Երբեմն…Այո՛ Կ՚ըսէ
Որոշապէս աղօթքի պատասխանները մեծապէս կախեալ են մեր խնդրածներէն։
Ոմանք երեւակայած են ու կ՚երեւակայեն որ Աստուած աղբիւրն է պարգեւներու եւ բարիքներու։ Ուրեմն անմիջապէս երբ կոճակը կը կոխես, շրթունքներդ կը բանաս ու կարիքը կը զգաս, շուտով կը հայթաթուի քեզի։ Իսկ ուրիշներ դառնօրէն կ’անդրադառնան, որ Աստուած զիրենք անպատասխան կը թողու, հոգ չէ թէ որքան աղաչեն ու խնդրեն, ջանքերը ապարդիւն կը մնան։
Անշուշտ իրականութիւնը առաւել կնճռոտ է ու խրթին, քան յիշեալ երկու մօտեցումները։ Աղօթքի պատասխան ստանալու փորձառութիւնը կախեալ է հասկնալէ թէ ինչո՞ւ Աստուած երբեմն կ՚որոշէ պատասխանել՝ այո, երբեմն՝ ոչ ու երբեմն ալ՝ սպասէ։
Ա. Ի՞նչը կարեւոր է Աստուծոյ
Տարիներու ընթացքին հարցումներ մէկտեղելով, մտածած եմ ցանկ մը դասաւորել, տեսնելու համար թէ ինչ խնդրանքներ առաջնակարգ են ու անհրաժեշտ, իսկ ուրիշներ՝ երկրորդական. սակայն կատարուելու են։ Տակաւին յաւելեալ խնդրանքներ ուշադրութեան առարկայ ըլլալու չեն, ոչ այսօր, ոչ վաղը եւ ոչ տեսանելի ապագային։
Հետեւաբար կը դասաւորես նիւթերը անհրաժեշտին, պէտքին ու կարեւորութեան համաձայն։ Արդիւնքը, աղօթքիդ կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւն եւ յառաջացում տեղի կ՚ունենայ։
Աստուծոյ համար նախապատիւը հոգեւորն է ու վերի բաներու կարեւորութիւնը, «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը…»։
Բ. Երբ Աստուածաշունչը կը հասատատէ
Կարգ մը աղօթքի խնդրուածքներ, որոշ աստուածաշնչական յենարաններ ունին։ Երբ Աստուծոյ Խօսքէն համար մը կը նշմարեմ որ բացայայտօրէն Իր կամքը կը յայտնէ տուեալ նիւթին մասին, առանց երկնտրանքի եւ համարձակութեամբ կրնամ աղօթել։ Օրինակի համար, պատճառ չունիմ չաղօթելու Աստուծոյ որպէսզի Ան գործէ իմ միջոցովս եւ արդիւնքը Իր փառաւորուիլը ըլլայ։ Ա. Կորնթ. 10:31-ը այդ կ՚ըսէ, «Արդ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ինչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։ Նաեւ Մտթ. 5:16-ը նոյնը կ՚ըսէ, սակայն տարբեր բառերով։
Երբ նմանօրինակ աղօթք մը կ՚ըսեմ, անշուշտ Աստուծոյ Հոգին կ՚առաջնորդէ ու կը հայթայթէ աղօթքի նիւթերը։ Օրինակ մը տալով, «Տէր, քեզ փառաւորելու համար կ՚՚ուզեմ Սբ.Հոգիիդ լեցունութեամբ կառավարուիմ, որպէսզի ազատօրէն քու պտուղդ իմ միջոցովս յայտնաբերուի»։ Իրեն յանձուած կ՚ըսեմ, «Սուրբ Հոգիովդ զիս լեցուր» (Եփես. 5:18): Ուրեմն կրնանք վստահութեամբ աղօթել եւ Աստուած մեր խնդրանքը պիտի լսէ եւ դրական պիտի պատասխանէ։
Գ. Երբ Աստուածաշունչը կը համաձայնի
Այս պարագային հաւանաբար իմ խնդրանքս Աստուածաշունչին մէջ յստակ ուղղութիւն չունի, սակայն միտքն ու գաղափարը ներդաշնակ է Իր Խօսքին, Աստուծոյ կամքին ուսուցումին հետ։
Որպէս հովիւ «Աշակերտներ» պատրաստելու պատուէր ունիմ (Մտթ. 28:19), նաեւ պատրաստելու Աստուծոյ ժողովուրդը ծառայութեան, որպէսզի Քրիստոսի մարմինը եղող եկեղեցին կառուցուի եւ ուռճանայ, (Եփես. 4:12)։ Սակայն հոս Կլէնտէլի մէջ մասնաւոր թուային աճի մասին յիշատակութիւն չկայ Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Երբ Գործք Առաքելոցը կը կարդանք, այդտեղ կը յիշուի, «Տէրը օրէ օր փրկուածները կ՚աւելցնէր եկեղեցիին» (Գործք 2:47)։ Երբեմն մեծ թիւով դարձի կու գային եւ կ՚աւելնային եկեղեցիին վրայ (Գործք 2:41, 4:4, 8:4-8)։ Նաեւ Աստուած կը խոստանայ որոշ պայմաններ լրացնողները օրհնել ու ճոխացնել (Յես. 1:8, Սաղմ. 1:1-3)։ Յիսուս ալ նմաններուն կը պատուիրէ «Շատ պտուղ բերել» (Յովհ. 15:5)։
Հետեւաբար խղճահարութիւն չունիմ աղօթելով ըսելու, «Տէր, խոնարհաբար կը խնդրեմ որ զիս գործածես, նաեւ մեր եկեղեցիէն հաւատակիցներ, որպէսզի անհաւատներ հաւատքի փորձառութեան առաջնորդել, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսով նոր կեանք ունենան։ Նաեւ կը խնդրեմ որ անոնք եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մասնակցող գործունեայ անդամներ ըլլան։
Անշուշտ յստակօրէն, եթէ կողակիցդ կամ զաւակդ հաւատացեալ մը չէ, հոգեւոր պարտականութիւն է աղօթել անոնց փրկութեան համար։
Դ. Երբ Աստուածաշունչը չի հաստատեր
Շատ մը բաներ մեզի կենսական են, սակայն այդ մասին Աստուածաշունչին մէջ յիշատակութիւն չկայ։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, «Տէրոջմով ուրախացիր, եւ անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածները» (Սաղմ. 37:4)։
Իմ հաւատքս, նման խնդրանքի շուրջ մեծապէս կը տարուբերի, կախեալ է թէ որքան աստուածաշնչական լոյս կրնամ գտնել, եւ որքան կարեւոր է ինծի ունենալ այդ խնդրուածքը։ Պօղոս առաքեալ կ՚առաջարկէ թէ եթէ ծանրութիւն մը մէկու մը վրայ զօրաւոր կը ճնշէ, իրաւասութիւն ունի հաւատալու թէ Աստուած այդ կեդրոնական նիւթին մէջն է (Փիլ. 1:7-11)։ Առաւել նկատած եմ որ երբ ուղղութեան համար Աստուածաշունչը պրպտեմ, երբեմն կը գտնեմ բաւական աջակցութիւն այդ խնդրանքը փոխադրելու «Աստուածաշունչը կը համաձայնի» բաժինին, նոյնիսկ, «Երբ Աստուածաշունչը կը հաստատէ» բաժինը։ Այս բոլոր նիւթերն ալ կ՛իրականանան միայն Աստուծոյ մասնակցութեամբ։
Կրկին՝ շարժառիթ մը կրնայ խափանել խնդրելու իրական պատճառս։ Կրնայ ըլլալ սխալ չըլլայ Աստուծմէ խնդրել որոշ տեսակի ինքնաշարժ մը, բայց եթէ իմ պատճառս մրցակցիլ է դրացիիս կամ ընկերոջս հետ, որուն ժամանակէ մը ի վեր կը նախանձիմ, աղօթքիս շարժառիթը ուղիղ չէ։
Ահա այդ էր պատճառը որ Յակոբոս առաքեալ գրեց, «Երբ կը խնդրէք, չէք ստանար, վասնզի չարաչար շարժառիթներով կը խնդրէք, որպէսզի ձեր ցանկութիւններուն բանեցնէք» (Յակ. 4:3)։
Ուրեմն մղուինք աղօթքի Տիրոջ կամքը փնտռելով ու պատուէրները կատարելով։
© 2024 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 32, Թիւ 254
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!