոթ քաղաքակրթուած աշխարհը կը տեսնէ Նազովրեցին, խաչեալ Քրիստոսը, Պիղատոսի նման թէպէտ գիտէ Անոր անմեղ կեանքն ու փրկելու անզուգական զօրութիւնը, բայց պաշարուած ըլլալով անձնասիրական, փառասիրական եւ շահախնդրական յամառ եւ հսկայ ոյժերով, շուարած նոյն հարցումը կը կրկնէ, «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ՚ըսուի»։ Ահա այս է ծանրակշիռ եւ անմիջական հարցը, որուն ամէն անհատ պատասխանելու է։ Այս հարցումը կը կազմէ հիմը եւ բանալին մեր բազմատեսակ խնդիրներուն։

 

Ա. Քաղաքական աշխարհը եւ տնտեսականը ի՞նչ պիտի ընէ Յիսուսը։

Կեանքի եւ ստացուածքի ահագին կորուստներէ ետք, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ու յատկապէս Արցախի հայաթափումէն ետք, շատեր ուժասպառ կը հարցնեն, «Հապա ի՞նչ ընենք Յիսուսը»։

Նորէն շահախնդրային դիւանագիտութիւն եւ աշխարհաւեր պատերա՞զմ, թէ արդարասիրութիւն եւ հիմնական խաղաղութիւն։ Բարաբա՞ն թէ Յիսուսը։ Երբ տէրութիւններու սրտերուն մէջ մղիչ շարժառիթները մնան շահախնդութիւն, յափշտակութիւն եւ փառասիրութիւն, ի՞նչ դրական տեղաշարժ կարելի է ակնկալել։ Ահագին թիւով երիտասարդներ կը զոհուին, քաղաքներու մէջ դիակներ կը մնան բլատակներու տակ։ Յիսուս կ՚ըսէ «Առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։

Աշխարհի մէջ, գիւտեր ու զարգացում, յառաջդիմութիւն եւ հարստութիւն օրէ օր կը կուտակուին։ Բայց գործազրկութիւնը, ապրուստի սղութիւնը, եկամուտի քիչութիւնը, մարդասպանութեան եւ աւազակութեան  պատճառներ են։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանես տկարները, փոքր գործի տէրերը, մինչ աշխարհ կը հետեւի այն քաղաքականութեան—հսկայ ձուկեր կուլ կու տան փոքր ձուկերուն։

 

Բ. Եկեղեցին եւ Անհատը Ի՞նչ Պիտի Ընէ Յիսուսը։

Այսպիսի հարցում մը թերեւս անակնկալ եւ հակասական թուի եկեղեցիին։ Սակայն իրողութիւնը այն է, որ յարուցեալ եւ կենդանի Քրիստոսը այսօր եկեղեցիներուն մէջ կը կենայ ու կ՚ըսպասէ։

Ի՞նչ պիտի ընեն ներկայ դարու եկեղեցիները։ Ի՞նչ պիտի ընենք մենք՝ Հայերս, նաեւ իբր Աւետարանականներ։ Արդեօք Յիսուսը շղթայակապ եկեղեցաշէնքի մը պատերուն մէջ պիտի պահենք, որպէսզի մենք կարենանք վազել վայելքներու ետեւէն, ու մեր բաժինը պիտի ըլլայ բամբասանք, արարողութիւն, պառակտում եւ անպէտ վէճեր։ Կամ սգէմի տակ մեր ուխտը մոռցած պիտի մղուինք բաժանումներ ստեղծել ի սէր եկեղեցիին, չըսելու համար մեր ես-ին։ Շատեր հոգեւորի կեղծ ժպիտով փոշի կը ցանեն մարդոց աչքերուն ու…Քրիստոսը չերեւիր։

Այսօր, մեր ազգը մեզմէ կ՚ըսպասէ ոչ ալէլուեաններ կամ օրհնութիւններ, ոչ ալ կատարելութեան քարոզներ եւ վարդապետութիւններ, հապա կ՚ըսպասէ Քրիստոսի հոգին, սէրը, միաբանութիւնը եւ խոնարհութիւնը, ասոնցմով պէտք է օժտուի ամէն Հայ ու ամէն Աւետարանական։ Այս է եւ ըլլալու է գերագոյն գործը եկեղեցիին, արտադրել անկեղծ, գործօն եւ զոհուող կեանքեր։

Յիսուս Քրիստոս, եկեղեցական աշխարհին մէջ ալ ատեանին առջեւ կեցած, իբր Տէրն ու Գլուխը եկեղեցիին կ՚ըսէ…«Առանց Ինծի բան մը չէք կրնար ընել»։

Խորաթափանց, անխուսաբելի եւ խիստ կենսական հարցում մըն է, «Դուն ի՞նչ պիտի ընես Յիսուսը…»։

Աշխարհի եւ ընդհանուր մարդկութեան պարագաները ինչ ալ ըլլան, անհատը պարտադրուած է պատասխանել այս հարցումին, իր անձին համար։ Ով որ ես, պատասխանելու ես այս հարցումին։

Ի՞նչ պիտի ընես Յիսուսը քու ընտանեկան, ընկերային, ազգային ու եկեղեցական յարաբերութիւններուդ մէջ։ Եթէ Քրիստոնեայ անհատներուն մեծամասնութիւնը ապրէր հաւատարիմ եւ քաջաբար Յիսուս Քրիստոսի սկզբունքները գործադրէր, այսօրուան կեղծիքի, անարդարութեան եւ շահախնդրութեան կործանիչ ոյժերը գոյութիւն իսկ չէին ունենար։ Ներկայիս, մեր նուիրական պարտականութիւնն է, ընդունիլ Յիսուսը որպէս Տէր, մարմնացնել Անոր հոգին մեր կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ եւ ժամավաճառ չըլլալ ըսի ըսաւներով եւ եղբայրասպան վէճերով։

Եթէ կ՚ուզենք տեսնել Քրիստոնէութեան յաղթանակը ներկայ տակնուվրայ ընկերութեան մէջ, եթէ կը սիրենք մեր ազգն ու եկեղեցին, կը հետապնդենք անոնց գերագոյն շահերը, եթէ կը փափաքինք օգտագործել մեր կեանքերը Աստուծոյ Թագաւորութեան համար, ուրեմն ըլլանք Քրիստոնեայ մը, մեր անձնական, ընկերային, առեւտրական, եկեղեցական եւ ազգային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ, մնալով հաւատարիմ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, եւ Աստուած ըլլայ մեզի օգնական։

 


© 2024 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 32,  Թիւ 252

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).