Առանց Գիտնալու Թէ Ուր

Եբր. 11:1-3, 8-10

Հաւատքը շատ քիչ կապ ունի, նոյնիսկ կապ չունի յստակ, որոշ եւ տեսանելի բաներու հետ: Սակայն այս չէ մօտեցումը մերօրեայ շատ մը կրօններուն եւ հաւատացեալներուն: Այսուհանդերձ այդ հիմնական ճշմարտութիւն է, որուն վրայ Եբրայեցիներու նամակին համարները հիմնուած են: Հաւատքը որոշ, յստակ եւ երեւելի բաներու հետ առնչութիւն չունի: Թերեւս կը փափաքինք որ տարբեր ըլլայ, բայց չէ:

Ոմանք կը փափաքին այս նիւթին տարբեր, պարզուած եւ դիւրին մօտեցում ունենալ:

Հաւատքը այդպէս չէր Աբրահամի պարագային: Ահա մեծ մարդ մը, բայց տակաւին հօրը ընտանիքին հետ, հօրը տան մէջ:

Աբրահամ ընտանիքին Ուր-էն Խառան երթալուն մէջ բաժին ունեցաւ: Իր հայրը Թարա շարունակեց ամբողջ ընտանիքին որոշումներու պատասխանատւութիւնը կրել: Թէեւ Աստուած անծանօթ չէր Աբրահամի, բայց զարմացաւ երբ Ան տեղեկացուց իրեն թէ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ, եւ քիչ ժամանակ ետք ուրիշ փոփոխութիւն մը: Աստուած ըսաւ «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա այն երկիրը՝ զոր ես քեզի պիտի ցուցնեմ: Թարա Խառանէն աւելի անդին պիտի չերթար, սակայն Աբրահամ իր կնկան հետ պատրաստ էր երթալու:

Թարա հաւանաբար հարցուց «Բայց ո՞ւր պիտի երթաս», «Աստուած ցոյց պիտի տայ» խեղդուած ձայնով մը պատասխանեց Աբրահամ, անոր որ ընտանիքին մէջ գլխաւոր որոշումներ առնողն էր, նոյնիսկ հոգեւոր որոշումները:

Արդեօք կ’ըզգա՞ս խօսակցութեան ծանրութիւնը, երբ Աբրահամ հաստատակամ էր, հակառակ անորոշութիւններուն, Աստուած իսկապէս խօսած էր: Աստուած իրապէս խօսած էր, յիշեցնելով հնազանդութեան օրհնութիւնները, անոնցմէ մէկը՝ աւելի մեծ օրհնութիւն իրեն եւ իր ընտանիքին: Եւ Աբրահամ Խառանէն հեռացաւ առանց գիտնալու թէ ո՞ւր կ’երթայ:

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ կամեցաւ այսպիսի քայլ մը առնել, երբ եօթանասունհինգ տարեկան էր: Շատ բան չունէր, կինը, Ղովտը, քանի մը ծառաներ եւ քիչ մըն ալ ապրանք: Կարծես ուրիշներ ալ ներշնչուած ու համոզուած իրենց հետ ճամբայ ելան, դրդապատճառը Աբրահամի հաւատքն էր:

Ըստ Եբրայեցիներու նամակին Աբրահամ հաւատքի պատմութեան մէջ կեդրոնական անձնաւորութիւն մըն է: Ան վտանգեց իր կեանքը, իր ընտանիքին կեանքը եւ վստահ չէր թէ ինչո՞ւ: Հակառակ այս ապացոյցին շատ մը աստուածաբանութեան հեղինակներ իրեն օրինակելի կը նկատեն: Կրնանք նայիլ իրեն որ հաւատքի կեանք մը ցոյց կու տայ, այդ հաստատուած չէ տեսանելի, որոշ եւ յստակ երեւոյթներու վրայ:

Մենք կ’ուզենք ամէն տեսակի անորոշութիւններ մեր կեանքերէն վերցուին, նամանաւանդ երբ դրամական ներդրում մը կը կատարենք, շահագործութեան դնելով գումար մը, չենք ուզեր վտանգուած ըլլայ այլ ապահովութիւն կը փնտռենք:

Աբրահամ վստահ չէր թէ ինչո՞ւ եւ յստակօրէն չէր գիտեր թէ ո՞ւր պիտի երթայ, բայց Աստուծոյ իրեն հետ ըլլալու մղիչ վստահութիւնը ունէր: Երբ կը շարժինք Աստուծոյ կամքով կ’ունենանք Իր առաջնորդութիւնը, որովհետեւ խոստացած է մեզի հետ երթալ, ըլլալու մեզի հետ, օրհնելու մեզ եւ մեր միջոցով օրհնելու ուրիշները: Աստուած միայն մէկ բան չի խոստանար, այդ ալ մանրամասնութիւններու ցանկը, պարզապէս վնասն ու վտանգը նուազեցնելու համար:

Որպէս հաւատքի անձեր, բոլորս ալ շարունակ պէտք ունինք հաւատքի քայլեր առնելու: Մենք հաւատքով կը քալենք, դիւրին չէ ու հասկնալն ալ յստակ չէ: Հետեւելով Աբրահամի առաջնորդութեան, ահա այս խումբը հասաւ Քանան: Ինչո՞ւ հոս, Աբրահամ չէր գիտեր, սակայն մղիչ վստահութիւնը ունեցաւ թէ այս է շիտակ վայրը: «Աբրահամ այս երկրէն մինչեւ Սիւքէմի տեղը մինչեւ Մօրէի կաղնին անցաւ…» Ծննդոց 12:6:

Կարդալով այս համարը «երկրէն մինչեւ Սիւքէմ», արդեօք որքա՞ն ժամանակ առաւ…եւ դժուարութի՞ւնը եւ շփոթութի՞ւնը, երբ օրէ օր յստակ ու վստահ ուղղութիւն չկար:

Երբեմն մենք ալ նման ապրումներու մէջ կ’ըլլանք երբ հաւատքի քայլ կ’առնենք, կը քալենք ու կը քալենք ուղղութեան մը վրայ, պարզապէս ունենալով մղիչ առաջնորդութիւն մը: Օրեր, շաբաթներ ու ամիսներ կ’անցնին, յստակ, հաստատ, որոշ ու բացայայտ բան մը չկայ, միայն հաւատքդ օգնած է քեզի երթալու, եւ Աստուծոյ վստահելով երթը շարունակելու:

Եբրայեցիներու նամակին հեղինակը կը յիշեցնէ մեզի թէ Աբրահամ Քանանու երկրին մէջ ապրեցաւ որպէս «պանդուխտ»: Դիւրին բան չկայ, ոչ ալ վարձատրութիւն կայ, Աստուած առաջնորդած է, որպէսզի Քանանու երկիրը Աբրահամի սերունդներուն ըլլայ:

Աբրահամ, որպէս հաւատքի մարդ, յայտնաբերեց որ հաւատքի գնահատականը անմիջապէս պիտի չունենայ: Անշուշտ ժառանգութեան խոստումը բլուրին վրայ հանգստաւէր պալատ մը չէ եւ ոչ ալ ոսկի փողոցներ, նոյնիսկ պիտի չլսէ «ապրիս բարի ու հաւատարիմ ծառաս» խօսքը:

Եթէ միայն կերդրոնանանք վերջնական գնահատանքին, անպայման պիտի կորսնցնենք կեանքի նուէրները եւ հաւատքը որ մեզի հոն կը հասցնէ:

Աբրահամ յայտնաբերեց հաւատքի գլխաւոր գնահատականը, Աստուծոյ հետ քալել է ամբողջ ճամբու ընթացքին, իր բոլոր մարտահրաւէրներով, յուսահատական պահերով եւ ձախողութիւններով: Հաւատքով քալելը ինքնին վարձատրութիւն է : Առօրեայ քալուածքով կ’ունենանք պատեհութիւնը ճանչնալու Իրեն եւ հասկնալու Իր ներկայութեան զօրութիւնը:

Որովհետեւ ամբողջական, մանրամասն ուղղութիւններու ցանկ մը չէ տրուած, երբ ձեռնարկած ենք այս հաւատքի ճամբորդութեան, այդ իսկ պատճառով շարունակաբար Աստուածոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մնանք:

Արդար ըլլալու համար, ըսենք թէ միայն երկու սերունդներ ետք կը բացայայտուի Աբրահամի շիտակ քայլ առնելը:

Հաւատքը յստակօրէն անձնական է, բան մը չէ որ ուրիշներ որոշում կը կայացնեն մեզի համար: Մենք ենք մեր ընտրութիւններով, Աստուծոյ առջեւ պիտի որոշենք եւ ապրինք մեր ընտրութեան հետեւանքներով կամ արդիւնքներով:

Հաւատքով ապրելու համար պէտք է գիտակցիլ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը, հաւատքի ժողովուրդ է, միշտ պանդխտական, օտարական կեանք մը ունի. երբեմն կ’օրհնուի յիշեցնելով Աստուծոյ ներկայութիւնն ու առաջնորդութիւնը, բայց միշտ օտարներ են, կըսպասեն խոստումներու վերջնական կատարումին:

Աբրահամ շարունակեց երթալ, նաեւ մենք, հաւատքի ժողովուրդը կը շարժի, նստիլ չկայ, որովհետեւ Աստուած տակաւին կը խօսի եւ կը ղրկէ: Վայրեր կան ուր Իր անունով հոգիներու պէտք է հասնինք, խօսինք ու դպչինք:

Մինչ կ’անցնինք փառք կու տանք, որովհետեւ հաւատք ունինք, ինչպէս Աբրահամ ունեցաւ, օր մը բոլորիս համար խճանկարի քարերը սքանչելի կերպով միատեղ պիտի քան, երբ հաւատքի ճամբորդութեան մէջ մեր բաժինը կ’ունենանք:

 

© 2022 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 30,  Թիւ 244

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).