Յիսուսի Հպումը
Դանիէլ 10:10,11
Ահաւասիկ գործողութիւն մը, որուն կը կարօտինք: Նոյնիմաստ գործողութիւններ են հպիլ, դպչիլ, դպիլ, շփշփել, թաթել ու քսուիլ, ասոնք Հայերէն բառարանին արձանագրութիւններն են: Հպիլ կը նշանակէ նրբութեամբ եւ քնքշութեամբ դպչիլ:
Կեանքի ընթացքին տարբեր հպումներ վայելած ենք ու կը վայելենք, ինչպէս մայրական հպումը մեր կեանքի առաջին պահերէն, ապա ընտանիքի անդամներու, ազգականներու եւ սիրելիներու հպումը: Այս բոլորին կը գերազանցէ Յիսուսի հպումը:
Հպումը ապահովութեան, քաջալերանքի, կարեկցութեան եւ սիրոյ արտայայտութիւն է ու փոփոխութիւն կը ներմուծէ մեր կեանքին մէջ, յատկապէս կենդանի Աստուծոյ Որդւոյն հպումը:
Այստեղ հարկ է յիշել այն փոփոխութիւնները որոնք կը պարգեւէ Յիսուս Քրիստոսի հպումը:
Ա.- Անոր հպումը կը զօրացնէ- Դանիէլ 10
Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը տեղեկացնէ թէ Դանիէլ «երեք շաբաթ սուգի մէջ էի». ախորժելի կերակուր չկերաւ, բերանը միս եւ գինի չմտաւ, նոյնիսկ իւղով չօծուեցաւ: Ապա տեսիլք մը տեսաւ, մեծ տեսիլք մը ու իր վրայ ոյժ չմնաց, ձայն մը լսեց ու երեսին վրայ գետին ինկաւ, «ահա ձեռք մը դպաւ ու ինծի վերցուց», ետքը 18րդ համարով նորէն ինծի դպաւ «Մի վախնար, ով սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցիր ու քաջ եղիր»:
Յոգնածին, տկարին ու վախցողին Յիսուս զօրացնող հպում ունի: Կեանքի տարբեր ելեւէջներուն մէջ գիտակցիր թէ Ան կը զօրացնէ եւ Առաքեալին հետ բացականչէ «ամէն բանի կարող եմ, անով որ զիս կը զօրացնէ»:
Բ.- Անոր հպումը կը կենդանացնէ- Ղուկաս 7
Յիսուս Նային քաղաքին դրանը մօտեցաւ, ահա մեռել մը դուրս կը հանէին. մօրը մէկ հատիկ տղան մեռած էր ու կինը որբեւայրի էր: Յիսուս խղճալով այս կնկան ըսաւ, «մի լար» ու դագաղին դպաւ ու ըսաւ «ով պատանի քեզի կ’ըսեմ ելիր», ան ելաւ,
նստաւ եւ սկսաւ խօսիլ, ու ամէնն ալ վախով բռնուած զԱստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին «մեծ մարգարէ մը ելեր է եւ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»: Ամէն մարդ լսեց այդ դէպքին մասին:
Յիսուս ըսաւ «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը, ով որ ինծի կը հաւատայ բնաւ պիտի չմեռնի»:
«Ան որ Որդին ունի կեանք ունի»: Երբ մեղքերու ու յանցանքներու մէջ մեռած էինք Ան եկաւ ու դպաւ մեզի ու կենդանացուց:
Գ.- Անոր հպումը կը բժշկէ- Մատթէոս 8,9
Բորոտ մը եկաւ Յիսուսի, երկրպագութիւն կ’ընէր ու կ’ըսէր «Տէր եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»:Եւ Յիսուս ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ «կ’ուզեմ մաքրուէ» եւ շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ: Բորոտութիւնը այդ օրերուն անբուժելի հիւանդութիւն էր, բորոտները քաղաքէն դուրս առանձին կը բնակէին: Մեղքը մարդկային միջոցներով անբուժելի է, սակայն դարմանը Ա. Յովհաննուի մէջ կը տրուի «եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու»:
Երկու կոյրեր աղաղակեցին «ողորմէ մեզի, Որդի Դաւթի»:
Այդ օրերուն Արեւելքի մէջ կուրութիւնը լուրջ հարց մըն էր: Արձանագրութիւնները կը վկայեն թէ Յիսուս նուազագոյն վեց կոյրեր բժշկեց, ամէն մէկուն պարագան ալ տարբեր էր:
Այս երկուքը ճանչցան եւ ընդունեցին թէ Յիսուս Քրիստոս Դաւիթի Որդի է, եւ վճռած էին Անոր հետեւիլ մինչեւ տունը, անշուշտ իրենց առաջնորդող ընկերներ ունէին: Յիսուս անոնց հաւատքը գնահատեց երբ հարցուց «կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել», «Այո, Տէր»-ը իրենց դաւանութիւնն էր: Կուրութիւնը հոգեւոր տգիտութիւն է: Ահաւասիկ մեղաւորը վերստին ծնունդի պէտք ունի, միայն այս փորձառութենէն ետք է որ կրնայ Աստուծոյ բաները տեսնել: Եթէ հաւատացեալը չաճի կը վնասէ իր հոգեւոր տեսողութեանը:
Յիսուս անոնց աչքերուն դպաւ եւ ըսաւ «ձեր հաւատքին պէս ըլլայ -զգոյշ կեցէք մէկը չիմանայ»:
Դ.- Անոր հպումը կը թարմացնէ- Մատթէոս 9
Պետրոսի զոգանչը ջերմով բռնուած էր ու Յիսուս անոր ձեռքին դպաւ ու ջերմը հեռացաւ, ելաւ ու ծառայութիւն կ’ընէր: Հպումը ջերմութիւնը փոխեց ու պարգեւեց թարմութիւն:
Մեղքին այրող, վիրաւորող ազդեցութիւնները կրնան դարմանուիլ Յիսուսի կողմէ, Ան բժշկապետն է, պէտք չունի ախտաճանաչում կատարելու, Ան գիտէ եւ կարող է:
Որպէս արդիւնք շատեր լսեցին, դիւահարներ բերին, խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բժշկեց բոլոր հիւանդները, ինչո՞ւ, որպէսզի Եսայի մարգարէին ձեռքով ըսուած խօսքը կատարուի «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»:
Ե.- Անոր հպումը կ’ողորմէ- Մարկոս 7
Տիւրոսի եւ Սիդոնի սահմաններէն ելլելով եկաւ Գալիլիայի ծովեզերքը Դեկապոլիս… մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ եւ դժուարախօս, կ’աղաջէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ: Իր մատերը անոր ականչներուն խոթեց, թքաւ եւ անոր լեզուին դպաւ, ըսաւ Եփրաթա Արամերէն բառ մըն է որ կը նշանակէ բացուէ, արձակէ:
Յիսուս այս հիւանդը հեռացուց ժողովուրդէն:
Այս մարդը չլսեց Յիսուսի ըսածը, սակայն ստեղծագործութիւնը լսեց ստեղծիչին պատուէրը ու մարդը բժշկուեցաւ:
Ոչ միայն Յիսուս կրնայ մեզի դպչիլ, բայց նաեւ մենք կրնանք իրեն դպնալ ինչպէս կինը Անոր հանդերձին քղանձքին դպաւ եւ արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ:
Թող Տէր Յիսուս դպչի մեզի զօրացնելու, կենդանացնելու, բժշկելու, թարմացնելու եւ ողորմելու:
Թող Յիսուս դպչի մեզի մեր առօրեային մէջ:
© 2019 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 27, Թիւ 233