February 5th, 2016
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Կեանքի յարափոփոխ վիճակներուն մէջ, յաճախ մենք ալ կը մղուինք անորոշութեան ու մութին մէջ խարխաբելով բոլորելու մեր երկրաւոր կեանքի օրերը: Հոգեւոր, նեղութիւններ, վիշտեր ու ցաւեր կու գան ու կ’երթան: Ժամանակի ընթացքին խորունկ ցաւեր կը մեղմանան եւ մոռացութեան կը մատնուին: Վէրքեր անշուշտ կը սպիանան եւ անպայման աչքերէ հոսող արցունքները կը ցամքին: Ասուպի նման կը սահին եւ կը սուրան մեր տարիներուն օրերը՝ որոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է:
Այս բոլոր փոխուող եւ փոփոխական վիճակներուն մէջ կան ու կը մնան անտեսանելի եւ անշօշափելի ճշմարտութիւններ, որոնք աւելի իրական ու տեւական են:
Ա– Նազովրեցի Յիսուսը.– Աստուծոյ հաւասար եւ համազոր եղողը, յաւիտեան կը մնայ: Անոր հրաշափառ ծնունդը խոնարհ պայմաններու մէջ, յաճախ մարդոց կը շշմեցնէ, կարելի՞ է թագաւորը ծնի մսուրի մը մէջ: Յիսուսի խօսքերն ու բժշկութիւնները, հրաշքներն ու կեանքը կը յուշեն մեզի գերբնական զօրութեան մը մասին: Ան սկիզբ ու վախճան չունի: Երկրաւոր իրողութիւններ կ’ապացուցեն թէ արեւը կը մարի, լուսինը եւ աստղերը կը խաւարին, սակայն Յիսուս Քրիստոս «Արդարութեան Արեգակը» միշտ կը մնայ, յաւիտեան կը փայլի: Երկինք ու երկիր տակն ու վրայ ըլլալով կ’անցնին, բայց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը, խորհուրդները, օրինակներն ու խոստումները յաւիտեան կը մնան: Մարդիկ, թագաւորներ ու իշխաններ շատ գործեր ըրին, գիւտեր հնարեցին, արշաւանքներ կատարեցին, սկզբունքներ որդեգրեցին, երկիրներ գրաւեցին, իշխանութիւններ հաստատեցին, սակայն անոնք մեռան: Կայսրեր ու թագաւորներ,նախագահներ ու իշխաններ, պաշտօնազուրկ ու գահընկեց եղան ու մեռան:
Իսկ Յիսուս ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանի մէջ գերապատիւ է:
Բ– Քրիստոսի եկեղեցին.– Երկարակեաց դարերու ընթացքին մարդեր տաճարներ ու մեհեաններ կանգնած են, սակայն հակառակութիւնն ու թշնամութիւնը, բնութեան տարերն ու մարդկային կիրքերը զանոնք քարուքանդ ըրած են: Պատմական Հայաստանի տարածքին ամայացած խորաններն ու լռակեաց կիսափուլ գմբէթները կ’արձագանգեն այդ մասին: Իսկ Այսասի կատարած աւերումները վանքերու, եկեղեցիներու եւ սրբատեղերու աննախնթաց են: Պատմութեան ընթացքին տարբեր ոյժերու կողմէ անգամներ քանդուեցաւ Սողոմոնի տաճարը, իսկ մեր Անիի հազարումէկ եկեղեցի՞ները կը ճմլեն մեր սրտերը, կ’արթնցնեն մեր մէջ զգացումներ եւ պահանչատիրութիւն:
Եկեղեցին, ճշմարիտ անտեսանելի եկեղեցին ճշմարտութեան սիւնն է ու հաստատութիւնը: Եկեղեցին կառուցուած է անշարժ վէմին՝ Յիսուսի Քրիստոսի վրայ: Լէնկթիմուր բոլոր եկեղեցիներէն զանգակները հաւաքեց ու հալեցուց: Սակայն բոլոր եկեղեցիներուն անտեսանելի զանգակները տակաւին կը հնչեն, փրկութեան Աւետարանը կը լսուի, աղօթքներ կը մատուցուին: Մեր մարտիրոս ժողովուրդին բեկորները եկեղեցիներ կանգնեցին սփիւրքի օտար եւ անծանօթ հեռաւոր եւ մօտակայ գաղթօճախներուն մէջ: Դարերու ընթացքին անհաշիւ տաճարներ փլան, եկեղեցիներ կործանեցան, բայց Քրիստոսի եկեղեցին, որուն գլուխը Ինքն է, յաւիտեան կը մնայ:
Գ– Հաւատացեալը (Սիօնի քաղաքացին).- Երուսաղէմ սուրբ քաղաքին մէջ Հրեաներու մեծաւորները մարգարէներ ծեծեցին ու ծաղրեցին, հեռացուցին ու սպաննեցին: Օր մըն ալ Փրկիչ Յիսուսը չարչարեցին ու խաչեցին: Պատմութեան ընթացքին օտար բանակներ Երուսաղէմը բազմաթիւ անգամներ գրաւեցին ու քանդեցին: Սակայն Սիօնը՝ Նոր Երուսաղէմը երկինքէն Աստուծմէ կ’իջնէ շնորհազարդ հարսի մը պէս: Ան ունի յասպիս քարէ շինուած մեծ ու բարձր պարիսպ մը, մարգարտափայլ տասնըերկու դռներ: Սիօնը գեղեցկութեան կատարելութիւնն է, բնաւ չսասանիր: Սիօնի յաւիտենական դռներէն ներս չեն կրնար մտնել խարդախներ եւ խաբեբաները, գողերն ու գինովները, նախանձոտներն ու ստախօսները: Հոն բնաւ անմաքրութիւն կամ պղծութիւն պիտի չմտնէ: Սիօնին քաղաքացիները հոն կ’անցին արցունքի հովիտներու մէջէն, Սիօնի քաղաքացիները հոն ոչ պիտի անօթենան, ոչ պիտի հիւանդանան եւ ոչ ալ պիտի մահանան:
Ահա անցաւոր եւ յաւիտենական բաներ, դուն ընտրէ յաւիտենականը, ապրիր ու ապրեցուր սիրելիներդ:♦
© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24, Թիւ 218, Յունուար– Փետրուար

Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments