Վերջին Պատասխանին Նախադրող Հակազդեցութիւնները
Երբ ինքնաշարժովդ դէպի արեւելք կամ հիւսիս կը ճամբորդես, ճամբուն վրայ կը հանդիպիս գրութիւններու, ուր Աստուածաշունչէն համարներ արձանագրուած են, կամ հոգեւոր գրութիւններ, ինչպէս «Տասնաբանեան», «Յիսուս Շուտով Կու Գայ», «Պատրաստուէ Աստուածդ Դիմաւորելու» եւայլն։ Ասոնք Աստուծոյ յատկացուած «ծանուցումներ» են։ Ժայռի մը վրայ մէկը գրած է «Յիսուս է պատասխանը», ուրիշ մը աւելցուցած է «Ի՞նչ է հարցումը։»
Նմանատիպ խօսքեր արձանագրուած են նաեւ ինքնաշարժներու վրայ։
Ինչո՞ւ Յիսուսին հետեւիլ, երբ Ան միայն կարգ մը ներքին կարօտութիւններու կը պատասխանէ, որոնք ուրիշ ոչ մէկ կերպով գոհացնող կրնան ըլլալ։
Հետաքրկրականօրէն Հին Կտակարանն է ուր գլխաւորաբար հարցումներ կը ծագին եւ կերպով մըն ալ անոնց պատասխանները կը տրուին։ Այս գրութիւնով երեք հարցումներու վրայ կը կեդրոնանանք.—Ես կարեւորութիւն ունի՞մ, Աստուած իրապէս կը հոգա՞յ, Ինչո՞ւ Աստուած չի միջամտեր։
Ասոնք իմ հաւատքիս ազդող հարցումներ են։ Ինծի համար եթէ Յիսուս է պատասխանը, ուստի Ան կերպով մը պէտք է խօսի եւ պատասխանէ այս հարցումներուն։
Ա. Ես Կարեւորութիւն Ունի՞մ.—
Ահաւասիկ «Գինկ» (Super King) մարգէթը մտած եմ եւ շուրջս կը նայիմ, տարբեր մարդիկ, տարբեր շարքերու մէջ եւ տարբեր ապրանքներով հետաքրքրուած։ Մէկը կ՚առնէ լէպնի մը, ուրիշ մը տոպրակ մը գետնախնձոր։ Կորագամակ կին մը ձեռքը վարունգին ու լոլիկին երկնցուցած է։ Ու ես կեցած, ինքզինքիս կը հարցնեմ, Աստուած այս բոլորին անուններովը կը ճանչնա՞յ, իսկապէս ասոնք բոլորն ալ Աստուծոյ համար կարեւորութիւն ունի՞ն։
Երեկոյեան հեռատեսիլին առջեւ եմ, կը դիտեմ վիժումի դէմ պայքարող անձերը եւ անոնց դէմ կատարուած մեծ թիւով ցոյցերը։ Ըստ լուրերու, տարեկան վեց միլիոն չծնած մանուկներ կը սպաննուին, որոնցմէ ամէն մէկուն մէջ Աստուծոյ պատկերը կը հանգչի։ Աստուած ի՞նչ կը մտածէ, արդեօք Իրեն համար անոնք կարեւորութիւն ունի՞ն։
Բազմամիլիոն աստղերու եւ մոլորակներու քով, անձ մը, անձեր նշանակութիւն, կարեւորութիւն ունի՞ն։
Սաղմոսերգուն երբ աստղերը կը դիտէր ըսաւ, «Երբ տեսնեմ երկինքը…մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը յիշես»։ Հին Կտակարանի ամէն մէկ գիրքը այս հարցումին շուրջ կը դառնայ։ Հրեայ գերիներուն Եգիպտոսի մէջ ունեցած տառապանքը, դժուարութիւն կու տար անոնց հաւատալու Մովսէսի խօսքերուն, թէ իրապէս Աստուած հետաքրքրուած է իրենցմով։ Յոբի ընկերներուն ծաղրանքը ուրիշ օրինակ մըն է, նաեւ Ժողովողի խօսքերը, «Արեւուն տակ բան մը կա՞յ, արդեօք ամբողջ կեանքը անիմա՞ստ է»։
Միւս կողմէ Եսայ. 49-էն համար մը կ՚ըսէ, «Իմ ափիս մէջ նկարած եմ քեզ»։ Այս համարը որպէս նիւթ տրուած էր, որպէսզի համագումարի մը համար պատրաստուիմ։ Չէի ուզեր, սակայն բացասական պատասխանելէ առաջ այդ մարգարէութիւնը բացի ու կարդացի, ծայրէ ծայր։ Յայտնաբերեցի որ Աստուած այս յայտարարութիւնը կատարեց տառապող մարդոց։ Երուսաղէմը տակն ու վրայ էր, Բաբելոնի զինուորները մտած էին տաճարը եւ այս անգամ Աստուած չազատեց իրենց։ Անոնք շղթայակապ Բաբելոն տարուեցան։
137րդ սաղմոսը կ՚արտայայտէ ժամանակակից Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեվիճակը, «Բաբելոնի գետերուն քով, հոն կը նստէինք, ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք…»։
Մենք Աստուծոյ համար կարեւորութիւն ունի՞նք։
Ինչպէս կ՚ըլլայ դարերու ընթացքին ժողովուրդներ կը տեղահանուին, կը ջարդուին, Սուտանցիներ, Հայեր, Հրեաներ, Ուքրանացիներ, Քրիսոտնեայ Պաղեստինցիներ եւ Արցախցիներ։ Արդեօք Եսայ. 49:14-ը իրականութի՞ւն է, «Բայց Սիօն ըսաւ Եհովա զիս թողուց, եւ Տէրը զիս մոռցաւ»։ Ահա Աստուած այս ժողովուրդներուն ուխտելով կ՚ըսէ, «Միթէ կինը իր կաթընկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ…թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ»։ Որովհետեւ, «Ահա ես քեզի իմ ձեռքիս մէջ նկարագրեցի…»
Եսայի մարգարէն աւելի յատուկ պատասխան մը կու տայ, ցոյց տալով թէ Աստուած երկիր չի գար փոթորիկով եւ ոչ ալ կրակով, հապա «Կոյսը պիտի յղանայ եւ Որդի մը պիտի ծնանի եւ պիտի կոչուի Էմմանուէլ, Աստուած մեզի հետ»։
Ներկայիս Մեսիան սիրոյ գաւազանով կը կառավարէ։ Ծնունդի յիշատակումը կը պատասխանէ, «Արդեօք մենք կարեւո՞ր ենք» հարցումին։ Անիկա հոս երկրի վրայ երեսուներեք տարիներ մեզի նման եղաւ ու պատասխանեց հարցումին Իր անզուգական պատմութիւններով ու գերբնական հպումներով։ Այո՛, Աստուած հետաքրքրուած է մեզմով։ Բացառիկ պարագայ մը կայ, երբ վարագոյրը կը բացուի տեսանելի աշխարհին եւ անտեսանելիին միջեւ, Յիսուս կ՚ըսէ, Հրեշտակները կ՚ուրախանան երբ մեղաւոր մը դարձի կու գայ։
Բ. Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ .—
Իսկ Իր լռութիւ՞նը։ Անշուշտ կը հոգայ, յատուկ ու որոշ պատասխանը Յիսուս է։ Յիսուս ցաւին ու տառապանքին փիլիսոփայական պատասխան մը չէ տուած այլ տուած է արցունքով դէմք մը։ Հոգ չէ թէ կը կարդամ Աստուածաշունչը, կամ կը նայիմ Հին Կտակարանի եւ Նորի հսկայական տարբերութեան, կը հանդիպիմ կասկածի եւ յուսահատութեան խօսքերու։ Երեմեայ, Ամբակումայ եւ Յոբ նոյն ցաւի նիւթն է որ կը շօշափեն։ Նոյնպէս, սաղմոսներուն գրեթէ կէսը մութ պատկեր մը կը ներկայացնեն։ Այո Նոր Կտակարանով պատկերը այդքան ալ արմատական փոփոխութիւն չունենար, բայց Յիսուսի ներկայութիւնը կ՚ըլլայ Աստուծոյ դէմքը։ Եթէ մէկը կ՚ուզէ գիտնալ թէ Աստուած ինչպէ՞ս կը զգայ երբ երկիրը կը հառաչէ, պէտք է նայի Անոր դէմքին։
Յակոբոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս հետեւեցան Յիսուսի այնքան ժամանակ եւ Անոր դէմքին արտայայտութիւնները հիմնականօրէն գծուեցան իրենց մտքերուն վրայ։ Նայելով Յիսուսի պատասխաններուն, հարիւրապետին, կոյրին, հիւանդ կնկան եւ ուրիշներու, սորվեցան Աստուծոյ զգացումը երբ մարդիկ կը տառապին։ Ոչ, ոչ Յիսուս չլուծեց «ցաւի» հարցը, միայն քանի մը հոգի բժշկեց ու այդ ալ երկրագունդին մէկ անկիւնը, սակայն կտրականապէս հայթայթեց «Միթէ Աստուած կը հոգա՞յ» հարցումին պատասխանը։
Երեք անգամներ տառապանքն ու ցաւը Յիսուսի արցունքներուն պատճառ եղան։ Արդեօք շատ կ՚ըլլա՞յ երբ ըսենք «Աստուած մարդոց կը հոգայ»։
Թէեւ ցաւի հարցին պատասխան չենք ստանար, փոխարէն խորհրդաւոր հաստատումը կ՚ունենանք, Ան մեզի հետ կը տառապի։ Յիսուսի պատճառով կրնամ վստահիլ Աստուծոյ, Ան իմ վիճակս կը հասկնայ։ Վստահ եմ, ես կարեւոր եմ եւ արժէք ունիմ Իրեն համար։
Գ. Ինչո՞ւ Չի Միջամտեր.—
Հրեաներու պատմութեան մէջ, որոշ պահեր ծագած է հարցումը, «Ինչո՞ւ Աստուած չի միջամտեր»։
Պահ մը նկատի առնենք այն բազմութիւնը Սինա անապատին մէջ հրաշալիօրէն ունեցաւ սնունդ եւ ջուր, ու Աստուծոյ տեսանելի ներկայութիւնը իրենց վրայ կը սաւառնէր ամպի ու կրակի սիւնով։ Անոնք նման «ինչո՞ւ» չունէին։
Քիչ մը ետ երթալով, քանի մը տարիներ ամբողջ սերունդը կասկածողներ էր, ներառեալ Մովսէս։ Քանի քանի անգամներ հրեաներ աղաղակեցին, «Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չ՚ընէր»։
Եղիա մարգարէն ալ նման կասկածողներու բազմութիւն մը ունեցաւ, սակայն Կարմեղոս Լերան վրայ լռեցուց անոնց։ Ետքը քարայրին մէջ նոյն հարցումը հարցուց, «Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չընէր Աքաաբին ու անոր սարսափելի կնկան»։
Մաղաքիա Հին Կտակարանի վերջին ձայնն է եւ այդ գիրքը պատշաճ նախաբանն է գալիք չորս հարիւր տարիներու, որոնց ընթացքին Աստուածաշունչը լուռ է։ Թերեւս այս նուազ ակնկալութիւններու շրջանն է։ Արդեօք Աստուած մոռցա՞ծ էր ողորմած ըլլալ։
Ինչո՞ւ Աստուած բան մը չընէր, հայերու կողքին ուրիշ ժողովուրդներ ալ կը հարցնեն։
Հրեաներ ու Քրիստոնեաներ նոյն պատասխանը ունին, միայն մէկ տարբերութեամբ։ Հրեաներ կը հաւատան որ Աստուած, Մեսիան ղրկելով պիտի գործէ, իսկ Քրիստոնեաներ կը հաւատան ուր Աստուած Մեսիան ղրկելով գործած է, եւ անգամ մըն ալ պիտի գործէ կրկին ղրկելով, այս անգամ զօրութեամբ եւ փառքով։
Որոշապէս Աստուած կը գործէ, դուն եւ ես հաւատանք ու կառչինք Իրեն։
© 2023 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 31, Թիւ 250
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).