Entries by Dikran Shanlian

Յիսուսի Հպումը

Դանիէլ 10:10,11 Ահաւասիկ գործողութիւն մը, որուն կը կարօտինք: Նոյնիմաստ գործողութիւններ են հպիլ, դպչիլ, դպիլ, շփշփել, թաթել ու քսուիլ, ասոնք Հայերէն բառարանին արձանագրութիւններն են: Հպիլ կը նշանակէ նրբութեամբ եւ քնքշութեամբ դպչիլ: Կեանքի ընթացքին տարբեր հպումներ վայելած ենք ու կը վայելենք, ինչպէս մայրական հպումը մեր կեանքի առաջին պահերէն, ապա ընտանիքի անդամներու, ազգականներու եւ սիրելիներու հպումը: Այս բոլորին […]

Ժամանակն Է

3 Թագ. 22:7-8,13-14 Ժամանակը հասած է որ մեր մրափէն արթննանք: Ժամանակն է որ մեր նինջէն միապաղաղ եւ միօրինակ «Սթաթըս քո» վիճակէն դուրս գանք: Իրար հաճոյ ըլլալու, իրար շոյելու այս երկար ձախաւեր վիճակէն դուրս գալու ենք որպէս Աւետարանականներ: Ժամանակն է որ Աւետարանը, փրկութեան բարի լուրը քարոզենք, մեղքը յանդիմանենք ու Աստուծոյ հաճեցնելու եւ Իր կամքը կատարելու ետեւէն […]

Աղօթքները Կը Պատասխանուին

Մատթ. 7:7-8 Մեր բոլոր աղօթքները կը պատասխանուի՞ն: Զաւակդ շատ հիւանդ էր, ջերմեռանդ աղօթեցիր որպէսզի Աստուած բժշկէ, բայց զաւակդ մեռաւ: Արդեօ՞ք աղօթքդ չպատասխանուեցաւ: Ընկերութեան մէջ գործի կարելիութիւն կար, ճիշդ քու ուսումիդ եւ փորձառութեանդ յարմար էր: Աղօթեցիր որ Աստուած այդ գործը քեզի համար կարգադրէ, սակայն ուրիշ մը վարձեցին: Արդեօ՞ք աղօթքդ չպատասխանուեցաւ: Ամուսնութեանդ առթիւ գեղեցիկ մատանի մը քեզի […]

Կեանքի Փառքը

Տիեզերքը շարունակական փոփոխութիւններու շարք մը կը ներկայացնէ մեզի: Աշխարհի սկիզբէն ի վեր ամբողջ բնութիւնը անընդհատ զարգացումի մէջ է: Բուսական աշխարհը իր բիւր գեղով եւ պերճանքով շարունակ դէպի զարգացում կը դիմէ: Քաղցրալար մեղեդիներով դայլայլող թռչուններ, ահագին պորակներ,դղրդեցնող վայրի գազաններ, լայնատարած ծովերու եւ ընդարձակ ովկիանոսներու մէջ սրարշաւ ընթացող կենդանիները՝ ամենափոքրէն այնքան փոքր, որ յիսուն միլիոնը մէկ ցորեն […]

Աստուած Ո՞ւր Է

Տարեվերջին ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ վերատեսութեան ենթարկելով անցնող տարուան ամիսները կը ծրագրեն նոր ծրագիրներով եւ նոր կերպերով սկսիլ Նոր Տարին ի մտի ունենալով յաջողակ տարի մը թեւակոխել եւ յառաջխաղացք արձանագրել: Մեզի, հաւատացեալներուս համար ալ լաւագոյն ժամանակն է քննութիւն մը կատարելու, տեսնելու մեր նախասիրութիւնները: Արդեօք մեր ժամանակը ինչպէ՞ս կ’անցնենք, եւ կարեւորագոյնը, մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Աւելի […]

Ծնունդի Տօնակատարութիւնը

Ղուկաս 2:17-20 օնական օրերը չեկած ամէն կողմ եղած զարդարանքները, լոյսերն ու ծառերը կը յուշեն թէ Ծնունդը մօտ է: Ազատուղիներն ու ճամբաները խճողուած եւ ուսանողներ արձակուրդի կը պատրաստուին: Շատերու համար Ծնունդը պատեհ առիթ է ճամբորդութիւն կատարելու եւ աւելի բարեխառն կլիմայ ունեցող վայրեր երթալու եւ կամ հակառակը: Ուրիշներու համար Ծնունդը հաւաքոյթներ կազմակերպելու կերուխումի հրաւէրներ կատարելու առիթ է, […]

«Անկողին, Սեղան, Աթոռ Եւ Աշտանակ»

4րդ Թագ. 4:8-10 որրորդ Թագաւորաց չորրորդ գլխուն մէջ կան տարբեր հրաշքներ կատարուած Աստուծոյ զօրութեամբ, Տէրոջը ծառային կողմէ, որոնցմէ առաջինը՝ որբեւայրի կնկան պատմութիւնն է, որ ամուսին չունէր բայց շատ պարտքեր ունէր: Տէրը այս որբեւայրիին իւղը շատցուց: Երկրորդ հրաշքը զաւակ չունեցող Սունամացի կինն էր, որուն մարգարէն ըսաւ,«գալ տարի նոյն այս ժամանակին զաւակ պիտի ունենաս»: Նման բաներ մարդկօրէն […]

Սուրբերը Իրենց Պաշտօններով

Ղեւտացւոց 22:1-16, Ա.Պետրոս 2:5 ատ անգամ «սուրբ» բառը հասկնալու դժուարութիւն ունինք: Շատերու համար «սուրբ»երը անցեալին ապրած նուիրեալ եւ անձնուրաց կղերականները, եկեղեցականներն են, որոնց ապրած կեանքին համար, մահուընէ ետք կոչուած են «սուրբ»: Ըստ ուրիշ եկեղեցիի մը տուեալ անձը նուազագոյն հրաշք մը ըրած ըլլալու է, որպէսզի սրբութեան աստիճանի հասնի: Այս մօտեցումը Աստուածաշնչական չէ, ամէն մէկ անհատ որ […]

Գառնուկը Արժանի Է

  Ծննդոց 22:7, Ելից 12:13, Յովհ. 1:29, Յայտ. 5:6 ելճիքայի եկեղեցաշէնքերէն, տաճարներէն մէկուն մէջ կը տեսնես նկարչական աշխարհի հրաշքներէն մէկը, որ կը կոչուի «Սուրբ Գառնուկին Պաշտամունքը»: Այս նկարը ստեղծագործութիւնն է երկու եղբայրներու որ կը ներկայացնէԱստուածաշունչի բաժիններէն մէկը, Յայտնութեան 7րդ գլուխը ուր կը նկարագրուի փրկեալներու մեծ բազմութիւն մը երկինքի մէջ: Աստուածաշունչի տիրական նիւթերէն մէկն է Գառնուկը: […]

Նորէն Սկսելու Երազը

Ելից 2:15 որ Տարուան ուխտերդ, խոստումներդ արդեօք գրա՞ծ ես: Այն բոլոր տարեկան որոշումներդ, նիհարնալու, հաշտուելու, խնայելու, ծառայելու եւ յարաբերելու արձանագրա՞ծ ես: Ամէն տարեմուտի բոլորս ալ այսպէս կամ այնպէս կը մղուինք որոշումներ առնելու: Անշուշտ կը սիրենք այն գաղափարը թէ հին տարին ետեւ կը թողունք իր բոլոր սխալներով, պրկումներով, մեղքերով ձախողութիւններով ու սայթագումներով եւ կ’որոշենք թարմ, նոր […]