Լաւագոյնին Պատրաստուիլ
Ա. Պետ. 3:8-17
Արդեօ՞ք կարելի է լաւագոյնին պատրաստուիլ, լաւագոյն հալածանքին ու նեղութեան:
Պետրոս գրեց այս նամակը, որպէսզի պատրաստէ հաւատացեալները հալածանքի մեծ փորձութեան, իր մօտեցումը լաւատեսութիւն էր ու դրական, իր պատգամն էր «լաւագոյնին պատրաստուիլ»ը:
Այս բաժինին մէջ երեք թելադրութիւններ կու տայ հետեւելու, եթէ կ’ուզեն լաւագոյն օրհնութիւններու փռրձառութիւնը ունենալ ամենէն ծանր ժամանակներուն մէջ: Անոնցմէ առաջինին վրայ կը կեդրոնանանք:
v Քրիստոնէական Սէրը Մշակենք .-
Նկատելի է որ սէրը անգամներ կը յիշուի Պետրոսի նամակներուն մէջ: Ոչ միայն Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ, այլ նաեւ մեր սէրը ուրիշներու հանդէպ: Պետրոս ինքն ալ պէտք ունէր սորվելու այս կարեւոր դասը, եւ դժուար սորվեցաւ: Արդեօք Յիսուս որքա՞ն համբերատար ըլլալու էր իրեն հանդէպ:
Անշուշտ պէտք է սկսինք Աստուծոյ ժողովուրդը սիրելով (3:8): «Վերջապէս» բառը կը նշանակէ բոլորը ամփոփել: Ինչպէս որ ամբողջ Օրէնքը ներկայացուած է սիրոյ մէջ (Հռովմ. 13:8-10), այդպէս ալ ամբողջ մարդկային յարաբերութիւնները կը լեցուին սիրով: Ասիկա առնչուած է ամէն Քրիստոնեայի եւ կեանքի բոլոր երեսներուն հետ:
Այս սէրը կ’երեւի մտքի մէկութեամբ (Փիլ. 2:1-11): Մէկութիւնը չի նշանակէր միատեսակ, այլ կը նշանակէ գործակցութիւն հակառակ տարբերութիւններու: Մարմինի անդամները միասին կը գործեն, հակառակ իրարմէ տարբեր ըլլալուն: Քրիստոնեաներ կրնան տարբերիլ ինչպէս գործելու, աշխատելու մէջ, բայց պէտք է համաձայնին թէ ինչ ըլլալու է եւ ինչու:
Սիրոյ ուրիշ ապացոյցը կարեկցութիւնն է, անկեղծ զգալ ուրիշներու պէտքերուն: Իրարու հանդէպ կարծրասիրտ պէտք չէ ըլլալ, պէտք է ուրախութիւն եւ դժուարութիւն բաժնեկցիլ, ասոր մէջ հիմքը այն է թէ մենք նոյն ընտանիքին կը պատկանինք, եւ Աստուծմէ սորված ենք իրար սիրել (Ա. Թես. 4:9):
Սէրը ինքզինք կը յայտնէ գութով, փափկանկատութիւն ուրիշներու հանդէպ: Հռովմէական կայսրութեան մէջ ընդունուած արժանիք մը չէր, սակայն Քրիստոնէական պատգամը փոխեց ամէն բան: Այսօր մեր առօրեան հեղեղուած է բացասական, ողբերգական լուրերով, որով դիւրին է մեկուսացուիլ եւ ըլլալ անզգայուն: Պէտք է մշակենք կարեկցութիւնը, եւ գործնականապէս ցոյց տանք ուրիշներու որ հետաքրքրուած ենք:
Ոչ միայն Աստուծոյ ժողովուրդը սիրելու ենք, նաեւ մեր թշնամիները: Այս նամակը ստացողներ անձնական հալածանք կ’ունենային, որովհետեւ Աստուծոյ կամքը կը կատարէին: Պետրոս կը զգուշացնէ թէ լայնատարած հալածանքը շուտով կը սկսի, ուստի պատրաստուելու են: Այսօր ալ եկեղեցին պատրաստուելու է, որովհետեւ մեր առջեւ դժուարին ժամանակներ կան, հալածանքն ու նեղութիւնը պիտի գրաւեն մեզ:
Որպէս Քրիստոնեաներ երեք տարբեր մակարդակներէն մէկով կրնանք ապրիլ .- բարութեան փոխարէն չարութիւն, ասիկա սատանայական է: Երկրորդ, բարութեան դէմ բարութիւն եւ չարութեան դէմ չարութիւն, ասիկա մարդկային է, եւ երրորդ, չարութեան փոխարէն բարութիւն, եւ ասիկա Աստուածային է: Այս վերջինին լաւագոյն օրինակը Յիսուս Ինքն է:
Այս մօտեցումը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ Պետրոսի, որովհետեւ անգամ մը սուրով փորձեց կռուիլ Յիսուսի թշմամիներուն հետ:: Երբ տակաւին դարձի չէր եկած ամէն կերպով եկեղեցիին հակառակեցաւ: Երբ ինք եւ առաքեալներ հալածուեցան, անոնք յենուեցան Աստուծոյ զօրութեան եւ աղօթքի վրայ: Միշտ յիշելու ենք մեր կոչումը եւ այս կ’օգնէ որ սիրենք մեր թշնամիները:
Պէտք է սիրենք իրար, մեր թշնամիները եւ կեանքը (10-12): Լուրերը թէ հալածանք ու նեղութիւններ կան պէտք չէ հեռացնեն մեզ ապրելէ: Եթէ աշխարհի համար գէշ օրեր են, Քրիստոնեային համար լաւ օրեր կրնան ըլլալ, միայն կարգ մը պայմաններ պէտք է լրացնենք:
Ա. Հաստատօրէն Կեանքը Սիրենք.-
Վերջ ի վերջոյ ասիկա կեանքի հարց է «Ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել»: Ասիկա հաւատքի դիրք է որ ամէն պարագայի մէջ լաւագոյնը կը տեսնէ: Ասիկա յոռետեսութեան հակառակն է: Յոռետեսութիւն յիշուած Ժողովողի մէջ «Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ» «Որովհետեւ արեւուն տակ եղած գործը ինծի գէշ երեւցաւ, ամէնը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է»: Մենք կրնանք որոշել տոկալու կեանքին, կամ կեանքը ընել բեռ ու հեռանալ կեանքէն, որպէս թէ պատերազմէն կը փախչինք, եւ կամ կը վայելենք զայն, որովհետեւ գիտենք Աստուած է կառավարողը:
Պետրոս չառաջարկէր անգործնական հոգեբանական խաղ մը, որ կը մերժէ իրողութիւնը դիմակալել: Հապա կը մղէ իր կարդացողները որ կեանքին դրական մօտեցում մը ունենան եւ հաւատքով ամէն պարագայի մէջ լաւագոյնը ընեն:
Բ. Մեր Լեզուն Զսպենք .-
Կեանքի շատ մը հարցերը կը ծագին երբ սխալ բառերով կը խօսուին, սխալ հոգիով կ’առաջնորդուինք: Ամէն Քրիստոնեայ պէտք է կարդայ Յակոբու 3րդ գլուխը կանոնաւորաբար եւ օրական աղօթէ Սաղմ. 141:3-ը: Որքան լաւ Պետրոս գիտցաւ աճապարանօք խօսքին տխուր հետեւանքները: Սուրբին կեանքին մէջ սուտին տեղ չկայ:
Գ. Բարիք Ընենք եւ Չարիքը Ատենք
Պէտք ունինք թէ դրականին եւ թէ բացասականին: Պէտք է խուսաբինք բանէ մը որ չենք հաւնիր ու կ’ատենք: Բաւական չէ խուսաբիլ մեղքէ, որովհետեւ մեղքը սխալ է, պէտք է հեռու մնանք: Մենք կատենք մեղքը:
Դ. Խաղաղութեան Ետեւէ Ըլլանք
Մատթ. 5:9 «Երանելի խաղաղութիւն ընողներուն, անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»: Եթէ խնդիրներ, դժուարութիւններ հարուցանողներ ըլլանք, պիտի գիտնանք, բայց եթէ խաղաղութեան ետեւէ ենք նոյնպէս պիտի գիտնանք: Այս չի նշանակէր խաղաղութիւն ամէն գնով, որովհետեւ արդարութիւնը միշտ ալ ըլլալու է խաղաղութեան հիմքը: Պարզապէս կը նշանակէ թէ Քրիստոնեան չափաւորութիւն կը գործածէ երբ ուրիշներու հետ գործ ունի եւ հարցեր չի ստեղծեր որովհետեւ կ’ուզէ իր կամքը պարտադրել «Որքան կարելի է խաղաղութիւն ունեցէք» Հռովմ. 12:18: Երբեմն կարելի չէ:
Հալածուող հաւատացեալներ կրնան հարցնել «Բայց եթէ մեր թշնամիները կը շահագործե՞ն մեզ»: Ես խաղաղութիւն կ’ուզեմ, սակայն անոնք պատերազմի ետեւէ են: Պետրոս կու տայ վստահութիւնը թէ Աստուծոյ աչքերը Իր ժողովուրդին վրայ են եւ Իր ականչները անոնց աղօթքներուն (Պետրոս սորվեցաւ այս դասը երբ փորձեց ջուրերուն վրայ քալել առանց Յիսուսի նայելու):
Պէտք է վստահինք Աստուծոյ, պաշտպանութեան եւ պէտքերու հայթաթման համար, որովհետեւ միայն Ինք կրնայ մեր թշնամիները պարտութեան մատնել:
Պետրոս այս խօսքը կը մէջբերէ Սաղմ. 34:12-15 համարներէն, անկասկած օգտակար է եթէ բոլոր Սաղմոսը կարդաս: Կը նկարագրէ թէ Աստուած ինչ կ’ըսէ «լաւ օրեր»ով: Յստակօրէն նիւթերէ եւ հարցերէ ազատ օրեր չեն, որով սաղմոսերգուն գրեց վախերու եւ նեղութիւններու մասին (4, 6, 17) նոյնիսկ կոտրած սրտի մասին (18):
Կեանքը սիրող հաւատացեալին համար «լաւ օրը» այն օրը չէ որ շոյուած ու պահպանուած է, հապա այն օրն է երբ կը ճաշակէ Աստուծոյ օգնութիւնն ու օրհնութիւնը, հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն:
Այն օրն է երբ ինք, Տէրը կը մեծարէ, աղօթքի պատասխան կ’ունենայ, Աստուծոյ բարութիւնը կը ճաշակէ եւ կը զգայ Անոր մօտիկութիւնը:
Յաջորդ անգամ երբ կը խորհիս թէ «գէշ օր» կ’ունենաս, եւ կեանքը կ’ատես կարդա 34րդ Սաղմոսը եւ պիտի յայտնաբերես թէ իրապէս «լաւ օր» կ’ունենաս Աստուծոյ փառքին համար:
© 2020 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 28, Թիւ 238
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).