Բարձրանալ Կայ
Յոբ 22:26-29
Անշուշտ բոլորիս կեանքին մէջ ալ պատահած է ու կը պատահին պարագաներ, երբեմն լքուածութեան, նեղութեան եւ յուսահատութեան մատնուած կ’ըլլանք: Կ՚ենթադրենք որ աշխարհի բնակչութեան մէջ առանձին մնացած ենք եւ օգնութեան ձեռք երկարող մէկը չկայ:
Տարիներ առաջ Հալէպի մէջ մեծ հայրս այսպէս կը պատմէր, «Զէյթունէն գաղթական ճամբայ ելանք, ու քալելով Տէր Զօրի ճամբով Հալէպ հասանք: Բան մը չունէինք եւ մէկն ալ չէինք ճանչնար այս քաղաքին մէջ եւ բոլորովին անօգնական էինք:»
Վերջերս շատեր տեղահան եղան, չնախատեսուած աղէտներու պատճառաւ, սարսափելի հրդեհներու փորձառութիւնը ունեցանք։ Ոմանք տուն եւ կալուած կորսնցուցին, ուրիշներ շաբաթներով իրենց սեփական տունը չկրցան մտնել: Ժողովուրդը ճակատագրական վիճակներու մէջ էր։ Ամէն կողմ այրուած կալուածներ ու մոխիրի վերածուած ծառեր, ողբերգական տեսարաններ պարզեցին։ Կարծես ռմբակոծուած տարածքներ ըլլային: Բասատինան ու Ալթատինան, Բալըսէյտն ու Մալիպուն ամայացած, անբնակելի շրջաններ դարձան: Բոլորս ալ անմիջական լուծում չէինք տեսներ:
Յունուար 7-ն էր։ Ելեկտրական հոսանք չկար։ Մոմի լոյսով նստած էինք ժամը 6:30-ի ժամանակները, յանկարծ պատուհանէն մօտակայքը բլուրներուն վրայ ելեկտրկանութեան սիւներուն քով կայծ ու կրակ սկսաւ տարածուիլ: Մութին մէջ կարգ մը բաներ հաւաքելով մեր ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ թխմուեցանք եւ այդ ահռելի փոթորիկին տասնեակ ինքնաշարժներու հետ սկսանք բլուրէն վար սողալ:
Ու՞ր կրնայինք երթալ: Ամենէն ապահով վայրը մեր եկեղեցաշէնքն է մտածեցինք: Հասանք Կլէնտէյլ ու հոն ալ հոսանք չկար: Ըսինք Րիսիտա քաղաքը քշենք:
Յաճախ, կեանքի տարբեր վիճակներով կարծես անջուր հորի մէջ ենք, ազատութեան ելք մը չկայ, հորիզոնին վրայ ոչ մէկ կարելիութիւն կամ դարման կը տեսնենք: Բայց Անոր ձեռքը չէ կարճցած։ Ան կրնայ բարձրացնել ու ազատել։ Անիկա զօրութիւն ունի անել վիճակներէ մեզ դուրս բերել:
Եթէ դուն ալ նմանօրինակ փորձառութիւն մը ունեցած ես, խնդրեմ միասին լիաթոք «Սէրն Վերցուց Զիս»-ը երգենք:
Տեղեկութիւններ կան որ աշխարհի բարձրայարկ շէնքերը փոթորիկներու դիմաց կը շարժին, գլխապտոյտ պատճառելով բնակիչներուն: Գիտութիւնը օգնած է որ այդ հսկայ շինարարութիւններուն վերնայարկը հսկայական զանգուած մը սիմէնթ դրուի եւ հակակշռելով աւելի կայուն պահէ կառոյցը:
Երբ կեանքի տարբեր փոթորիկներ մեր շուրջը կը փչեն, ամէն հաւատացեալի սրտին մէջ կայունացնող զօրութիւն կայ որ մեր վախերը կը փարատէ ու հանգստութիւն կը շնորհէ։ Այդ Աստուծոյ զօրութեան վստահութիւնն է: Ուրեմն այս փոթորիկներով լեցուն աշխարհի մէջ դուն անփոփոխ Աստուծոյ ապաւինիր:
Ա- Շտկողն ու Բժշկողը.-
Ղուկաս Աւետարանին 13րդ գլխուն մէջ կնկայ մը պատմութիւնը արձանագրուած է: Այս կինը երկար տարիներու հիւանդութիւն մը ունէր, կծկուած ու կորաքամակ, ողնահարի հիւանդութիւն մը ունէր որ արգելք էր ուղիղ նստելու կամ ելլելու:
Արդեօք մեր վիճակը այդպէ՞ս չէր։ Չէինք կրնար մենք մեզ շտկել, որեւէ զօրութիւն չունէինք որեւէ բան մը ընելու: Յիսուս այս կնկան խօսեցաւ ու յայտարարեց ուրախութեան լուրը, արթնցուց իր մէջ յոյս, որ երկար տարիներէ ի վեր մարած էր իր մէջ ու ձեռքը կնկան երկարեց: Կինը բժշկող հպումը անմիջապէս զգաց, երկար տարիներու հիւանդութիւնը փարատած էր: Մեծ Բժիշկը բոլորովին բուժած էր թէ ֆիզիքական տկարութիւնը եւ անօգնական վիճակը դարմանած։ Անյոյս վիճակը այլեւս անցեալին կը պատկանէր, ու ան փառաւորեց կենդանի Աստուածը:
Մեր շուրջը կծկուած վիճակներ կա՞ն։ Ո՞վ կրնայ շտկել ու բժշկել: Միայն յուսատու ձայն մը եւ հպում մը բաւարար է ունենալու հոգիի բարձրացում, հոգեւոր ազատութիւն ու սրտի մաքրութիւն:
Երբ քու պարագայիդ այսպիսի վիճակ մը կ’իրականանայ, քալէ կեանքի մէջ ջերմ սրտով ու փառաւորէ Բժիշկը:
Բ. Ո՞վ է բարձրացնողը.-
Սաղմոս 3։3-ով Դաւիթ կ’ըսէ, «Ով Տէր, դուն ես իմ ասպարս, իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը»: Այս համարը հասկնալու համար, պէտք է քաջատեղեակ ըլլանք այն պատմական հակառակութիւններուն, թշնամական վերաբերմունքին ու պատրաստուած թակարդներուն որոնք Դաւիթ կը դիմագրաւէր:
Իր դէմ դաւադրողները կատարեալ համոզում ունէին թէ իրենց ծրագիրը ապահով է ու պիտի յաջողին: Յաջողութիւնը իրենց բաժինն է եւ արգելքներ չկան: Միթէ այսպէս ալ չէ՞ր Դանիէլի պարագային:
Դաւիթի համար Աստուած իր ազատարարն էր: Նաեւ կը յիշէ Անոր շնորհած պաշտպանութիւնը: Դուն ալ Դաւիթի հետ յիշէ եւ ըսէ, «Աստուած իմ ասպարս է»: Երկրորդ, «փառքս» – հաւատացեալի փառքը Տէրն է եւ պէտք է Տէրոջմով պարծենայ մինչեւ իսկ եթէ նոյնիսկ մարդիկ ծաղրանքով Յիսուսի անունին մօտենան: Երրորդ, «Գլուխս բարձրացնողը», երբ գլուխը բարձրացած է խաղաղութիւնն ու իմաստութիւնը քեզ կը պարուրեն: Երբ Ան գլուխդ կը բարձրացնէ, դուն դժուարութիւններու դիմաց կը ժպտիս: Ինչ որ Աստուած էր Դաւիթի համար, նոյնն է Ան Իր սուրբերուն համար:
Ուրեմն փոթորիկներու առջեւ ժպտինք, որովհետեւ Աստուած ժպտելու կարողութիւն կը շնորհէ մեզի:
Գ. Մեզի տրուածը.-
Յովհ. 12:32-ը կ’ըսէ «Ես ալ երբ երկինք բարձրանամ, ամէնն ալ ինծի պիտի քաշեմ»: Խաչին շուքը Յիսուսի վրայ էր եւ Իր հոգին տառապանքի մէջ, որովհետեւ ժամանակը հասած էր, ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալու վրայ էր, որպէսզի մեռնի: Այսուհանդերձ մեր Տէրը աւելի անդին, ապագային նայեցաւ: Ան գիտէր որ ժամանակը կու գայ, որ Աստուծոյ փառաբանութեան ժամանակն էր:
Սերմը պիտի մեռնի, սակայն շատ պտուղ պիտի արտադրէ: Երբ երկրէ բարձրանան շատեր, ոչ ամէն ոք՝ այլ Իրեն պատկանողները պիտի քաշէ: Այս գերբնական դէպքին, իրողութեան նախապայմանը, Աստուծոյ իմաստութիւնն ու զօրութիւնն է, պիտի երեւնայ առօրեայ նուաստացումի, տառապանքի եւ մահուան դիմաց: Միշտ յիշէ թէ բարձրանալ կայ: Քաջ եղի՛ր, Տէրը քեզ պիտի քաշէ ու բարձրացնէ, որովհետեւ Ան ինքզինք խաչին բարձրացուց, գերեզմանէն բարձրացուց ու գահին բարձրացուց:
Դ. Ամենակարողին ուրախութիւնը.-
Յոբ 22:26,29 «Այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ունենաս ու երեսդ դէպի Աստուծոյ պիտի վերցնես: Երբ մէկը ցածնայ ու դուն փափաքիս անոր բարձրանալը…»: Ներքին փորձառութիւն մը, Իրմով ուրախանալ։ Այդ ներումի, սիրոյ, վստահութեան եւ ծառայութեան ուրախութիւնն է:
Բնական պիտի ըլլայ Իրեն նայիլ օգնութիւն տալու. աղօթքով, համբերութեամբ եւ յոյսով: Այն երեսը որ Աստուծոյ կը վերցուի, Աստուծոյ փառքովը կը փայլի:
Աստուծոյ բաժինն է տնանկը ու ինկածը բարձրացնել, աղբանոցէն դուրս բերել ու փոշիէն մաքրել: Անոր բաժինն է եւ ուրախութիւնը մեզ մեղքի աղբանոցէն ու աշխարհէն բարձրացնելու:
Աստուած պէտք է փառաւորել Յիսուս Քրիստոսի բարձրացնող զօրութեան համար: Առանց Իրեն մեղքի մէջ մխրճուած պիտի մնայինք, կապուած սատանային շղթաներով:
Հիմա մենք Իր շնորհքով բարձրացած ենք ու նաեւ նստած երկնաւորներուն մէջ: «Անոր հետ բարեկամ եղիր, քեզի օգուտ կայ, անօրէնութիւնը հեռացուր եւ Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ունենաս» (Յոբ 22:21,23,26):
Ուստի ձայնդ, ձեռքդ ու գլուխդ բարձրացուր։ Ան կարողութիւն տուող ու բարձրացնող Աստուած է:
© 2025 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 33, Թիւ 255
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).
Leave a Reply
Want to join the discussion?Feel free to contribute!