Պարզապէս Կ’անցնի՞նք


«Վասն զի ես այսպէս կը դատեմ, որ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով, որ մեզի պիտի յայտնուի»: Հռովմ 8:18

 

Հիմնուելով կարգ մը ենթադրութիւններու վրայ, որոշապէս բոլորս ալ ետեւ մնացած ենք:

Տարբեր առաջնորդներ, տարբեր թուականներով ըսած են թէ Յիսուս Քրիստոս պիտի վերադառնայ: Վերջինը յայտարարուած էր Մայիս 21, 2011-ին: Նաեւ վերջին շաբաթներուն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդին մահուան առթիւ, շշուկներ լսուեցան որ նոր ընտրուելիքը պիտի ըլլայ վերջին առաջնորդը եւ աշխարհի վախճանը պիտի գայ:

Անշուշտ այնպէս կը թուի որ այս երկիր մոլորակին վրայ ամէն անհատ Քրիստոնէական հաւատքի քննութեան ձախողած է կամ տրուած տեղեկութիւնները սխալ  են ու անհիմն: Աշխարհի բնակչութեան մնացորդը, դիտելով ծաղրեց Քրիստոնէութիւնը, երբ Մայիս 22-ը սկսաւ լուսնալ:

Արդեօք մենք պարզապէս անցորդնե՞ր ենք: Աշխարհ բազմաթիւ խնդիրներով վարակուած է: Ամբողջ ստեղծագործութիւնը վայրագութեամբ լեցուած է: Բնական աղէտներ, սպանութիւն, հիւանդութիւն, անարդարութիւն, սով եւ կռիւներ քիչ մը ամէն կողմ: Այս դէպքերն ու պատահարները կը մղէ  փափաքը հեռանալու այս քստմնելի խաւար մթնոլորտէն:

Միթէ Աստուածաշունչը այսպէ՞ս կը պատգամէ: Պօղոս առաքեալ Հռովմի եկեղեցիին ուղղուած նամակին 8րդ գլուխով մեր հարցումին պատասխանը կու տայ եւ կ’արժէ զայն պրպտել:

 

Ա. Յոյս այս աշխարհի համար.-

Պօղոս Առաքեալ՝ ուրիշ որեւէ առաքեալէ աւելի գիտէր տառապանք, եւ Հռովմ. 8:18-21-ով կ’անդրադառնայ անոր: Ներկայ տառապանքները բան մը չեն երբ կը համեմատենք ապագայ փառքին: Թերեւս ասիկա նոյն փառքն է որ կորսուեցաւ երբ մարդկութիւնը ընտրեց ըմբոստանալ:

Ծննդոցի առաջին գլուխներուն մէջ, մեզի ներկայացուած է խաղաղութեան պատկեր մը ներկայ է երբ բոլոր մոլորակները գոյութիւն ունին գեղեցիկ ներդաշնակութեամբ: Մարդկութիւնը, Աստուծոյ ծրագիրով կ’ապրի Աստուծոյ եւ իրար հետ ուղիղ յարաբերութեամբ:

Երբ Ադամն ու Եւան որոշեցին ստեղծագործութեան դէմ ըմբոստանալ անոնք մեր բոլորին համար հետեւանքներու դուռ բացին – օտարացում: Բան մը մեր ոսկորներուն եւ մկաններուն մէջ կ’ըսէ, «Այս ուղիղ չէ»: Մենք կը ցանկանք տեսնել աշխարհ մը ուր այս բաժան-բաժան եղած յարաբերութիւնները շինուին ու մէկտեղուին:

Առաքեալը կ’ըսէ մեզի, «Ստեղծագործութեան ակնկալութիւնը Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասէ… իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը հասնին» Հռովմ. 8:19-21:

Աստուածաշունչի բացատրողական հատորի մը մէջ կը կարդանք, «Ստեղծագործութիւնն ու մարդիկ կը բաժնեն հասարակաց վիճակ մը, ապագայ մը – անոնք միասին կը տառապին, կը փրկուին, կը կերպարանափոխուին եւ կամ միասին կը փառաւորուին»:

 

Բ. Երկինք երկրի վրայ.-

Առաքեալը կը շարունակէ 22-23 համարներով:

Ստեղծագործութիւնը կը հառաչէ, Քրիստոնեաները կը հառաչեն: Իրողութեան մէջ կը շարունակէ մեզի ըսել որ Սուրբ Հոգին ալ կը հառաչէ (հմր. 26): Յիսուսի հետեւողներուն փափաքն ու ցանկութիւնն է Վերջին Օրուան՝ երբ բժշկուած ստեղծագործութեան մէջ, մարմնով եղողներս յարութիւն պիտի առնենք: Օրը շուտով կու գայ երբ Աստուած չարը պիտի դատէ  ու վերահաստատէ մեր վիրաւոր ու խորտակուած աշխարհը: Ան տեղ մը պիտի ըլլայ ուր Իր թագաւորութիւնը ամբողջութեամբ ներկայ է: Երկիրը երկինք պիտի ըլլայ:

Մեզմէ շատեր պայմանաւորուած են ու տրամադրուած փախուստի հաւատալու, կամ «Կը մեռնիմ կ’երթամ եւ կամ կը յափշտակուիմ» կ’ըսեն, փոխանակ Աստուծոյ հետ գործելով այս աշխարհին բժշկութիւն բերելու: Հռովմայեցիներու նամակին այս բաժինը ներդաշնակ չէ Նոր Կտակարանի տարբեր բաժիններուն հետ:

 

Գ. Մեր ժառանգութիւնը երկինքի մէջ.-  

Առաջին Պետրոս 1:4-ը կ’ըսէ, «Ժառանգութիւն մը որ երկինքը պահուած է»: Հեղինակը չի խօսիր տեղի մը մասին որ այս աշխարհէն դուրս է ուր ժառանգութիւն պիտի ստանանք: Առաջին դարու ընթացքին մարդիկ ենթադրեցին թէ երկինքն ու երկիրը միացած՝որպէս մէկ իրականութիւն են: Վարագոյր մը ծածկած է մեզմէ տեսնելու այս երկու եզրերէն կապակցութիւնը: Բացառիկ առիթներով երկինքէն Աստուծոյ լոյսի պատառիկ մը վարագոյրին մէջէն կը տեսնենք, որ զարմանք եւ ակնածութիւն կը յառաջացնէ մեր մէջ:

Պետրոս Առաքեալի առաջին նամակը կը յիշեցնէ մեզի որ Աստուած վստահելի է, մեր ժառանգութիւնը մինչեւ վերջին օրը պահելու, երբ Աստուած երկինքն ու երկիրը պիտի միացնէ: Ասիկա պիտի ըլլայ Նոր ստեղծագործութեան վերջին արարը:

 

Դ. Ամպերու մէջ.-

Առաջին Թես. 4:16-17 ամենէն նշանաւոր բաժինն է որ կը նկարագրէ Քրիստոնեաներուն վիճակը երբ կը հեռանան այս աշխարհէն: «Ետքը մենք ալ որ ողջ մնացած ենք… պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու օդին մէջ… մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով»:

Առաքեալը պատասխանելու համար Թեսաղոնիկէի հաւատացեալներուն մտահոգութեանը իրենց սիրելիներու մահուան կապակցութեամբ, կը խօսի մարմնաւոր յարութեան մասին, փոխ առնելով երկու պատկերներ Հին Կտակարանէն, առաջինը՝երբ Մովսէս Սինա լեռնէն Օրէնքով վար կու գայ, երկրորդը՝ Դանիէլ 7:13-էն, «Մէկը մարդու որդիին նման», նաեւ պատկեր մըն ալ Հռովմէական մշակոյթէն, երբ կայսրը քաղաք կ’այցելէ եւ այդ շրջանի ժողովուրդը դուրս կու գայ կայսրին հանդիպելու: Պօղոս Առաքեալը այս պատկերը եկեղեցիին կը կիրարկէ:

 

Ե.Նորոգուած երկիր մը.-

Տէր Յիսուսի համաձայն, մենք պէտք է աղօթենք, «Քու Թագաւորութիւնդ գայ… ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթ. 6:10), եւ ոչ թէ հակառակը: Երբ Յովհ. Առաքեալի տեսիլքը Յայտնութեան մէջ կը հասնի իր գագաթնակէտին, «Նոր Երուսաղէմ» կու գայ երկինքէն երկիր       (Յայտ. 21:2): «Նոր երկինք եւ Նոր երկիր» այս երկրի վրայ պիտի ըլլայ, գեղեցիկ, նոր ու կատարեալ յատկութիւններով:

Մեր երկիրը ազատ պիտի ըլլայ հառաչանքներէ որ ապացուցուած է «Անէծքով», եւ այդ վերցուած պիտի ըլլայ (Յայտ. 22:3) Մահ, ցաւ ու արցունք պիտի չըլլայ (21:4), նաեւ համաշխարային խաղաղութիւն պիտի տիրէ (Եսայ. 2:4, Յայտ. 22:2):

 

Զ. Գործակցութիւն Աստուծոյ հետ.-

Բայց, այդ օրը հասած չէ: Մենք «Արդէն» կ’ապրինք Թագաւորութեան մէջ, սակայն «Տակաւին չեղածին» կը փափաքինք: Մենք, հիմնուած Հռովմ. 8-ի վրայ, հրաւիրուած ենք գործակցութեան: Կործանուած աշխարհի հառաչանքներուն մէջ Հոգին կը բերէ«Առաջին պտուղները» Աստուծոյ ապագայ աշխարհին – ներկայի մէջ:

Այդ կը նշանակէ որ կատարելիք գործ ունինք:

Աստուած կը փափաքի գործել մեզի հետ, հակասելու մեր քանդուած երկրի հառաչանքը: Զօրացած Իր Հոգիով, հրաւիրուած ենք Աստուծոյ միանալով, բերելու «Ինչ որ բարի է»: Ամէն անգամ երբ կը խորհինք Աստուծոյ երկրի վրայ գալիք իշխանութեան, կը գործակցինք Իր առաքելութեան: Ամէն արարգ, գութի եւ ողորմութեան եւ հաշտութեան քայլ, մեզի Աստուծոյ գործակից կ’ընէ: Հետեւաբար մենք պարզապէս «Չենք անցնիր»:Մենք առաքելութիւն մը ունինք:

Այս աւետարանչական առաքելութիւնը կը հրաւիրէ մեզ պատմելու Աւետարանին գեղեցիկ պատմութիւնը՝ թէ խօսքով եւ թէ գործքով: Ասիկա Աստուծոյ ծրագիր մը սկսելու պատմութիւնն է որ յայտարարած է «Շատ բարի», սակայն վնասուած է չարին ըմբոստութեամբ: Աստուած, Յիսուս Քրիստոսով գերեզմանէն դուրս կու գայ, պարտութեան մատնելով խաւարի ապականած զօրութիւնը:

Օր մը Յիսուս պիտի վերադառնայ, հաստատելու Իր իշխանութիւնը յաւիտեան այս երկրի վրայ: Որպէսզի պատրաստուինք երկինք եւ երկիր միութեան, կը հռչակենք որ մարդիկ պէտք ունին ընդունելու Յիսուսը որպէս Տէր: Երբ այս կ’իրականանայ, կ’ունենանք բոլոր աղբիւրները, Աստուծոյ Հոգիին միջոցով բերելու այդ աշխարհին նշանները, հիմա ներկայիս – Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն, հաշտութիւն թշնամիներու միջեւ, տարբեր գերութիւններէ ազատութիւն, ուրիշներու բարիքին համար զոհողութիւն եւ չքաւորին բարի լուր:

Որեւէ տեսակի Քրիստոնէական պատմութիւնը, որ կ’անտեսէ Յիսուսի բարի լուրը, կը ձախողի հռչակելու Աստուածաշունչի յոյսը: Աստուծոյ գործակցութեան հրաւէրը այս աշխարհի համար է:

Վերջին ժամանակը պիտի հասնի, երբ Յիսուս վերադառնայ: Այդ օրը փախուստի օր պիտի չըլլայ, հապա ամբողջական ազատութեան:

Տէրը առաջնորդէ մեզ ըլլալու այն ժողովուրդը որ նշանաւոր է ապրելակերպով մը, որպէս թէ ապագայ աշխարհը արդէն սկսած է:

 

 


© 2025 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 33,  Թիւ 256

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).

0 replies

Leave a Reply

Want to join the discussion?
Feel free to contribute!

Leave a Reply

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.