Խօսքի Զօրութիւնը


«Քու Խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին, Ու Դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր։»

Յոբ. 4:4

   Եղիփազ Թեմանացին, Յոբի ընկերներէն մէկը կը յիշեցնէ անոր թէ ինչպէս ազնիւ խօսքերը իրեն տուած են քաջութիւն, հաւատք եւ յոյս:

Որքան ուշագրաւ պիտի ըլլայ եթէ նման վկայութիւն մը տրուի մեր արտասանած խօսքերուն համար թէ մեր աղօթքներն ու թելադրութիւնները ճգնաժամի մէջ եղողներուն օգնած են, որպէսզի անոնք կանգուն մնան:

Ինչպէս ամէն քարոզիչ, ծնող, ուսուցիչ ու գրիչ կը փափաքի լսել, ու իրենց խօսքերը բեմէն, տունէն, դասարանէն ու հրատարակուած գիրքերու ընդմէջէն օգտակար կ՚ըլլան ուրիշներու կարօտութեան, եւ փորձութեան ժամանակ:

Շատ հաւանաբար լսած ենք, «Մէկ պատկեր կ’արժէ հազար խօսք»: Չէի կասկածած այս խօսքին նկատմամբ, մինչեւ վերջերս երբ սկսայ մտածել թէ ի՞նչ կրնանք ընել հազար խօսքերով, գիտակցեցայ որ աւելի նուազ բառերով կրնամ Տէրունական Աղօթքը գրել, ինչպէս նաեւ Երանելիները, 23րդ Սաղմոսը եւ Հայաստանի քայլերգը:

Հաստատօրէն կրնամ ըսել որ այս բառերը աւելի կ’արժեն քան թէ որեւէ պատկեր:

Որոշ բառեր պահուած խորութիններու մէջ, կու գան փոխանցելու զօրաւոր եւ զուլալ ճշմարտութիւններ: Նման խօսքերու անհրաժեշտ կարեւոր չէ եղած, մինչեւ այսօր:

Տարբեր առիթներով կը հանդիպինք մարդոց, որոնք Խօսքին պէտք ունին, թեթեւցնելու անոնց ծանրութիւնը, տալու զօրութիւն կամ ուղղութիւն: Բառեր որոնք կրնան համոզել, դարձի բերել, օգնել,բժշկել ու ներշնչել:

Ներկայիս շատեր որոնք անկար են ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս խօսքերու կարիքը ունին, խօսքեր քաջալերութեան, մխիթարութեան, յոյսի եւ լոյսի: Խօսքերը նման են պարաններու, որոնք երբ լեռ կը մագլցիս, կ’օգնեն աւելի բարձրանալու, ցից ու սահուն վայրերու մէջ ապահովութիւն ներշնջելու:

Գործք Առաքելոց գիրքին համաձայն, երբ առաքեալները բանտէն արձակուեցան, հրեշտակը ըսաւ անոնց, «Գացէք, կայնեցէք ու տաճարին մէջ մարդոց կեանքի խօսքեր տուէք»:

Աշխարհի կրօններէն գերազանց է միայն Քրիստոնէութիւնը, որ կապուած է Խօսքի հետ: Յիսուս եկաւ քարոզեց եւ աշխարհ ղրկուածներուն ալ պատուիրեց Խօսքը քարոզել: Աշխարհ պէտք է լեցուի Յիսուսի խօսքերով, յայտնապէս այս վերջին օրերուն եւ Անոր Խօսքերը մեր սեփականութիւնը ըլլալու են:

Յիսուս կ’ըսէ, «Իմ խօսած խօսքերս կեանքի խօսքեր են», «Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց ոչ իմ խօսքերս»: Իրեն համար ըսած են, «Մարդ մը ասոր նման բնաւ  չէ խօսած»:

Ան ուսումնասիրեց Իր խօսքը լսողներուն անդրադարձը։ Շարունակ ետեւէ էր որ Իր խօսքերը անոնց սրտերուն մէջ տեղ գտնեն: Յիսուս ուրիշ խօսողներէ տարբեր էր, Անոր խօսքերը կը հասնէին սրտին ու մտքին: Ան վստահ էր որ Իր խօսքերը հովի տրամադրութեան տակ են, աջ ու ձախ կը հասնին: Անոնք իրենց պարզութեամբ կը մնան յիշողութեան մէջ:

Բառերն ու խօսքերը հիանալի զէնքեր են, որոնց գործածութիւնը համարձակութիւն կը պահանջէ: Երբ կը խօսիս, բառերը կենդանութիւն կ’առնեն, ու տուն կը գտնեն ունկնդիրներու սրտերէն ներս: Բառերը կրնան ցաւցնել ու վիրաւորել, նաեւ կրնան բուժել ու բժշկել, քաջալերել եւ ուրախացնել: Անոնք կրնան օգնել պատնէշի վրայ հաստատ կայնելու, այլապէս կը սպաննեն յոյսի հոգին եւ շուարումի ու սայթագումի կ’առաջնորդեն: Շիտակ բառերը կրնան լոյսի ճառագայթ մը ըլլալ եւ սխալ բառերը փտտումի ու նեխութեան կ՚առաջնորդեն:

Արդեօ՞ք բաւական կը մտածե՞նք մեր խօսքերուն վրայով:

Տէր Յիսուս զգուշացուց որպէսզի խօսինք խիստ պատասխանատուութեամբ:Ամէն պարապ խօսքերու համար դատաստանի օրը հաշիւ պիտի տանք, որովհետեւ խօսքերով պիտի արդարանաս եւ խօսքերով պիտի դատապարտուիս: Այս մղելու է մեզի որ աջալուրջ ըլլանք ու մեր բառերուն վերակացութիւն ընենք:

Ա. Քաջալերական Խօսքեր.- Դասախօսը մօտենալով կը նայի գրուած պատասխաններուս ու կ’ըսէ, «Բոլորն ալ սխալ են։ Այդ ի՞նչ պատասխաններ են»: Այսպիսի քննադատական արտայայտութիւն մը զիս քաջալերութեան չ’առաջնորդէր:

Քաջալերութիւնը կ’օրհնէ տուողը, նաեւ կ’օրհնէ խօսքը ստացողը: Պահ մը խորհէ կեանքիդ անցեալ տարիներուն մասին,պեղէ բառերու ազդեցութիւնը թէ ինչ դրոշմ ձգած է կեանքիդ վրայ:

Երբեմն, նաեւ շատ յաճախ, մարդոց խօսքերը աւելի թանկագին եղած են քան ամբողջ աշխարհի նիւթականը: Դրամն ու տոլարը կ’օգնեն որ ապրինք, գոյատեւենք, իսկ բառերն ու խօսքերը կ’ապրեցնեն:

Քաջալերութիւնը անհրաժեշտ է։ Այդ ուրախութեան կ’առաջնորդէ:

Յուսահատ անձը արժէքաւոր չէ, այլ ծանրութիւն է: Մեր Տէրը միշտ ալ ուրիշները քաջալերեց: «Քաջասիրտ եղիր», խօսքերը միշտ ալ իր շրթունքներուն վրայ էին: Պահ մը կ’ուզե՞ս մտածել Յիսուսի խօսքերուն վրայ, որոնք արտասանեց զանազան անձերու: Կաղին ու անդամալոյծին- «Ելիր ու քալէ»: Աշակերտներուն, որոնք փոթորիկէ բռնուած էին- «Ինչո՞ւ կը վախնաք»:

Յիսուս իր թանկագին ժամերը յատկացուց մարդոց խօսելով: Ան խօսեցաւ ջրհօրին մօտ գտնուող կնկան, եւ այդ խօսակցութիւնը փոխեց անոր կեանքը: Նաեւ Զաքիոսի խօսեցաւ ու անոր ինքնավստահութիւնը վերահաստատեց: Լսելով Ղազարոսի մահը Յիսուս եկաւ Մարիամի եւ Մարթայի տունը եւ ըսաւ, «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը»: Անոնց յուսախաբ հոգիները ծաղկեցան վարդերու նման: Ան մարդոց ապրելու քաջութիւնը տուաւ:

Բ. Սիրոյ Խօսքեր- Խօսքեր որոնք կ’ապացուցեն որ իրապէս կը մտածենք ու կ’աղօթենք ուրիշներու համար: Նոր Կտակարանի մէջ սէրը կը նշանակէ հոգատարութիւն: Մենք ներկայիս կ’ապրինք ուրիշներու լոյս սփռելու: Շուրջիններուն սիրոյն մեր խորհուրդները փորձութեան պահերուն մեզ հաստատուն կը պահեն, որոշապէս յուսահատութեան չեն առաջնորդէր:

Այն բոլոր խօսքերը որոնք կու գան հոգիէն, իրենց հետ կշիռք ու ծանրութիւն կը բերեն: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ «Քու խօսքդ շնորհքով ըլլայ, աղով համեմուած»: Արդեօ՞ք մեր խօսքերը համ ու հոտ ունի՞ն: Ուրիշ բաժինի մէջ ալ կ’ըսէ, եթէ կ’ուզենք աճիլ ու Քրիստոսի նման ըլլալ, անհրաժեշտ է ճշմարտութիւնը սիրով խօսինք:

Իրողութեան մէջ մեր ըսածը կարեւոր չէ, հապա ինչպէ՞ս ըսելը: Վերջերս մեր ըսածներուն մասին պահ մը խորհինք։ Արդեօք լսողներուն մեր արտայայտութիւնները սիրալի՞ր էին: Երբ Տէր Յիսուս մեր սրտերուն մէջ կը բնակի, Ան խօսելու իմաստութիւն պիտի շնորհէ շիտակ բառերը արտասանելու, շիտակ կերպով ու շիտակ ժամանակին:

Անշուշտ միշտ ալ դիւրին չէ շիտակ բառերը խօսիլ, երբ խորունկ ցաւի ու տառապանքի մէջ ենք, դժուար է սիրոյ շիտակ բառերը ըսել:Նոյն ժամանակ, ձեռքը սեղմելն ու աչքերուն մէջ նայուածք մը, մեղմ ժպիտ մը, ասոնք ազդեցիկ քայլեր են, սակայն այս բոլորով հանդերձ մեր պարտականութիւնն է սիրոյ բառեր խօսիլ եւ արտասանել, որովհետեւ մեր շուրջինները ակնկառոյց կ’ուզեն լսել: Եթէ Յիսուսի սիրով լեցուած ենք, կարելի պիտի ըլլայ սիրոյ խօսքեր խօսիլ, որոնք դիմացինը արթուն եւ ուրախ պիտի պահեն: Յիսուս կ’ըսէ, «Բերանը սրտի առատութենէն կը խօսի»:

 Գ. Հաւատքի Խօսքեր.-  Մենք առանց Աստուծոյ վրայ եղած մեր հաւատքին, չենք կրնար քաջալերութիւնը եւ յոյսը կենդանի պահել: Առանց հաւատքի զօրութեան քաջութիւն չունինք կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։ Առանց հաւատքի շատ ալ հետաքրքրութիւն չունինք այս կեանքը ապրելու: Աշխարհք առանց Աստուծոյ՝ ներկայացնելիք ապագայ մը չունի:

Եթէ ունինք Աստուծոյ վրայ հաստատուն հաւատք, կրնանք ուրիշներու փոխանցել զօրութիւն, խաղաղութիւն եւ յոյս: Անոնք կրնան մեր հաւատքը չբաժնել, սակայն պէտք ունին լսելու: Մենք կը դիտենք աշխարհ մը, ուր Աստուծմէ հեռացած մարդոց յոյս չկայ:

Յոբ ըսաւ, «Խնդացի իրենց վրայ, երբ անոնք վստահութիւն չունէին»: Որպէս Քրիստոնեաներ մեր պարտականութիւնն է, այնպէս ապրիլ, որպէսզի սարսափող հոգիներու վստահութիւն ներշնջենք ու հաւատք վերահաստատենք: Այս էր որ Յիսուս ըրաւ։ Իր խօսքերը ստեղծագործ էին ու լսողներ, նոր անձնաւորութիւններ եղան:

Երբ Յիսուսի խօսքերը հոգիին ու սրտին հասան, գիտցանք որ Աստուած մեզ կը սիրէ, եւ մենք Իրեն համար թանկագին ենք:Յիսուս կը հաղորդակցի ու անսահման արժէք կ’ունենանք Իրմով:

Յուդա առաքեալ, իր նամակը կ’աւարտէ հետեւեալ բառերով, «Հիմա անոր որ կարող է ձեզ անբիծ պահել, եւ Իր փառքին առջեւ անարատ կայնեցնել ցնծութիւնով»:

Եկէք միասին իր ներկայութեան վստահութիւնը ունենանք, որպէսզի ուղիղ քալենք մինչ ուրիշներ կը սայթաքին ու կ՚իյնան: Իր օգնութեամբ ու զօրութեամբ պիտի կարենանք ուրիշները կանգուն պահել:

Արդեօք ի՞նչ պատգամ կը փոխանցենք ուրիշներու՝ բերանացի, գրաւոր թէ կեանքով: Թող մեր խօսակցութիւնները քաջալերութեան, սիրոյ եւ հաւատքի խօսքեր ըլլան եւ ամէն բանէ աւելի Յիսուսի խօսքեր ըլլան:

Ինչ լաւ պիտի ըլլայ, եւ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլաս, երբ օր մը, անձ մը ըսէ, «Քու խօսքերդ զիս պատնէշի վրայ պահեցին»:


© 2024 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 32,  Թիւ 253

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).