Նուիրելու Շնորհքը

Մարկ. 12:41-44

Ուշագրաւ դէպք մը կը պատահի տաճարին մէջ, խիստ կարեւոր եղելութիւն մըն է, դաստիարակչական բնոյթ մը կրէ։ Այդտեղ յիշատակելի երկու անձեր կան, Յիսուս եւ անանուն կին մը։ Յիսուս ինչ որ ըսաւ կնկան մասին, գնահատանքի ամենաշնորհեալ խօսքն է, այս գրութեան բանալին է, որոշապէս կապ ունի ունեցածէն տալու, նուիրելու հետ։

Կանուխ ժամանակներէն, Աստուծոյ ժողովուրդին նուիրումն ու սովորութիւնը եղած է իրեն ունեցածէն Աստուծոյ նուիրել, աջակցելու երկրի վրայ Իր գործին։ Հին Կտակարանի ժամանակներուն այդ պարտադրութիւն եւ պարտականութիւն էր։ Հրեաները Աստուծոյ կը բերէին իրենց «Տասանորդներն ու Նուէրները»։

Սակայն, Նոր Կտակարանի շրջանին, տալու գործողութիւնը չէ ներկայացուած որպէս պարտականութիւն, այլ առանձնաշնորհ եւ վայելք։ Ըստ Բ. Կորնթ. 9:7-ի մենք կը քաջալերուինք տալու յօժարութեամբ եւ ուրախութեամբ, «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի, թող այնպէս տայ, ոչ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ, վասնզի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։

Աստուածաշունչը շատ բան ունի ըսելիք նիւթականը տնտեսելու մասին, մեր առջեւ դրուած այս դէպքը կը պարունակէ խիստ արժէքաւոր հինգ դասեր։

 

Ա. Յիսուս որոշապէս կը տեսնէ թէ ինչ կու տանք ու ինչ կը պահենք.—

Մարկոս 12:41-ը ցոյց կու տայ թէ Յիսուս ինչ կ՚ընէ։ Ան կը նստի «Գանձանակին դիմացը» եւ նկատի կ՚առնէ «Ինչպէս ժողովուրդը կու տայ» սովորութեամբ թէ ուշադրութեամբ, չկամենալով թէ ուրախութեամբ, նուազագոյն թէ առաւելագոյն չափով։ Ան կը նկատէ, արդեօ՞ք տուրքը տալու պէս, դժկամութեամբ կու տան, եթէ ոչ տրուածը շնորհակալական, երախտագիտական նուէր մըն է։ Մեր տալը ըլլալու է սիրոյ եւ շնորհակալական արտայայտութիւն, որովհետեւ Աստուած շատ ու շատ բաներ շնորհած է մեզի ու կը շարունակէ պարգեւել։ Քրիստոնեան, հաւատացեալը ինչպէս որ կու տայ Աստուծոյ, այդ իրական ու ճշմարիտ չափանիշն է իր սրտին ու նկարագրին։ Անշուշտ մեծ տարբերութիւն պիտի ընէ, երբ տալէ առաջ գիտակցինք որ մենք  «Գանձանակին դիմացը» նստողին սիրալիր նայուածիքին տակն ենք, Անոր աչքերը «Կրակի բոցի պէս» են (Յայտ. 1:14)։

 

Բ. Յիսուս կը տեսնէ ու կ՚արժեւորէ հարուստներու մեծ նուէրները.—

41-րդ համարը կ՚ըսէ, «Շատ հարուստներ շատ բաներ ձգեցին», եւ 44-րդ համարը «Ամէնը իրենց աւելցածէն ձգեցին»։

Աստուածաշունչի ժամանակ հաւատացեալներ առջեւ գալով, հրապարակաւ իրենց նուէրները գանձանակին մէջ կը դնէին, յաճախ կ՚ընէին ցոյց տալով իրենց տուածը։ Մեծ գնահատանք կար երբ նուէրը մեծ էր, եւ անշուշտ նուազ գնահատանք, երբ նուէրը փոքր էր։ Հոս ըսուած է «Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին»։ Ի՜նչ շքեղութիւն է մեծ գումարներ տալու կարողութիւնը ունենալ, եւ ոչ միայն կարողութինը ունենալ, նաեւ գործնականսպէս կատարելը։

Ի՜նչ օրհնութիւն է, երբ Աստուած ոմանց վստահած է հարստութիւն եւ անոնք լաւ տնտեսներ, վերակացուներ են։ Քրիստոնէական ծառայութիւնը տարիներու ընթացքին աճած է, շնորհիւ հարուստ հաւատացեալներու ազատօրէն եւ առատօրէն տալուն։ Եթէ հաւատացեալներ սորվին եւ ըլլան նուիրուած ու հնազանդ տնտեսներ, անշուշտ առատ նիւթական պիտի ըլլայ թէ տեղական եւ թէ միսիոնարական դաշտին համար։

 

Գ. Յիսուս կը տեսնէ ու կը հաշուէ թանկագին, փոքր նուէրները.—

42-րդ համարով «Աղքատ որբեւայրի մըն ալ եկաւ, ու երկու լումա ձգեց»։ Անոր նուէրին նիւթական արժէքը շատ ջնջին էր, հաւանաբար բազմութիւնը նոյնիսկ տրուածը նկատի չառաւ։ Այսուհանդերձ, ան Յիսուսի շրթունքներէն ստացաւ մեծ գնահատանք։ Որքա՞ն շնորհալի էին գնահատանքի Իր խօսքերը։ Շատեր խորհեցան թէ անոր նուէրը հաշուելու շատ փոքր է, բայց Յիսուս տեսաւ, որպէս այդ օրուան մեծագոյն նուէրը։

Որբեւայրիին նուէրը մեզի կը սորվեցնէ թէ չտալու պատճառ չկայ։ Թերեւս կ՚ըսենք, իմ եկամուտս շատ փոքր է, կամ եկեղեցին իմ դրամիս պէտք չունի։ Բայց ի՜նչ օրհնութիւն կու գայ Աստուծոյ գործին ամէնուրէք, եթէ մենք նախ մէկ կողմ դնենք ինչ որ Իրեն կը պատկանի, «Եւ ոչ թէ որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ Տէրոջը եւ ետքը մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը» (Բ. Կորնթ. 8:5)։

 

Դ. Տէրը կը չափէ մեր նուէրը, ոչ տրուածով այլ պահուածով.—

Որքա՜ն տարբեր է երկինքի թուաբանութիւնը, երկրի վրայ մեր գիտցածէն (43,44 համարներ)։ Յիսուսի համար տալուն որակը աւելի է քան տրուածին քանակը, եւ օրինակը որ Յիսուս գործածեց առատաձեռնութիւն սորվեցնելու համար, այն անձը չէր որ հարուստ էր եւ շատ ունէր, հապա կին մը, որբեւայրի էր ու աղքատ։ Յիսուս գնահատեց իրեն, իր տրուածին որակին համար եւ ըսաւ թէ ան այդ օրը աւելի տուաւ Աստուծոյ քան ոեւէ անձ։ Մարդ մը կրնայ հազար տոլար տալ Աստուծոյ գործին, բայց եթէ ան դրամատան մէջ կամ տունը պահած հարիւր հազար ունի, տակաւին իրեն կը մնայ իննսունինը հազար։ Իսկ կինը եթէ շաբաթը տասը տոլար ստացաւ ու տուաւ իր տասանորդը, արդեօ՞ք որ գումարը աւելի մեծ է։ Յստակօրէն որբեւայրիին տուածը աւելի մեծ է քան հարուստինը։ Մէկը մէկ հարիւրերորդը կու տայ, իսկ միւսը տասանորդը։ Աստուած հաւատարիմ է ու կը խոստանայ աւելին տալ, «Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ Իր ճոխութեանը չափովը փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսի ձեռքով» (Փիլ. 4:19)։

 

Ե. Նուիրուած տալուն գաղտնիքը գիտակցութիւնն է, թէ ինչ որ ունինք Աստուծոյ կը պատկանի.—

Այս անանուն որբեւայրին իր բոլոր ունեցածը տուաւ։ Յիսուս 44-րդ համարով կ՚ըսէ, «Բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց, իր բոլոր ապրուստը»։

Որպէս Քրիստոնեայ ես պէտք ունիմ ճանչնալու եւ հասկնալու այդ, այսինքն կալուած եւ դրամ, ամէն բան Աստուծոյ կը պատկանի։ Իմ տունս, իմ զաւակներս, իմ ինքնաշարժս, իմ դրամս, ասոնք իմս չեն, ալյ Իրենը։ Ես պարզապէս տնտես մըն եմ։ Եթէ այս սկզբունքը կիրարկեմ, պիտի չըսեմ, «Որքա՞ն տամ Իրեն», հապա «Իր դրամէն Աստուած որքա՞նը կ՚ուզէ որ պէտքերուս համար պահեմ»։

Աղքատ որբեւայրին այնչափ սիրեց Աստուծոյ, որ տուաւ «Բոլոր ապրուստը»։ Այդ իրական առատաձեռնութիւն է, տալ զոհաբերութեամբ։ Կնկան ունեցածը իսկական հաւատք էր, որովհետեւ իսկական հաւատքն է որ բոլորը կու տայ, եւ ապա կը վստահի Աստուծոյ Իր պէտքերուն համար։ Որոշապէս այս բոլորին գաղտինքը կը կայանայ թէ ան Աստուծոյ կու տայ, եւ ոչ թէ տաճարին կամ եկեղեցիին։

Մինչ կը ձգէր իր ջնջին, բայց սքանչելի նուէրը գանձանակին մէջ, իր սիրտը կ՚ըսէր, «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ Անոր անպատում պարգեւին համար» (Բ. Կորնթ. 9:15)։

Արդեօք դուն ունեցածիդ ինչպէ՞ս կը մօտենաս։


© 2024 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 32,  Թիւ 251

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).