Անցաւորն Ու Մնայունը
Կեանքի յարափոփոխ վիճակներուն մէջ, յաճախ մենք ալ կը մղուինք անորոշութեան ու մութին մէջ խարխաբելով բոլորելու մեր երկրաւոր կեանքի օրերը: Հոգեւոր, նեղութիւններ, վիշտեր ու ցաւեր կու գան ու կ’երթան: Ժամանակի ընթացքին խորունկ ցաւեր կը մեղմանան եւ մոռացութեան կը մատնուին: Վէրքեր անշուշտ կը սպիանան եւ անպայման աչքերէ հոսող արցունքները կը ցամքին: Ասուպի նման կը սահին եւ կը սուրան մեր տարիներուն օրերը՝ որոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է:
Այս բոլոր փոխուող եւ փոփոխական վիճակներուն մէջ կան ու կը մնան անտեսանելի եւ անշօշափելի ճշմարտութիւններ, որոնք աւելի իրական ու տեւական են: